Չանտեսե՛լ Աղբիւրը

Ազդակ Ազրպէյճանական ապատեղեկատուութիւնը այս անգամ հոգեւոր ոլորտին մէջ կ՛արձանագրէր կարճատեւ առաւել մը:

Vratc patriarq Ազրպէյճանական «Էյ. Էն. Էս. Փրես» գործակալութիւնը շրջանառութեան մէջ դրած էր Թիֆլիսի մէջ Կովկասի իսլամներու հոգեւոր առաջնորդ Ալլահշուքուր Փաշազատէի հետ հանդիպման ժամանակ վրաց պատրիարքի իբրեւ թէ հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Ես երբեք չեմ համաձայնիր այն միտքին հետ, որ մենք կորսնցուցած ենք մեր հողերը: Մենք պարզապէս ժամանակաւորապէս կորսնցուցած ենք վերահսկողութիւնը այդ տարածքներուն նկատմամբ: Սակայն արդարութիւնը միեւնոյնն է` կը վերականգնուի: Ինչպէս Աբխազիան եւ Հարաւային Օսեթիան ի սկզբանէ եղած են Վրաստանի հողերը, այնպէս ալ Լեռնային Ղարաբաղը պատկանած է եւ կը պատկանի Ազրպէյճանին: Կովկասի իսլամներու հոգեւոր առաջնորդին այցելութիւնը Վրաստան` վրացի եւ ազրպէյճանցի ժողովուրդներու բարեկամութեան դրսեւորումն է»:

Պահ մը եթէ անտեսենք լրատուութեան աղբիւրը, կարելի է ըսել, որ ընթերցողին մօտ կը յառաջանայ որոշ հակամէտութիւն տեղեկութիւնը հաւաստի նկատելու ուղղութեամբ: Վրաստանի իշխանութիւններուն հետեւողական քաղաքականութիւնը վիրահայութեան նկատմամբ ընդհանրապէս եւ յատկապէս ջաւախահայութեան, նման յայտարարութիւն մը կրնայ նախատեսելի համարել տալ: Առաւել եւս, Վրաստանի հոգեւոր առաջնորդին պահուածքը եւ այս պարագային մինչ այժմ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ գրանցումի մերժումը պաշտօնական թէ հոգեւոր Թիֆլիսին կողմէ կը կազմեն նախադրեալներ, որոնք նմանատիպ յայտարարութիւն մը վրաց հոգեւոր բարձրագոյն պաշտօնատարին կողմէ անակնկալի չեն մատներ հետեւողը: Չմոռնանք անշուշտ` Ազրպէյճան-Վրաստան ռազմավարական գործընկերութեան փաստը:

Այս հանգամանքները անպայման ուշադրութեամբ նկատի առնուած են ազրպէյճանական ապատեղեկատուական մեքենային կողմէ: Այս նախադրեալներուն հիման վրայ կայացած են նաեւ քաղաքական շահարկելի զուգահեռները` հակամարտութեան թղթածրարներու: Աբխազիան եւ Հարաւային Օսեթիան նմանցուած են Լեռնային Ղարաբաղի հետ: Իսկ այս բոլորը պարզապէս օգտագործելի թեմաներ են գծելու համար հիմնական քաղաքական զուգահեռը` Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի տարածքային ամբողջականութիւններու գերադասման սկզբունքը: Վրաց հոգեւոր առաջնորդին բերնով պաշտօնական Պաքուն է խօսողը: Պարզապէս զեղչենք բաժին մը եւ կը ստացուի հետեւեալը.- «Ես երբեք չեմ համաձայնիր այն միտքին հետ, որ մենք կորսնցուցած ենք մեր հողերը: Մենք պարզապէս ժամանակաւորապէս կորսնցուցած ենք վերահսկողութիւնը այդ տարածքներուն նկատմամբ: Սակայն արդարութիւնը միեւնոյնն է` կը վերականգնուի: Լեռնային Ղարաբաղը պատկանած է եւ կը պատկանի Ազրպէյճանին»: Վրաց եւ ազրպէյճանցի հոգեւոր առաջնորդներու հանդիպումն ու Աբխազիոյ կամ Հարաւային Օսեթիոյ նշումները պարզապէս միւս բաժինը ընդգծելու համար են:

Խնդիրը մեր պարագային այն էր, որ հայկական լրատուամիջոցներէն շատեր ակամայ (յուսա՛նք` ակամայ) անտեսած էին լրատուութեան աղբիւրը: Անոր ազրպէյճանական պատկանելիութիւնը պահ մը սպասել պիտի տար հայկական լրատուամիջոցի պատասխանատուն, նախքան վրաց հոգեւոր առաջնորդին յայտարարութիւնը շրջանառութեան մէջ դնելը: Փաստօրէն ապատեղեկատուութիւնը հարուածած էր կարգ մը թիրախներ: Հայկական լրատուադաշտի որոշ ներկայացուցիչներ առանց վերապահութեան լուրը հրապարակած էին:

Շատ չանցած, վրաց պատրիարքարանը կը հերքէր լուրը: «Վրաց ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Իլիա Բ.ին վերագրուող Լեռնային Ղարաբաղի մասին յայտարարութիւնները կեղծ են եւ իրականութեան չեն համապատասխաներ»: Այս մասին կը տեղեկացնէր վրաց պատրիարքարանը:

Եւ մէկ կարեւոր հանգամանք: Գուցէ այս հերքումը տեղի չունենար, եթէ նոյնիսկ վրաց հոգեւոր առաջնորդը նման յայտարարութիւն կատարած չըլլար, եթէ ներվրացական որոշ զարգացումներ արձանագրուած չըլլային վերջին շրջանին: Խօսքը կը վերաբերի խորհրդարանական վերջին ընտրութիւններուն եւ իշխանափոխութեան յստակ ենթահողի ձեւաւորման, ինչպէս նաեւ որոշակիօրէն չափի մէջ նկատուող ռուս-վրացական մերձեցման նախադրեալներու: Վարկ վայելող վերլուծական կեդրոններ կը խօսին Հայաստան-Վրաստան-Աբխազիա-Ռուսիա երկաթուղիի վերաբանեցման բանակցութիւններուն մասին, ինչ որ մինչեւ ծայրագոյն արեւելք տնտեսական նոր ուղիներ բանալու նախանշային հեռանկարներ կ՛ուրուագծէ առնչուած երկիրներուն համար:

Բայց այդքան հեռուները չերթանք եւ պարզապէս մտաբերենք, որ Վրաստանի նախագահը յատուկ յայտարարութեամբ այս տարի կը շնորհաւորէր վրացահայութեան Ս. Ծնունդը, իսկ վարչապետը անձամբ ներկայ կը գտնուէր Թիֆլիսի հայոց եկեղեցւոյ Ս. Ծննդեան պատարագին: Երկուքն ալ կը շեշտէին Վրաստանը բաղկացնող ազգաբնակչութիւններու համակեցութեան անհրաժեշտութիւնը եւ այդ առաջադրանքին իրականացման համար հայութեան նկատառելի դերակատարութիւնը:

Ազրպէյճանական ապատեղեկատուութիւնը հաւանաբար երկաթուղիէն մինչեւ շնորհաւորանքներ երկարող հանգամանքները եւս նկատի առած էր եւ ըստ այնմ ալ հակազդած:

«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել