Գրիգոր Գլըճճեան (Պարոյր-Հայկազն, 1868-1898). Հայ Յեղափոխական շարժման անվեհեր դրօշակիրը

baruyr-hagaznՕգոստոս 9ի այս օրը, 114 տարի առաջ, Աթէնքի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ, այդ ժամանակ ճար ու դարման չունեցող թոքախտի զոհ գնաց հայ ժողովուրդի ազգային¬ազատագրական շարժման հիմնադիր դրօշակիրներէն եւ առաջին նուիրեալներէն Գրիգոր Գլըճճեան, որ իր գաղափարապաշտ ճարտասանութեան համար արժանացած էր Պարոյր¬Հայկազն անուանակոչումին, հետեւողութեամբ հինգերորդ դարու հայ մեծահռչակ հռետորին։

Հայկական Յեղափոխութեան ինքնատիպ այս դէմքին՝ Պարոյր¬Հայկազնի անունը կապուեցաւ 1880ականներու երկրորդ կիսուն կազմուած երեք կուսակցութիւններուն ալ։ Հայկական գաւառներէն Օսմանեան Կայսրութեան մայրաքաղաքը հաւաքուած ատենի հայ երիտասարդութեան ամէնէն պատրաստուած, ամէնէն համարձակախօս եւ ամէնէն հաղորդական յեղափոխականներէն եղաւ Գրիգոր Գլըտճեան, որ հազիւ երիտասարդ տարիքը թեւակոխած՝ իր մեծ ներդրումը ունեցաւ Պոլսոյ թէ՛ Արմենական, թէ՛ Հնչակեան եւ թէ Դաշնակցական իրերայաջորդ կորիզներու առաջացման ու գաղափարական հունաւորման մէջ։

Պարոյր¬Հայկազնի վաղաժամ մահուան առիթով, Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ը 30 Նոյեմբեր1898ի իր համարին առաջնորդող յօդուածը նուիրեց հայոց յեղափոխական շարժման «հին «աշխատաւոր»ներէն մէկը» հռչակուած 30ամեայ այս նուիրեալին։ Առաջնորդողի աւարտին՝ «Դրօշակ» կþընդգծէ ու կը վկայէ, թէ «Պարոյրի կեանքն ու յիշատակը չպիտի մոռցուին, իսկ իր կտակը մեր ամէնուս գործունէութեան ծրագրին առաջին պարբերութիւնն է արդէն»։

Գրիգոր Գլըտճեան ծնած էր Տիվրիկ, 1868ին։ Բախտը ունեցած էր աշակերտելու հետագային Հնչակեան կուսակցութեան հիմնադիր դէմքերէն Ժիրայրի (Մարտիրոս Պոյաճեանի, որ եղբայրն էր մեծանուն յեղափոխական Հնչակեան Մուրատի՝ Համբարձում Պոյաճեանի)։ Աշակերտական տարիքէն իր դասընկերներուն գաղափարական ուղղութիւն տուող բոցաշունչ հռետոր մըն էր։
Պերլինի վեհաժողովէն եւ Խրիմեան Հայրիկի «Երկաթէ Շերեփ»ի պատգամէն ետք յեղափոխական բուռն ալեկոծումի մէջ էր հայոց նորահաս սերունդը, իսկ Գրիգոր առաջին դրօշակիրներէն էր «Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն» ուխտին զինուորագրուած հայ պատանիներուն։

1883ին, 15 տարեկան Գրիգորը արդէն Պոլիս կը գտնուի՝ «սորվելու եւ զարգանալու ծարաւով»։ Կարճ ժամանակի մը համար կþաշակերտէ փաստաբանի մը, մինչեւ որ մուտքի յաջող քննութիւն տալով՝ կþընդունուի Պոլսոյ նորաբաց Իրաւաբանական վարժարանը։ Որքան առաջացաւ իրաւաբանական ուսման մէջ, այնքան անհաշտ ընդվզումն ու յեղափոխական ցասումը համակեցին Գրիգորի էութիւնը։ Մօտէն սերտեց ահաւորութիւնը Համիտեան ոճրագործ բռնատիրութեան եւ երդուեալ հակառակորդը դարձաւ Մեծ Մարդասպանի հաստատած կարգերուն, որոնք «ոչխարներէ աւելի մեծ թուով զոհերու»՝ իսլամ եւ մանաւանդ քրիստոնեայ անմեղներու հարստահարման, կեղեքման ու արիւնահեղութեան վրայ հիմնուած էին։

Այդպէ՛ս, հայ թէ այլազգի իր դասընկերներուն եւ սերնդակիցներուն մէջ Պարոյր¬Հայկազն սկսաւ վառել յեղափոխական անհաշտ կռուի խարոյկը՝ ի խնդիր Համիտեան վարչակարգի կործանման։ «Արմենական» կուսակցութիւնը նոր հիմնուած էր եւ Պոլսոյ մէջ արդէն սկսած էր արձագանգ գտնել. Պարոյր անյապաղ լծուեցաւ շարժման կազմակերպական ամրապնդումին։ Աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցաւ Պոլսոյ Արմենական «Յեղափոխական Վարչութեան» ստեղծումին մէջ՝ անոր գաղափարական հունաւորում տուող գլխաւոր գործիչներէն մէկը ըլլալով։
Գաղափարական եւ կազմակերպական խարխափումներու ժամանակներ էին։ Յեղափոխութիւն քարոզելով հանդերձ՝ բոլորն ալ պատրաստ չէին գերագոյն զոհաբերութեան եւ անհաւասար ուժերով զինեալ ըմբոստացման։ Ահա այդ պայմաններուն մէջ, ինչպէս որ «Դրօշակ» կը գրէ, Պարոյրի «գործունէութիւնը գնահատուած էր արդէն Յեղ. Վարչութենէն եւ 1888ին, երբ Յ. Չաքրեան ու երկու ընկերները՝ իրենց դիմակներէն զրկուած՝ կþարտաքսուէին անկէ, ընդհանուր հաւանութեամբ Պարոյրը անդամ կþընտրուի վարչութեան, ուր միշտ գործօն եւ եռանդոտ մասնակցութիւն մը կþունենայ»։

Բայց Արմենական կուսակցութիւնը իր բարձրագոյն ղեկավարութեամբ պատրաստ չէր զինեալ պայքարին ամբողջապէս նուիրուելու։ Պարոյր¬Հայկազն կը մղէ Պոլսոյ «Յեղափոխական Վարչութիւն»ը, որպէսզի գաղափարական ամէն կապ խզէ «Արմենիա»յի խմբագրին հետ։ Իսկ քանի մը ամիս ետք, երբ Պոլիս կու գան նորաստեղծ Հնչակեան կուսակցութեան առաջին ներկայացուցիչները, Պարոյր իր ընկերներով կը նախաձեռնէ անոնց հետ միացման բանակցութեանց. համախոհութիւն կþառաջանայ, միացումը կþիրագործուի եւ Պոլսոյ Յեղափոխական Վարչութիւնը «Հնչակ»ը կþընդունի իբրեւ իր պաշտօնաթերթը։

Պարոյրի հնչակեան գործունէութեան բարձրակէտը հանդիսացաւ 1890ի Յուլիս 15ի (նոր տոմարով՝ Յուլիս 28ի) Գում¬Գաբուի մեծ ցոյցին ղեկավար մասնակցութիւնը։ Հնչակեան յայտնի գործիչներ Յ. Ճիհանկիւլեանի եւ Հ. Պոյաճեանի (Հնչակեան Մուրատ) հետ, Պարոյր մասնակցեցաւ ցոյցի նախապատրաստութեան Յուլիս 12ի ժողովին եւ ինք եղաւ Պատրիարքարանի անունով Սուլթանի կառավարութեան յանձնուելիք հայկական պահանջներու յուշագրին հեղինակը։ Ծանօթ է Գում¬Գաբուի ցոյցին դառն վախճանը։ Մինչ Ճիհանկիւլեան եւ Մուրատ ձերբակալուեցան, Պարոյր յաջողեցաւ երկու ամիս անյայտ մնալ թրքական իշխանութեանց համար եւ շարունակել հնչակեան գործունէութիւնը յառաջ մղել։ Բայց Սեպտեմբերին, հայազգի տխրահռչակ մատնիչ Մամբրէի կողմէ իր անունը եւս տրուեցաւ թուրք ոստիկանութեան եւ Պարոյր ձերբակալուեցաւ ու բանտ նետուեցաւ։

Հայ յեղափոխական շարժման ռահվիրային յանդուգն եւ անվեհեր կերպարը իր ամբողջական գաղափարապաշտութեամբ ի յայտ եկաւ բանտային չարչարանքի տակ։ «Հարցաքննութիւններու միջոցին,¬ կþընդգծէ «Դրօշակ»,¬ ոստիկանապետին ներկայութեանը, անվախ, համարձակ, զայրոյթով լեցուած, երբեք չէ խորհած խուսափիլ իր մասին եղած ամբաստանութիւններէն։ «Ես, այո՛, յեղափոխական եմ. թէ ինչու յեղափոխական եմ՝ ձեզի հարցուցէք։ Ձեր ոճիրներուն դիմաց, ձեր վայրագ բռնութիւններուն առջեւ, մեր արցունքներն ու աղերսները զուր անցան եւ զուր պիտի անցնին. դուք, կառավարութեան պաշտօնեաներդ, արդարութիւնը գործ դնելէ բոլորովին հեռու, կը կազմակերպէք ու կը քաջալերէք ձեր ժողովուրդը՝ մեր կեանքին ու պատուին հետ խաղալու իր ուզածին պէս։ Ա՛լ հերիք։ Յեղափոխական եմ ես ու մատնուելով ձեր առջեւ եկած՝ ձեր շնորհներուն երբեք չպիտի կարօտիմ. ամէն բան աչքս առած էի առաջին օրէն, կարող էք նոյնիսկ մեռցնել իս, արդէն ուրիշ բան չէ կարելի սպասել ձեզմէ։ Իսկ եթէ ազատիմ, կրկին յեղափոխական պիտի տեսնէք իս, ուրիշ ճամբայ չկայ»…

Ահա այսպիսի՛ն եղաւ կտակը Պարոյր¬Հայկազնի, որ ներշնչման աղբիւրն ու դաւանանքը դարձաւ իր ժամանակի հայ յեղափոխական պայքարին բոլոր «անկեղծ զինուոր»ներուն։

Թէեւ մահապատիժ չտրուեցաւ Պարոյրին, բայց երկարամեայ բանտարկութեան դատապարտուեցաւ ու աքսորուեցաւ Աքեա, ուր եւ համակերպելու ոչ մէկ տրամադրութիւն ցոյց տուաւ. ընդհակառակն՝ նոյն թափով շարունակեց իր յեղափոխական ոգին եւ գաղափարները տարածել այս անգամ աքսորավայրի ոչ միայն հայ թէ արաբ, յոյն թէ այլազգի դատապարտեալներուն, այլեւ անոնց հսկող զինուորականութեան մէջ, քարոզելով թէ «բոլորս ալ բախտակից ենք»։

