«Հորիզոն»ի Փակման Կամայական Որոշումին Դէմ Յայտարարութիւն

HorizonTV«Չարթըր Քոմիւնիքէյշընզ» ընկերութիւնը վերջերս Հորիզոն Հայկական Հեռատեսիլի կայանի տնօրէնութեան տեղեկացուց, որ երկու տասնամեակէ աւելի հայ համայնքին իր ծառայութիւնը բերած կայանը Փետրուար 19ին պիտի հանուի ընկերութեան կայաններու ցանկէն:
Այս ցնցող ու միակողմանի որոշումը՝ առնուած ընկերութեան մը կողմէ, որ կը տնօրինէ Կլենտէյլի, Պըրպենքի, Լա Քրեսենթայի, Լա Քանիատայի, Փասատինայի եւ Սան Կապրիէլ Հովիտի քապելային կայաններու համակարգը, պիտի զրկէ իր յաճախորդները համայնքի իրադարձութեանց մասին վստահելի տեղեկութիւններ ստանալու կարելիութենէն, այնպիսի կարեւոր ժամանակաշրջանի մը, երբ Պըրպենքի, Կլենտէյլի, Լոս Անճելըսի եւ շարք մը այլ հարեւան քաղաքներու մէջ շուտով տեղի պիտի ունենան քաղաքային ընտրութիւններ:

«Հորիզոն» հայկական հեռատեսիլի տնօրէնութիւնը «Չարթըր» ընկերութեան այս քայլը կը նկատէ անարդար՝ իր յաճախորդները վնասող գործողութիւն: 2012ի Դեկտեմբերի սկիզբը, «Հորիզոն»ի տնօրէնութիւնը համաձայնած էր իր յայտագիրը շարունակելու վերաբերեալ «Չարթըր»ի նոր պայմաններուն: Նոր Տարիէն առաջ, նախքան կայանի դուրս հանուելուն մասին տեղեկանալը, «Հորիզոն» կատարած էր իր նիւթական բոլոր պարտաւորութիւնները:

«Հորիզոն» հեռատեսիլի կայանը իր առաջին ծրագիրը սփռեց 1989ին, հայ համայնքին ծառայելու եւ զայն միշտ տեղեկացուած պահելու առաքելութեամբ: Շուտով «Հորիզոն»ը դարձաւ օրէ օր բազմացող հայ համայնքի ձայնը արտայայտող միջոց մը: 1999ին, «Հորիզոն»ը ընդարձակեց իր ծրագիրները եւ դարձաւ տեղւոյն հայ համայնքէն ներս գործող առաջին ամբողջօրեայ հեռատեսիլի կայանը, որ համագործակցելով հայկական կազմակերպութիւններու եւ առեւտրական շրջանակներու հետ՝ իրեն հետեւողները հանգամանօրէն իրազեկ պահեց հայկական իրադարձութիւններու մասին: Անցեալ 14 տարիներուն, «Հորիզոն» առանցքային դեր ունեցաւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ հայկական հեռատեսիլի ծրագիրներու ընդլայնման մէջ:

«Չարթըր» ընկերութեան այս քայլը կարելի է միայն բնութագրել իբրեւ ճնշում՝ գործադրուած ոչ-շահութաբեր կազմակերպութեան մը վրայ, որուն նպատակը հայ համայնքին ծառայել է: Այս քայլը արհամարհանք է՝ ուղղուած Կլենտէյլի, Պըրպենքի եւ շրջակայ քաղաքներու հայ հաւատարիմ յաճախորդներուն, եւ՝ անզգայութիւն անոնց հանդէպ:

Մենք վստահ ենք, որ «Հորիզոն» դիտողներուն պիտի միանան մեր համայնքին մէջ գործող կազմակերպութիւնները, ղեկավարները եւ գործարար շրջանակը, եւ միասնաբար պիտի արտայայտեն իրենց յուսախաբութիւնն ու զայրոյթը՝ ուժի այս կամայական կիրարկման դէմ, որ միայն կը հետապնդէ մեր կենսունակ համայնքի ձայները լռեցնելու նպատակը:

Յառաջիկայ օրերուն, «Հորիզոն»ի տնօրէնութիւնը եւ համայնքի ներկայացուցիչներէն կազմուած յատուկ աշխատանքային խումբ մը պիտի հրապարակեն իրաւական եւ այլ քայլերու ծրագիր մը՝ ոչ միայն պահպանելու համար Հորիզոն Հայկական Հեռատեսիլի կայանը, այլեւ՝ ընդարձակելու անոր հասողութիւնը դէպի հարեւան շրջաններ, ինչպէս նաեւ առաւել ճոխացնելու համար անոր յայտագիրները՝ գործակցելով հայկական ծրագիրներ պատրաստողներու հետ:

«ՀՈՐԻԶՈՆ» ՀԱՅԿԱԿԱԿԱՆ ՀԵՌՈՒՍՏԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆ
«ԱՍՊԱՐԷԶ», 28 Յունուար 2013

Տպել Տպել