Արաբական Մամուլի Տեսութիւն. Սուրիոյ տագնապին եւ Սուրիոյ քիւրտերու մասին

ArabakanMamuliTesutyun
ՍՈՒՐԻՈՅ ՏԱԳՆԱՊԸ

Սուրիոյ տագնապը կը շարունակէ մնալ միջինարեւելեան եւ միջազգային օրակարգերուն վրայ, նկատի ունենալով օրական դրութեամբ հոն արձանագրուող զինուորական զարգացումներն ու քաղաքական իրադարձութիւնները։

Լիբանանեան «Նահար» օրաթերթի յօդուածագիր Ռուզանա պու Մունսեֆ անդրադարձած է վերջերս Իրանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալի Լարիճանիի կատարած յայտարարութեան, հարց տալով, որ ան արդեօք դիտմա՞մբ թէ սխալմամբ մոռցած էր Սուրիան նշել Իսրայէլի եւ ամերիկեան վարչակազմին դէմ պայքարող առանցքին միաւորներուն մէջ։ «Սուրիոյ եւ անոր իրադարձութիւններուն մասին արձանագրուող միջազգային թէ շրջանային աղմուկը կը գերազանցեն նաեւ Լիբանանէն արձակուող ապահովական եւ քաղաքական սուր կեցուածքները, որոնք կը կատարուին ամէն առիթով, յատկապէս երբ Թրիփոլիի մէջ զինեալ բախումները կը վերսկսին, կամ Եգիպտոսի մէջ քաղաքական ու ապահովական իրադարձութիւնները կը զարգանան եւ ամբողջ աշխարհին լուսարձակներուն ուշադրութիւնը կը խլեն։ Այս իրականութեան դիմաց, լիբանանեան հարցերը ճղճիմ կը դառնան եւ դուռ կը բանան Սուրիոյ իրադարձութիւններուն ակնարկող հիմնական կեցուածքներուն առջեւ։ Վերջերս յայտարարուած շարք մը կարեւոր կեցուածքներուն ընդմէջէն դիւանագիտական փորձագէտներ ու քաղաքական մեկնաբաններ անդրադարձան Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանիի կատարած այն յայտարարութեան, թէ «վերջին երկու տասնամեակներուն ընթացքին, շրջանը կը վկայէ գաղութատիրութեան դէմ պայքարի նոր երեւոյթ մը, որ ադամանդեայ եռեակ մըն է, կազմուած՝ Իրանէն, Հըզպալլայէն եւ պաղեստինեան դիմադրութենէն», ըսաւ Լարիճանի եւ շարունակեց. «Այս եռեակը դարձած է իսլամ ժողովուրդներուն վրայ բանեցուող գաղութատիրութեան ճնշումներուն դէմ պայքարելու յառաջամարտիկը, պիտի տապալէ իսրայէլի գոյութիւնը, հակառակ մեծամտութիւն մարմնաւորող պետութիւններուն դաւադրութիւններուն եւ շրջանին մէջ անոնց գործակալներուն»։ Լարիճանիի կատարած այս յայտարարութիւնը շատ ուշագրաւ էր, նկատի ունենալով, որ երկու կամ երեք տասնամեակներէ ի վեր առաջին անգամն է, որ իրանցի պատասխանատու մը դիտմամբ կամ սխալմամբ Սուրիան զանց առած է Իրանի, Հըզպալլայի եւ Համասի կողմէ մարմնաւորուած առանցքէն։ Իրանցի պատասխանատուին կողմէ կատարուած այս յայտարարութիւնը, որ Սուրիան չէր ներառեր կը նկատուի նոր տարազ մը, որուն մէջ անուղղակի նշոյլներ կþակնարկեն, թէ սուրիական վարչակարգը՝ նոյնիսկ Թեհրանի համար աւարտած է։ Հետեւաբար Լարիճանիի կողմէ կատարուած այս յայտարարութիւնը բացայայտ խոստովանութիւն է, թէ Իսրայէլին եւ Միացեալ Նահանգներուն դիմադրող առանցքը կորսնցուցած է իր հիմնական օղակներէն մէկը։ Լարիճանիի յայտարարութեան մէջ անյստակ է նաեւ այն, որ պաղեստինեան դիմադրութիւնը ինչպէս մաս կը կազմէ այդ առանցքին, նկատի ունենալով, որ ան անորոշ կերպով ակնարկած է Պաղեստինեան դիմադրութեան, առանց նշելու, թէ ան իսլամական ժիհատն է, Կազայի պատասխանատուներն են, թէ Համասն է, որ վերջերս սկզբունքով բաժնուած է այս առանցքէն եւ ուղղուած Եգիպտոսի ու արաբական աշխարհի գիրկը։ Բայց եւ այնպէս պէտք է ընդունիլ, որ իրանցի պատասխանատուին այս կեցուածքը յայտարարուած է այնպիսի հանգրուանի մը ընթացքին, երբ Սուրիոյ զօրակից երկիրներէն Ռուսիան եւ Իրանը սկսած են մտահոգուիլ Սուրիոյ իրադարձութիւններով, սուրիական ընդդիմութեան Դամասկոս հասնելով, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ բռնկած այս պատերազմին ընթացքին քիմիական զէնքերու օգտագործման հաւանականութեամբ։ Լարիճանիի այս կեցուածքը փաստ մըն է, թէ Սուրիոյ մէջ փոփոխութիւն մը կատարուած է եւ այս հանգրուանը կրնայ արմատական փոփոխութիւններ յառաջացնել Սուրիոյ նկատմամբ պաշտօնական Իրանի որդեգրած կեցուածքներուն մէջ։ Քաղաքական մեկնաբաններու համաձայն, Ալի Լարիճանիի կողմէ վերջերս Լիբանան, Սուրիա եւ Թուրքիա կատարուած շրջապտոյտը կը գնահատուի իբրեւ շրջանին մէջ Ռուսիոյ յատուկ շարժում մը, որուն ենթահողը կը կազմեն Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու օգտագործումին հանդէպ միջազգային մտահոգութիւնը։ Նկատի ունենալով, որ Սուրիոյ կողմէ քիմիական զէնքի կամ Սարին կազի օգտագործումը կը մտահոգէ արաբական աշխարհն ու Արեւմուտքը, պէտք էր զգուշացնել Սուրիան, թէ կարելի չէ նման քայլերու դիմել իր իսկ ժողովուրդին, կամ հարեւան երկիրներուն՝ Լիբանանի, Յորդանանի, Իսրայէլի կամ Թուրքիոյ դէմ, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Թուրքիա ՕԹԱՆ-ին դիմեց Սուրիոյ հետ իր սահմաններուն վրայ «Փաթրիոթ» համակարգը զետեղելու նպատակով։ Այս շրջագիծին մէջ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն բազմիցս յայտարարեցին, թէ Պաշշար Ասատ հարցաքննութեան պիտի կանչուի եւ անոր ու ընտանիքին դիմաց Սուրիան լքելու առկայ բոլոր առիթներուն վերջ պիտի տրուի, եթէ ան քիմիական զէնքեր օգտագործէ»։

Նոյն ծիրին մէջ, Լոնտոն հրատարակուող Սէուտական «Ալ Հայաթ» օրաթերթին համաձայն, քաղաքական արեւմտեան վերլուծաբաններ կը յայտնեն, որ Սուրիոյ վարչակարգին անկումով, վերջ պիտի չգտնեն քաղաքացիական խռովութիւնները, այլ նոր հանգրուան մը պիտի սկսի, որ շատ աւելի վտանգաւոր պիտի ըլլայ Սուրիոյ համար։ Ըստ անոնց,վարչակարգին անկումը մօտ է, եթէ նկատի առնուի ընդդիմութեան գործողութիւններու յառաջխաղացքը դէպի Դամասկոս։ Անոնք դիտել կու տան, որ Սուրիան քաոսային վիճակի պիտի մատնուի, եթէ նախորօք չճշդուի յետ-ասատեան կարգավիճակը։ Նոյն վերլուծաբաններու համաձայն, եթէ իշխանութեան ուժերը շարունակեն ամուր մնալ եւ հանգրուանային կերպով պարտուած քաշուին տարբեր գիւղերէ եւ քաղաքներէ, ապա այդ պարագային ընդդիմութիւնը առիթը պիտի ունենայ ազատագրուած շրջաններուն մէջ նոր կառոյցներ հիմնելու։ Դարձեալ նոյն աղբիւրներուն համաձայն, Սուրիոյ մեծ մասը արդէն իշխանութեան հակակշռէն դուրս է եւ կը ղեկավարուի տեղական մարմիններու կողմէ։ «Եթէ իշխանութիւնը անխնայ շարունակէ Դամասկոսի մէջ զինուորական գործողութիւնները, ապա ան մեծ աւերներ պիտի գործէ։ Իսկ եթէ ան քաշուի եւ հաստատուի Ալեւի գերիշխանութեան ենթակայ շրջաններուն մէջ (հիւսիս-արեւմուտք), այդ պարագային կեդրոնական նոր կառավարութեան մը յառաջացումը կարելի պիտի ըլլայ, սակայն երկար ժամանակի պիտի կարօտի։ Իշխանութեան արագ եւ անակնկալ փլուզումը պիտի ստեղծէ քաոսային վիճակ եւ ընդդիմադիր ուժերուն միջեւ պիտի յառաջացնէ ներքին պայքարներ», կ՛ըսեն աղբիւրները։ Աղբիւրները կը յայտնեն, որ «քաղաքացիական կռիւներէ ետք անհաւանական է որ զօրաւոր կառավարութիւն մը յառաջանայ ։ Ընդդիմադիր ուժերը պառակտուած են եւ արտաքին ընդդիմութեան հետ սերտ կապեր չկան։ Նորաստեղծ կառավարութիւնը մեծ դժուարութիւններ պիտի դիմագրաւէ եւ անոր դժուար ըլլայ հակակշռել պատերազմի տեղական ղեկավարները, որոնք արդէն իսկ իրենց իշխանութեան տակ պահած են եւ անհրաժեշտ օժանդակութիւնները կը տրամադրեն ժողովուրդին։ Մէկ խօսքով, հնարաւոր է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրինակին կրկնութիւնը»։ Նոյն աղբիւրները նկատել կու տան, որ Ալեւի պետութիւն մը ստեղծումը հաւանական է«եթէ ներքին տարակարծութիւններ ի յայտ չգան»։ Աւելին անոնք կը յայտնեն, որ այս պետութիւնը կրնայ իշխել սուրիական բանակի մնացորդացին, Լաթաքիոյ միջազգային օդակայանին եւ նաւահանգիստին, ինչպէս նաեւ Թարթուսի նաւահանգիստին վրայ։

