Խմբագրական. Հայաստանի Եւ Արցախի Ժողովուրդներուն Համաձայնութիւնը. Նաե՛ւ Սփիւռքին

Միացեալ Նահանգներու նախագահի անվտանգութեան հարցերու խորհրդականին Երեւան կատարած այցելութեան առիթով հնչած տեսակէտներուն մեկնաբանութիւնները առատ են: Միջազգային անդրադարձը առաւելաբար Իրանի մեկուսացման քաղաքականութեան ընդհանուր շրջածիրին մէջ կը շարունակէ դիտարկել հարցը եւ կարեւորել Պոլթընի Իրանի սահմանակից երկիրներուն մէջ ամերիկեան գործօնի ազդեցիկութեան բարձրացումը:

Իրանի մեկուսացման օրակարգը հիմնական առաջադրանքներէն մէկը ըլլալով հանդերձ յայտարարութիւններուն մէջ կային առանցքներ, որոնք կարելի չէ շրջանցել:

Արցախեան հակամարտութեան հանգուցալուծման պատկերացումը Պոլթըն կը կապէր Հայաստանի մէջ ստեղծուած նոր հանգամանքներուն եւ կը յստակացնէր, որ անիկա պիտի դառնայ բանալի` հայ-ազրպէյճանական եւ հայ-թրքական սահմաններու բացման:

Այս հարցով օրինաչափ էր վարչապետի պաշտօնակատար Փաշինեանի արձագանգը` մէկ կարեւոր յաւելումով: Փաշինեան վերստին բանաձեւեց պաշտօնական Երեւանի դիրքորոշումը` լուծման որեւէ տարբերակ բացառելով առանց Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդներուն համաձայնութեան (նաեւ` Արցախի իշխանութիւններուն): Կարեւոր յաւելումը այս պարագային համայն հայ ժողովուրդն է. վարչապետի պաշտօնակատարը յստակացուց, թէ` տրուած ըլլալով, որ խնդիրը համահայկական տարողութիւն ունի, անհրաժեշտ է ստանալ նաեւ սփիւռքին համաձայնութիւնը:

Սփիւռքահայութիւնը, ի տարբերութիւն Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն մէջ ապրող ժողովուրդին, կամարտայայտութեան դրսեւորման առումով այս պարագային հանրաքուէի կազմակերպման ոչ նախադէպը, ոչ ալ իրաւական իմաստով նման բան ընելու կարելիութիւնը ունի: Ներկայ պահուան դրութեամբ սփիւռքահայութեան հասկացողութեան մէջ կը ներառուին դասական կառոյցներն ու համահայկական այս կամ այն ծրագիրի իրականացման համար նկատի առնուող անհատ սփիւռքահայերը, որոնք խորհրդատուական գործառոյթներով կը հրաւիրուին պետութեան կողմէ կազմակերպուած խորհրդակցական բնոյթի ժողովներու:

Սփիւռքահայութեան դերակատարութեան խորհրդատուական բնոյթէն իրաւական անցումի առաջադրանքը արծարծուեցաւ վարչապետի պաշտօնակատարին Լիբանան այցելութեան առիթով տարբեր ձեւաչափերով կայացած հանդիպումներուն ընթացքին:

Փաստօրէն, նախադէպային կառոյցները` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի պետական եւ տարածաշրջանային յանձնաժողովները, սփիւռքի նախարարութեան առընթեր գործած մասնագիտական ոլորտներու համաժողովները, ըստ էութեան կարեւոր հարթակ ըլլալով, այսուհանդերձ համահայկական պարագայական օրակարգերու քննարկման համար օգտակար էին, առանց իրաւական գործառոյթ ապահովելու որոշման գործընթացներուն: Քննարկման մեկնարկի ծիրին մէջ գտնուող համազգային խորհուրդի սահմանումը եւս կեդրոնացած էր սփիւռքահայութեան գործօնի խորհրդատուական գործառոյթներուն վրայ:

Լիբանանեան խորհրդակցութիւններուն ընթացքին արծարծուեցաւ համահայկական օրակարգ ձեւաւորելու եւ անոր առընթեր նախապատրաստուելու ընդգրկուն կառուցակարգի նախագիծի կարեւորութիւնը: Այնպէս մը սակայն, որ անիկա տեղի չտայ նոր խնդիրներու, բաժանարարութեան եւ փոխանակ, թէկուզ սահմանափակ լիազօրութիւններով համախմբուող հարթակները զարգացնելու, չնուազեցնէ որոշակի առումով կայացած գործօնի ազդեցիկութիւնը:

Խօսքը հեռահար կտրուածքով անշուշտ կը վերաբերի Ազգային ժողովի երկպալատ դրութեան: Այդ հնարաւորութիւնն է, որ սփիւռքահայուն, իրաւական ըսելաձեւով, Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն դուրս ապրող քաղաքացիին կը տրուի ո՛չ միայն առաջադրելու-առաջադրուելու, այլ նաեւ իբրեւ պատգամաւոր մաս կազմելու Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի յատուկ պալատին, որ կը քննարկէ համահայկական տարողութին ունեցող օրակարգեր:

Ուրեմն, նախ ձեւաւորել համահայկական օրակարգը եւ առընթեր պատրաստել նախագիծ` հանգրուանային քայլերով ապահովելու սփիւռքահայութեան իրաւական լիազօրութիւնները` մասնակից դառնալու համահայկական օրակարգերու քննարկման եւ որոշման:

Անկախ անկէ, որ նման նախապատրաստութիւն երկար ճանապարհ կ՛ենթադրէ, պէտք է նկատել նաեւ, թէ երկպալատ դրութեան հաստատումը Սահմանադրական փոփոխութեամբ միա՛յն կրնայ իրականանալ, իսկ սահմանադրական նման հիմնական փոփոխութիւն ինքնին` հանրաքուէով:

Անորոշ բաժինը նաեւ այն է, որ սփիւռքահայ ըսելով պէ՞տք է հասկնալ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն դուրս ապրող Հայաստանի քաղաքացիները, թէ՞ ընդհանրապէս սփիւռքահայ ժողովուրդը, որուն ժողովրդային կամարտայայտութեան արդիւնքի իրացումը դժուար կը պատկերացուի: Առաջինի պարագային աւելի յստակ պատկերացում կը գոյանայ. Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն դուրս ապրող քաղաքացիները դեսպանատուներու ճամբով կը մասնակցին հանրաքուէին:

Յամենայնդէպս, կարեւորը այն է, որ պաշտօնապէս կը յայտարարուի, թէ Արցախի հարցի լուծման ներկայացուող որեւէ տարբերակ անհրաժեշտ է որ ապահովէ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդին, Արցախի իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայութեան համաձայնութիւնը:

aztagdaily.com

Տպել Տպել