14-15 Սեպտեմբեր 1918. Նուրի փաշայի թրքական բանակը մտաւ Պաքու եւ ձեռնարկեց հայոց համատարած կոտորածին

Սեպտեմբեր 14-15ի այս օրերուն, 94 տարի առաջ, Անդրկովկասի հարաւ-արեւելեան ամբողջ տարածքին վրայ, հայ ժողովուրդը կը դիմագրաւէր համաթրքական շարժումի հայակուլ յորձանքին օրհասական վտանգը։

Սեպտեմբեր 14ին, թրքական բանակը Նուրի փաշայի հրամանատարութեամբ յաջողեցաւ մուտք գործել Պաքու՝ ազերի թուրքերու մուսաւաթական իշխանութիւնը զինու զօրութեամբ պարտադրելու համար քաղաքի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կազմող հայերուն եւ ռուսներուն։

Ամիսներու վրայ երկարած հայեւռուս հերոսական դիմադրութիւնն ու ինքնապաշտպանութիւնը, Ռոստոմի գլխաւորած դաշնակցական ուժերու եւ Ս. Շահումեանի ղեկավարած պոլշեւիկեան ջոկատներու գործակցութեամբ, պարտութիւն կրած էին։ Շահումեան եւ պոլշեւիկեան հրամանատարութիւնը նաւով փախուստ տուած էին քաղաքէն, իսկ Իրան տեղակայուած Դաշնակից Ուժերու՝ անգլիական զօրքին օգնութեան հասնելու խոստումները ապարդիւն մնացած էին։
Պաքու իր մուտքին յաջորդ առաւօտեան իսկ, Նուրի փաշա ձեռնարկեց ամբողջ շրջանի հայկական օճախներուն դէմ անխնայ կոտորածներու՝ յատկապէս թիրախ ունենալով Ղարաբաղի ու Զանգեզուրի հայաթափումն ու թրքական տիրապետութեան հաստատումը։

Օսմանեան Կայսրութիւնը այդ օրերուն կը գտնուէր իր ամբողջական փլուզման սեմին։ Առաջին Աշխարհամարտը գրեթէ աւարտած էր Գերմանիոյ անփառունակ պարտութեամբ եւ Թուրքիոյ ջախջախումով։ Բայց Անդրկովկասի մէջ թրքական բանակը դեռ չէր սպառած ուժերը, ընդհակառակն՝ պոլշեւիկներու ներքին դժուարութիւններէն առաւելագոյնս օգտուելու ռազմավարութեամբ, տենդագին լծուած էր Պաքուին տիրանալու եւ հոնկէ դէպի կեդրոնական Ասիա բացուելու եւ համաթրքական կայսրութիւն մը կեանքի կոչելու իր ցնորքին իրականացման։
Այդ իմաստով մահամերձ Օսմանեան Կայսրութեան վերջին գալարումն ու հակահայ մոլեգնումը եղաւ թրքական զօրքին Պաքու մուտքը՝ Նուրի փաշայի հրամանատարութեամբ։

Դեկտեմբեր 1917ի վերջերէն իսկ, երբ Պրեսթ-Լիթովսքիի «հաշտութեան» դաշնագիրը ստորագրուեցաւ Ռուսաստանի մէջ իշխանութեան տիրացած պոլշեւիկներուն եւ գերմանացիներուն միջեւ, Գերմանիոյ զինակից Թուրքիան սրեց իր ախորժակները Պաքուին տիրանալու ուղղութեամբ։ Իր կողքին ունենալով Անդրկովկասով մէկ ցրուած թաթար¬թուրք բնակչութիւնը եւ վայելելով Գերմանիոյ մերձենալու ուղին ընտրած վրացիներու համակրանքը, չըսելու համար աջակցութիւնը, օսմանեան բանակի արեւելեան զօրամասերը շարժման մէջ դրուեցան՝ Պրեսթի դաշնագրով կատարուած պոլշեւիկեան զիջումներէն աւելին զինու զօրութեամբ ձեռք ձգելու ծրագրով։

Աշխարհամարտի աւարտի բուռն հանգրուանն էր, գերմանական զօրքերը վառելանիւթէ կտրուած էին եւ թուրքերը համաթրքական իրենց արշաւանքին ի նպաստ օգտագործեցին Պաքուի նաւթահորերուն տիրանալու խայծը եւ ապահովեցին գերման սպայակոյտին օրհնութիւնը իրենց զինուորական նոր արկածախնդրութեան…