Նկատի ունենալով Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման մտավախութիւնները, Լիբանանեան «Տիար» օրաթերթին մէջ կը նշուի նաեւ այլ վարկած մը, որուն հիման վրայ կը հաստատուի, որ Թուրքիա կրնայ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքեր օգտագործել եւ այդ արարքը վերագրել սուրիական բանակին։ Իր տեղեկութիւններկը քաղելով ամերիկեան աղբիւրներէ «Տիար» օրաթերթը կը գրէ, թէ Թուրքիա՝ ամերիկեան եւ քաթարեան գաղտնի սպասարկութեան հետ գործակցաբար, կրնայ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքեր օգտագործել եւ այդ արարքին պատասխանատու նկատել սուրիական բանակը, որպէսզի առիթ տայ Սուրիոյ դէմ զինուորական արտաքին միջամտութեան։ Ըստ նոյն օրաթերթին, այս տեղեկութիւնները սուրիական գաղտնի սպասարկութեան ճամբով հասած են նախագահ Պաշշար Ասատի, որ իմացուցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը, թէ ինք երբեք միտք չունի քիմիական զէնքեր օգտագործելու, ինչպէս նաեւ առաջարկած է Ռուսիոյ, որ իր հսկողութեան տակ պահէ Սուրիոյ քիմիական զէնքերը՝ երաշխաւորելու համար զանոնք չօգտագործելու որոշումը։ Սուրիոյ իշխանութիւնները վստահ են նաեւ այլ դաւադրութենէ մը, որ յար եւ նման է Սատտամ Հիւսէյնի դէմ գործուած դաւադրութեան։ Այդ հանգրուանին ակնարկութիւն կը կատարուէր նամակներու պահարաններուն վրայ զետեղուած Անթրաքս քիմիական նիւթին, իսկ այսօրուան դրութեամբ շրջանառութեան մէջ դրուած են այն լուրերը, թէ սուրիական օդուժը ռմբակոծումներ կը գործէ այնպիսի ռումբերով, որոնք Սարին քիմիական նիւթ կը պարունակեն։ «Տիար»-ի համաձայն, Սուրիա ՄԱԿ-էն պիտի խնդրէ պատուիրակներ ուղղարկել Սուրիա, վստահ ըլլալու համար, որ Սուրիոյ մէջ քիմիական ոչ մէկ զէնք կþօգտագործուի։ Այս նպատակով սուրիական իշխանութիւնը արտօնեց հարիւր արաբ դէտերու Սուրիա մուտքը, ինչպէս նաեւ աւելի ուշ անոնց միացան ամբողջ աշխարհէն Սուրիա եկած 400 դէտեր։ Այսօրուան դրութեամբ Սուրիա տակաւին կառչած կը մնայ իր կեցուածքին եւ պատրաստ է այս նպատակով ընդունելու նաեւ միջազգային յաւելեալ դէտեր։

Միւս կողմէ, հարկ է շեշտել նաեւ, որ Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի առած քայլերը կը բազմապատկեն Սուրիոյ հանդէպ զգուշ ըլլալու կարեւորութիւնը։

Դարձեալ «Նահար»-ի խմբագիրներէն Ռուզանա պու Մունսեֆ կը գրէ, որ դիւանագիտական աղբիւրներ մտահոգ են, թէ Եգիպտոսի նախագահ Մուրսիի կողմէ Կազայի մէջ ապահովուած քաղաքական շահերը կþօգտագործուին՝ հզօրացնելու իր իրաւասութիւնները եւ անոր կու տան ամբողջական անձեռնմխելիութիւն, որ կրնայ իր ազդեցութիւնը ունենալ նաեւ Սուրիոյ փոփոխութիւններուն վրայ։ «Մուրսի իր խաղաքարտերը շուտով բացայայտեց եւ շատ մը եգիպտացի պատասխանատուներուն մեկնաբանութեամբ, Մուրսի իր տուած որոշումներուն ընդմէջէն երկիրը մղեց դէպի նոր բռնատիրութիւն մը, որ այս պարագային իսլամ եղբայրներու բռնատիրութիւն է եւ կրնայ բարդացնել Եգիպտոսի կացութիւնը եւ քանդել եգիպտական ժողովրդային յեղափոխութիւնը։ Եգիպտոսի մէջ առկայ այս իրականութիւնը կրնայ նաեւ բարդացնել Սուրիոյ պատերազմին լուծումները, նկատի ունենալով, որ Եգիպտոս նմուշ մըն է եւ հակառակ Սուրիայէն տարբեր ըլլալու իր կացութեան, ան կրնայ Դամասկոսի մէջ նոր վարչակարգ փափաքող կողմերը մղել զգուշանալու վերացական ժողովրդավարութենէն։

ArabakanMamuliTesutyun2

ՍՈՒՐԻՈՅ ՔԻՒՐՏԵՐԸ

Արաբերէն RT TV«Ռուսիա ալ եաում» կայքէջը իր լրատուութեան շրջագիծին մէջ կþանդրադառնայ Սուրիոյ քիւրտերուն հաւանական ճակատագիրին։

Այս առումով կայքէջը կը նշէ, թէ Իրպիլի մէջ Մեսուտ Պարազանիի նախաձեռնութեամբ Սուրիոյ քիւրտերուն միջեւ կայացած մերձեցումը, հարցականներ կþառթէ։ Արդեօք Քիւրտիստաանի ժողովրդավարական համադաշնակցութիւն կուսակցութեան եւ Սուրիոյ մէջ քրտական ազգային խորհուրդի կուսակցութիւններուն միջեւ համաձայնութիւնները Պաշշար Ասատի տապալումէն ետք, պիտի արդիւնաւորո՞ւին Սուրիոյ մէջ քրտական ինքնավար մարզի մը ստեղծումով եւ աւելի ուշ պիտի ըլլա՞ն Մեծն Քիւրտիստանի մը կերտման ծրագիրին նախաքայլը։ Իրպիլի մէջ գոյացած համաձայնութիւններուն լոյսին տակ, Սուրիոյ մէջ եւս սուրիական քաղաքացիութիւն ունեցող քիւրտերը կրնան հիմնել քրտական ինքնավար մարզ մը, այնպէս ինչպէս է պարագան Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին։ Այդպիսով անոնք հարուած մը հասցուցած կþըլլան Սուրիոյ պաշտօնական վարչակարգին եւ Թուրքիոյ շահերուն, յատկապէս նկատի ունենալով, որ վերջինին համար քրտական քաղաքական միասնականութիւնը անհանդուրժելի է։ Սակայն Քիւրտիստաանի ժողովրդավարական համադաշնակցութիւն կուսակցութեան եւ Սուրիոյ մէջ քրտական ազգային խորհուրդի կուսակցութիւններուն միջեւ կան որոշ տարակարծութիւններ՝ սուրիական ընդդիմութեան եւ զինեալ ուժերուն նկատմամբ, որովհետեւ իրականութեան մէջ անոնք կը մերժեն, որ Սուրիոյ քիւրտերը ինքնավար մարզ մը ունենան։ Հոս հարկ է նշել նաեւ, որ Սուրիոյ քիւրտերը կը մերժեն Սուրիոյ տագնապին զինեալ միջամտութիւնը, յատկապէս Թուրքիոյ կողմէ զինուորական միջամտութեան հաւանականութիւնը։ Իսկ կարգ մը վերլուծաբաններու համաձայն, քիւրտերուն իւրայատուկ այս կեցուածքը եւ քրտական զինեալ խմբաւորումներուն ակներեւ ներկայութիւնը սուրիական-թրքական սահմանին վրայ, լուրջ խոչընդոտներ են՝ ՕԹԱՆ-ի կողմէ Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութիւններու սանձազերծման։
Սուրիոյ մէջ Քիւրտիստաանի ժողովրդավարական համադաշնակցութիւն կուսակցութեան նախագահ Սալեհ Մուսլեմ յայտնեց, որ իրենց կարծիքով սուրիական ընդդիմութեան կողմէ Սուրիոյ ազգային խորհուրդը, որ կը վայելէ թրքական, արաբական եւ արեւմտեան զօրակցութիւն, սխալ գոյացութիւն մըն է եւ այդ պատճառով ալ իր առաքելութեան մէջ ձախողած է։ Անդրադառնալով վերջերս կազմուած Սուրիական ընդդիմադիր ազգային համաձայնական մարմնին, Մուսլեմ յայտնեց, որ անոր կազմութիւնը նոյն սխալն է, ինչ որ էր Սուրիոյ ազգային խորհուրդին պարագային, երբ քրտական տարրը դիտմամբ դուրս ձգուեցաւ այդ խորհուրդէն։ Մուսլեմ շեշտեց, որ Սուրիական ընդդիմադիր ազգային համաձայնական մարմնին մէջ, հարիւր հազար հաշուող Սուրիոյ թիւրքմեններուն երեք ներկայացուցիչ յատկացնելը եւ շուրջ երեք միլիոն քիւրտերուղ անտեսումը մեծ սխալ է։ Մուսլեմ շեշտեց, որ Սուրիոյ քիւրտերը կը յարգեն քրիստոնեաներն ու փոքրամասնութիւնները, որոնք կը բնակին «Արեւմտեան Քիւրտիստան»-ի շրջակայքը։ Ան ընդգծեց, որ քրտական ոչ մէկ խմբաւորում կþուզէ հեռանալ Սուրիայէն եւ ընդգծեց, որ «Արեւմտեան Քիւրտիստան»-ի քրտական բոլոր խմբաւորումները կը պահանջեն Սուրիոյ ամբողջական հողերուն տարածքին մէջ լուծել քրտական հարցը։

