Գաղափարական Հաւատք Ամրապնդող Իտէալը Եւ Կենդանի Օրինակին Առաջնորդող Ուժը

Նազարէթ Պէրպէրեան

Նազարէթ Պէրպէրեան

Այն օրէն, որ վերանկախացաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, մեծ հարցական մը կը թեւածէ հայ քաղաքական մտքի հորիզոնին վրայ։

– Հիմա որ իրականացած է երազը, ո՞րն է աշխարհասփիւռ հայութեան հաւաքական ուժն ու կամքը միաւորող, գաղափարական հաւատքը ամրապնդող եւ ազգային ինքնահաստատման շարժումը խթանող իտէալը։

Մինչեւ Հայաստանի վերանկախացումն ալ ազգովին կը դիմագրաւէինք հարցադրումը, բայց ոչ այսօրուան իր հնչեղութեամբ ու գաղափարական խորութեամբ։

Որովհետեւ անցեալին կար Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի իտէալը, որ իր խորհրդանիշ Եռագոյնով ու Մեր Հայրենիքով՝ ունէր համազգային հաւատք ներշնչելու եւ մարտունակ շարժում յառաջ մղելու ներուժը, նաեւ՝ ուժականութիւնը։

Որքան ալ ուժեղ ըլլար եւ անխորտակելի նկատուէր խորհրդային ամբողջատիրութիւնը, ի վիճակի չէր ու փաստօրէն չկրցաւ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի երազը խեղդել հայոց հոգիներուն մէջ ոչ միայն Սփիւռքի տարածքին, այլ նաեւ նոյնինքն հայրենի հողի վրայ։

Անշուշտ գտնուեցան հայ քաղաքական մտքի հոսանքներ, որոնք գոնէ պաշտօնական իրենց յայտարարութեանց մէջ կուլ տուին խորհրդայիններու պարտադրած կամ հրամցուցած այն մօտեցումը, թէ Հայաստանի խորհրդային հանրապետութեամբ իրականացած պէտք է համարել հայ ժողովուրդին դարաւոր երազն ու իղձերը…

Անհող եւ անհեռանկար այդ գաղափարական մօտեցումը չդիմացաւ ժամանակի քննութեան եւ անփառունակ վախճան ունեցաւ, երբ 1988ի Արցխեան շարժման հուժկու ալիքը եկաւ ու սրբեց–տարաւ նման խարխափումները։

Եռագոյնը անմիջապէս վերագտաւ ու ամրապնդեց իր տեղը հայոց հոգիներուն մէջ եւ առօք–փառօք սկսաւ ծածանելու ամէնուրեք, ուր հայ ազգային իրաւունքներու գիտակցութիւնն ու պահանջատիրութիւնը իրենց նորագոյն զարթօնքը շղթայազերծած էին։

Ահա՛ այդ յաղթարշաւին հետ սկսաւ գլուխ ցցել եւ այսօրուան իր ճնշող տարողութեան հասնիլ Երազին իրականացման հետեւող՝ գաղափարական իտէալին մղիչ ուժը կորսնցուցած ըլլալու անձկութիւնը։

Խօսքը կը վերաբերի, խորքին մէջ, ոչ թէ իտէալ չունենալու, այլ անոր իրականացումով առաջացած՝ իտէալէ պարպուած զգալու հոգեվիճակին։

Այդ երկուքին միջեւ տարբերութեան ընդգծումը կարեւոր է, որովհետեւ ըստ էութեան հայ ժողովուրդի հաւաքական ուժն ու կամքը զսպանակող գաղափարական իտէալը դեռ լրիւ իրագործուած չէ։ Միացեալ ու Ամբողջական Հայաստանի իրականացումը տակաւին հեռաւոր տեսլական կը մնայ ու, իբրեւ այդպիսին, տակաւին կը պահպանէ գաղափարական իտէալի ներուժն ու առաջնորդող իմաստը։

Աւելի՛ն. Ազատ ու Անկախ Հայաստանի լիարժէք իրականացումը եւս տակաւին ճամբայ պէտք է կտրէ, որպէսզի ի վիճակի ըլլայ պետականօրէն երաշխաւորելու հայ ժողովուրդին – թէ՛ իբրեւ անհատ քաղաքացի, թէ՛ իբրեւ պետականատէր հաւաքականութիւն – ազգային–քաղաքական լիիրաւ վերականգնումը։

Հետեւաբար, համազգային մեր երթը տկարացնող ու ընկրկումի մատնող ներքին անձկութիւնը այնքան ալ չի գար նոյնինքն Իտէալին կորուստէն, որքան որ կը բխի անոր հասնելու, զայն նուաճելու հաւաքական մեր ինքնավստահութեան ու հաւատքին տեղատուութենէն։

Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին ազգովին մեր կտրած 21ամեայ ուղին շարունակ դէմ յանդիման կանգնեցաւ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի իտէալին լիարժէք ու լիիրաւ նուաճման մարտահրաւէրին։

