Արաբական Մամուլի Տեսութիւն Սուրիոյ Տագնապին մասին

ArabakanMamuliTesutyunՍՈՒՐԻՈՅ ՏԱԳՆԱՊԸ ԿԱՐԵԼԻ Է ԼՈՒԾԵԼ ՄԻԱՅՆ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ-ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՄԲ

«Շարք Աուսաթ» օրաթերթի յօդուածագիր Հուտա Հիւսէյնիի համաձայն, Սուրիոյ տագնապին միակ լուծումը կրնայ ըլլալ ամերիկեան-ռուսական համաձայնութիւն մը:

«Սուրիոյ մէջ վերջին երկու տարիներուն արձանագրուած իրադարձութիւնները կը հերքեն այն խօսքերը, թէ Արաբական գարունը Սուրիան տագնապի մատնած է, որովհետեւ Սուրիոյ մէջ «խաղ»ը աշխարհաքաղքացիական է եւ օտար ուժեր տակաւին կը փնտռեն սուրիական ընդդիմութեան միացեալ զինուորական թեւը:

Սուրիացի ընդդիմադիրներ չեն հերքեր, թէ իրենք մարզումներ, գաղտնի սպասարկութեան, նիւթական եւ զինուորական օժանդակութիւններ կը ստանան օտար պետութիւններու կողմէ, ինչպէս նաեւ` կը հաստատեն, որ իրենց շարքերուն կը միանան հարիւրաւոր օտար ժիահատականներ եւ կամաւորներ, որոնց մեծ մասը համախմբուած է ու կը կռուի «Քայիտա»-յի եւ «Ժապհաթ Նուսրա»-յի դրօշին ներքեւ: Միաժամանակ հարիւր հազարաւոր սուրիացիներ անպատսպառ եւ գաղթական մնացած են եւ իրենց յատուկ գաղթակայաններուն մէջ կ՚ենթարկուին սուրիական զինեալ խմբաւորումներու շանթաժին, ինչպէս նաեւ` բռնարարքներուն, որովհետեւ սուրիական զինեալ խմբաւորումները կ՚ուզեն իրենց հակակշիռին տակ առնել գաղթակայանները եւ տիրանալ գաղթականներուն ունեցուածքին:

Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով կը հաստատէ, որ իր երկիրը պիտի չարտօնէ Լիպիոյ փորձառութեան կրկնութիւնը: Այս շրջագիծին մէջ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ, որոնք կորսնցուցին Սատտամ Հիւսէյնի Իրաքը եւ Մոամմար Քազզաֆիի Լիպիան, յանձնառու են, որ Պաշշար Ասատ, որ սովետական օրերէն ի վեր սուրիական-ռուսական յարաբերութիւնները պահպանած է, պիտի չտապալի եւ տոմինոյի քար մը պիտի չ՚ըլլայ` մարդասիարական օժանդակութիւններ տրամադրող Արեւմուտքի քաղաքականութեան համար:

Սուրիոյ յեղափոխութիւնը սկսաւ երկիրը Պաասի վարչակարգին տիրապետութենէն փրկելու նպատակով, սակայն ան փոփոխութեան ենթարկուեցաւ, երբ սուրիացի զինեալներ ամէն ջանք ի գործ դրին Սուրիոյ մէջ սիւննիական արմատական պետութիւն մը հաստատելու, ջրելով այն իրականութիւնը, թէ աւանդական առումով Սուրիա բազմազանութեան երկիրն է:

Ռուսիա իր կեցուածքներէն անշեղ կը մնայ: Լաւրով խստիւ դատապարտած է Ուաշինկթընի ցուցաբերած հաւանութիւնը, որ Սուրիոյ ազգային համախոհութիւնը ըլլայ սուրիացիներուն օրինական ներկայացուցիչը:

Հետեւաբար սուրիական տագնապի իր փորձանքէն դուրս գալու Մոսկուայի միակ միջոցն է Ուաշինկթընի հետ համաձայնութիւն մը գոյացնել: Միւս կողմէ, Ռուսիոյ շահերուն կը ծառայէ այն հանգամանքը, որ Միացեալ Նահանգներ սուրիական բարդ կացութեան հետ բախումի մէջ կը գտնուին: Բնական է նաեւ, որ երկու երկիրներուն միջեւ համաձայնութիւն մը գոյացնելու համար յատկացուած ժամանակը, օգտագործուի ծայրայեղական խմբաւորումներուն եւ զինեալ սուրիացիներուն կողմէ: Այս հաւանականութիւնը կը մտահոգէ Ուաշինկթընը: Իսկ Մոսկուա իր մօտ ունի «շահած խաղաքարտ» մը, որն է այն իրականութիւնը, թէ քիմիական զէնքերու պահեստանոցներուն ուրուականը կը հալածէ արաբական պետութիւնները, եթէ սուրիական վարչակարգը յանկարծ տապալի: Հաւանական է նաեւ, որ ռուսական գաղտնի սպասարկութիւնը այդ զէնքերուն պահեստանոցներուն վայրերէն տեղեակ է: Ամերիկեան տեսակէտին համաձայն, լաւագոյն միջոցը եւ ձեւը կը նկատուի այն, որ սուրիական բանակը Սուրիոյ իշխանութիւը ստանձնէ, որպէսզի պետական հաստատութիւնները անվնաս մնան, ինչպէս էր պարագան Եգիպտոսի: Իսկ անկէ ետք է, որ ամերիկեան իշխանութիւնները երկիրը կը մղեն դէպի ժողովրդավարութիւն: Բայց եւ այնպէս, Ռուսիա սուրիական բանակին մէջ ունի իր կշիռը եւ այդ իրականութիւնն է ռուսական լաւատեսութեան իսկական պատճառը: Ռուսիա կ՚ուզէ երաշխաւորել Թարթուսի մէջ իր ծովային խարիսխները, նկատի ունենալով, որ անոնք կը կազմեն Սեւ ծովէն անդին իր միակ գոյութիւնը: Իսկ Ուաշինկթըն կը փափաքի Թարթուսի մէջ գտնուող ռուսական նաւատորմիղին գոյութեան վերջ տալ, Ասատի վարչակարգին քայքայումին յաջորդող հանգրուանին: Աւելի՛ն. Ուաշինկթըն կը մտածէ նաեւ Ռուսիան հեռացնել Միջերկրական ծովուն Արեւելքէն: Այս շրջագիծին մէջ, Միացեալ Նահանգներ արգիլած են Ռուսիա-Իսրայէլի գործակցութեան փորձը, որ կը վերաբերէր «Լեվիաթան» ծովային բնական կազի հանքերու պեղումին: Այլ առումով Ուաշինկթըն ստիպած էր Իրաքին ջնջելու` միլիառաւոր տոլարի արժողութեամբ ռուսական զէնք գնելու իր համաձայնագիրը: Իր կարգին, Թուրքիա կը փափաքի Ռուսիան դուրս բերել Միջերկրական ծովու արեւելեան շրջանէն: Հետեւաբար սուրիական վարչակարգին տապալումը` նախքան Ուաշինկթընի հետ հաստատ համաձայնութեան մը գոյացումը, ռուսական ռազմավարութեան համար վտանգաւոր փորձանք մը պիտի ըլլայ: Իսկ Մոսկուա կրնայ կորսնցնել Միջին Արեւելքի մէջ արձանագրուող իրադարձութիւններուն վրայ իր ուղղակի հակակշիռը: Եւ եթէ այսօր սուրիացի իր դաշնակիցը տապալի, ապա վաղը կրնայ իրանցի իր դաշնակիցը եւս տապալիլ: Եթէ Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա չկարենան յանգիլ համաձայնութեան մը, որ կարելի եղածին չափ արագ կը կասեցնէ Սուրիոյ պատերազմը, ապա հիսիսային Լիբանանի եւ Պեքաայի մէջ հետզհետէ մագլցումներ արձանագրող միջ-համայնքային բռնարարքները, ինչպէս նաեւ` հարաւային Թուրքիան հարուածող ռուսական ռումբերն ու շրջանին մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան աշխուժ գործունէութիւնը, կրնան շարունակութիւնը ըլլալ վախազդու բեմագրութեան մը, որ կը գործադրուի շրջանի ժողովուրդներուն եւ անոնց երկիրներուն սահմաններուն հաշուոյն:»

ՇԱՐԵՀԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ. ՎԵՐՋԻՆ ԱՌԻԹԸ

«Ախպար» օրաթերթի խմբագիր Իպրահիմ Ամին կը գրէ.

