Արաբական մամուլի տեսութիւն Սուրիոյ քաղաքական եւ զինուորական վերջին իրադարձութիւններուն լոյսին տակ

ArabakanMamuliTesutyunՍուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի արտասանած ճառին (6 Յունուար 2013) մասին կատարուած քաղաքական մեկնաբանութիւններուն շրջագիծին մէջ, «Սաֆիր» օրաթերթի յօդուածագիր Սամի Քլէյպ կը գրէ.-

Եթէ Ասատի այս ճառը միացնենք Հըզպալլայի ղեկավար Հասան Նասրալլայի քանի մը օր առաջ արտասանուած ճառին, ապա ի յայտ կուգայ թէ այն առանցքը որուն կը պատկանին այս երկու անձնաւորութիւնները, որոշած են անցնիլ հակայարձակումի փուլին։ Ասատ իր ճառը Դամասկոսի օփերայի պալատէն արտասանելով ուզեց մէկ կողմէ՝ ցոյց տալ իր ինքնավստահութիւնը, իսկ միւս կողմէ՝ հաստատել թէ դամասկոսի դէմ ընդդիմութեան յարձակումը արդէն գործնապէս վերջ գտած է։ Ուժի տրամաբանութենէն մեկնելով Ասատ առաջ քշեց լուծումի առաջին նախապայմանը, ըստ որուն պէտք է դադրեցնել զինեալ ուժերուն տրամադրուած նիւթական-զինուորական օժանդակութիւնները եւ վերջ տալ ահաբեկչական գործողութիւններուն՝ գաղթականներուն վերադարձը դիւրացնելու նպատակով։ Ասատ ներկայացուց քաղաքական լուծման իր պատկերացումը, որուն հիմամբ կ՚ընդունի բարեփոխման ենթարկել վարչակարգը, Ազգային Ուխտը եւ Սահմանադրութիւնը, որոնք միաժամանակ պիտի դրուին հանրաքուէի։ Սակայն Ասատ կը պահանջէ, որ լուծումը ներքին ըլլայ եւ կը մերժէ արտաքին որեւէ նախաձեռնութիւն, որ չի համընկնիր Սուրիոյ ժողովուրդին փափաքներուն հետ։ Նման նախապայման կ՚ամրապնդէ Ռուսաստանի դիրքը ամերիկացիներուն հետ իրենց բանակցութիւններուն ընթացքին. նաեւ կը հերքէ բոլոր այն տարաձայնութիւնները, թէ Ասատ պիտի ընդունի իշխանութենէն հեռանալ, կամ՝ կազմել ընդարձակ իրաւասութիւններով կառավարութիւն մը։

Դարձեալ ուժի մեկնակէտեն, Ասատ կ՚առաջարկէ, որ կառավարութիւնը ինք կապը հաստատէ սուրիական տարբեր կողմերու հետ։ Կողմեր ըսելով, Ասատ կ՚ուզէ ցոյց տալ թէ Սուրիոյ մէջ իսկական ընդդիմութիւն չկայ։ Ասատ երբեք չյիշեց ՄԱԿի բանագնաց Լախտար Իպրահիմին, ինչ որ կը նշանակէ թէ ան կը մերժէ անոր նախաձեռնութիւնը։ Միւս կողմէ, անդրադառնալով Ժընեւի նախաձեռենութեան, Ասատ ըսել ուզեց, թէ անիկա պէտք համընկնի ժողովուրդի փափաքներուն հետ։

