Քեսապը Ցնցուած Է Ու Սգաւոր. Յովակին Կիթառին Լարերը Դեռ Թաց Են…

HovagKortmossian

Յովակ Պետրոս Քորթմոսեան՝ ծնեալ Քեսապ, 2 ապրիլ 1989-ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Քեսապի Ազգային Ուսումնասիրաց միացեալ վարժարանին (ներկայիս՝ Ճեմարան) մէջ։ Միջնակարգ ուսումը ստացած է Քեսապի կառավարական «Վարուժան Քիլաղպեան» վարժարանին մէջ. սպա երեք տարի յաճախած է Լաթաքիոյ «Ահմատ Շաֆիք Թուման» երկրորդական վարժարանը։ Երկրորդական ուսումը աւարտելէ ետք շարունակած է իր բարձրագոյն ուսումը Լաթաքիոյ «Թըշրին» համալսարանին մէջ՝ հետեւելով հաշուապահութեան։ 2010 ապրիլին Սուրիական ազգային բանակի ծառայութեան կոչուած է։ Երկու տարիներ հերթաբար ծառայած է Դամասկոսի, Համայի արուարձաններէն եւ Հալէպի արուարձաննետէն մէկուն մէջ ու ապա՝ Հալէպ քաղաքին մէջ։ Սեպտեմբեր 2012-ին իր ծառայած զօրանոցին վրայ կատարուած յարձակումի ընթացքին անհետ կորած էր, եւ ոչ մէկ տեղեկութիւն կար իր մասին։ Երեք ամիսներու սպասումէ ետք իր մահուան գոյժը ցնցեց նահատակին ընտանիքն ու համայն քեսապահայութիւնը։

Անդամակցած է ՀՄԸՄ-ի, ՍԵՄ-ի, Պատանեաց ու Ջանիցի եւ «Սայաթ Նովա» նուագախումբին։ Եղած է եկեղեցասէր ու ազգասէր։ Ինչ գործի որ կանչուած է, կատարած է զայն ամբողջական նուիրումով եւ մեծ սիրով։ Երբեք չէ դժգոհած որեւէ բանէ ու միշտ ամէն ինչ տարած է պարզութեամբ։
Իր մահուան գոյժով ոչ միայն իր ընտանիքը ցնցուեցաւ ու ցաւ ապրեցաւ, այլեւ՝ ամբողջ քեսապահայութիւնը իր մեծով ու պզտիկով, որովհետեւ Յովակը միշտ եղած էր բոլորին սիրելին ու բարեկամը։

Յիշատակդ անթառամ պիտի մնայ միշտ, սիրելի՛ Յովակ, որովհետեւ քեզի նման երիտասարդները չեն մեռնիր, այլ յաւէտ կ՚ապրին։ Բի՜ւր յարգանք քեզի, սիրելի մեր Յովակ, դուն միշտ մեր սիրտերուն մէջ պիտի մնաս։

Յիշատակդ օրհնեալ ըլլայ։


Կիրակի, 23 դեկտեմբեր. առաւօտ. բօթ. հաղորդակցութեան միջոցներէ զրկուած Քեսապի եւ շրջակայքի եկեղեցիներուն զանգերն են զայն սփռող-տարածողը. «Յո՜, վա՜ա՜, կը…»: Ի՞նչ…, Յովա՞կը: Քունէն նոր արթնցող քեսապցին կը ցնցուի, յետոյ պատահածը լաւ չհասկնալով` կը հարցնէ. «Ինչո՞ւ…»: Պատերա՞զմ է: Բայց` ո՛վ որո՞ւ դէմ: «Ինչո՞ւ»-ն չունի պատասխան, կը կախուի օդէն, կը ճօճուի ու կը խեղդուի կոկորդներու մէջ: Ո՛չ ոք կրնայ այդ հարցումին ճշգրիտ պատասխանը գտնել: Եթէ գտաւ ալ, պիտի կասկածի իր իսկ գտածին: Անոր առաջին չհաւատացողը ի՛նք պիտի ըլլայ: Յետոյ, ո՞վ պիտի հաւատայ գտնուած պատասխանին: Պատասխանի փոխարէն` հարցականները կ՛երկարին, կ՛երկարին ու չեն հատնիր: Ու կ՛որոտայ երկինքը, ընդվզումը կը մրրկի, աչքերը ակ կը դառնան, կը թրջուի հողը: Լուռ, զուսպ, համատարած թախիծը կը ծաւալի գիւղէ գիւղ, կը շրջի տունէ տուն ու կը ծանրանայ կապարի պէս. «Յովակ»:

