«Ազատ Օր»ի խմբագրական. Ապրիլ ու շնչել՝ աշխատանքի, վճռակամութեան եւ հաւատքի արժէքը ճանչնալով

Տարեփակ եւ տարեմուտ ընդհանրապէս հաշուետուութեան օրեր են: Բայց ոչ միայն: Կատարած-չկատարածի այս շարունակական պայմաններուն տակ՝ նոր արշալոյսներու, նոր ծրագիրներու ու նոր նախաձեռնութիւններու հեռանկարներու գերակայութեան տակ կը բացուի նոր տարին:

2012ը բոլորի խոստովանութեամբ դժուար եւ տխուր պահերով լեցուն տարի մը եղաւ:
Յունաստանի մէջ անարդար կացութիւններ պարտադրուեցան ժողովուրդին։ Ընկերութեան մէջ նոր երեւոյթներ ի յայտ եկան. մարդիկ հարցականի տակ առին իրենց հաւատքը՝ արդարութեան եւ հաւասարութեան սկզբունքներուն հանդէպ։ Հարկային նոր օրէնքներ պարտադրուեցան, որոնք սակայն շուտով ապացուցանուեցաւ որ դարձեալ շատերուն համար միայն ի զօրու էին, իսկ քիչերուն մօտ անբաւարար էին՝ կաշառակերութիւնը եւ հարկերէ խուսափումը ջնջելու համար։ Անարդարութեան զգացումը սկսաւ մեծնալ յուսախաբ քաղաքացիներուն մօտ։

Հելլէն մամուլի մեծամասնութեան կողմէ որդեգրուած ապակողմնորոշիչ ու տխուր դերակատարութիւնը՝ կրակին վրայ իւղ սրսկեց, աւելցնելով ժողովուրդի հիասթափութիւնը, իրեն հրամցնելով գայթակղութիւններու եւ բռնութեան շարունական դէպքեր ու անարժանահաւատ երկիր ու պետութիւն մը։

Կը մերժենք մնալ միայն այս կէտերուն վրայ: Որովհետեւ միայն այս չէ Յունաստանի իրականութիւնը։ Գիտական¬դաստիարակչական¬հետազօտական մարզերէն ներս եւ հակառակ տիրող սնանկացած պայմաններուն՝ մարդիկ կը պայ-քարին, զէնքերը վար չեն առներ, այլ իրենց հայրենիքին համար նոր ընկերութիւն մը ու քաղաքացիական նոր պայմաններ ստեղծելու պայքար կը տանին։

Այս է մեզ ներշնչող ընկերութիւնը. չե՛նք ուզեր տխուր տրամադրութեան տակ մնալ. կը նախընտրենք մեր հայեացքը դէպի նոր հորիզոն սեւեռել, աւելի բեղուն ու արդիւնաւոր տարի մը յաջողցնելու առաջադրանքով: Վստահ որ դժուարութիւնները պիտի յամենան, նոյնիսկ պիտի սաստկանան։

Բայց եկէք ընդունինք, աշխատանք, վճռակամութիւն եւ վստահութիւն՝ դէպի զարգացում առաջնորդող եռեակն են, որ կացութիւնները յեղաշրջելու ապագայի մեր գրաւը պիտի կազմեն։
Մեր առջեւ կը գտնուին նոր ծրագիրներ, նոր մարտահրաւէրներ: Յունահայութիւնը պարտի դիմագրաւել սուր կացութիւնները, խոհեմ քայլերով յառաջանալով նոր տարուան մէջ։

«ԱԶԱՏ ՕՐ»ի խմբագրական

Տպել Տպել