Իրապէս արկածախնդրութիւն էր եւ այդպիսի՛ վախճան ունեցաւ Պաքուի ուղղութեամբ թրքական բանակի արշաւանքը։
Պաքուն այդ շրջանին բազմազգեան քաղաք էր՝ բառին բուն իմաստով, որովհետեւ թաթար¬թուրքերը համեմատաբար փոքրամասնութիւն էին քաղաքի հայ, ռուս եւ վրացի բնակիչներուն միացեալ համրանքին բաղդատած։ Աւելի՛ն. Պաքուի մէջ այդ օրերուն կեդրոնացած էր ռուսական զօրքի հայ զինուորականներու մեծ թիւ մը, որ անցած էր պոլշեւիկներու կողմը եւ իր ռուս ու հայ հրամանատարութեամբ կը հակակշռուէր Լենինի հաւատարիմ զինակիցներէն ու գլխաւոր գործակիցներէն հայ պոլշեւիկ ղեկավար Ստեփան Շահումեանի կողմէ։

Այդ օրերուն Պաքուի մէջ նկատառելի ուժ կը ներկայացնէր, թէ՛ քաղաքական եւ թէ զինուորական առումներով, Դաշնակցութեան Պաքուի Կեդրոնական Կոմիտէն՝ իր գլխաւորած Պաքուի Հայոց Ազգային Խորհուրդով։ Պաքու հաստատուած էր, այդ շրջանին, Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան վերջին մոհիկանը՝ Ռոստոմը, որ Թիֆլիսի եւ Երեւանի հետ ամբողջական համակարգում առաջացուցած էր եւ ձեռնարկած Պաքուի պաշտպանութեան՝ ընդդէմ իթթիհատ¬մուսաւաթ համաթրքական նկրտումներուն։

Պաքուի հերոսամարտը Յունիսէն մինչեւ Սեպտեմբեր տեւեց՝ արձանագրելով յաղթանակի անմոռանալի պահեր եւ պատմութեան յանձնելով ազգային մեր ինքնավստահութիւնն ու հպարտութիւնը վարարող ռազմական նուաճումներ։ Ռոստոմի կողքին Պաքու փութացած էին ֆետայական սերունդին մեծանուն հերոսները, որոնք Սարդարապատեան հերոսամարտներու իրենց յաղթական նուաճումներէն խանդավառ, հաւաքուած էին Պաքու՝ նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան արեւելեան թիկունքը վնասազերծելու նպատակով։

Անհաւասար ուժերով կռուի պայմաններուն մէջ մղուեցաւ Պաքուի հերոսամարտը, որ մինչեւ Սեպտեմբեր 14 պարտութեան մատնեց թրքական զօրքը։ Դաշնակցութեան գլխաւորած հայկական ուժերը կռիւը շարունակեցին նաեւ պոլշեւիկներու դասալքութենէն ետք, երբ Լենինի ցուցմունքով եւ Ստեփան Շահումեանի հրահանգով Յուլիսի վերջերուն պոլշեւիկները իրենց ընտանիքներով նաւ բարձրացան եւ հեռացան Պաքուէն…

Դաշնակցութիւնը մինչեւ Սեպտեմբեր 14 առանձինն ղեկավարեց Պաքուի հերոսական դիմադրութիւնը թրքական բանակին դէմ եւ քաղաքէն հեռացաւ միայն այն ատեն, երբ Պարսկաստանէն օգնութեան հասած Դաշնակից զօրքի հրամանատարութիւնը որոշեց Պաքուն յանձնել թուրքերուն։

Սեպտեմբեր 14էն 15ի լոյս գիշերն իսկ, հայկական դիմադրութեան ուժերու հեռանալով անպաշտպան մնացած Պաքուին տիրանալով, Նուրի փաշայի թրքական զօրքն ու մուսաւաթական թաթարները անմիջապէս լծուեցան
քաղաքի անզէն հայ բնակչութեան համատարած ջարդին։

