«Ասպարէզ»ի խմբագրական – «Սահման Քաջաց, Զէնք Իւրեանց»

ASBAREZ_XMAS_2013_coverՄեր զէնքի, մեր սուրի զօրութիւնը չափելու հարկադրանքին տակ պէտք է զգանք մենք մեզ, ամէն օր: Ոչ միայն չափելու, այլ անոնց հասողութեան սահմանները ընդարձակելու խնդիր ունինք, որովհետեւ մեր անցեալը բաւական ապացոյցներ ունի, թէ մենք երբե՛ք մեր հաւաքական կարելիութեանց ամբողջութիւնը չենք օգտագործած ազգային կարեւորագոյն մարտահրաւէրները դիմագրաւելու ժամանակ:

Գալիք տարի Արցախեան ազատագրական նորագոյն շարժումի քսանհինգամեակն է: Մեր առաջին հաստատումին, հաւանաբար, ամէնէն ուժեղ հակափաստարկը նկատուի նոյնինքն Արցախեան պայքարի յաղթական աւարտը: Բայց եւ այստեղ իսկ կրնանք վստահաբար արձանագրել, թէ մեր ազգը այդ պայքարին չլծուեցաւ իր ամբողջ ուժով, թէ մեր ազգը այդ պայքարը իր վախճանական աւարտին հասցնելու համար տակաւին կը զլանայ մշակել նպատակասլաց, կեդրոնացուած ճիգերով համապարփակ ծրագիր մը, որուն իրականացման պէտք էր լծուիլ նոյն նպատակասլացքով, նոյն կեդրոնացումով՝ զօրաշարժի ենթարկելով ազգի բոլոր հնարաւորութիւնները:

Անցեալին, ի չգոյութիւն անկախ պետականութեան՝ անկարող եղած էինք համազգային ընդհանուր տեսլական մը ունենալ: Նոյնիսկ անկախութեան հարցը, որուն շուրջ տարաձայնութիւնը անհեթեթ կրնայ նկատուիլ որեւէ ազգի մը համար, մեր պարագային՝ ջլատող պառակտումի ազդակ դարձած էր:
Հիմա չկայ այդ խնդիրը, եւ համազգային տեսլականի գոնէ ուրուագիծի շուրջ տարակարծութիւնը անհաւանական է: Արդարեւ, ո՞վ կրնայ հակաճառել բարգաւաճ Հայաստան մը ունենալու նպատակին, ո՞վ կրնայ վիճիլ Արցախի ու Հայաստանի միացման, հզօրացման կարեւորութեան շուրջ, ո՞վ կրնայ կասկածիլ հայ ժողովուրդի պատմական իրաւունքներու վերականգնման արդարացիութենէն, ո՞վ կրնայ չեկրորդել «Հայաստանը համայն հայութեան հայրենիք»ի գաղափարի կենսագործման հրատապութիւնը:

ASBAREZ-2013Ուրեմն՝ խնդիրները բանաձեւելու հարց չկայ: Յստակ են մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, որոնք, առնուազն վերի շարադրումով ու բանաձեւումով, կրնան հիմք դառնալ համընդհանուր զօրաշարժի, որուն միջոցաւ պէտք է հայութեան ուժի բոլոր կեդրոնները ներգրաւել, որուն միջոցաւ հայկական իրականութեան լուսանցնքերուն վրայ կամ նոյնսիկ անոնցմէ ալ դուրս մնացած ուժերը պէտք է հաւաքագրել, ներգրաւել, սիրաշահիլ, համոզել, բերել ու միացնել այսօր գործող հոսանքնին, որպէսզի բազմապատկուին մեր հնարաւորութիւնները:

Տարին չենք ուզեր փակել յոռետեսութեան շեշտերով: Ընդհակառակը, կ՛ուզենք վճռական մեր համոզումը յայտարարել, թէ մեր ներկայ հնարաւորութիւնները, իբրեւ մեկնակէտ՝ ունին բոլոր տուեալները մեզ յաջողութեամբ բարձրացնելու կազմակերպուածութեան եւ նպատակասլացութեան յաջորդ հանգրուան: Հռոմը մէկ օրուայ մէջ չէ կառուցուած, կ՛ըսեն: Մենք ալ այս բոլորը մէկ շարժով պիտի չկարենանք իրականացնել: Սակայն, յստակ է, որ չենք կրնար բաւարարուիլ մեր զարգացման ներկայ ընթացքով, ներկայ թափով, մանաւանդ, երբ այդ զարգացման առջեւ սեփական ձեռքերով վտանգաւոր թակարդներ կը լարենք, արհեստական խոչընդոտներ կը ստեղծենք, ուժերը մսխելու խաղերով կը զբաղինք:

«Սահման քաջաց, զէնք իւրեանց»: Մեր ապագան մեր ձեռքերուն մէջ է, մեր բազուկի ուժին մէջ է, մեր միտքի զօրութեան մէջ է, մեր խիզախութեան, մեր վճռականութեան մէջ է:

Յանուն մեր ժողովուրդի ապագային՝ ի մի բերենք այդ բոլորը:

«ԱՍՊԱՐԷԶ»ի խմբագրական

Տպել Տպել