Խմբագրական – «Ազատ Օր»ի թիւ 20.000 համարը

exof
68 տարիներ եւ թերթի 19.999 թիւեր առաջ, նացիական լուծէն ետք Յունաստանի վերանկախացման խանդավառ ու յուսալից պայմաններուն մէջ, 25 Փետրուար 1945ին, լոյս կը տեսնէր յունահայ գաղութի օրաթերթ «Ազատ Օր»ի առաջին համարը: Փաստօրէն

վերածնունդ մըն էր «Ազատ Օր»ի հրատարակումը, յետ-Եղեռնեան «Նոր Օր»ի հրատարակութենէն ետք:

Հ. Յ. Դաշնակցութեան սեփականութիւն՝ «Ազատ Օր» թերթը շաբաթը երեք անգամ կը հրատարակուէր առաջին շրջանին: Շուտով կը դառնար երկօրեայ, ապա ամէնօրեայ թերթ՝ ազգային ու հանրային ծառայութեան նուիրեալ խմբագիրներու աշխոյժ մղումով եւ աշխատանքով:

Թէեւ կեանքի դժուար պայմաններու տակ, սակայն ազատ երկրի մը մէջ՝ նոր ապագայի յոյսով լոյս կ’ընծայուէր թերթը, որ շուտով պիտի սիրաշահէր իր ընթերցողները եւ երկարամեայ սիրուած օրաթերթ պիտի հանդիսանար:

Անակնկալներով, արկածախնդրութիւններով, յանդուգն քայլերով, լաւ ու վատ օրերով պիտի եր- կարէր մեր օրաթերթին ճանապարհը: Մանաւանդ որ կոչուած էր յաղթահարելու թշուառութեան ու անորոշութեան ժամանակաշրջանները, լոյսի նշոյլներ հրամցնելով ընթերցասէր հասարակութեան:

Յաջողեցա՞ւ «Ազատ Օր» իր այդ առաքելութեան մէջ:

Անվարան կարելի է ըսել՝ այո՛. «Ազատ Օր»ի հրատարակութեան պատասխանատուները սկիզբէն իսկ գիտցան ըմբռնել թերթը, որպէս մեր գաղութի ամրագոյն յենարանը:

Թերթին կուսակցական պատկանելիութիւնը ոչ միայն խոչընդոտ չդարձաւ այլազան նիւթերու հրապարակման եւ տարաբնոյթ նախաձեռնութիւններու արձագանգումին, այլեւ կարելիութիւնը ընձեռեց կատարելապէս զուգորդելու կուսակցականն ու ընդհանրականը՝ գաղութի եւ համահայկական կեանքի հողին վրայ երկուքը միաւորելով եւ ազգային զարգացման առողջ ենթահող ստեղծելով: Այս իմաստով «Ազատ Օր»ի լայնախոհ, տարակարծիք մօտեցումները յարգող ու սկզբունքային կեցուածքը ընդունելի դարձան եւ գնահատուեցան յունահայ տարբեր շրջանակներուն կողմէ:

«Ազատ Օր» յաջողեցա՛ւ նաեւ իր այդ առաքելութեան մէջ:

Տպագրական ու ճարտարագիտական զարգացումը տարբեր հանգրուաններ ստեղծեց՝ թերթի հրատարակութեան հետ կապուած: Թերթը նոր տարազներ հագուեցաւ, նորաձեւութիւններուն հետեւեցաւ՝ յունականն ալ, ելեկտրոնայինն ալ, տեսքն ու չափն ալ, գունազարդումն ալ, ամէն ինչն ալ փորձեց, ամէն նորարարութեան մէջ նետուեցաւ, որպէսզի միշտ նորոգուած ու թարմացուած հասնի իր ընթերցողներուն ձեռքը:

Բայց մեր առջեւ տակաւին կա՛յ աւելին:

Մի՛շտ կայ աւելին՝ վերանորոգման ու վերաթարմացման առումով:

Որակական բարելաւումի հարցերը, ընթերցողներու տարիքային տարբեր խմբաւորումներու սպասումներուն բաւարարումը, բազմաճաշակութիւնը, արժանահաւատ լրատուութիւնը, քննադատ ակնոցները՝ պահանջներ ու առաջադրանքներ են, որ մեր թերթի մտասեւեռման մնայուն առարկաները կը հանդիսանան:

Յաջողեցա՞ւ «Ազատ Օր» նաեւ այս առաքելութեան մէջ:

Պատասխանը հաստատակամ կու տայ մեր թերթին անցեալի ու ներկայի պատկերը։
Կը յաջողի՞ ապագային:

Այնքան ատեն, որ պիտի գտնուին հայ մարդիկ ու ընթերցողներ, որոնց համար առանցքային նշանակութիւն պիտի ունենայ հայկական օրաթերթն ու տպագիր հայ մամուլը, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ,

Եւ այնքան ատեն, որ հայկականութիւնը իւրաքանչիւր հայու մէջ պահպանելու եւ զարգացնելու դժուար մարտահրաւէրը պիտի շարունակենք դիմագրաւել ազգովին,

Կրնանք անտարակոյս պատասխանել՝ «այո՛»:


ԵՐԹԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

ARF_Logo-coloredՀ.Յ.Դ. Յունաստանի ընտանիքը ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կը նշէ «Ազատ Օր»ի 20.000րդ համարին հրատարակութիւնը։

