Համբիկ Սասունեանի 50-ամեակին առիթով

Ծնունդդ շնորհավո’ր, Համբիկ Սասունյան

Սիրելի՛ Համբիկ,

5 Յունուար, 2013-ին կը դառնաս 50 տարեկան։

Ծնունդդ կը շնորհաւորեմ Հայաստանէն՝ խիստ իմանալով, որ նախանձով, բարի’ նախանձով կը կարդաս այս տողերը, քանզի գիտեմ՝ որքա՛ն կը փափաքիս հոս ըլլալ։

Ծնունդդ կը շնորաւորեմ բառերու փնտրտուքով, այն նո’յն փնտրտուքով, որ բանտի պարիսպներէն ներս քեզ որեւէ այցելող կը դիմագրաւէ, երբ քու հեզ ժպիտիդ դիմաց կը կանգնի ու լռութիւնը ճեղքող հարցումներդ կը լսէ – բոլո’րն ալ Հայաստանի ու Արցախի մասին։

Ծնունդդ կը շնորհաւորեմ զզուանքով դէպի արդարութեան բոլո’ր այն ռահվիրաները, որոնք քու նկատմամբ մեծագոյն անարդարութիւնը կը շարունակեն կիրառել։

Ծնունդդ կը շնորհաւորեմ յոյսով ու մաղթանքով, որ շուտով, շա՜տ շուտով, ծնունդդ կը նշենք Մռովի լանջին։

Յիսունամեակդ շնորհաւո’ր։

ԱԿՆԷՍ
«ԵՐԿԻՐ» 4 հունվար 2013

0105hampigsassounian

Սիրելի՛ Համբիկ

Այսօր կը դառնաս յիսուն տարեկան: Դժուար է պատկերացնել, թէ քեզի համար ինչպէ՛ս անցան երիտասարդ տարիներդ, ինչպէ՛ս կրցար այսքան երկար տարիներ տանիլ բանտախուցիդ դաժան ճաղերուն սառնութիւնը:

Գիտեմ, որ քեզի համար առանձնապէս դաժան էին վերջին քսանհինգ տարիները: Արցախեան շարժման սկիզբի առաջին օրերէն քեզի համար բանտի պատերը դարձան անտանելի, որովհետեւ հոգիով, սրտով, մարմնիդ իւրաքանչիւր բջիջով կը ցանկայիր թռչիլ, հասնիլ հայրենիք, ըլլալ հողին վրայ, ձեռք տալ, մասնակցիլ հայրենիքի անկախութեան կերտման գործին:

Գիտեմ, որ Արցախեան շարժումէն առաջ քեզի համար շատ մեծ տարբերութիւն չէր ըներ բանտէն ներս թէ դուրս ըլլալդ, պարզ այն պատճառով, որ քու գիտակցութեանդ մէջ աշխատիլը, ստեղծագործելը, ապրիլը կ՛իմաստաւորուէր միայն հայրենի հողին վրայ, որ կը շնչէ ազատութեան մէջ, երբ հայ մարդը իր քրտինքով կը ծաղկեցնէ սեփական երկիրը:

Ի՞նչ ըսեմ: Տարեդարձները կը նշուին շնորհաւորելու համար: Ես այս պահը կ՛ուզեմ օգտագործել պարզապէս քեզի մաղթելու, որ ասիկա ըլլայ վերջին տարին՝ քու անարդար արգելափակման, որ շուտով կարենաս հասնիլ մարդկային ամէնէն տարրական իղձիդ՝ ազատութեանդ, որ կարենաս հոգիիդ գեղեցկութիւնը ցոյց տալ աշխարհին, որ կարենաս մարդկայնութիւնդ դրսեւորել յաչս բոլոր դատախազներուն:

ՅԱՍՄԻԿ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
«ԱՍՊԱՐԷԶ» 4 Յունուար 2013

Ծնունդդ շնորհաւո՛ր, Համբիկ

Այսօր՝ յունւարի 5-ին, դու դարձար 50 տարեկան: Ծնունդդ շնորհաւո՛ր, Համբիկ: Ծնունդդ շնորհաւո՛ր Հայ Դատի անխոնջ զինւոր:

Ծնունդդ շնորհաւորելու համար բառեր ենք փնտրում, սակայն՝ իզուր: Ինչպէ՞ս, ո՞ր բառերով կարելի է շնորհաւորել քեզ՝ հերոս: Ներքեւից քեզ նայող այս բառերն անկարող են արտայայտել այն անհուն սէրը եւ ակնածանքը, որ համայն հայութիւնը տածում է քո նկատմամբ:

Ծնունդդ շնորհաւորում ենք այն յոյսով, որ վերջապէս ծանր թմբիրից արթնանայ Ֆեմիդան, ու վերականգնւի արդարութիւնը՝ քո նկատմամբ, արդարութիւն, որն անարդարօրէն քեզանից խլել են մեր օրերի «արդարադատութեան ռահվիրաները»:

Ծնունդդ շնորհաւորում ենք այն յոյսով, որ շուտով, շատ շուտով քեզ հետ միասին, ազգովի կը նշենք ծնունդդ՝ ԱԶԱՏ, ԱՆԿԱԽ, ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ, որի վեհ տեսլականի իրականացման համար, առանց աչք թարթելու, գիտակցաբար նւիրեցիր քո ողջ երիտասարդութիւնը:

Ծնունդդ շնորհաւո՛ր Համբիկ Սասունեան: Հպարտ ենք, որ դու կաս:

«ԱԼԻՔ» 5 Յունուար 2013

Տպել Տպել