«Արդէն ժամանակն է Սուրիոյ տագնապին մասին խօսելու, բայց աւելի լուրջ մօտեցումով: Այնպիսի տագնապ մը, որ հիմնուած է քաղաքական, քաղաքացիական, տնտեսական, համայնքային եւ ընկերային ենթահողերու վրայ: Մէկ կողմէ, այդ բաժանումը բաւարար է ներքին քաղաքացիական երկարատեւ պատերազմ մը սկսելու: Իսկ միւս կողմէ, արտաքին ազդակներ վերածուած են տեղական գործօններու, շրջանային եւ միջազգային կողմերու ուղղակի միջամտութեան պատճառով: Այս միջամտութեան իբրեւ հետեւանք Սուրիոյ մէջ օրական դրութեամբ արիւնահեղութիւնն ու ոճրային արարքները կը շարունակուին, իսկ ամէնէն վտանգաւորը այն է, որ օրըստօրէ կացութիւնը հակակշիռի տակ առնելու սուրիական տեղական ազդակները կը նուազին:

Սուրիական ոչ մէկ կողմ կարելիութիւն կամ կարողութիւն ունի զինուորապէս վճռելու արձանագրուող բախումները. անոնք նոյնիսկ կարողութիւն չունին այդ տագնապին լուծում առաջարկելու: Այս իրականութեան դիմաց, Սուրիա կանգնած է կարեւոր հարցումի առաջ. ո՞վ կրնայ նախաձեռնութիւն մը առաջադրել:

Արտաքին կողմեր խիստ բաժնուած են: Ամերիկացիները, գաղութատէր Եւրոպան, ինչպէս նաեւ Իսրայէլն ու Թուրքիան երբեք չեն հետաքրքրուած Սուրիոյ քանդումով եւ օրական դրութեամբ արձանագրուող սուրիացի զոհերով:

Ի՞նչ պիտի ըլլայ կացութիւնը, եթէ այս պատկերին վրայ աւելցնենք արաբները, ըլլան անոնք ղեկավարներ, կուսակցութիւններ, թէ քաղաքացիներ, որոնք անբացատրելի կերպով միջամուխ կը դառնան Սուրիոյ ոճիրներուն: Անոնք կատարեալ խենթութեամբ գումարներ կը մսխեն, տիւ ու գիշեր կ՚աշխատին դէպի Սուրիա զէնքի, զինամթերքի ու զինեալներու փոխադրութեամբ: Միւս կողմէ, կը նշմարուին այս առանցքին հակառակ կողմը գտնուող պետութիւնները, այսինքն` Ռուսիան, Չինաստանը եւ Իրանը, որոնք կը թուին ըլլալ պատերազմի մը մէջ, որ կը գերազանցէ Սուրիոյ վարչակարգին զօրակցութիւնը: Այս պետութիւնները խոր համոզումով կը շեշտեն, թէ իրենք կը մասնակցին այդ պայքարին, որովհետեւ կը հաւատան, թէ Սուրիոյ քանդումին մէջ յաջողութիւն արձանագրող որեւէ ծրագիր իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ նաեւ իրենց երկիրներուն վրայ: Այս մտավախութիւններուն մասին արձանագրուած են ռուսական, իրանեան եւ նոյնիսկ չինական արտայայտութիւններ:

Բայց եւ այնպէս, ինքզինք պարտադրող հարցումը կը մնայ նոյնը. ո՞վ կրնայ նախաձեռնութիւն մը առաջադրել: Այս անգամ սակայն հարցումը սուրիական է:

Սուրիոյ փոխնախագահ Ֆարուք Շարեհի կողմէ «Ախպար» օրաթերթին կատարուած յայտարարութիւնները կը ներկայացնէ սուրիական ղեկավարութիւններուն միջեւ արձանագրուած խորհրդակցութիւնները մարմնաւորող պատկեր մը: Այս իմաստով Շարեհ կը հաստատէ, թէ իր նախաձեռնութիւնը կը ներկայացնէ կարելիութեան սահմաններուն մէջ գտնուող եւ տրամաբանական թուող նախաձեռնութիւն մը, որ այս վայրկեանին առիթ կու տայ վարչակարգին` քայլերու դիմելու եւ առաջնորդուելու դէպի պատմական համաձայնութիւն: Շարեհ առաջարկած էր լուծում մը սուրիական ենթահողով եւ միջազգային ու շրջանային հովանաւորութեամբ: Ըստ անոր այս լուծումը պէտք է, որ երաշխաւորէ վայրագութեան դադրեցումը եւ ազգային կառավարութեան մը հիմնումը:

Սուրիական ընդդիմութեան մէջ կան անձնաւորութիւններ, որոնք այդ միտքը բացարձակապէս կը մերժեն, որովհետեւ անոնք համոզուած են, որ սուրիական վարչակարգը աւելի չի կրնար պայքարիլ ու դիմանալ: Անոնց կարծիքով, այս հանգրուանին գետնի վրայ կ՛արձանագրուի վարչակարգի արագ տապալում մը, սակայն հիմնական հարցը այն է, որ Սուրիոյ զինեալ խմբաւորումները իրենց անկախութիւնը կորսնցուցած են եւ գերի դարձած են զիրենք ֆինանսաւորող եւ զինող այլոց ատելութեան եւ ոխակալութեան մտայնութեան:

Այս իրականութիւնը մեզի կը մղէ եզրակացնելու, թէ դժուար է զինեալ այդ խմբաւորումներէն դրական քայլեր սպասել: Իսկ Շարեհի առաջադրած նախաձեռնութեան արժէքը կը կայանայ այն իրականութեան մէջ, որ ան կ՛ուղղուի զինեալ խմբաւորումները հովանաւորող կողմերուն եւ կը փորձէ զանոնք համոզել իրենց ընթացքը վերատեսութեան ենթարկելու կարեւորութեամբ:

Եթէ սուրիացի ընդդիմադիրներէն եւ Սուրիոյ բարօրութեան մասին մտածող կողմերը Շարեհի այս նախաձեռնութիւնը չհիւրընկալեն, ապա այլընտրանքը կռահելը շատ դիւրին է. անիկա պարզապէս խենթ քաղաքացիական պատերազմն է, որ պիտի դրսեւորուի յաւելեալ արիւնահեղութեամբ, խստութեամբ եւ կորուստներով: Այդ պարագային համաձայնութիւն մը կրնայ գոյանալ միայն երբ հարիւր հազարաւոր զոհեր արձանագրուին եւ ճակատող կողմերը անձնատուր ըլլան արտաքին ուժերու, որոնք տասնեակ տարիներու տեւողութեան իրենց հոգատարութիւնը պիտի պարտադրեն:»

ԻՆ՞Չ ԵՆ ՊԱՇՇԱՐ ԱՍԱՏԻ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԻՆ ՏԱՊԱԼՈՒՄԻՆ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

«Նաշրա» կայքէջի յօդուածագիրներէն Նաժի Ս. Պուսթանի հարց կու տայ Ասատի վարչակարգին տապալումին հաւանականութիւններուն մասին:

Թուելով այդ հաւանականութիւնները, որոնք կրնան Սուրիոյ պատմութեան էջը դարձնել, Պուսթանի կը նշէ հետեւեալները.