Իսկ Ազատ ու Անկախ Հայաստանի ինքնահաստատման 22րդ տարին կը դիմաւորենք, համազգային Իտէալին իրագործման ուղղութեամբ, հաւաքական թէ անհատական մեր ներուժը լարելու եւ նորովի շարժման մէջ դնելու յանձնառութեան վերանորոգման կոչերով։

Յատկանշականը այն է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահէն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետէն մինչեւ հայրենի թէ սփիւռքեան, ազգային–քաղաքական թէ կուսակցական–միութենական ղեկավար մարմիններ ու գործիչներ, ուշագրաւ համախոհութեամբ մը, միեւնոյն մարտահրաւէրին վրայ դրին իրենց Ամանորեան մերօրեայ պատգամներուն շեշտը։

Կը նշանակէ, որ Իտէալին տժգունումը եւ Հաւատքին ընկրկումը ընդհանուր վէրքի տարողութիւն ստացած են եւ կը շեշտեն անհրաժեշտութիւնը սպառիչ ախտաճանաչումի եւ արմատական վիրաբուժութեան։

Իսկ ախտաճանաչման առումով արդէն հասած է ժամանակը, եթէ ուշացած ալ չենք, որպէսզի Իտէալին վերարժեւորման ու վերահաստատման կոչերէն անդին անցնինք եւ անդրադառնանք, որ համազգային մեր Ցաւին գլխաւոր պատճառը Իտէալին ի խնդիր գործող ղեկավարութեան կենդանի օրինակին ու վարակիչ շունչին տկարացումն է։

Այս առումով պոռթկուն էր ընդվզումը, քանի մը օր առաջ, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կ. կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանի, որ «Ասպարէզ»ի էջերուն լոյս տեսած հարցազրոյցի մը մէջ կ՛ընդգծէր.

«Այսօր մեր իրականութեան ամէնից ցայտուն եւ մտահոգիչ խնդիրն այն է, որ ազգը, ազգի զաւակները մէկ ընդհանուր ապագայ չեն պատկերացնում, գոյութիւն ունի մէկ եւ միացնող գաղափարական տարազի պակասը: Հայ մարդու համար անհեթեթ սկսած է դառնալ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի գաղափարի սրբութիւնը, եւ մի շարք այլ համազգային իդէալներ, որովհետեւ անոնք հասկանում են, որ այդ իդէալների կրողները չկան նոյն ինքը՝ ՀՀ ղեկավարութեան շարքերում: ՀՀ իշխանութիւնները, ընկած, այսպէս ասած «իրատեսական» մոդելի ետեւից, ստորագնահատում են կա՛մ նոյնիսկ արհամարհում են այն ինչ ազգային է ու գաղափարական: Մինչեւ իսկ պատրաստ են սակարկելու այս սրբութիւնների հաշուին՝ գերադասելով այսօրուայ անմիջական շահերը: Հոս արդէն կը խամրի ամէն ինչ: Այսպիսի իրականութեան ու միջավայրի մէջ, սկսած ղեկավարութիւնից ու վերջացրած ժողովուրդով, իւրաքանչիւր անհատ զբաղւում է իր անմիջականով՝ առանց որեւէ այլ նկատառումի: Այս արդէն մեզ քանդում է որպէս ազգ, որովհետեւ ազգի զաւակները պէտք է ունենան իրենց միացնող՝ միացեալ ապագայի տեսլականը, գաղափարախօսութիւնը:

«… ՀՀ եւ ազգային ղեկավարութիւնն է, որ խօսքով ու գործով պիտի կարեւորէ այդ առաջնահերթութիւնները, որպէսզի ժողովուրդը եւս իր զոհողութիւնների իմաստը հասկանայ: Այլապէս, ինչպէս ակնկալել որ ՀՀ բնակչութիւնը չցանկանայ արտագաղթել, ինչպէս չակնկալել, որ սփիւռքահայը չհեռանայ ազգային իրականութիւնից: Մեզ միացնող ու ապագան պատկերացնող իդէալները թուղթի վրայ կան, մնում է, որ առօրեայ օրակարգը համաձայնեցուի այդ իդէալների հետ, նոյնիսկ եթէ երբեմն անոնք ժամանակավրէպ կամ անախրոնիզմ կրնան համարուիլ: Սրբութիւնները միշտ ալ այս վտանգը կը դիմագրաւեն, բայց նրանց անկումը վստահաբար շատ աւելի մեծ վնաս կրնայ բերել»:

Գաղափարներու աշխարհին մէջ հաստատուած օրինաչափութիւն է, որ Գաղափարը հաւատք կը ներշնչէ եւ յանձնառու շարժում կը ծնի միայն այն ատեն, երբ անոր իրականացման համար ամբողջական զոհաբերութեան պատրաստ կը գտնուի Գաղափարակիրը։

Հայ ժողովուրդին այսօր պակսողը կենդանի օրինակին այդ մղիչ, այլեւ առաջնորդող ուժն է։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
«ԱՍՊԱՐԷԶ»
2 Յունուար 2013

Տպել Տպել