Ամբողջ տասնամեակներ, մամուլին եւ յատկապէս սփիւռքահայ թերթին բնորոշ ամէն կարգի դժուարութիւնները դիմագրաւելով ու յաղթահարելով, «Ազատ Օր» կանգուն մնաց պատնէշի վրայ եւ աներեր շարունակեց յունահայ կեանքի հայելին ըլլալու, միաժամանակ

նաեւ յունահայ հանրային կարծիքի առաջնորդող բեմը հանդիսանալու իր առաքելութիւնը։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կ.Կոմիտէին պաշտօնաթերթը պատկանեցաւ ոչ միայն Դաշնակցութեան Յունաստանի ընտանիքին, այլեւ ամէնօրեայ ու ընտանեկան հարազատը դարձաւ ամբողջ յունահայութեան։

«Ազատ Օր»ին նաեւ վիճակուեցաւ Եւրոպայի տարածքին ցրուած հայօճախներու միակ օրաթերթը ըլլալու ծանր պատասխանատուութիւնը, երբ վերջին տասնամեակներուն տպագիր մամուլին դիմագրաւած դժուարութեանց հետեւանքով դադրեցաւ հրատարակութիւնը ֆրանսահայ օրաթերթերուն։

«Ազատ Օր»ը իր կարգին կը կրէ հետեւանքները ընդհանրապէս տպագիր մամուլին դիմագրաւած նիւթական մեծ դժուարութեանց։ Ապաւինած իր ընթերցողներուն, գաղափարական ընտանիքին եւ յունահայ ազգային¬միութենական կառոյցներու անվերապահ աջակցութեան՝ «Ազատ Օր»ի անձնակազմը հաւատքով ու նուիրումով կը շարունակէ երթը։ Թէ՛ կը յաղթահարէ ամէնօրեայ իր հրատարակութիւնը խոչընդոտող դժուարութիւնները եւ կը հասնի իր ընթերցողներուն։ Թէ՛ անհրաժեշտ ճիգը կը թափէ վերանորոգուելու եւ մամուլի աշխարհը յեղաշրջած արհեստագիտական նորարութեանց հետ քայլ պահելու համար։

«Ազատ Օր»ի 20.000րդ համարին հրատարակութիւնը կը զուգադիպի Յունաստանը զգետնած տնտեսական ճգնաժամին, որուն հետեւանքները ծանրօրէն կը ճնշեն նաեւ մեր օրաթերթին անխափան հրատարակութեան վրայ։

Ողջունելով մեր պաշտօնաթերթին 20.000րդ համարը՝ կը վերանորոգենք «Ազատ Օր»ին երթը անվհատ շարունակելու հաւաքական մեր յանձնառութիւնը եւ վստահ ենք, որ յունահայութիւնը վերանորոգ թափով կը շարունակէ թիկունք կանգնիլ իր անփոխարինելի թերթին։

Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէ


Թերթի տպագրութեան հանգրուանները

AzatOr_8-1-13«Ազատ Օր»ի առաջին տարիներու հրատարակութիւնը կատարուեցաւ ձեռքով շարուող տպագրիչ մեքենաներով: 1969ին, Պոսթընի մէջ հրատարակուող «Հայրենիք» օրաթերթի լինոթիփ տողաշար մեքենան փոխադրուեցաւ Աթէնք, թերթի ճզմուած գիրերը փոխարինելով օրը-օրին կապարէ տողաշերտերով տպուող թարմ տառերով: 1973ին դարձեալ «Հայրենիք»էն հասաւ երկրորդ տողաշար մեքենայ մը, առաջինէն համեմատաբար աւելի նոր ու արդիական յարմարութիւններով օժտուած: 1980էն ետք, թերթը սկսաւ հրատարակուիլ համակարգչային այդ օրերու դրութեամբ ու տասնամեակներու ընթացքին ալ վերանորոգեց իր հրատարակութեան ու տպագրութեան ոճը: Առաջին այդ համակարգիչները եւ քիմիական նիւթերով պատրաստուած ֆիլմերը դարձեալ փոխարինուեցան. նոր ու արդիական համակարգիչներով, որ օժտուեցան էջադրումի յատուկ ծրագիրներով (pagemaker, photoshop եւայլն):

Թերթի խորհրդանշանի փոփոխութիւնները

«ԱԶԱՏ ՕՐ» 68 տարուայ իր պատմութեան ընթացքին, չորս տարբեր առիթներով փոփոխութեան ենթարկած է թերթի խորհրդանշանը: Սկզբնական շրջանի խորհրդանըշանին փոփոխութիւն կատարուած է 3 Յունիս 1983ին, ուր աւելցուած է Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սասունցի Դաւիթի գծանկարը՝ գիր ու գրականութիւն, միաժամանակ պայքար եւ արդիականութիւն խորհրդանշելով: Երկրորդ փոփոխութիւնը կատարուած է 26 Մայիս 1994ին: Բոլոր այդ տարիներուն ընթացքին թերթի ծաւալը շատ ընդարձակ էր, օրական 4 էջ բովանդակութեամբ: Երրորդ փոփոխութիւնը տեղի ունեցած է 3 Յունուար 1995ին: Այն ժամանակ թերթի ծաւալը փոքրացած եւ 8 էջի սահմաններու մէջ բարձրացած է բովանդակութիւնը: Նաեւ սկսած է հրատարակուիլ գրական-մշակութային 15օրեայ յաւելուածական մը: Վերջին փոփոխութիւնը տեղի ունեցած է 5 Յունուար 2009ին:

Տպել Տպել