Ընկերվարական Գիտակցութեամբ

Ռազմիկ Շիրինեան

Ռազմիկ Շիրինեան

Ինչ որ մինչեւ հիմա ապրած է հայ ազգը՝ նախնական իր պատմութիւնն է միայն: Ցարդ տեսած ենք բռնատիրութեան, ցեղասպանութեան, իրաւազրկման եւ շահագործման պատմութիւնը: Ապա-գային մէջ պէտք է յուսալ ու կերտել իրական մեր պատմութիւնը, ուր կեանքը ընկերվարական եւ ժողովրդավարական ամբողջական իմաստ պիտի առնէ:

Եւ այս յոյսի իրականացման մէջ հիմնական դեր ունի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը՝ իր գաղափարական ու յեղափոխական առաջադրանքներով: Գիտենք որ աշխատաւոր անհատն է խարիսխը ապագայ հայութեան. աշխատաւոր անհատը՝ ըլլայ գիւղացի, քաղաքացի, արուեստագէտ թէ մասնագէտ, ձերբազատուած շահագործման երեւոյթէն , բանական իր կեանքը ապրող ու բնական պայմաններու մէջ արտադրող: Աշխատաւոր անհատը, որ վերջին հաշուով կը գիտակցի իր շահագործումի պատճառներուն ու ազատագրումի ոստումը առած կ՛ըլլայ կերտելու համար հայ ազգի ապագան:

Մարդկութիւնը մխրճուած է նախնական այս պատմութեան մէջ: Դրամատիրական տրամաբանութիւնն է, որ կ՛իշխէ ու կ՛արդարացնէ գոյութիւն ունեցող շահագործումը, վայրագութիւնները, ոճրագործութիւնները, կայսերապաշտ պատերազմները, որոնք միլիոնաւորներու կեանքին պատճառ դարձած են: Դրամատիրութեան պատմութիւնն է, որ տակաւին կ՛ապրինք, համաշխարհային պատերազմներու, գաղութատիրական շահագործումներու, ցեղասպանութիւններու, սովի, ագահութեան եւ շահագործումի սովորութիւններով: Ճիշդ ասոր համար է, որ Հայաստանի մէջ այսօր սովամահ երեխաներ կան եւ պետական ոչ մէկ միջոց կայ փոխելու համար կացութիւնը: Պետութիւնը ինքը շահագործման երեւոյթը պաշտպանող ու ազատական օրէնքներ հաստատող քաղքենի դասակարգին կ՛ենթարկուի: Դժբախտաբար, երկիրը պետութեան եւ իշխանաւոր դասակարգին կը պատկանի եւ, հետեւաբար տակաւին, չենք կրնար ըսել ու հպարտանալ որ հայ սովորական ու աշխատաւոր անհատը ազատ ու անկախ իր հայրենիքը ունի այսօր:

Ժողովրդավարական արդար համակարգը կը հաստատուի աշխատաւորի բարօր ու բնական կեանքին վրայ: Այս իսկ պատճառով ընկերվարական գաղափարախօսութեամբ յառաջացած յեղափոխութիւնները միայն ժողովրդավարական յաջողութիւն կրնան ունենալ: Աշխատաւորներու զան-գուածային մասնակցութիւնը անհրաժեշտ կը դառնայ յեղափոխութեան խաղաղ աւարտին համար: Ասոր համար ալ պատմութեան մէջ զանգուածային մասնակցութեամբ յաջողած յեղափոխութիւնները նուազագոյն արիւնահոսութեամբ ու վայրագութեամբ եղած են: Միայն իշխանաւոր դրամատէրն է որ վայրագութեամբ կը հակադաձէ աշխատաւորներու զանգուածային շարժումին ու բռնի ուժով կը փորձէ ճզմել ժողովուրդին արդար պահանջները:

Յեղափոխութիւններուն մէջ իշխանաւոր դրամատէրն է որ արիւնահեղութեան պատճառ կը դառնայ:
Դաշնակցութիւնը իր յեղափոխական նկարագրով, ինչպէս նաեւ գաղափարական ու քաղաքական իր հեռանկարով առաջնակարգ դիրքի վրայ կը մնայ երկիրը ժողովուրդին, այսինքն աշխատաւոր զանգուածին վերադարձնելու պայքարին մէջ: Դաշնակցութիւնը, այլ խօսքով, ընկերվարական կուսակցութիւն է որովհետեւ քաղաքական իր միջավայրը ժողովուրդն է ու իր տեղեկութինները կ՛առնէ ժողովուրդէն եւ ոչ թէ իշխանութենէն: Ժողովուրդն է որ գոյութիւն ունի քաղաքական դաշտին մէջ, տէրն է քաղաքականութեան, սովորական կեանքին եւ բնական զարգացումին:
Ընկերվարական առաջադրանքներով առաջնորդուող կուսակցութիւնը ժողովուրդին կը պարտի քաղաքական իր միտքը, ծրագիրները եւ գործունէութիւնը: Դժբախտաբար սակայն, հայաստանեան իրականութեան մէջ այսօր պատճառներ շատ կան ժողովուրդ-կուսակցութիւն տարանջատման: Հեռու է ընկերվարական կուսակցութիւնը իր ժողովուրդէն:

Այս հեռաւորութիւնը տեսնելը էական է դաշնակցական մտքին համար: Այլ խօսքով, տեսնել որ ազգային-քաղաքական յղացքը ու պետական-դիւանագիտութիւն ըսուածը հակադիր հասկացողութիւններ են եւ հայ քաղաքական միտքը դժբախտաբար տակաւին չէ կրցած գիտակցիլ այս իրականութեան: Ընդհակառակը, այդ մտքերը տակաւին կը ներկայացուին իբրեւ մէկ ամբողջութիւն՝ կառավարման արդար համակարգի մեկնաբանութիւններուն մէջ:

Քննադատական արագ ու կտրուկ հարուած մը պէտք է ըսելու համար, որ այս մտքերը ոչ միայն իրար չեն ամբողջացներ, այլ հակադիր մտքեր են ըստ էութեան: Ազգային-քաղաքական հասկացողութիւնը չի կրնար նաեւ պետական-դիւանագիտական ըլլալ մանաւանդ երբ ազատական է համակարգը եւ դրամատիրութիւնն է իշխող տնտեսութիւնը:

Հայ քաղաքական միտքը դիւանագիտութեամբ դաստիարակուած է եւ հետեւաբար դժուար թէ անդրադառնայ հայ քաղաքական իրականութեան դառն հարցերուն՝ թշուառութիւն, անգործութիւն, սովամահ երեխաներ, արտագաղթ, թշնամի շրջապատ եւ քաղքենի իշխանութիւն: Հարցը այդ դառն իրականութիւններուն անդրադառնալը եւ կամ անոնց գոյութիւնը ճանչնալ չէ միայն, այլ անոնց քաղաքական ենթակառոյցը յստակացնել եւ այդ մակարդակով ծրագիր գործադրել: Ասիկա քաղաքական միտք եւ գործ է դիւանագիտական զբաղումներէն առաջ, ու մանաւանդ՝ դէպի ընկերվարութիւն անցումային կարեւոր հանգրուան: Հետեւաբար, ընկերվարական կուսակցութեան մը գործն է քաղաքական դասակարգը պայքարի հանել դիւանագիտական դասակարգին դէմ: Իսկ եթէ միջոցը ընտրութիւններն են եւ ընկերվարական կուսակցութիւնը կը պայքարի իշխանութեան տիրանալու, ապա միայն աշխատաւոր դասակարգի լայն մասնակցութեամբ կարելի է յաջողիլ: Աշխատաւոր դասակարգն է, որ իր շահերը կը տեսնէ ընկերվարական կուսակցութեան ծրագիրին մէջ ու քուէ կու տայ անոր:

Բայց գիտենք որ Դաշնակցութիւնը չի մասնակցիր նախագահական յաջորդ ընտրութիւններուն: Չի մասնակցիր ոչ միայն որովհետեւ ընտրութիւնները ազատ կամ արդար չեն ըլլար, այլ որովհետեւ այս ընտրութիւները պարզապէս ժողովրդավարութեան պատրանքը կը ստեղծեն: Ազատական միջավայրի մէջ տեղի ունեցող ընտրութիւններուն իշխանաւորն է, որ վերջին հաշուով կ՛ընտրուի, կամ կը վերընտրուի՝ շահագործելու համար զինք ընտրողները: Քուէարկութիւնը կը ծառայէ միայն իշխող դասակարգին: Ազատական համակարգի մէջ տեղի ունեցող ընտրութիւնները պարզապէս կը հաստատեն ու կ՛իրաւականացնեն աշխատաւոր դասակարգին շահագործումը: Դրամատէրին շահն է որ կը հաստատուի այսպէս կոչուած ընտրութիւններուն ու օրէնքի իշխանութեան մէջ:

Դժբախտաբար շահագործուած անհատն ալ յաճախ դրամատիրութիւն կը գովէ: Յոյս կը կապէ հաստատուած համակարգին եւ կը դժկամի պայքարիլ փոփոխութեան համար: Չի գիտակցիր շահագործման երեւոյթին, պատճառներուն, գողցուած իր իրաւունքներուն: Չանդրադառնար որ գողը եւ դրամատէրը շատ տարբերութիւն չունին իրարմէ: Այդ գիտակցութիւնը արդէն առաջին քայլն է համակարգային փոփոխութեան եւ ընկերվարական կուսակցութիւն մը միայն կրնայ քաղաքական դպրոցը ըլլալ այդ գիտակցութեան:

ՌԱԶՄԻԿ ՇԻՐԻՆԵԱՆ
«ԱՍՊԱՐԷԶ», 25 Յունուար 2013

Տպել Տպել