Հակառակ գաղութէս ներս տիրող անբարենպաստ պայմաններուն, հալէպահայութիւնը արժանապատիւօրէն տօնանշեց ՀՅԴ 122-ամեակի ոգեկոչում

ARF122-Aleppo
Կի­րա­կի, 20 Դեկ­տեմ­բեր 2013-ին, Հա­լէ­պի «Գ.Եսայ­եան» սրա­հին մէջ հա­լէ­պա­հա­յու­թիւնը ար­ժա­նա­ւոր կեր­պով նշեց Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան եւ պայ­քա­րի 122-ամ­եա­կը:

122 տա­րի­ներ շա­րու­նակ յա­նուն ժո­ղո­վուր­դի ծա­ռա­յու­թեան եւ յա­նուն ազ­գա­յին վսեմ նպա­տակ­նե­րու իրա­կա­նաց­ման` Դաշ­նակ­ցու­թեան պատ­նէ­շի վրայ ըլ­լա­լու ապա­ցոյցն էր հոծ բազ­մու­թեան ներ­կա­յու­թիւնը:

Հան­դի­սու­թիւնը կը հո­վա­նա­ւո­րէր Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Առաջ­նորդ Տ. Շա­հան Ս. Եպիս­կո­պոս Սար­գիս­եա­նը: Ներ­կայ էին Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան հա­մայն­քի Հա­մայն­քա­պետ­ն ու Հայ Կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քի Առաջնորդի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, Հա­լէ­պի մէջ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հիւ­պա­տո­սը, Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի ազ­գա­յին վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, Հա­լէ­պա­հայ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու եւ մշա­կու­թա­յին, բա­րե­սի­րա­կան, մար­զա­կան եւ հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ հո­գե­ւոր հայ­րեր:

Հան­դի­սու­թիւնը սկ­սաւ եւ բե­մը բաց­ուե­ցաւ Սուր­իոյ եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան զոյգ քայ­լերգ­նե­րով, կա­տա­րո­ղու­թեամբ` Հա­մազ­գա­յի­նի «Զուարթ­նոց» երգ­չա­խում­բին, դաշ­նա­կի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ` օրդ. Ռու­զան Պար­սում­եա­նի: Ներ­կա­նե­րը մէկ վայրկ­եան յոտն­կայս յար­գե­ցին Սուր­իոյ եւ Հա­յաս­տա­նի բիւ­րա­ւոր նա­հա­տակ­նե­րուն յի­շա­տա­կը:

Բաց­ման խօս­քը ար­տա­սա­նեց տի­ար Գօ­գօ Յա­րու­թիւն­եան, որ գլ­խա­ւո­րա­բար շեշ­տեց, թէ այ­սօր սուր­ի­ա­հա­յու­թեան ապ­րած ծանր օրե­րուն, անոր դի­մագ­րա­ւած բա­զում դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը յաղ­թա­հա­րե­լու հա­մար Դաշ­նակ­ցու­թիւնը պատ­նէ­շի վրայ, ժո­ղո­վուր­դին կող­քին է, ժո­ղո­վուր­դին մէջ եւ ժո­ղո­վուր­դին հետ: Ան իր խօս­քին մէջ նշեց, թէ «Ժո­ղո­վուր­դի ներ­կա­յու­թիւնը ջեր­մու­թեամբ կ՛ողո­ղէ մեր ծրա­գիր­նե­րը եւ անոնց իրա­գործ­ման հա­մար ի գործ դըր­ուած մեր ջան­քե­րը նոր ուժ կը ստա­նան»:

Պա­հի յա­տուկ լր­ջու­թեամբ ելոյթ ու­նե­ցաւ Հա­մազ­գա­յի­նի «Զուարթ­նոց» երգ­չա­խում­բը յա­ջոր­դա­բար մեկ­նա­բա­նե­լով` «Ելէ՛ք Հա­յեր», «Պա­րիր Ար­ցախ­ցի» եւ «Դաշ­նակ­ցու­թիւն» եր­գե­րը:

Գե­ղար­ուես­տա­կան յայ­տագ­րին յա­տուկ երանգ տուաւ դաշ­նա­մու­րի վրայ Առ­նօ Պա­պա­ճան­եա­նի «Էլէկ­իա»-ի ներ­կա­յա­ցու­մը` օրդ. Ռու­զան Պար­սում­եա­նի կող­մէ:

Այ­նու­հե­տեւ ելոյթ ու­նե­ցաւ Հա­մազ­գա­յի­նի «Սար­դա­րա­պատ» պա­րա­խում­բը «Հա­յաս­տան» պա­րով:
Ապա օրդ. Մար­իա Սար­գիս­եա­նը տպա­ւո­րիչ առո­գա­նու­թեամբ աս­մուն­քեց Սար­գիս Կի­րա­կոս­եա­նի «Օրհ­ներգ Մե­րօր­եայ Աս­պետ­նե­րուն» բա­նաս­տեղ­ծու­թիւնը:

Օր­ուան բա­նա­խօսն էր` տի­ար Կա­րօ Եիւզ­պաշ­եա­նը: Ան հան­գա­մա­նօ­րէն անդ­րա­դար­ձաւ Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան կազ­մա­կերպ­չա­կան ու­ժին եւ գա­ղա­փա­րա­կան աւանդ­նե­րուն, որոնք իր ծնուն­դէն սկըս­եալ վճռե­ցին պատ­մակ­շիռ առա­քե­լու­թեան տա­րո­ղու­թիւնը եւ ի գործ դր­ուե­լիք զո­հո­ղու­թեանց մաշ­տա­պը:
Բա­նա­խօ­սը նշեց, թէ ինչ­պէս որ Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թիւնը Հա­յաս­տա­նի մէջ կը ձգ­տի Հայ Ժո­ղո­վուր­դի բա­րօ­րու­թեան, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ամ­րապնդ­ման, երկ­րի զար­գաց­ման եւ Հայ­րե­նի Պե­տա­կա­նու­թեան կա­յաց­ման ու հզօ­րաց­ման, նոյն­պէս ալ պա­տաս­խա­նա­տու դիրք կը ստանձ­նէ Սփիւռ­քի տա­րած­քին, ինչ­պէս նա­եւ Սուր­իոյ մէջ:

Տի­ար Եիւզ­պաշ­եա­նը դի­տել տուաւ, թէ սուր­ի­ա­հայ գա­ղու­թը իր երա­զա­յին Հա­լէ­պով, հա­մաս­փիւռք­եան մեր կա­ռոյց­նե­րուն այն ինք­նա­տիպ ու աւան­դա­կան գա­ղութն է, որ կազմուե­ցաւ յետ Եղեռ­նի դժ­բախտ իրո­ղու­թեան: Սա­կայն` Մարտ 2011-ին երկ­րիս տա­րած­քին զար­գա­ցող դէպ­քե­րը ալե­կո­ծե­ցին նա­եւ սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը: Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թիւնը, նա­խա­ձեռ­նո­ղը եղաւ Սուր­իոյ Շտապ Օգ­նու­թեան Մարմ­նի ստեղծ­ման, ինչ­պէս նա­եւ դար­ձաւ անդ­րա­նիկ նուի­րա­տուն, Հա­յաս­տա­նի մէջ «Օգ­նի՛ր Եղ­բօրդ» ծրագ­րին եւ Սփիւռ­քի տա­րած­քին օժան­դա­կու­թեանց կազ­մա­կերպ­ման գոր­ծին:

Բա­նա­խօ­սը իր խօս­քը եզ­րա­փա­կեց շեշ­տադ­րե­լով հե­տեւ­եալ հիմ­նա­կան կէ­տե­րը.

    1.- Սուր­ի­ա­հա­յե­րը կը մնան Սուր­իոյ ժո­ղովր­դա­յին հիւս­ուած­քի ան­բա­ժան մէկ բա­ղադ­րի­չը:
    2.- Անհ­րա­ժեշտ է տէր կանգ­նիլ Սուր­իոյ հո­ղա­յին եւ ժո­ղովր­դա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան:
    3.- Ջա­տա­գովն ենք Սուր­իոյ մէջ ժո­ղովր­դա­կան կար­գե­րու ամ­րապնդ­ման եւ զար­գաց­ման:
    4.- Կը հա­ւա­տանք ժո­ղովր­դա­յին բո­լոր խա­ւե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ, երկ­խօ­սու­թեան ճամ­բով լու­ծել առ­կայ տագ­նա­պը հե­ռու մնա­լով բռ­նա­րարք­նե­րէն:
    5.- Դէմ ենք այն մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րուն, որոնք կը հրահ­րեն տագ­նա­պը, հա­մա­կե­ցու­թիւնը եւ երկ­րի ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւնը:
    6.- Յար­գան­քով կը խո­նար­հինք Սուր­ի­ա­կան հայ­րե­նի­քին սի­րոյն իրենց արիւնը նուի­րա­բե­րած բո­լոր նա­հա­տակ­նե­րուն յի­շա­տա­կին:

Վեր­ջա­պէս բա­նա­խօ­սը պաշ­տօ­նա­պէս շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տութ­եան եւ ժո­ղո­վուր­դին, կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն, միու­թիւն­նե­րուն եւ ան­հատ բա­րե­րար­նե­րուն, որոնք չզ­լա­ցան իրենց պատ­ուա­բեր ներդ­րու­մը կա­տա­րե­լու սուր­ի­ա­հա­յու­թեան օժան­դա­կու­թեան բո­լո­րա­նո­ւէր գոր­ծին: (Բանախօսութիւնը ամ­բող­ջու­թեամբ այստեղ):