Ա.) Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ կրնայ սպաննուիլ: Այս հաւանականութիւնը դժուար թէ իրականանայ, նկատի ունենալով ապահովական խիստ միջոցառումները, որոնք որդեգրուած են պահպանելու համար հանրապետութեան նախագահը:

Բ.) Նախագահ Ասատի կողմէ իշխանութենէն հեռացումը եւ երկրին լքումը: Այս հաւանականութիւնը գրեթէ անկարելի է, նկատի ունենալով նախագահ Ասատի նկարագիրը, որ կը դրսեւորէ զինուորական ենթահող ունեցող ղեկավարներուն նկարագիրը:

Գ.) Շրջանային եւ միջազգային հովանաւորութեամբ` համաձայնութիւն մը, որ կ՚արտօնէ Սուրիոյ նախագահին իր իշխանութենէն արժանապատուութեամբ հեռացումը: Այս համաձայնութեան կողքին, Ասատի կու տայ դատավարութեան չենթարկուելու միջազգային երաշխիքներ, ինչպէս նաեւ անոր կ՚ապահովէ քաղաքական ապաստան մը, Ասատին իսկ նախընտրութեամբ: Այս հանգրուանին սակայն, այս հաւանականութիւնը բաւական հեռու կը թուի իրականանալէ, որովհետեւ Սուրիոյ տագնապին լուծման ուղղութեամբ տակաւին ոչինչ յստակացած է:

Դ.) Դամասկոսի մէջ պետական հիմնական կեդրոններուն քանդումը եւ նախագահ Ասատը ստիպողաբար դէպի Թարթուս, Պանիաս եւ Լաթաքիա տեղափոխութիւնը` ստեղծելու համար ալեւիական քանթոն մը, որ Միջերկրական ծովու արեւելեան ափերուն դիմաց կը գտնուի: Այս հաւանկանութեան իրագործումը եւս քիչ է, որովհետեւ կամ այն է, որ սուրիական վարչակարգը պիտի տապալի եւ սուրիական բանակին զօրամասերը իրերայաջորդ քայքայումներ ունենան եւ կամ այն է, որ անոնք պիտի մնան կանգուն եւ ամուր, վայելելով սուրիական բանակին ուղղակի ապահովութիւնը:

Հետեւաբար սուրիական վարչակարգին որոշումը, մինչեւ օրս, այն է, որ Սուրիան չմասնատուի երեք տարբեր շրջաններու. սիւննիական, ալեւիական եւ քրտական: Որովհետեւ Սուրիան նման շրջաններու բաժնելու այս քայլը կը նշանակէ ցեղային եւ յարանուանական մաքրագործումի ենթարկել երկիրը, յատկապէս քրիստոնեայ փոքրամասնութեան հաշուոյն, որ սալաֆական խմբաւորումներուն կողմէ արդէն իսկ հալածանքի կ՚ենթարկուի:

Ե.) Սուրիական ընդդիմութեան կողմէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի շրջափակումը, կամ անոր հասնելու կարելիութիւնը, նախագահին ապահովութեան հսկող ջոկատներուն արագ փլուզման պատճառով: Այլ խօսքով, 2003-ին, քանի մը ժամուան ընթացքին եւ առանց դիմադրութեան մայրաքաղաք Պաղտատի տապալումի տեսարաններուն կրկնութիւնը: Տեսարան մը, որ տակաւին թարմ է մարդկութեան յիշողութեան մէջ: Իրաքեան այս բեմագրութիւնը կարելի է տեսնել նաեւ Սուրիոյ մէջ, սակայն հարկ է նկատի ունենալ հիմնական տարբերութիւն մը, որուն համաձայն, սուրիական բանակի նախագահական պահակագունդը բաղկացնող զօրամասերուն հրամանատարութիւնը նախագահ Պաշշար Ասատի հարազատներուն կը պատկանի: Սա կը նշանակէ, թէ անոնք կը գտնուին նոյն նաւուն մէջ. կամ բոլորը կ՛ընկղմին եւ կամ բոլորը կը ծփան:

Հայ Դատի Միջին Արեւելքի Գրասենեակ
Դեկտեմբեր 2012

Տպել Տպել