Ասատ մերժած է եւ պիտի շարունակէ մերժել ընդարձակ կառավարութեան մը կազմութիւնը, բացի այն պարագայէն երբ ան վստահ ըլլայ այս կառավարութեան մաս կազմողներու իսկական ինքնութենէն եւ անոնց քաղաքական ծրագրէն։ Անդրադառնալով պաղեստինեան հարցի արդարացիութեան եւ Սուրիոյ մէջ պաղեստինցիներու իրաւունքներուն, Ասատ ուզեց չեզոքացնել սուրիական-պաղեստինեան սադրանք յառաջացնող ամէն միտում։ Ասատ իր ճառերուն մէջ ընդհանրապէս կը խուսափի զգացական արտայայտութիւններէ, բայց երբ ան խօսեցաւ բանակին մասին, ան յստակ, վճռական եւ շնորհակալ էր անոր դերակատարութեան։ Այս իմաստով Ասատ զինուորական ուժին կառչած կը մնայ իբրեւ քաղական լուծումի նախապայման։ Այս կացութիւնը թերեւս կը նպաստէ ռուսերու բանակցային դիրքորոշումին, ըսելու համար թէ վարչակարգը տակաւին զօրաւոր է։ Միաժամանակ կը նպաստէ վարչակարգի համակիրներուն, բանակին, տեղական մարմիններուն, ինչպէս նաեւ՝ իրանցիներուն, որոնք այսօր իրենց խորհրդակցութիւնները կը բազմապատկեն Եգիպտոսի եւ Ծոցի կարգ մը երկիրներու հետ։ Ի վերջոյ այս կացութիւնը կը նպաստէ ընդդիմութեան այն թեւին, որ զօրավիգ է երկխօսութեան։

Անկասկած որ Ասատ կ՚ուզէ քաղաքական լուծումի մը յանգիլ, բայց այդ լուծման պէտք է միանայ զինուորական ուժը, որովհետեւ միւս կողմը կ՚ուզէ զայն բռնի ուժով տապալել։ Անկասկած նաեւ, որ ամերիկան Ռուսաստանի նման կ՚ուզէ, որ բանակը ուժեղ մնայ Քայիտայի զինեալները ոչնչացնելու համար։ Բայց եւ այնպէս, Ասատի ցուցաբերած այս ուժը կը մտահոգէ շատերուն, որոնք իրենց ձայները կը բարձրացնեն Ուաշինկթընէն, Եւորոպայէն եւ արաբական այլ երկիրներէ։ Ուժի տրամաբանութիւնը նման պարագաներու կը նշանակէ երկու հարց.-

– Շարունակել զինուորական գործողութիւնները ի գին ամէն ինչի ու չսպասել որ Սուրիան տնտեսապէս խեղդուի, կամ Իրանը եւ Իրաքը սպառին։

– Զինուորական գործողութիւններու հետ զուգահեռ տրամաբանօրէն բարձրացնել նախապայմաններու արաստաղը։

Երկու պարագաներուն ալ Սուրիոյ տագնապը կը շարունակէ մնալ բարդ, իսկ բոլոր լուծումները կը պահանջեն զինուորական յաւելեալ գործողութիւններ, մանաւանդ, որ ոմանք կը կարծեն, թէ յառաջիկայ երկու ամիսները Սուրիոյ համար վճռական պիտի ըլլան։ Այս մեկնակէտեն պէտք է դիտել Սուրիոյ, Նասրալլայի եւ Նուրի Մալիքիի հակա-յարձակումի անցնելու որոշումը։»

Այլ յօդուածի մը մէջ Սամի Քլէյպ կը յայտնէ, թէ քաղաքական գիտութիւններուն մէջ պատերազմի մէջ գտնուող որեւէ երկրի մը մէջ պատերազմող կողմերը իրենց պահանջները գերագոյնին կը հասցնեն, որեւէ բանակցութենէ առաջ։ Սուրիոյ դիմագրաւած ներկայ հանգրուանը կը խորհրդանշէ վերոնշեալ իրականութիւնը։ Սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինը Պաշշար Ասատի տապալումը կը նկատէ նախապայման՝ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու, մինչդեռ Ասատի մօտիկ անձնաւորութիւններ կը շեշտեն, թէ սուրիական իշխանութենէն Ասատի հեռացումը երբեք առկայ չէ, այլ՝ Ասատ կը ծրագրէ իր թեկնածութիւնը առաջադրել յաջորդ ընտրութիւններուն։ Սուրիոյ դիմագրաւած պատերազմական վիճակին երկրորդ տարին բոլորուելու սեմին, սուրիական վարչակարգը տակաւին կը յաջողի իր պայմանները պարտադրել, նոյնիսկ եթէ ան ստիպուած է սուղ վճարել ինքզինք պարտադրելու գինը։