Ապա բեմ բարձ­րա­ցաւ Սր­բա­զան Հայ­րը փո­խան­ցե­լու հա­մար իր սր­տի խօս­քը: Ան առա­ջին հեր­թին ցն­ծու­թեամբ, ներ­քին հզօր կամ­քով եւ խան­դա­վա­ռու­թեամբ ող­ջու­նեց ժո­ղո­վուր­դի խուռ­նե­րամ ներ­կա­յու­թիւնը Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան ծննդ­եան եւ գոր­ծու­նէ­ու­թեան 122 ոսկ­եայ տա­րի­նե­րու առ­թիւ պատ­րաստ­ուած սոյն ձեռ­նար­կին: Սր­բա­զան Հայ­րը նշեց, թէ վեր­ջին 122 տա­րի­նե­րը լե­ցուն են այն­պի­սի սըխ­րա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով, որոնց հա­մար մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը առանց բա­ցա­ռու­թեան կր­նան հպար­տու­թեամբ եւ հա­մա­հայ­կա­կան գի­տակ­ցութ­եամբ իրենց ճա­կա­տը բարձր պա­հել եւ որուն մէջ պատիւը կը տր­ուի հա­յան­ուէր կազ­մա­կեր­պու­թեան` Դաշ­նակ­ցու­թեան, որ մեր պատ­մու­թեան ամե­նատը­խուր օրե­րուն եւ ամե­նա­տագ­նա­պա­լի պա­հե­րուն կը յայ­տա­րա­րէ եւ կը խոս­տա­նայ պատ­նէ­շի վրայ ըլ­լալ:

Սր­ցա­զան Հայ­րը իր պատ­գա­մին մէջ նշեց, թէ «մեր ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին տագ­նապ­ներ, պա­տե­րազմ­ներ, բազ­մա­տե­սակ նե­ղու­թիւն­ներ եւ ստր­կաց­ման բո­լոր տե­սա­կի ճի­գե­րը ճիշդ է եր­բեմն հո­գե­բա­նօ­րէն կ՛ընկ­ճեն մեր ժո­ղո­վուր­դը, սա­կայն մթու­թեան մէջ` լոյս, տխ­րու­թեան մէջ` ցն­ծու­թիւն բե­րող այ­սօր­ուան հան­դէ­սը կը նկա­տեմ յաղ­թու­թիւն: Յաղ­թու­թիւն այն իմաս­տով, որ սուր­ի­ա­կան տագ­նա­պին մէջ, սուր­ի­ա­ցի­նե­րուն կրած բազ­մա­տե­սակ նե­ղու­թեան մէջ, սուր­ի­ա­կան հա­մայն­քը մի­ա­կամ եւ ամ­րա­կուռ կը մաս­նակ­ցի սոյն հան­դի­սու­թեան: Եր­բեմն մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րէն մեկ­նող, եր­բեմն պատ­նէ­շէն վար թաւա­լող, եր­բեմն լքող, եր­բեմն նա­հան­ջող փոք­րա­թիւ զանգ­ուա­ծին դի­մաց մե­ծա­թիւ մեր ժո­ղո­վուր­դը ամ­րա­կուռ կառ­չած կը մնայ այն սկզ­բունք­նե­րուն, որոնք մեր ժո­ղովր­դա­յին ծա­ռա­յու­թեան աստ­ուա­ծօրհն­եալ ար­ժէք կու տան:

Սր­բա­զան Հայ­րը իր խօս­քը փա­կեց ող­ջու­նե­լով պատ­նէ­շի վրայ մնա­ցող եւ նե­ղու­թիւն­նե­րու դի­մա­ցող երի­տա­սար­դու­թեան եւ յատ­կա­պէս Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան երի­տա­սարդ­նե­րուն, որոնք ամէն ինչ ի գործ կը դնեն, որ­պէս­զի մեր ժո­ղո­վուր­դը ամուր մնայ տագ­նա­պա­լի այս օրե­րուն մէջ:

Մնա­լով միշտ պատ­նէ­շի վրայ` Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թիւնը իր 122 ամ­եայ եր­թով ու նո­րա­նոր իրա­գոր­ծում­նե­րու խոս­տու­մով, կը շա­րու­նա­կէ ըլ­լալ մեր խա­ւար ճա­նա­պարհ­նե­րու լուա­սա­ւոր փա­րո­սը, հա­յու մար­տու­նակ ոգիի վե­րըն­ձիւղ­ման դարբ­նո­ցը եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­կա­տար տեն­չե­րու իրա­կա­նաց­ման ռահ­վի­րա­ն:

ՎԱՐԴԵՆԻ ԽՈՒՏԷՑԵԱՆ
«ԳԱՆՁԱՍԱՐ», 29 Յունուար 2013

Տպել Տպել