ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կըողջունէ Քոնկրեսի 113րդ Նստաշրջանը

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի խումբ մը անդամներ Քափիթոլ Հիլ այցելեցին՝ ոջունելու համար Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան 113րդ նստաշրջանի ինիսունէ աւելի նորընտիր քոնկրեսականները, ինչպէս նաեւ շնորհաւորելու տարիներու գործակից վերնըտրեալներու Նոր Տարին եւ անոնց մաղթելու արդիւնաւէտ աշխատանքային շրջան մը:

kate-kerry

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարութեան հետ կապի հարցերով պատասխանատու Քէյթ Նահապետեան եւ Հայ Դատի Սան Ֆրանսիսքոյի շրջանի ատենապետ Արմէն Կարապետեան անցեալ Հինգշաբթի կէսօրին Քոնկրեսի հին ու նոր անդամները դիմաւորողներու շարքին էին՝ Ներկայացուցիչներու Տան նոր նստաշրջանի առաջին իսկ օրը:

«Նոր Քոնկրեսը ամերիկահայերուս համար առիթ կ՛ընծայէ ընդլայնելու մեր բարեկամական շրջանակը եւ նոր յարաբերութիւններ մշակելու նորընտրեալ քոնկրեսականներուն հետ, զանոնք ծանօթացնելով մեր համայնքը յուզող այլազան հարցերուն՝ Հայկական Ցեղասպանութեան համար արդարութեան պահանջէն մինչեւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունք, մինչեւ Հայաստանի տնտեսական զարգացում, մինչեւ Ջաւախքի հայութեան մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւն, մինչեւ Սուրիոյ հայութեան օժանդակութիւն», յայտնեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:

Նոր Քոնկերսին մէջ Հայ Դատի յանձանախումբը համագործակցութեան նոր կարելիութիւններ կը տեսնէ: Արդարեւ, նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործերոց նախարարի պաշտօնին առաջադրուած Ճան Քերիի հաւանական հաստատումը դուռ կը բանայ, որ հայ համայնքի բարեկամներէն Ռապըրթ Մենետեզ նախագահը դառնայ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի: Միւս կողմէ, ծերակուտական Տիք Լուկըրի պարտութիւնը ճամբան կը հարթէ ծերակուտական Պապ Քորքըրին, որ դառնայ հանրապետական ղեկավարը նոյն յանձնաժողվին մէջ: Ներկայացուցիչներու Տան պարագային, հայկական համախմբումի նախագահ Էտ Ռոյս պիտի դառնայ նախագահը Տան արտաքին հարցերու յանձնաժողովի, դեմոկրատ կուսակցութեան կողմէ իր կողքին ունենալով Էլիըթ Էնքըլը:

Տպել Տպել