«Արմինիըն Ռիվիու»ի Թիւը Նուիրուած Է «Հատուցումներու Շարժում»ին

ՌիվյուՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆ.- Հայագիտական ուսմանց նուիրուած «Արմինիըն Ռիվիու» պարբերաթերթին խմբագրութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ արդէն իսկ լոյս տեսած է թերթին նորագոյն թիւը, որ ամբողջութեամբ նուիրուած է «Հատուցումներու համաշխարհային նոր շարժում»ին:

Այս թիւի յօդուածներուն մէջ կը քննուին Հայկական Ցեղասպանութեան վնասուց հատուցումներ ապահովելու կարեւորութիւնը՝ հարցը քննելով միջազգային օրէնքի, Ցեղասպանութեան ճանաչման համար տարուող պայքարին ընդմէջէն:

Հոն Հայկական Ցեղասպանութեան հարցով հատուցումներ ապահովելու հարցը նաեւ կը բաղդատուի Միացեալ Նահանգներու, Հարաւային Ափրիկէի, Արժանթինի եւ Ճափոնի մէջ մարդկային իրաւանց լայնատարած ոտնակոխումներէ ետք՝ հատուցումներ ապահովելու արշաւներուն հետ:
Այս բացառիկ թիւին խմբագիրն է փրոֆ. Հենրի Թիէրօ, որ իր յօդուածին մէջ լուսարձակի տակ կ՛առնէ հատուցումներու բարոյական երեսը, իսկ միջազգային օրէնքի մասնագէտ դոկտ. Ալֆրետ տը Զայաս իր յօդուածին մէջ մանրամասնօրէն կը բացատրէ, թէ ՄԱԿի Ցեղասպանութեան ուխտը ինչպէ՞ս կարելի է օգտագործել՝ վնասուց հատուցումներ ապահովելու համար:

Յօդուածներ ունին նաեւ մասնագէտներ Ճըրմէյն ՄըքՔելփին, Էմ.Փի. Կիյոսէ, Փեթրիք Սարճընթ, Քիպիպի Թիէհիմպա եւ Հարուքօ Շիպասաքի:
Թիւէն օրինակ մը ստանալու կամ բաժանորդագրուելու համար, այցելել www.armenianreview.org կայքը, կամ դիմել (617) 926-4037 թիւին, 80 Bigelow Avenue, Watertown, MA 02472-2012 կամ
[email protected] հասցէներուն:

«ԱՍՊԱՐԵԶ»

Տպել Տպել