Եւ Սեպտեմբերի այդ օրը, 94 տարի առաջ, սկսաւ հայերու երկրորդ ցեղասպանութիւնը Անդրկովկասի տնտեսական մայրաքաղաք Պաքուի մէջ։ Օրեր տեւած ջարդին, քանդումին ու թալանին զոհ գացին շուրջ 6 հազար հայեր։
Պաքուի մէջ հայերու դէմ գործուած երկրորդ ցեղասպանութիւնը եղաւ 15 Սեպտեմբեր 1918ին սկսած ջարդը՝ «կատարելագործելով» 13 տարի առաջ, 1905ի սկզբնաւորութեան, թաթար ամբոխին կողմէ իրագործուած ազգային «մաքրազտում»ի նախադէպ կոտորածները։ Հակահայ խժդժութիւնները, վայրագ սպանութիւններն ու աւեր¬աւարումը թրքական միեւնոյն մատնահետքերը ունէին՝ գլխաւոր ու հիմնական երկու տարբերութիւններով։ Առաջին. 1905ին կատղած թուրք¬թաթար ամբոխն էր ջարդարարը, իսկ 1918ին թրքական զօրքն ու այսպէս կոչուած «Ատրպէյճանի Հանրապետութեան» կանոնաւոր բանակի զինուորները ուղղակի մասնակցեցան հայերու սպանդին։ Երկրորդ. 1905ին ռուս ցարական իշխանութիւնները հրահրեցին հակահայ յարձակումները, իսկ 1918ին Պաքու մտած թրքական բանակն էր հակահայ ազգային «մաքրազտման» ձեռնարկողը…

«Հայաստան-Արցախ» կայքէջի 15 Յունուար 2010ին հրապարակած մեկնաբանական մէկ նիւթին համաձայն, Երեւանի Պետական Համալսարանի պատմաբաններէն Եուրա Յովսէփեան դիտել կու տայ, որ Պաքուի հայերուն 1918ի կոտորածով իր սկզբնական՝ հիմնարար գլխաւոր փուլը աւարտեց «Ատրպէյճան» անունով երկիր ու պետութիւն ստեղծելու թրքական պետութեան համաթրքական ծրագրի իրականացումը.-

«Այդպէ՛ս, 1918ի Սեպտեմբեր 15ին Պաքու իրենց մուտքին առաջին իսկ պահէն, թուրքերը գործադրութեան յանձնեցին հայութիւնը սպանդի ենթարկելու եւ քաղաքը հայերէ պարպելու իրենց որոշումը։ Պաքուի մէջ եւ անոր շրջակայքը սկսան հայերու կոտորածները. որոշ տուեալներով՝ շուրջ 30 հազար մարդ սպաննուեցաւ այդ ժամանակ։ Ատիկա արդէն իսկ «էթնիկական զտում» էր՝ ազգային պատկանելութեան հողի վրայ, որուն ձեռնարկեցին թրքական եւ ատրպէյճանական իշխանութիւնները։ Գործադրութեան մեխանիզմներն ու եղանակները նոյնն էին, ինչ որ 19րդ դարու 90ականներուն կիրարկուեցան Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին»։

Նման տարողութեամբ ազգային աղէտի մը տարելիցն է 14-15 Սեպտեմբերը, որուն հետեւանքով Պաքուի հայութիւնը մեծագոյն կորուստներ կրեց՝ մարդկային եւ նիւթական։ Հիմնովին տկարացաւ նաեւ հայկական ազդեցութիւնը Պաքուի վրայ… Բայց հայեր շարունակեցին կառչած մնալ Պաքուին՝ մինչեւ որ 20 դարու վերջին տասնամեակին ցեղասպան թուրքը իր մահացու վերջին հարուածը տուաւ Պաքուի վերապրող հայերուն։

Պաքուի գրաւման եւ ամբողջ տարածաշրջանի հայութեան դէմ գործադրուած ջարդերուն տարելիցը յատուկ նշանակութիւն ունի մանաւանդ այս օրերուն, երբ մեր աչքերուն առջեւ պարզուած Սաֆարովի ամօթալի գործարքով՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ համաթրքական հայատեացութիւնը վերստին մոլեգնած է… Հայասաանութեան անաատիժ մնացած պետական մեծ ոճիրը շարունակելու կատաղութեամբ։

Ն.
«ԱԶԱՏ ՕՐ»

Տպել Տպել