Նոր Տարուայ Շնորհաւորանք

SyriaShdab-logo

Հալէպ, 31 Դեկտեմբեր 2012

ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ, ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ, ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻ ԵՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՅՐԵՐ,
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ԵՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆՑ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐ
ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐԱԿՈՂ ՄԻԱՑԵԱԼ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐ

ՍԻՐԵԼԻ՛ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐ,

Յանուն սուրիահայ մեր ժողովուրդին, Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինս՝ համայնքապետեր եւ միութեանց ներկայացուցիչներ, մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն՝ հայրենիքի եւ սփիւռք մէջ, սուրիական տագնապի հետեւանքները կրող մեր համայնքին իրենց ցուցաբերած ազգային պարտականութեան բարձր գիտակցութեան, քրիստոնէավայել եւ մարդասիրական կեցուածքին ու վերաբերմունքին համար:

Արդարեւ, ընդհանրապէս Սուրիոյ ու մասնաւորապէս երկրիս սուրիահայութեան կրած տառապանքը զօրաշարժի ենթարկեց հայաշխարհը: Համահայկական տարողութեամբ ծաւալուող օժանդակութեանց եւ աջակցութեանց ազգակիցներու դերակատարութիւնն ու մասնակցութիւնը իրենց նպատակին հասան ու կը շարունակեն հասնիլ, մեծապէս յուսադրելով մեր համայնքի զաւակները:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կոչին ընդառաջ Հայաստանէն Պարսկաստան ու Ծոցի Երկիրներ, Եւրոպայէն Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկեան ցամաքամասեր, մեր հայրենակիցները շտապ օգնութեան հասան իրենց կազմակերպած միացեալ թէ թեմական, միութենական թէ անհատական նիւթական օժանդակութիւններով, որոնք երկրիս հայկական բոլոր շրջաններուն, անհրաժեշտութեան ու անմիջական կարեւորութեան սկզբունքով, յատուկ ծրագիրով, Գործադիր Մարմիններուն (Հալէպ, Դամասկոս, Ճէզիրէ ու Ծովափ՝ Լաթաքիա եւ Քեսապ) ճամբով գործադրութեան դրուցեան բազմաբնոյթ ծառայութիւններ՝ սննդեղէնի, առողջապահական, բնակարանային եւ մասամբ կրթական, հասնելով կարիքաւոր հայորդիներուն: Մեր գործունէութեան առնչութեամբ կարելի է հետեւիլ մեր նոր կայքէջին www.syriashdab.com:

Այսու ընդունեցէ՛ք մեր համայնքի հայրենակիցներուն շնորհակալութիւնն ու գնահատանքը:

Այն պահուն, երբ Աստուծոյ օրհնութեամբ խաղաղութեան աւետիսը հռչակուի, մեր հաւատակիցներուն պիտի փոխանցենք, ամենայն մանրամասնութեամբ, իրենց օժանդակութեանց տեղեկատուութիւնն ու հաշուեկշիռը:

Ամենակալը իր երկնային խաղաղութիւնը հաստատէ աշխարհի վրայ, մասնաւորաբար Սուրիոյ ժողովուրդին մէջ, իսկ Ձեզի պարգեւէ քաջառողջութիւն եւ յաջողութիւն:

Յանուն մեր ժողովուրդին կը շնորհաւորենք Ձեր Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդն ու աստուածայայտնութիւնը:

Օրհնութեամբ՝
Սուրիոյ Հայ Համայնքապետեր

SyriaShdab-pic2

ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ

Սուրիոյ տագնապը պատճառ դարձաւ Սուրիահայութեան կեանքին դժուարացման՝ ապահովական թէ կենցաղային իմաստով: Սուրիահայութեան մայրաքաղաք՝ Հալէպը աւերածութիւններու եւ զոհերու տխուր պատկերը կը ներկայացնէ: Արտակարգ կացութիւններու դիմաց անյապաղ լուծումներ գտնելու համար, անհրաժեշտ էր համապատասխան շտապ տնօրինումներ կատարել: Առ այդ, սուրիահայ կազմակերպութիւններն ու բարեսիրական միութիւնները, գլխաւորութեամբ հայ համայնքապետերուն յառաջացուցին ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ:

Աշխատանքներու կազմակերպման եւ գործնականացման համար Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինը յառաջացուց երկրիս չորս տարածքմերուն համապատասխան Շտապ Օգնութեան Գործադիր Մարմիններ՝ Հալէպ, Դամասկոս, Ճէզիրէ եւ Ծովափ:

Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինը կը բաղկանայ հայութիւնը ներկայացնող բաղադրիչ հետեւեալ կազմերէն.-

  • Հայ Առաքելական Համայնք
  • Հայ Կաթողիկէ Համայնք
  • Հայ Աւետարանական Համայնք
  • Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն
  • Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
  • Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն
  • Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն
  • Սուրիահայ Օգնութեան Խաչ
  • Կրթասիրաց Մշակութային Միութիւն
  • Գերմանիկ Վասպուրական Մշակութային Միութիւն
  • Ազգային Մշակութային Միութիւն

Այսպէս, իւրաքանչիւր Գործադիր Մարմին իր կարգին յառաջացուց օժանդակ ենթայանձնախումբեր՝ ԿԵՆՑԱՂԱՅԻՆ, ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ, ԲՆԱԿԱՐԱՆԱՅԻՆ եւ ԿՐԹԱԿԱՆ:

SyriaShdab-pic

Ա.- ՆՊԱՏԱԿ

1. Սուրիոյ տարածքին տիրող արտակարգ իրավիճակի պատճառով օգնութեան (կենցաղային, առողջապահական, բնակարանային եւ կրթական) կարօտ հայորդիներու շտապ օգնութեան մատակարարում:

2. Սուրիոյ տագնապի աւարտին Մարմինը պիտի շարունակէ իր ծառայութիւնները մատուցել սուրիահայութեան վերականգնումի նպատակով:

Բ.- ԿԱԶՄ

Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինը կը բաղկանայ ներկայացուցչական անդամներէ.-

Հայ Առաքելական Համայնքապետութիւն 1 (Հալէպ)
Հայ Առաքելական Համայնքապետութիւն 1 (Դամասկոս)
Հայ Կաթողիկէ Համայնքապետութիւն 1 (Հալէպ)
Հայ Աւետարանական Համայնքապետութիւն 1 (Հալէպ)
Ս.Դ.Հ.Կ. 1 (Հալէպ)
Հ.Յ.Դ. 1 (Հալէպ)
Ռ.Ա.Կ. 1 (Հալէպ)
Հ.Բ.Ը.Մ. 1 (Հալէպ)
Ս.Օ.Խաչ 1 (Հալէպ)

Գ. ԿԱՌՈՅՑ

1. Սուրիոյ տարածքին հայաշատ շրջաններու մէջ կը գործեն տեղական Շտապ Օգնութեան Գործադիր Մարմիններ, որոնք կառուցային իմաստով կապուած են Ս.Շ.Օ.Վ. Մ.ին: Շտապ Օգնութեան Գործադիր Մարմիններ կը գործեն Հալէպի, Դամասկոսի, Ճէզիրէի եւ Ծովափի մէջ (օրինակ՝ Հալէպահայութեան Շտապ Օգնութեան Գործադիր Մարմին):

2. Գործադիր Մարմինները կը յառաջանան Ս.Շ.Օ.Վ.Մ.ի կազմին օրինակով:

Դ.- ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉՈՒԹԻՒՆ

1. Ս.Շ.Օ.Վ.Մ.ը սուրիահայութեան ուղղուած ամէն տեսակի համահայկական օգնութիւններ ստանձնող եւ յանձանձող մարմինն է:

2. Ս.Շ.Օ.Վ.Մ.ը տրամադրուած օգնութիւնները (նիւթական թէ այլ) կը բաշխէ առաջնահերթութիւններու ճշդումով (մեկնած իրավիճակներու տարողութենէն) եւ առ այդ տնօրինումը Գործադիր Մարմիններու ճամբով:

3. Ս.Շ.Օ.Վ.Մ.ը տրամադրուած օգնութիւններու փոխան կը հրապարակէ յատուկ ընկալագիր եւ կը փոխանցէ տրամադրող կողմերուն:

4. Գործադիր Մարմինները իրենց տրամադրուած օգնութեան փոխան կը հրապարակեն ստացագիր եւ տրամադրուած օգնութեան յանձանձման տեղեկագիր (հերթական՝ ամսական կամ եռամսեայ պարբերականութեամբ) Ս.Շ.Օ.Վ.Մ.ին:

5. Ս.Շ.Օ.Վ.Մ.ին կը վերապահուի պաշտօնական հաղորդագրութիւն կամ յայտարարութիւն կատարելու իրաւունքը:

Ե. ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Օգնութիւններու յանձանձումը կը կատարուի գլխաւորաբար հետեւեալ վերնագրումներով.

1. Կենցաղային

2. Առողջապահական

3. Բնակարանային

4. Կրթական

Որեւէ նոր վերնագրում կրնայ կեանքի կոչուիլ իրադրութիւններու տուեալներով եւ Ս.Շ.Օ.Վ.Մ.ի համապատասխան որոշումով:

Զ. ՕԳՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Աշխարհասփիւռ համահայկական օժանդակող մարմիններու կամ այլ բարեսիրական կողմերէ կատարուած օգնութիւնները Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւններու ճամբով կամ այլ միջոցներով կարելի է փոխանցել Ս.Շ.Օ.Վ.Մ.ին:

2. Օգնութիւն տրամադրող հաւաքականութեան կամ անհատին կողմէ ճշդեալ եւ նպատակաուղղուող օգնութիւնը Ս.Շ.Օ.Վ.Մ.ին ճամբով կը տրամադրուի ճշդեալ նպատակին: Օգնութիւն ստացող կողմը կը հրապարակէ պաշտօնական ընկալագիր:

3. Ս.Շ.Օ.Վ.Մ.ը եւ Գործադիր Մարմինները իրենց ստացած եւ իրենց տրամադրուած օգնութիւններու մասին կը պահեն յատուկ տոմար (հաշուապահութիւն), ինչպէս նաեւ տրամադրուած օգնութիւններու յանձանձման հնարաւոր մանրամասնեալ տուեալները:

4. Օգնութիւններու ստանձման եւ յանձանձման ամբողջական պատկերները կը կեդրոնանան Ս.Շ.Օ.Վ.Մ.ի մօտ, որուն պարտաւորութիւնն ու իրաւասութիւնն է անոնց նպատակայարմար հրապարակում կատարելը:

5. Ս.Շ.Օ.Վ.Մ.ը ընդհանուր իրադրութեան մասին կը տեղեկացնէ համայն հայութիւնը, պարբերական վիճակագրական հրապարակումներով՝ հաղորդակցական կարելի բոլոր միջոցներով:

Տպել Տպել