«Սաֆիր» օրաթերթի յօդուածագիր Թարեք Ապըտ իր կարգին կþանդրադառնայ Սուրիոյ քիւրտերուն եւ անոնց պատճառած վախի երեւոյթին։

Ան կը նշէ, որ սուրիական ընդդիմութեան եւ քրտական փողոցին միջեւ յարաբերութիւնը կը մնայ լարուած, հակառակ բոլորին կողմէ ի գործ դրուող ինքնազսպումի ջանքերուն։ Բայց եւ այնպէս, անոնց միջեւ փոխադարձ ամբաստանութիւնները հասած են իրարու ծայրայեղ եւ ցեղապաշտ նկատելու աստիճանին։ Ապըտ կը շեշտէ, որ տիրող այս լարուածութիւնը աւելի եւս կը շեշտուի՝ քիւրտերուն նկատմամբ Սուրիոյ ազատ բանակին երկփեղկումով։ Սուրիական ընդդիմութեան շարքերուն մէջ ոմանք քիւրտերը կը նկատեն սուրիական կեանքին մէջ աշխուժ տարր, իսկ այլ կողմեր քիւրտերը կը նկատեն սուրիական վարչակարգին ի նպաստ գործող թշնամիներ։ Այս երկու կողմերուն վրայ կþաւելնայ նաեւ երրորդ կողմ մը, որ կը նախընտրէ քիւրտերուն չէզոք կեցուածքը։ Վերջին երկու երեւոյթներուն պարագային պէտք է նաեւ փնտռել թաքուն թէ բացայայտ օղակը, որ այս պարագային Թուրքիան է։ Թուրքիա իր ուժերը զօրաշարժի կþենթարկէ Սուրիա-Թուրքիա սահմանամերձ շրջանին վրայ, իսկ կարգ մը քիւրտեր Թուրքիան կþամբաստանեն մեծ թիւով զինեալներ իրենց շրջանները ուղղելու յանցանքով։ Միւս կողմէ, «սուրիական տարազ»-ը տապալելու յոյսերուն եւ կեցուածքներուն կողքին, քիւրտերը կը վերահաստատեն, որ իրենք եւ իրենց ղեկավարները բաժնուելու պատրաստ չեն եւ դէպի մահուան դուռը պիտի չուղղուին։ Սուրիոյ ընդդիմութեան զինեալներուն մօտ յստակ տարակարծութիւն մը կայ՝ քրտական հարցին հետ վարուելու առումով։ Մինչ Սուրիոյ ազատ բանակի ղեկավարներէն ոմանք, յատկապէս զինուորական խորհուրդի նախագահ Սամիր Շէյխ եւ Սուրիոյ ազատ բանակի փոխհրամանատար Մալեք Քուրտի կը հաստատեն, թէ քիւրտերուն հետ հարցեր չկան, «Ժապհաթ Նուսրա»-ն եւ ծայրահեղ փաղանգները կը շարունակեն քիւրտերուն թշնամական պատգամներ ուղղել եւ իրենց զինեալները ուղղել սահմանամերձ քրտական շրջաններ եւ քրտական միջավայրին գերզգայնութիւն պատճառել։ Քիւրտերը կը հաստատեն, որ իրենք անձնասպանական գործողութիւններ կատարողներ չեն։