Նման պատերազմներու պարագային այս իրավիճակը հազուագիւտ է, սակայն Սուրիոյ պարագային անոր կþօժանդակեն կարգ մը ազդակներ, որոնք են.-

    Ա) Սուրիական բանակի հզօր զօրամասերը, որոնք կը զօրակցին վարչակարգին, նկատի ունենալով անոնց գաղափարական եւ կազմակերպական բարդ հիւսուածքը, որ հիմնած էր նախկին նախագահ Հաֆեզ Ասատ։
    Բ) Ռուսիոյ եւ Չինաստանի հզօր կեցուածքները, որոնք արգիլեցին Սուրիոյ մէջ զինուորական արտաքին որեւէ միջամտութիւն։
    Գ) Զինուորական եւ քաղաքական աննշան բաժանումներ, որոնք երբեք սպառնալիքի տակ չդրին բանակին միասնականութիւնը։
    Դ) Սուրիոյ մէջ Քայիտայի եւ կրօնական ծայրահեղական ուղղուածութիւն ունեցող այլ կազմակերպութիւններու եւ փաղանգներու գոյութիւնը, որ մտահոգիչ էր Ուաշինկթընի համար։
    Ե) Ընդդիմութեան ներքին մրցակցութիւնը։
    Զ) Իրանի բացայայտ եւ լռելեայն սպառնալիքները՝ սուրիական վարչակարգը բռնի ուժով տապալել փափաքող կողմերուն դէմ։
    Է) Ալեւի համայնքին, փոքրամասնութիւններուն, ինչպէս նաեւ որոշ սիւննիներու կառչածութիւնը սուրիական վարչակարգին՝ անորոշութենէն վախնալու իբրեւ հետեւանք։
    Ը) Ծոցի երկիրներուն մտահոգութիւնը, որ «Իսլամ եղբայրներ»-ը Սուրիոյ մէջ կրնան իշխանութեան հասնիլ եւ այդ «ժահրը» դիւրաւ կը փոխանցուի նաեւ իրենց։ Ի վերջոյ նաեւ սուրիական տարբեր շրջաններուն մէջ Նուսրա ճակատին եւ Սուրիոյ ազատ բանակին միջեւ արձանագրուած բախումներուն մասին մտավախութիւնները։

Այս ազդակները առիթ ընծայեցին Մոսկուայի աւելի մեծ կարողութիւններով գործելու։ Եթէ կարելի ըլլար հաշուել Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի արտասանած Սուրիոյ զօրակցական կեցուածքները, ապա անոնք տասնեակներով գերազանցած պիտի ըլլային Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի կատարած յայտարարութիւնները։ Այս առումով սուրիացի ընդդիմադիրներ զաւեշտով արտայայտուեցան, թէ կարելի է Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը կոչել Սերգէյ Մոալլեմ։

Ռուսական իշխանութիւնները սակայն նման կեցուածք որդեգրած չէին ըլլար, եթէ անոնք Իրանի նման, վստահ չըլլային, թէ սուրիական վարչակարգին զինուորական ուժը տակաւին մեծ է ու հզօր եւ կրնայ պարտադրել ներկայ տարազին փոփոխութիւնը։ Մոսկուա համոզումով չէր մօտենար եւ հաստատ կեցուածքներ չէր որդեգրեր Սուրիոյ նկատմամբ, եթէ նաեւ վստահ չըլլար, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակարգը Սուրիոյ մէջ իսկական տագնապ մը կþապրի եւ իր իսկ կողմէ ահաբեկչական որակուող քայիտայի ու այլ կազմակերպութիւններու ենթահող ունեցող սուրիական որոշ շրջաններու մէջ Սուրիոյ ազատ բանակին շարժումներուն աչք կը խփէ։ Մէկ կողմէ, Մոսկուա իր ձայնը կը բարձրացնէ զգուշացնելով հսկայ քաոսէ մը, համայնքային պատերազմէ մը եւ «սոմալականացում»-է մը, եթէ Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծում չգոյանայ, իսկ միւս կողմէ ան կը փորձէ սուրիական ընդդիմութեան հետ իր յարաբերութիւնները ընդարձակել եւ ընդդիմութեան զօրակցող արաբական երկիրներուն պատը խզել։

