Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը պարգեւատրուեցաւ Պոնտոսցիներու միութեան կողմէ

Ազատ-լուր Շաբաթ 19 Յունուարի երեկոյեան, Այիա Վարվարայի պոնտոսցիներու միութեան կողմէ կազմակերպուեցաւ նոր տարուայ առիթով գաթայի ձեռնարկ մը։

Տօնական մթնոլորտի մէջ կատարուեցաւ գաթայի կտրումը, որու յաջորդեց պոնտական աւանդական պարերու ներկայացում։

Բացումը կատարեց միութեան նախագահ տիկին Սոֆիա Սաւիտու։ Պատուոյ գիրեր յանձնուեցան Յունաստանի ոտնագնդակի ազգային խումբի վեթերան մարզիկ Գոսթաս Նեսթորիտիսի, յունահռոմէական ըմբշամարտի երիտասարդներու աշխարհի ախոյեան Տիմիթրիս Փափատոփուլոսի, Ասորիներու միութեան նախագահ Քիրիաքոս Պացարասի։

Յատուկ հրաւէրով ներկայ գտնուեցաւ ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ ընկ. Դաւիթ Պետրոսեան, որ պարգեւատրուեցաւ պոնտոսցիներու միութեան կողմէ։ Պարգեւատրումը կատարեց Յունաստանի համապոնտական դաշնակցութեան փոխ նախագահ Գոսթաս Ալեքսանտրիտիս։

Շնորհակալական իր խօսքին մէջ ընկ. Դաւիթ Պետրոսեան նշեց թէ հայերու եւ պոնտոսցիներու պայքարը նոյն ճանապարհէն ուղղուած է եւ շեշտեց պոնտոսցի յոյներու ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութիւնը։

Տպել Տպել