«Հայրենիք»ի խմբագրականը. Հ.Հ. նախագահական (վեր)ընտրութեան առթիւ

«Եթէ շատ մտածես վերընտրուելու մասին…Շատ դժուար է վերընտրուելու արժանի ըլլալը»
Վուտրօ Ուիլսըն

Երբ Արեւմտեան աշխարհը կը տօնէր Սուրբ Ծնունդը, այդ միեւնոյն օրն իսկ, յատուկ յայտարարութեամբ մը, Հ.Յ.Դ. Գերագոյն Մարմինը «կ՚աւետէր» թէ, որոշած է յառաջիկայ Հ.Հ. նախագահական ընտրութիւններուն, չարաջադրել ոեւէ թեկնածու:

Սպասելի էր որ այս որոշումը, իր լոյս ընծայուած օրէն իսկ,տարբեր մեկնաբանութիւններու դուռ պիտի բանար: Բնականաբար այս կացութեան թիւ մէկ գործիքը` քարոզչական մեքենան, իր զանազան գունաւորումներով եւ յատկապէս միջակութիւններով, սկսած էր գործի լծուիլ անտեղի բացատրութիւններով, ենթադրութիւններով եւ գէթ սխալ տարաձայնութիւններով, անհիմն եւ անհեթեթ եզրակացութիւններու յանգիլ:

Գերագոյն Մարմնի յայտարարութիւնը յստակ էր, թէ ներկայ քաղաքական գործունէութեան դաշտէն ներս այնպիսի կացութիւն մը ստեղծուած է, թէ ժողովրդավարական ամէնէն աւելի տարրական պայմանները սկսած են խախտիլ, աղաւաղուիլ եւ «զմռսուիլ»:

Հետեւաբար, այսպիսի անհանդուրժելի եւ շնչահեղձ մթնոլորտի մէջ, ամենէն աւելի ճիշդ որոշումն ու քաղաքական «թաքթիք»ն էր, արեւի կիզիչ շողարձակումներէն հեռու մնալը:

Ի պատասխան, այն հարցադրումներուն կամ աւելի ճիշդը` պղտոր ջուրին մէջ ձկնորսութիւն փորձողներուն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գերագոյն Ժողովը, մանրամասնօրէն քննելէ ետք, յառաջիկայ Փետրուար 18ի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւններու օրակարգը, նաեւ լսելէ ետք զանազան եւ թեր ու դէմ կարծիքներ, որոշած է մեծամասնութեան կարծիքը առաջադրել:

Թեկնածու չառաջադրելու այդ որոշումը, բազմիցս իբրեւ կարգախօս գործածուած . «Մի՛ Քուէարկէք, որովհետեւ միայն կը քաջալերէ՛ք» լոզունքի հասկացողութիւնը թէ, այլ աւելի խոր եւ արմատական իմաստ ունի, եւ պարզապէս ճշմարտութիւնը չսահմանուիր մեծամասնութեան քուէներով:

Ի՛սկ, առանց որեւէ քննարկումի, տարակարծութեան, առողջ վիճաբանութեան գործընթացի, այդ մէկը կր նկատուի ժողովրդավարական կանոններու տարրական խախտում …:

Մեծն Բրիտանիոյ անզուգական ղեկավար Ուինսթըն Չըրչիլի խօսքերէն մէկն է. «Մարդիկ կան որոնք իրենց սկզբունքներու սիրոյն, փոխած են իրենց կուսակցական պատկանելիութիւնը, իսկ այլ մարդիկ…իրենց սկզբունքը` յաչս կուսակցութեան»:

Այսպիսի անհատապաշտ կացութիւններէ հեռու է` Հ.Յ. Դաշնակցութեան գործունէութեան ոճը, ուր ժողովները կը գերադասեն մարմինները, ո՛ւր մեծամասնութեան կարծիքն է որ կը գերադասէ անհատն ու իր կարծիքը:

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»ի Խմբագրական
3 Յունուար 2013

Տպել Տպել