Այս իմաստով շրջանառութեան մէջ են ստոյգ տեղեկութիւններ, որոնք ուղղակիօրէն կը վերաբերին Եգիպտոսի, Իրաքի, Ալճերիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն։

Այս իրականութեան կը նպաստեն Ախտար Իպրահիմիի կողմէ կրկնուող այն միտքը, թէ Ծոցի երկիրներու ղեկավարներէն ոմանք եւ յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ ու Քաթարի ղեկավարութեան մէջ կան անձնաւորութիւններ, որոնք Ասատի դէմ անձնական ատելութիւն կը տածեն եւ այդ մէկ կը դժուարացնէ Սուրիոյ տագնապին լուծումը։ Ռուսական այս քայլերուն իբրեւ արդիւնք, կը նախատեսուի, որ մէկէ աւելի արաբ արտաքին գործոց նախարարներ այցելեն Մոսկուա։ Այսօրուան դրութեամբ ռուսական իշխանութիւնները կարիքը ունին նման արաբական հովանիի մը։ Ռուսիոյ ղեկավարութիւնը կը հաստատէ, որ սուրիական բանակին միասնական եւ հզօր մնալը իսկական եւ հաւանաբար միակ երաշխիքն է Սուրիոյ ապագային եւ Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ ապագային։ Լաւրով այս միտքը բազմիցս արտայայտած է եւ դրուատած ընդդիմութիւնը, որ բանակը կը փորձէ զանց առնել իր ամբաստանութիւններէն։ Հաւանաբար նաեւ այս պատճառով է, որ Մոսկուա քանի մը անգամ թոյլ կեցուածք որդեգրած է Ասատի իշխանութեան վրայ մնալը կասկածի տակ առնող տեսակէտներուն հանդէպ։ Բայց եւ այնպէս Ռուսիա անշեղ մնացած է Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութիւնը մերժող իր կեցուածքէն։ Մոսկուայի համար բանակը կարմիր գիծ է. այս մասին ռուս պատասխանատուներ հաստատումներ կատարած են իրենց հիւրերուն ներկայութեան. այս մէկը անոնք իբրեւ պայման պարտադրած են նաեւ Ուաշինկթընի վրայ՝ որեւէ համաձայնութեան պարագային։ Միացեալ Նահանգներ բազմիցս ընդունած են ռուսական այս պայմանը, երբ անոնք յայտարարած են, թէ Սուրիոյ կառավարական եւ ապահովական հաստատութիւններուն միասնանութիւնը անհրաժեշտ է, յետասատեան հանգրուանին համար։

Կարգ մը Ծոցի երկիրներ, որոնք արդէն իսկ դէմ են Իսլամ եղբայրներուն, կը փորձեն յարաբերութիւններ հաստատել Սուրիոյ մէջ ընդդիմադիր, սակայն ոչ իսլամ եղբայրական ուժերուն ետ։ Այս երկիրներէն ոմանք Սուրիա մուտք կը գործեն օժանդակութեան պատրուակով, իսկ ուրիշներ՝ քաղաքական լայն դռներէն։ Այս իրականութիւնը կը հասնի մինչեւ Թունուզ, որուն նախագահը Մունսեֆ Մարզուքի մօտիկ ապագային պիտի առնէ քայլ մը, շեշտելու համար, որ ինք Սուրիոյ աշխարհիկ ընդդիմութեան աւելի մօտ է, քան՝ Իսլամ եղբայրներուն։

