11 Հոկտեմբեր 1920. Խորհրդային Ռուսաստանի լիազօր Պորիս Լեգրանի պատուիրակութեան ժամանումը Երեւան

Հոկտեմբեր 11ի այս օրը, 1920 թուականին, Խորհրդային Ռուսաստանը ներկայացնող յատուկ պատուիրակութիւն մը, Պորիս Լեգրան անունով արկածախնդիր պոլշեւիկի մը գլխաւորութեամբ, ժամանեց Երեւան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան հետ նոյն տարուան Յունիսին Մոսկուայի մէջ սկսուած բանակցութիւնները իբր թէ շարունակելու համար։

Բացայայտ դիւանագիտական կեղծիք էր Լեգրանի պատուիրակութեան Երեւան այցին համար պաշտօնապէս յայտարարուած նպատակը։ Անկախ Հայաստանի գոյութեան դէմ, Ապրիլ 1920ի վերջե- րէն եւ Ատրպէյճանի խորհրդայնացման հռչակումէն իսկ, Լենին եւ Քեմալ արդէն գաղտնի զինակցութիւն կնքելու տենդագին բանակցութեանց մէջ էին։ Հայաստանի մէջ Մայիս Մէկի առիթով հայ եւ ազերի պոլշեւիկներու հրահրած խռովութիւնները սկզբնական ազդանշանները տուած էին այդ սադայէլական զինակցութեան։ Այսուհանդերձ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ Մայիսեան խռովութեանց դէմ յանդիման՝ մեր երկրի իշխանութեան ղեկը յանձնած էր Հ.Յ.Դ. Բիւրօ-կառավարութեան, քաղաքական եւ դիւանագիտական ամէն ճիգ կը թափէր, որպէսզի Լենինի Ռուսաստանը հեռու պահէ Դաշնակիցներու դէմ քեմալական ազգայնամոլութեան հետ միացեալ ճակատ կազմելու անհեռանկար գործարքէն։

Մայիս 1920ի վերջերուն, Հայաստանի կառավարութիւնը ձեռնարկեց Խորհրդային Ռուսաստանի հետ քաղաքական ընդհանուր համաձայնութեան գալու բանակցութեանց՝ Շանթի գլխաւորութեամբ յատուկ պատուիրակութիւն մը առաքելով Մոսկուա։ Այդ օրերուն դեռ լրիւ բացայայտուած չէին Լենին-Քեմալ գաղտնի գործարքին ծալքերը եւ միայն կարելի էր ենթադրել, թէ ռազմավարական գործակցութեան մը հիմերը կը ձեւաւորուէին ռուս պոլշեւիկներու եւ թուրք քեմալականներու միջեւ։

Միայն Օգոստոսին զգալի պիտի դառնային Լենին-Քեմալ զինակցութեան էութիւնը բացայայտող բուն դիտաւորութիւնները, երբ Բագուի մէջ կայացած Արեւելքի ժողովուրդներու յեղափոխական միաւորման համագումարին՝ Էնվեր փաշաներու հետ ձայնակցելով, ռուս, ազերի եւ հայ պոլշեւիկները Դաշնակիցներու դէմ «Ժիհատ» (Սրբազան Պատերազմ) հռչակեցին։

Հետեւաբար, Մոսկուայի մէջ Շանթի պատուիրակութեամբ Մայիսին սկսած հայեւռուս բանակցութիւնները, որոնք սկզբնապէս համաձայնութեան եզրեր գտնելու դրական մթնոլորտով յատկանշուեցան, կողմերը յուզող քաղաքական խնդիրներու օրակարգին վրայ չունեցան Հայաստանի խորհրդայնացման ռուսական պահանջը։ Հայեւռուս բանակցութեանց առաջին այդ փուլին օրակարգի գլխաւոր հարցը Խորհրդային Ռուսաստանին սպառնացող Դաշնակիցներու վտանգին դիմագրաւումն էր։ Խորհրդային կողմը յատկապէս շահագրգռուած էր դէպի Թուրքիա, Հայաստանի վրայով, ռազմաքաղաքական ազատ անցք ապահովելու եւ Քեմալական շարժումին զինական ու դրամական օգնութիւն հասցնելու պահանջով։ Փոխարէնը՝ Հայաստան երաշխիք կը ստանար, որ Խորհրդային Ռուսաստանը եւ Կարմիր Բանակը պիտի դադրեցնեն Հայաստանի Հանրապետութեան տապալումին հետամուտ խռովարար տարրերուն տրուած իրենց աջակցութիւնն ու հովանաւորութիւնը։

Բայց գրեթէ համաձայնութեան յանգած Շանթի պատուիրակութեան բանակցութիւնները յանկարծ զերօ կէտի վերադարձան, երբ խորհրդային կողմը ներկայացուց, յաւելեալ խորհրդակցութեանց համար, բանակցութիւնները Երեւանի մէջ շարունակելու իր առաջարկը։

Ձգձգումի եւ դիւանագիտական կեղծիքի վարքագիծ որդեգրեցին խորհրդայինները՝ անկախ Հայաստանի կառավարութեան հետ իրենց բանակցութեանց ամբողջ տեւողութեան։ Առանց Հայաստանի խորհրդայնացման իրենց բուն դիտաւորութիւնն ու նախապայմանը յայտարարելու, ատենի Խ.Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Չիչերինն ու անոր լիազօր ներկայացուցիչները իրողապէս այդ նպատակին կը ծառայեցնէին հայեւռուս բանակցութիւնները։ Քեմալականներու եւ ընդհանրապէս թուրք¬թաթար պոլշեւիկներու «յեղափոխական» ու «ազատագրական» շարժումին զօրակցելու, բայց մանաւանդ Դաշնակիցներու դէմ առաջացած Լենին-Քեմալ միացեալ ճակատին յարելու նորանոր պահանջներ կը դրուէին Հայաստանի իշխանութեանց առջեւ։

Օգոստոս 10ին Սեւրի Դաշնագրի ստորագրութիւնը պատրուակ ծառայեց խորհրդայիններուն, որպէսզի աւելիով կարծրացնեն իրենց ճընշումը Հայաստանի վրայ՝ Սեւրի Դաշնագրին դրժումը պահանջելով։
Ահա՛ այդ օրերուն Պորիս Լեգրան նշանակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Խ. Ռուսաստանի լիազօր ներկայացուցիչ, որ Երեւան գալով ու հայեւռուս բանակցութեանց հետագայ փուլերը ղեկավարելով, իր գագաթնակէտին հասցուց դիւանագիտական կեղծիքի խորհրդային վարքագիծը։

Տասնամեակներ ետք պարզուեցաւ, որ Լեգրան՝ Երեւանի մէջ իր ստանձնած բանակցային առաքե- լութեան ամբողջ տեւողութեան, քայլ առ քայլ իրազեկուած էր քեմալականներու եւ խորհրդայիններու միջեւ կնքուած զինակցութեան բոլոր զարգացումներուն մասին։ Աւելի՛ն. գործօն մասնակցութիւն բերած էր Բագուի պոլշեւիկ վարիչներուն եւ Ատրպէյճանէն Հայաստան արշաւանքի պատրաստուող Կարմիր Բանակի հրամանատարութեան միջեւ հակահայ բոլոր քայլերու ծրագրումին եւ համակարգումին։ Այսուհանդերձ՝ մինչեւ Նոյեմբեր 29ին Կարմիր Բանակի Հայաստան մուտքը Ղազախի սահմանէն եւ Իջեւանի գրաւումը, Լեգրան շարունակաբար քողարկուեցաւ իբրեւ միջ-պետական յարաբերութիւններու կարգաւորման կոչուած խորհրդային դիւանագէտ մը, որ բնաւ պաշտօնական յայտարարութիւն չունեցաւ խորհրդային կարգերու հաստատման նախապայմանին մասին, բայց այդ պահանջով կտրուկ վերջնագիր տուաւ Հայաստանի իշխանութեանց, անմիջապէս որ քեմալական զօրքի Հայաստան ներխուժման ընդառաջ Կարմիր բանակը իր կարգին մտաւ Հայաստան։

Այս առիթով կþարժէ հպանցիկ նշել, որ Պորիս Լեգրան հետագային, 1934ին, հռչակուեցաւ իբրեւ Լենինկրատի Թանգարանին գերագոյն պատասխանատուութեան կոչուած պետական այն գործիչը, որ Ռուսաստանի «պուրժուական ժառանգութեան» դէմ կատաղի պայքար շղթայազերծեց եւ մեծարժէք շատ մը հնութիւններու փոշիացման պատճառ դարձաւ։ Այսօր արդէն բացայայտուած են Լեգրանի այդ «սխրագործութիւնները». ռուս ազգային ժառանգութեան հպարտութիւնը կազմող անգնահատելի բազում հնութիւններ Լեգրան, 1930ականներուն, աննշան գինով աճուրդի հանեց արտասահմանեան «կապիտալիստ» հաւաքածոյ պահողներուն ի նպաստ՝ իբր թէ «յեղափոխութեան ֆինանսական կարիքները հոգալու համար»…

Նոյնիսկ սեփական ազգի ժառանգութեան հետ այդպէս անփոյթ վարուող եւ, յանուն իշխանութեան ինչ¬ինչ հաշիւներու եւ նեղ շահերու, արժէքներ ու սրբութիւններ ոտնակոխելու պատրաստ պոլշեւիկն էր Լեգրան, որ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի համար օրհասական այդ օրերուն եղաւ մէկը գլխաւոր այն յանցագործներուն, որոնք ծանրագոյն հարուած հասցուցին Հայաստանի անկախութեան եւ հայ ժողովուրդի ազատ ու միացեալ ապրելու հեռանկարին։

«Ն.
ԱԶԱՏ ՕՐ»

Տպել Տպել