Սուրիոյ զինեալ ընդդիմութեան ամբաստանութիւններուն դէմ պայքարելու նպատակով քիւրտերը եւս կը դիմեն զինուորական եւ քաղաքական զօրաշարժի, որպէսզի մէկ կողմէ դիմադրեն Սուրիոյ ազատ բանակին եւ միւս կողմէ Թուրքիոյ յարձակումներուն։ Այս առումով Հալէպի քիւրտ գործիչները նկատել կու տան, որ շրջանին մէջ Քրտական Աշխատաւորական կուսակցութիւն գոյութիւն չունի, իսկ ուրիշներ կը հաստատեն, որ Ապտալլա Օճալանի կռուողներ չեն գտնուիր, հակառակ Օճալանի սկզբունքներն ու գաղափարները բաժնելու իրենց իրականութեան։Կան նաեւ քիւրտ այլ գործիչներ, որոնք Թուրքիոյ դէմ պայքար կը մղեն, զայն նկատելով «օձին գլուխ»-ը։ Անոնք կը հաւատան, որ Թուրքիա իր ուժերը զօրաշարժի կþենթարկէ եւ զանոնք դէպի իրենց շրջանները կþառաջնորդէ։ «Կարծէք իսլամական-քրտական բախումները թուրքերուն համար կը կատարուին», կþըսեն անոնք։ Քիւրտերը նկատել կու տան, որ Սուրիոյ ազատ բանակի ուժերը քիւրտերուն հետ իրենց բախումները կը կատարեն գոհացնելու համար թուրքերը, ինչպէս նաեւ դիւրացնելու համար հիւսիսի մէջ կռուող իրենց փաղանգներուն Անգարայէն հասնելիք զինուորական եւ նիւթական օժանդակութիւնը, քաղաքական աջակցութեան կողքին։ Քիւրտերը կþընդգծեն, որ քրտական պետութիւն մը հիմնելու մասին շրջանառութեան մէջ դրուած տեղեկութիւններն ու յայտարարութիւնները չափազանցուած են եւ երբեմն ծանուցողական բնոյթ ունին։ Անոնք կþաւելցնեն, որ առաջնահերթութիւնը կþերթայ քրտերէնը, քիւրտերուն իրաւունքները, մշակոյթը եւ ազգայնութիւնը ճանչնալու, առանց անպայման սուրիական հայրենիքէն բաժնելու զանոնք։ Քիւրտերէն ոմանք կþընդվզին այն իրականութեան դէմ, որ իրենց բարձրացուցած դրօշակին պատճառով իրենց դէմ յարձակում կը գործուի, մինչդեռ սուրիական ընդդիմութեան շրջաններուն մէջ «Քայիտա»-ի դրօշակ կը բարձրացուի եւ ոչ ոք այդ մասին ակնարկութիւն չի կատարէր։