Իր կարգին, Եւրոպական Միութիւնը ներկայիս սուր բանավէճեր կþունենայ սուրիական ընդդիմութեան վերաբերող։ Այդ բանավէճերը կը կեդրոնանան Նուսրա ճակատին շուրջ, որ կարգ մը եւրոպացի պատասխանատուներու պահանջով թեկնածու է զետեղուելու ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն ցանկին վրայ։ Այդ մէկը պահանջող երկիրներէն է օրինակ Սպանիան, իսկ Փարիզ եւ Լոնտոն կը պնդեն, թէ այդ հարցը պէտք է յետաձգուի. անոնց դիւանագէտները սուրիացի ընդդիմադիրներուն հետ իրենց հանդիպումներուն ընթացքին կը նշեն, թէ Նուսրա ճակատը ահաբեկչական պիտի նկատեն, երբ Ասատ իշխանութենէն հեռանայ։ Եւ երբ սուրիացի ընդդիմադիրը հարց կու տայ անոր, թէ ե՞րբ Ասատ իշխանութենէն պիտի հեռանայ։ Անոնք կþըսեն. «Այդ մասին ոչ մէկ պատկերացում ունինք, սակայն ուշ կամ կանուխ ան պիտի հեռանայ»։ Եւրոպացիներուն դիմագրաւած այլ հարցերէն մէկը նաեւ այն է, որ իրենք իսկապէս լուսանցքայնացած կը զգան՝ Ժընեւի նախաձեռնութեան, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ եւ Ուաշինկթընի ու Ախտար Իպրահիմիի միջեւ կայացող բանակցութիւններուն առումով։ Յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ Իպրահիմի իր հանդիպումներուն ընթացքին կþանդրադառնայ միայն ռուսական եւ ամերիկեան դերակատարութեան, նկատել տալով, որ Սուրիոյ տագնապին լուծումը խոչընդոտող միակ թնճուկը կարգ մը Ծոցի երկիրներ են։ Ընդդիմադիր սուրիացիներու կողմէ իրանցի պատասխանատուներու հետ արձանագրուած կարգ մը հանդիպումներ արտօնած են, որ Սուրիոյ ապագային մասին քննարկումներու կարկինը աւելի լայն բացուի։ Ճիշդ է, որ Սուրիոյ տագնապին մասին Թեհրանի մէջ տարբեր կարծիքներ կան եւ իրանցի բարձրաստիճան պատասխանատուներ մնայուն կերպով Դամասկոս այցելած են եւ մերժած Սուրիոյ մէջ պարզուող ներքին արիւնալի պատկերները։ Սակայն ճիշդ է նաեւ, որ Թեհրան իր հիւրերուն յայտնած է, թէ Սուրիոյ քաղաքական լուծումը ընդդիմութեան եւ վարչակարգին միջեւ համաձայնութեան վրայ կարելի է հաստատել եւ շեշտած են, որ Թեհրան պիտի զօրակցի որեւէ կողմի, որ Դիմադրութեան միտքը վառ կը պահէ։ Իրան ընդգծած է նաեւ, որ Սուրիոյ մէջ նախընտրելի է ժողովրդավարութիւն հաստատել, ինչ ալ ըլլայ անոր բնոյթը։ Այս առումով Թեհրան քայլ մը անդին կþանցնի եւ կը փորձէ համոզել վարչակարգը, որ կարգ մը ընդդիմադիրներ ազատ արձակէ։

Ի՞նչ կը վերաբերի Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու, որոշ տեղեկութիւններու համաձայն, երկու կողմերուն միջեւ տեսակէտները բաւական մօտիկ են. անոնք կը փափաքին, որ սուրիական բանակը միասնական մնայ, որպէսզի կարելի ըլլայ դիմադրել քայիտայի եւ ահաբեկչութեան ընդարձակման արշաւին դէմ։ Անոնք կþուզեն, որ սուրիական ընդդիմութեան տարածքը ընդարձակ ըլլայ. այս միտքը կը բաժնեն նաեւ կարգ մը Ծոցի երկիրներ։ Հոս պէտք չէ տարօրինակ թուի, եթէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն ու Օմանը մօտիկ ապագային ընդունին ոչ իսլամ եղբայր ընդդիմադիր թեւերու պատուիրակութիւններ։ Այս առումով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար շէյխ Ապտալլա պըն Զայէտ Ալ Նահիանի եւ ոչ իսլամ եղբայր ընդդիմադիր սուրիացիներու միջեւ հանդիպում մը մօտալուտ է։

Մոսկուա քաջ կը գիտակցի իշխանութեան վրայ Ասատի գոյատեւումին մասին Ուաշինկթընի մատնուած նեղ կացութեան, սակայն ռուս պատասխանատուներ այդ մասին հարցումներուն պատասխանելով կþըսեն՝ «այդ հարցը պէտք է մէկդի դնել եւ համաձայնիլ Սուրիոյ քաղաքական ապագային շուրջ», իսկ եթէ հարց տուողը պնդէ իր հարցումին վրայ, Լաւրով կþըսէ. «Սուրիոյ մէջ մենք մարգարէներ չունինք, իսկ Ասատի հետ Եւրոպայի յարաբերութիւնները մեզի հետ յարաբերութիւններէն հարիւր անգամ աւելի լաւ էին, սակայն այս մէկը սուրիական հարց է, իսկ նախագահ Ասատ ցարդ չէ յայտնած մեզի, թէ ինք իշխանութիւնը լքել կþուզէ, հետեւաբար մենք չենք կրնար ստիպել անոր եւ մեր դերակատարութիւնը չէ անոր վրայ ճնշում բանեցնել։ Մենք մեր պարտականութիւնը կատարած ենք՝ քիմիական զէնքերուն գործածութիւնը արգիլելու իմաստով, սակայն միւս կողմը սուրիական զինեալ ընդդիմութեան զէնքի մատակարարումը չէ կասեցուցած, այլ կը շարունակէ իր ընթացքը՝ Սուրիոյ եւ սուրիացիներուն դէմ»։ Ասատի մասին ռուսական այս տեսակէտին կþաւելնայ նաեւ Ասատի կամքը՝ նախագահական ներկայ նստաշրջանը կրճատելու եւ կանխահաս նախագահական ընտրութիւններ կատարելու, եթէ քաղաքական համաձայնութիւն մը գոյանայ, եւ պայմանաւ որ ինք եւս առաջադրէ իր թեկնածութիւնը։ Այս մասին յայտնեց սուրիացի ակներեւ ընդդիմադիր անձնաւորութիւն մը։ Իսկ ոմանք կը հաստատեն, որ եթէ Ասատ դարձեալ առաջադրէ իր թեկնածութիւնը, ապա ան բոլորին պիտի փաստէ, թէ ինք տակաւին կը վայելէ սուրիացիներուն մեծամասնութեան զօրակցութիւնը։ Միւս կողմէ սակայն, սուրիացի այլ ընդդիմադիր մը կը փութայ շեշտելու, որ Ասատ իր թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրէ, որովհետեւ ան գիտէ, թէ ինք շատ քիչ թիւով քուէներ պիտի ստանայ։

Արեւմտեան աղբիւրներ կը շեշտեն, թէ քայիտայի վտանգաւոր տարրեր կը գտնուին Լիբանանի մէջ, ուր ապահով միջավայր մը գտած են նաեւ Սուրիոյ ազատ բանակի անդամներ։ Այս առումով, արեւմտեան մայրաքաղաքներ, որոնց մէջ նաեւ Փարիզ, սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինէն եւ զինեալներուն վրայ ազդեցութիւն ունեցող կողմերէն պահանջած են Լիբանանը չէզոքացնել։ Նշենք, որ վերջին հանգրուանին արեւմուտքցի գաղտնի սպասարկութեան պատասխանատուներ բազմիցս այցելեցին Լիբանան եւ Եւրոպայի մէջ ընդունեցին լիբանանցի իրենց պաշտօնակիցները, ուր անոնք փոխանակեցին այնպիսի տեղեկութիւններ, թէ Արեւմուտքի կողմէ հետապնդուած Քայիտայի խորհրդանիշներ կը գտնուին Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ եւ անոնց կողմէ ահաբեկչական գործողութիւններ կատարելու հաւանականութիւնները մեծ են, հետեւաբար պէտք է աշխուժացնել տեղեկութիւններու փոխանակումը եւ լիբանանեան ապահովական կառոյցն ու գաղտնի սպասարկութիւնը օժտել գումակային օժանդակութեամբ եւ հետապնդումի ու հսկողութեան յատուկ սարքերով։

