Կենցաղային Ճգնաժամը Սուրիոյ Մէջ

Siria Ամիսներէ ի վեր տիրող իրավիճակին պատճառով Սուրիան կը տառապի տնտեսական տագնապէ:

Տնտեսագիտական տուեալները ցոյց կու տան, որ երկիրը մեծ արժեզրկումի դիմաց կը գտնուի` նկատի ունենալով ներմուծման եւ արտածման դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ` տնտեսական տարբեր ոլորտներու թուլացումը:

Միջազգային ֆինանսաւորման ուսումնասիրութեան կեդրոնը հաստատեց, որ Սուրիոյ տնտեսութիւնը վնասուած է եւ 20 տոկոսով կրճատում կը կրէ 2012-ին:

Սուրիական կառավարութիւնը յայտնած է, որ աշխատանք կը տանի ինքնաբաւութիւն ապահովելու եւ վերջերս արտածումէ արգիլուած 106 նիւթերու ցանկ մը յայտարարած է:

Բոլոր քաղաքներու բնակիչներուն համար կենցաղային կեանքը վատթարացման ընթացքի մէջ է` հիմնական պաշարի գինի բարձրացման եւ երբեմն հիմնական ապրանքատեսակներու պակասի պատճառով, ինչպէս` վառելանիւթն ու հացը: Այս մէկը յատկապէս նկատելի սկսած է դառնալ սուր բախումներու եւ թէժ կռիւներու շրջաններուն մէջ, սակայն վերջին օրերուն այդ երեւոյթը նկատելի դարձաւ նոյնիսկ մայրաքաղաքի բազմաթիւ թաղամասերուն մէջ:

Այս առումով կառավարութիւնը կը յայտարարէ, որ ջանք կը գործադրէ քաղաքացիներուն պահանջները հոգալու, սակայն քաղաքներու միջեւ ճամբաներու անանցանելի ըլլալու երեւոյթը յաճախ պատճառ կը դառնայ, որ ապրանքները հասցէագրուած վայրը չհասնին:

Նաֆթամթերքի սուրիական ընկերութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտնեց, որ կարելիութիւն չկայ մազութ բաժնելու, եւ որ ընկերութեան առաջնահերթութիւնն է այսօր մատակարարել փուռերն ու հիւանդանոցները: Պետական աղբիւրները կը նշեն, որ Սուրիոյ վրայ պարտադրուած տնտեսական շրջափակումը պատճառ դարձաւ, որ մազութը 40 տոկոսով պակսի: Այսօրուան տագնապին վրայ կ՛աւելնայ նաեւ դեղորայքի պակասի երեւոյթը:

Միւս կողմէ, ներքին առեւտուրի նախարարի շրջանակներէն Դամասկոսի սպառողի պաշտպանութեան միութիւնը կ՛ուսումնասիրէ շուկաներուն սպառումը եւ վերահսկողութիւնը:

Կենցաղային եւ սննդամթերքի ճգնաժամի նախանշանները Սուրիոյ հիւսիսէն կը հասնին Դամասկոս, մանաւանդ հացը, որ ընդհանրապէս Հալէպի մէջ կտրուկ ձեւով կը պակսէր եւ կը կրէր գինի կրկնակի բազմապատկում: Արդարեւ, նախորդ օրերուն Դամասկոսի մէջ նոյնպէս զանազան թաղամասերու մէջ պետական փուռերը փակեցին իրենց դռները: Յիշեցնենք, որ Դամասկոսի նահանգապետարանի տուեալներով, մայրաքաղաքին բնակչութեան թիւը հասած է 8 միլիոնի (նախքան տագնապը 5 միլիոն կը հաշուէր):

Կ՛արժէ յիշել նաեւ, թէ ոսկիի պահանջարկի բացակայութեան պատճառով ոսկերչական ասպարէզը եւս կը մօտենայ դադրեցման ճակատագիրին:

Հաւանաբար Սուրիոյ մէջ ամենահրատապ տագնապը ելեկտրականութեան տագնապն է: Նկատի առնելով ձմեռուան ցուրտ օրերը եւ մազութի պակասը` բնակիչները ելեկտրական ջեռուցիչներու դիմեցին, սակայն հարցը կը բարդանայ, երբ 8-10 ժամ հոսանքը կ՛անջատուի բազմաթիւ թաղամասերէ, իսկ արուարձաններն ու կարգ մը շրջաններու մէջ անընդհատ անջատումը կը գերազանցէ 15-20 ժամը, տակաւին կայ աւելի՛ն, Հալէպի մէջ որոշ շրջան մը, 3-5 օր ելեկտրականութիւնը ամբողջովին անջատուած մնաց:

Տագնապներու թուարկումը շարունակելով` կարելի է նշել նաեւ, որ նաֆթամթերքի նիւթերուն (մազութ, պենզին եւ կազ) գիներու տատանում կը կրեն կամ ամբողջովին կը բացակային շուկաներէն:

Կը շարունակուի նաեւ հեռահաղորդակցութեան տագնապը, համացանցն ու հեռաձայնային կապերը կը բացակային զանազան քաղաքներու կարգ մը շրջաններէ, ինչպէս Հալէպ, իսկ բջիջային կապերը կը գործեն տկար եւ տեղական գիծերու շրջանակներէն ներս միայն:

Վերջապէս, անհրաժեշտ է յայտնել, որ մեծ քաղաքներուն մէջ որոշ շրջաններու բնակիչներ կը փորձեն կենցաղային ճգնաժամէն չազդուիլ: Սակայն քաղաքներուն մէջ եւ մանաւանդ մայրաքաղաքին մէջ պետական հաստատութիւններ տանող ճանապարհները փակուած կը մնան եւ ապահովական խիստ հսկողութեան կ՛ենթարկուին: Իսկ գիշերային կեանքը մեծ մասամբ անգոյ է բոլոր քաղաքներուն մէջ, փողոցները` խաւար ու դատարկ, իսկ արուարձանները դարձած են անապահով եւ բնակիչներէ դատարկուած շրջաններ:

Կարելի է նշել, որ պետական մակարդակի վրայ վարչապետն ու կարգ մը նախարարներ վերջին օրերուն այցելեցին տնտեսութեան մայրաքաղաք Հալէպ, ուր վարչապետը յայտնեց, որ վերջին շաբաթներուն Հալէպ ապրեցաւ ծանր կենցաղային պայմաններ, եւ որ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ հիմնական նիւթերը Հալէպ հասցնելու եւ խնդիրները լուծելու նպատակով:

Սուրիոյ մէջ ապահովական տեսանկիւնէ վտանգուած կեանքին կողքին, գերակշռողը կը մնայ կենցաղային ճգնաժամը, որուն սրելու հաւանականութիւնները առաւել եւս շեշտուած կը դառնան Ամանորի նախաշեմին:

«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել