«Ազդակ»ի խմբագրական. Գերակայ Երկու Ուղղութիւն

elections-2013-LebanonԸնտրութիւնները ժողովրդավար երկիրներու պարագային առիթ են ծրագիրներու ներկայացման, տուեալ երկրին դիմագրաւած խնդիրները լուծելու ուղղութեամբ այս կամ այն ուժին, կուսակցութեան կամ անձնաւորութեան ունեցած պատկերացումներուն ծանօթացման: Անոնց հիման վրայ է, որ մարդիկ, կազմակերպութիւններ իշխանութիւն կը ստանձնեն եւ սկզբունքով կը փորձեն իրականացնել իրենց նախընտրական խոստումները: Այս մէկը քաղաքագիտական պարզ տեսութիւն է:

Լիբանանցի քաղաքացին երկար ատենէ ի վեր կը հետեւի ընտրական նոր օրինագիծերու առաջադրման, վէճերուն, քաշքշուքներուն եւ այդ բոլորով ստեղծուած անորոշութեան: Քննարկման սեղանին վրայ դրուած նախագիծերը տիրող մթնոլորտին եւ արձանագրուող մօտեցումներուն լոյսին տակ չեն բիւրեղանար եւ հեռու կը մնան համաձայնական եզրերու յանգելու ընթացքէն:

Լիբանանը ամբողջ կանգնած է իր պետական հաստատութիւններու վերաձեւաւորման կարեւոր շրջադարձի, այլ խօսքով` կարեւոր քննութեան առջեւ: Տարածաշրջանային մակարդակի վրայ ստեղծուած ճգնաժամերը, անոնց իբրեւ ազդեցութիւն` երկրին մէջ տիրող լարուած իրավիճակը, համայնքային եւ կրօնական ներշնչումներու տակ ներկայացուող հատուածայնութիւնը անգամ մը եւս մթագնած են քաղաքական երկնակամարը:

Ընտրական որեւէ օրինագիծի քննարկումն ու մանաւանդ անոր որդեգրումը այս երկրին համար կը նշանակէ ամբողջ պետական համակարգին եւ հասարակութեան գոյութեան, ստեղծագործման եւ ներդաշնակ համակեցութեան տանող ուղիի որոշում: Անոր հիման վրայ է, որ պիտի ձեւաւորուին նախ օրէնսդիր իշխանութիւնը, ապա` գործադիրը եւ պետական բոլոր հիմնարկները:

Ճիշդ այստեղ է ուրեմն, որ հատուածայնութիւնը պէտք չէ ստանայ գերակայ ուղղութեան նշանակութիւն: Համայնքներու իրողական ներկայացուցչութիւններու ապահովումը կենսական է որեւէ ընտրական օրինագիծի որդեգրման համար: Միաժամանակ սակայն, լիբանանեան հասարակութիւնը բաղկացնող բոլոր համայնքներու իրաւունքի յարգումը եւս նախապայմանային նշանակութիւն ունի ընտրութիւններուն ընթացքին:

Այնքան ատեն որ միջհամայնքային կառուցուածքին վրայ հիմնուած է լիբանանեան պետական-կառավարական, ինչպէս նաեւ հասարակական կեանքը, միջհամայնքային համախոհութեամբ պայմանաւորուած է որեւէ օրինագիծ, որոշումի որեւէ նախագիծ եւ որեւէ օրէնք:

Այն ոդիսականը, որ կ՛ապրի ընտրական նոր օրինագիծը, կրնայ նոր սկիզբ ապահովել երկրի կայունութեան, անվտանգութեան, բարօրութեան եւ խաղաղ ու անդորր պայմաններու ստեղծման: Հակառակ ուղղութիւնը, հատուածայնութիւնը, այս կամ այն համայնքին կամքին պարտադրումը, ընտրական օրինագիծին մէջ միայն իր ուժին բացարձակ տիրապետումը տեսնելը այլ վտանգաւոր ուղիներու կ՛առաջնորդեն մայրիներու երկիրը: Արդէն իսկ դիւրաբեկ կայունութիւնը, կրօնական ծայրայեղութիւններու վտանգաւոր դրսեւորումները, ապահովութեան խախտումներու շատ մտահոգիչ երեւոյթները եւ դրացի երկիրներու մէջ պատահածներու տեղափոխման մնայուն մղձաւանջները ցնցած են հասարակութիւնը, որ պէտք ունի բնականոն պայմաններու, տնտեսութեան ամրապնդման, ընկերային հարցերու լուծման եւ քաղաքացիի արժանապատիւ կեանքին:

Եթէ այս առաջադրանքները չեն, որոնք կ՛առաջնորդեն ընտրական նոր օրինագիծի ճարտարապետները, երկիրը կը մատնուի նոր անորոշութիւններու եւ անհեռանկար նոր իրավիճակներու:

Բանաձեւը` ընտրական նոր օրինագիծին, պէտք է կառուցուած ըլլայ համայնքներու իրողական ներկայացուցչութիւններու եւ միջհամայնքային համակեցութեան սկզբունքներուն վրայ: Գերակայ այդ երկու ուղղութիւններէն տարբեր որեւէ ուղղութիւն կը սպառնայ Լիբանանի կայունութեան եւ անդորրութեան:

«ԱԶԴԱԿ»ի խմբագրական
26 Յունուար 2013

Տպել Տպել