Եթէ նման տեղեկութիւններ աւելցուին Ռուսիոյ կողմէ ամերիկացիներուն յանձնուած Սուրիոյ մէջ Քայիտայի անդամներուն ցանկին, Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն աւելի մեծ թափով պիտի աշխատին Լիբանանի համար քաղաքական համաձայնութիւն մը գտնելու նպատակով։ Սակայն այդ բոլորը, նուազագոյնը վերջին երկու ամիսներուն ընթացքին, գետնի վրայ արձանագրուած ապահովական զարգացումներէն կախեալ կը մնան։ Իսկ բոլոր նշոյլները ցոյց կու տան, թէ Սուրիոյ բռնարարքները հետզհետէ պիտի աւելնան, որովհետեւ իւրաքանչիւր կողմ տակաւին համոզուած է, թէ Սուրիոյ տագնապը ինք կրնայ լուծել։ Այս բոլորին կողքին կան նաեւ խաչաձեւուող հսկայ շահեր, որոնք յատկապէս կը վերաբերին միջերկրականի ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ բացայայտուող քարիւղի բնական հարստութեան։ Սպասելով այն հանգրուանին, երբ բոլորը համոզուին, թէ քաղաքական արագ լուծում մըն է, որ կը փրկէ Սուրիոյ մնացորդացը, արիւնահեղութիւնը պիտի շարունակուի, նախքան բանակցութիւններուն յառաջխաղացքը, կամ նախքան զինուորական զարգացումները, որոնք կրնան Սուրիոյ մէջ տիրող տարազը շրջել, նկատի ունենալով, որ հոն այլեւս ամէն ինչ կարելի է։

Իր կարգին, Ռոզանա Պու Մունսեֆ մեկնաբանելով Ասատի ճառը «Նահար» օրաթերթին մէջ կը գրէ, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի արտասանած վերջին ճառէն ետք հիմնական հարցումը ուղղուած պիտի ըլլայ Ռուսիոյ, որուն արտաքին գործոց նախարարը՝ Սերգէյ Լաւրով ամէն առիթի շեշտեց Ժընեւի համաձայնագիրին գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը, ներառնելով նաեւ փոխանցման հանգրուանը։

Մինչ Լաւրով մնայուն կերպով կþընդգծէր այդ փաստաթուղթին գործադրութեան կարեւորութիւնը, Ասատ իր ճառին մէջ հաստատեց, որ ինք կը մերժէ Ժընեւի համաձայնագիրը եւ անոր պարփակած փոխանցման հանգրուանը։ Այս իրականութիւնը Արեւմուտքին դիմաց Ռուսիան նեղ կացութեան պիտի մատնէ, ինչպէս նաեւ մրցակցութեան պիտի ենթարկէ Սուրիոյ տագնապին լուծման նպատակով իր ներկայացուցած բոլոր լուծումները, որոնք բխած են Սուրիոյ կառչած մնալու Մոսկուայի յանձնառութենէն։ Այս կացութիւնը ինքզինք պարտադրեց նախագահ Ասատի ճառէն ետք, յատկապէս այն առումով, որ Ասատ ոչ միայն ջրեց Սուրիոյ տագնապին լուծման ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Ախտար Իպրահիմիի նախաձեռնութիւնը, այլ նաեւ այն նախաձեռնութիւնը, որ առաջարկուած էր իր դաշնակից Իրանի կողմէ։ Սակայն այս վերջինս իր արտաքին գործոց նախարարին հաստատումով զօրակցութիւն յայտնեց Ասատի առաջադրած նախաձեռնութեան, աւելցնելով, որ Սուրիոյ տագնապին լուծման նպատակով ներկայացուած իրանեան եւ սուրիական նախաձեռնութիւնները գրեթէ ներդաշնակ են։

Միջին Արեւելքի Հայ Դատի Գրասենեակ
15 Յունուար 2013

Տպել Տպել