Չերեւացող Աշխատանքներ

Apo-P Ինչո՞վ զբաղուած են դաշնակցականները Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ: Դաշնակցական շարքայինը, կուսակցական միաւորները՝ կոմիտէութիւնները, անոնց ղեկավար մարմինները՝ կոմիտէները, համադրող-ղեկավարող շրջանային մարմինը՝ Կեդրոնական կոմիտէն:

Այս դաշնակցական համակարգը, կառոյցը, համայնքին ազգային միջավայր, ազգային գաղափարախօսութիւն, ազգային-համազգային խնդիրներու լուսաբանում, ազգային առաջնորդութիւն ապահովելու խնդիր ունի:
Ազգային միջավայր ստեղծելու համար, Դաշնակցական կառոյցը կ՛աշխատի Հայ կեդրոններու ցանցերը ընդարձակել, արդիականացնել, զանոնք հայկականութեան շունչով լեցնել եւ հայ երիտասարդութեան ու ընդհանրապէս հայ մարդոց համար հանգիստ, ընտանի տարածքի վերածել, ձեւով մը՝ հայրենիքէն դուրս հայրենի միջավայր մը տրամադրել օտար ափերու վրայ ապրող հայուն: Ամէն աշխատատար, ամէնօրեայ ճիգ ու եռանդ կը պահանջէ հայ կեդրոններ պահպանելու, նորեր ապահովելու եւ զանոնք միշտ կենսունակ պահելու գործը: Յատկապէս տնտեսական տագնապներու ժամանակներուն, առաւել լարուած ճիգ պէտք է թափել, որպէսզի ոչ մէկ որակական զիջում կատարուի ընթացիկ ծրագիրներէն, իսկ եթէ շրջան մը նոր կեդրոն առնելու յանդգնութիւնը ունենայ (Արեւմտեան շրջանին մէջ նման յանդուգն կոմիտէութիւններու թիւը նկատելի է, Պըրպենքէն սկսեալ մինչեւ Նորթ Վալի) այսպիսի օրերու, ապա կրնաք երեւակայել, թէ ի՛նչ ծանրաբեռնուածութեամբ պէտք է աշխատին կոմիտէութեան անդամները:
Ազգային գաղափարախօսութիւնը, որ համաձուլուած է Դաշնակցութեան պատմութեան ու արժէքային համակարգի բաղադրիչներուն հետ, պէտք է կենդանի գործով հաստատուի, ամրապնդուի, դառնայ առօրեայ իրականութիւն հայ մարդուն՝ անոր շնորհիւ զօրացնելու համար ապազգայնութեան ու օտարման դէմ պատուար կանգնած հոգիի ու մտքի ամրոցները:

Ազգային-համազգային հարցերու լուսաբանումը ամէնօրեայ շփումներու, հրապարակային հաւաք-ձեռնարկներու, ժողովներու ու հանդիպումներու ընդմէջէն կը կատարուի:

Ազգային առաջնորդութիւնը կ՛իրականանայ համայնքի կազմակերպման սլացք եւ ուղղութիւն տալու, համայնքի գործունէութեան առաջնահերթութիւնները յստակացնելու եւ այդ առաջնահերթութիւններուն ծառայելու նպատակով համայնքի միջոցներուն զօրաշարժի մթնոլորտ ստեղծելու ճամբով՝ աշխատանքի ու պայքարի առաջին շարքերը գրաւելու պատրաստակամութեամբ:

122 տարուան կենսագրութիւն ունեցող ազգային կուսակցութեան՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, շարքերը ամէն օր գերագոյն զոհողութիւններու ճամբով փառքի պսակներու հասնելու բախտը չեն ունենար, յաճախ եւ մեր նոր պայմաններու բերումով, աւելի յաճախ չերեւացող, շատերու համար ալ անտեսանելի ու չնկատուող աշխատանքներով կը բերեն իրենց բաժինը ազգային մեր կեանքին, մեր պայքարին, մեր ապագային:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«ԱՍՊԱՐԵԶ»

Տպել Տպել