Փորձանքէ Փորձանք

Աբօ Պողիկեան

Աբօ Պողիկեան

Կ՚ըսեն, որ մեծ փորձանքէ մը ազատեցանք եւ նախագահ Պարաք Օպաման ու Ներկայացուցիչներու տան ղեկավարութիւնը վերջին վայրկեանի համաձայնութեամբ մը յաջողեցան առաջքը առնել աշխարհի տնտեսութեան մեծագոյն գահավիժումին:

Կ՚ըսեն, թէ շատ շուտով կրնան պատահիլ նոր փորձանքներ, որոնք նոյնքան ճակատագրական կրնան ըլլալ Միացեալ Նահանգներու տնտեսական վերականգնումին, անոր միջազգային վարկին եւ այլն, եւ այլն:

Զննելով շեփորահարուած յաջողութեան տնտեսութիւնը փրկելու պայմանները՝ անմիջապէս յուսախաբութիւն կը զգանք: Յուսախաբութիւն, որովհետեւ անգամ մը եւս կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս այս երկիրի հիմնական հարցերու լուծման նպատակով, անհաւասար պայմաններ կը ստեղծուին եկամուտի տարբեր մակարդակներու վրայ գտնուողներուն համար՝ միշտ ծանրագոյն բեռը վերապահելով ամէնէն քիչ եկամուտ ունեցողներուն:

Յուսախաբութիւն, որովհետեւ միջին դասակարգի շահերու պաշտպանները կարծէք միայն այդ միջիններուն համար կը պայքարէին՝ մոռնալով միջինէն ներքեւ գտնուողները, որոնք Նոր տարուան առաջին իսկ օրերուն պիտի անդրադառնան, թէ իրենց աշխատավարձը պարզապէս պիտի նուազի՝ Ընկերային ապահովագրութեան հիմնադրամի հաշուոյն նախապէս կատարուած յաւելումին, աւելի ճիշդը՝ յանուն Ընկերային ապահովութեան հիմնադրամին՝ աշխատավարձէն կատարուած գանձումի զեղչին ջնջումով:

Յուսախաբութիւն, որովհետեւ մեծամասնութեան շահերու պաշտպանները նոյն ջանադրութեամբ, նոյն վճռականութեամբ հանդէս չեն գար ի պաշտպանութիւն եկամուտի սանդղակին ներքեւի աստիճանները գրաւողներու շահերուն, որքան ուժգնութիւն, եռանդ ու անզիջում ընդդիմութիւն կը ցուցաբերեն վերի աստիճաններուն վերեւները բազմող փոքարամասնութեան շահերը պաշտպանողները:

Հաշուեկշիռը այս ամբողջ աղմուկ-աղաղակին ու լարուած պայքարին. նուազագոյն աշխատավարձ ստացող ամերիկացին (տարեկան շուրջ 15,000 տոլար եկամուտ ապահովողը), այս տարի 300 տոլար յաւելեալ տուրք պիտի վճարէ, ինչ որ վստահաբար պիտի զգացուի անոր ընտանիքի բոլոր անդամներուն կողմէ, իսկ միլիոնատէրերուն ու միլիառատէրերուն համար տուրքերու ընդունուած աննշան բարձրացումը ինչպէ՞ս պիտի ազդէ անոնց կեանքին ու կենցաղին վրայ…

Եզրակացութիւն. փորձանքները պարզապէս աւելի կրնան ծանրացնել աշխատաւոր խաւին վիճակը, բայց անոնցմէ պրծում չկայ, այնքան ատեն, որ երկիրին մէջ տիրապետող գաղափարախօսութիւնը անտարբեր է անոնց նկատմամբ:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«ԱՍՊԱՐԷԶ», 2 Յունուար 2013

Տպել Տպել