Ռասուլ Այնի քիւրտ գործիչները կը շեշտեն, որ հիւսիսի եւ հիւսիս արեւելեան շրջաններուն մէջ քիւրտերը անձնասպանական մտայնութիւն չունին։ Անոնք կþաւելցնեն, որ բաժանումը երկու ժամուան մէջ տրուելիք որոշում մը չէ, այնքան ատեն, որ քիւրտ ընկերութիւնը ինքզինք սուրիական ընկերութեան անմասնատելի մէկ մասնիկը կը յամարէ, անկախ Իրաքի մէջ ապրող քիւրտերուն մտայնութենէն։ Այս հաստատումը աւելի եւս կþամրապնդուի այն առումով, որ Սուրիոյ մէջ քիւրտերը կը բաժնուին սուրիական տարբեր շրջաններու ընկերային հիւսուածքին մէջ, ինչպէս Հալէպի, Ռիֆ Հալէպի, Հասաքէի եւ հիւսիսային Ռաքքայի մէջ։ Հակառակ սակայն քիւրտերուն կողմէ ցուցաբերուած դրական այս մեկնաբանութիւններուն, քիւրտերուն եւ սուրիական զինեալ ընդդիմութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը՝ մօտիկ ապագային բռնկելիք բախումներու դուռ կը բանայ, եթէ Սուրիոյ մէջ համաձայնութիւն մը չգոյանայ կամ տագնապին լուծում մը չապահովուի։

Այլ յօդուածի մը մէջ, Ապըտ կը գրէ հետեւեալը. «Մինչ Սուրիոյ ազգային խորհուրդի նախագահ Ժորժ Սապրա երեք անգամ զէնք կը պահանջէ եւ Սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմետ Մաազ Խաթիպ չի դադրիր զինուորական օժանդակութիւն պահանջելէ, Սուրիոյ հիւսիսային շրջանները նման պահանջներու չեն ակնարկեր։ Այս կացութիւնը աւելի ամրապնդուած դուրս կու գայ՝ Հալէպի եւ Իտլէպի ճակատամարտներէն ետք։ Զինեալները այլեւս ազատ գօտիի, անջատ շրջանի կամ ուղղակի միջամտութեան պահանջներ չեն ներկայացներ։ Անոնք արդէն կրցած են այդ բոլորը իրագործել Հալէպի մէջ տիրող զինուորական իրարանցումին իբրեւ հետեւանք։ Սակայն քրտական շրջաններուն «հաշիւը» տակաւին յետաձգուած կը նկատուի՝ սպասելով զինեալներուն եւ քրտական կուսակցութիւններուն միջեւ «համաձայնութեան» մը։ Իբրեւ արդիւնք, Սուրիոյ մէջ կը գտնուին զինեալ խմբաւորումներ, որոնք իրենք զիրենք կը կոչեն սուրիական ազատ բանակ։ Բանակ մը, որ կը նմանի անգլուխ մարմինի մը, որուն կազմաւորումը անյստակ է եւ անոր ստացած հրահանգները՝ ներքին ըլլալէ առաջ արտաքին են։ Այդ «բանակ»-ին տրուած հրահանգները շատ անգամ կը գերազանցեն այդ բանակին ձեւական հրամանատարութիւնը, որ գրեթէ անզօր է եւ ընդհանրապէս հաստատուած՝ Սուրիա-Թուրքիա սահմանամերձ շրջաններուն մէջ։ Ամէնէն վտանգաւորը սակայն կը մնայ զինեալներուն այն իրականութիւնը, որ ակնթարթի մը համար ներդաշնակ կþերեւի, բայց խորանալէ ետք յստակ կը դառնան շարք մը հակադրութիւններ, որոնք կը տարուբերին իսլամ չափաւորականի, իսլամ սալաֆականի, որ իր կարգին երկու խմբաւորում է տեղական իսլամ սալաֆականներ եւ արտաքին ժիհատի իսլամ սալաֆականներ։ Այս իրականութեան նշոյլներն են, որոնք նոյն խմբաւորումները նկատուող մարմինին միջեւ բռնկելիք ճակատներուն ուրուականը կը գծեն։

Հայ Դատի Միջին Արեւելքի Գրասենեակ
Պէյրութ, Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր 2012

Տպել Տպել