Պարոյր վեց տարի մնաց աքսորավայրի մէջ, ուր բռնուեցաւ թոքախտէ եւ հիւծեցաւ մարմնապէս։ Բայց ոգեկան կորովը բնաւ չկորսնցուց։ 1896ի Դեկտեմբերին, երբ Ընդհանուր Ներում հռչակուեցաւ, Պարոյր առիթը օգտագործեց Լիբանանի վրայով ուղղակի Պոլիս վերադառնալու, փոխանակ հետեւելու բժիշկներու խորհուրդին, որ Եւրոպա անցնիլն էր՝ ապաքինման նպատակով։ Հազիւ Պոլիս հասած, Պարոյր դարձեալ ձերբակալուեցաւ, բայց առողջական վիճակին բերմամբ նախ Ազգային Հիւանդանոցի մէջ արգելափակուեցաւ, իսկ յետոյ դարձեալ աքսորուեցաւ, այս անգամ Աղեքսանդրիա (Եգիպտոս)։

1897ի Օգոստոս Աղեքսանդրիա հասնելով՝ Պարոյր դէմ յանդիման գտնուեցաւ Հնչակեան կուսակցութիւնը խոր տագնապի եւ եղբայրասպան արիւնահեղութեան մատնած գաղափարական պառակտումին։ Ամէն ճիգ թափեց, որպէսզի կարենայ վերականգնել իր կուսակցութեան ներքին միութիւնը։ Բայց զուր անցան նաեւ իր ճիգերը եւ ի վերջոյ Պարոյր որոշեց միանալ Դաշնակցութեան։

Այդպէ՛ս, իր կեանքի վերջին տարին Պարոյր¬Հայկազն անցուց Եգիպտոսի մէջ դաշնակցական աշխոյժ կեանքով։ 1898ի Մարտ 18ին նաեւ պատգամաւոր ընտրուեցաւ եւ մասնակցեցաւ Հ.Յ.Դ. Եգիպտոսի Շրջանային Ժողովին՝ Դէպի Երկիր զինական ու դրամական ուժ հասցնելու գործունէութեան դաշտ բացող իր բոցաշունչ յորդորներով։ Ատիկա եղաւ Պարոյր¬Հայկազնի յեղափոխական կարճատեւ կեանքին կարապի երգը։

Ի տես իր առողջական արագօրէն վատթարացող վիճակին, ընկերները Աթէնք ղրկեցին Պարոյրը, որ երեք ամիս հիւանդանոցի մէջ ապաքինման ենթարկուելով հանդերձ՝ չկրցաւ յաղթել անողոք հիւանդութեան։
Եւ Օգոստոս 9ի այս օրը, 1898 թուին, Աթէնքի մէջ իր աչքերը փակեց հայ յեղափոխական շարժման առաջին նուիրեալներէն Պարոյր¬Հայկազնը։

Իր յիշատակին հետ անմար կը մնայ ստրկական համակերպումն ու սին ճակատագրապաշտութիւնը մերժելու Պարոյր¬Հայկազնի գաղափարական հանգանակը, որ խտացուած է «Դրօշակ»ի հետեւեալ վկայութեան մէջ՝
«Հայերէն շատերը, ճակատագրային օրէնքով՝ համակերպելու վարդապետութիւնն էր որ կը քարոզէին. կարծէք թէ հային ճակատագիրն եղած լինէր ոչխարի պէս գլուխ երկնցնել դանակին տակ ու մորթուող հաւի նման ջղաձգօրէն տառապիլ։

«Պարոյր կը միանար անոնց, որոնք կþուզէին կեղտերը մաքրել եւ իրենց իրաւունքներուն տէրը լինել։ Բիրտ ու վայրագ բռնակալութեան դէմ բողոքող, մաքառող, կռուո՛ղ ՈՒԺ պէտք էր ստեղծել։ Ու Պարոյրի ջանքերն եղան ամէն ձախողութիւն ճակատագրին վերագրող իր ազգակիցները սթափեցնել, ցնցել եւ ահաւոր իրականութեանը վրայ ուշադրութիւն դարձնել տալ։

«Համակերպիլ՝ այդ բառը իր բառգրքին մէջ չկար»։

Ն.
«ԱԶԱՏ ՕՐ»

Տպել Տպել