Յովակը պիտի վերադառնար, որովհետեւ ուրիշ ոչ մէկ տեղ կրնար հանգրուան գտնել: Ան վերադարձած է` իր «հոգւոյն ծննդավայր»-ին մէջ լուռ ու խաղաղ, անվերջանալի յիշատակներու պարոյրներով խնկաբոյր ոգեղինացած: Ինք բոլորինն է. ամէնքը իրեն հետն են: Հեծեծանքները կը հրմշտկեն զիրար: Չե՛ն յորդիր, չե՛ն դադրիր. կը մրմռան մրմուռ-մրմուռ: Երկար բացակայութենէ ետք հարազատի վերադարձին հետ մղկտալի հանդիպումը շուտով կը հաւաքէ փէշերը, կը կծկուի պատկառանքով, խորանի մանուկ Միածինի եւ Տիրամօր նայուածքներուն տակ:

Թափօրը կ՛երկարի, կ՛երկարի ու չի հատնիր: Այս ճամբան սովոր է կրելու հեռացողները ճամբու դնող թափօր: Բայց այսօր տարբեր է: Ասֆալթապատուած հողը կը տնքայ: Զանգերը կը շարունակեն հեծկլտալ կտրատուած հնչիւններով: Դէմքերը մռայլ են ու ահարկու` պրկուած պոռթկումի լուռ ալիքներով ակօսուած. ոտնաձայները խուլ կը տոփեն հողին խռովքը, որ կ՛արձագանգէ. «Մենք հոս ենք եւ հոս կը մնանք»:

Թափօրը կը շարունակէ ընթացքը կշռոյթով: Խաչերը կանաչ են, պսակները ծաղկազարդ, խօսքը` համր: Շարականը իր ճամբան կը շարունակէ ոլորանով:

«Յովա՜կ…» եւ ամէն մէկը միջակէտին առեղծուածը կը փորձէ իր մտքին ուժով լուծել: Միտքը տեղի կու տայ իրականութեան դաժանութեան առջեւ. աչքերը կը պղտորին. շրթունքները կը կծկուին. արցունքները կը չորնան այտոսկրներուն վրայ: Թափօրէն բարձր կը թեւածէ Յովակին խնդուն հոգին` իր ընկերներուն ձեռքերուն վրայ: Քսաներեք տարեկան տղու ետեւէն այսքան մարդ կ՛երթա՞յ…: Կ՛երթա՛յ: Ո՛վ լսէ` թո՛ղ հաւատայ: Քեսապը ամբողջ, մեծով-պզտիկով, այսօր դարձեր է թափօր ու կը մտմտայ:

Հոս կան միայն ափ մը հայեր, որ եթէ բռունցք կազմեն… պատ կը շարեն, բահ կը բռնեն, եթէ փորեն, լա՛ւ իմացէք, բան չե՛ն թաղեր, ծա՜ռ կը տնկեն: Ահա այդպէս, քայլերը կ՛ընթանան մտքի հակառակ ուղղութեամբ:

«Յովա՜կ»…

Հովը կ՛եղերգէ ու կը հաւաքէ խուլ հառաչանքի ու հեծեծանքի ցիրուցան բեկորները: Ակերը կը յորդին ակունքներէն:

Յովակը կը վերադառնայ ամէն մէկու հետ, կ՛ընկերակցի անոնց հովերգուի պէս. խնդուն, կիթառը ձեռքին` կը մտնէ իւրաքանչիւրի տուն` Նոր տարի դառնալու համար…

Յովակին կիթառին լարերը դեռ թա՜ց են, շա՜տ թաց…

ՇՈՂԻԿ ԱՇԸԳԵԱՆ
23 դեկտեմբեր, 2012

«ԱԶԴԱԿ» 5 Յունուար 2013

Տպել Տպել