«Հ.Յ.Դ.-ն Պիտի Մնայ Հայ Ժողովուրդի Անկատար Տենչերու Իրականացման Ռահվիրան»

Խօսք` Արտասանուած Ընկ. Կարօ Եիւզպաշեանի Կողմէ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 122-Ամեակին Նուիրուած Տօնակատարութեան Ընթացքին

GaroYuzbashianԱյ­սօր հա­մախմբ­ուած ենք մի­աս­նա­բար նշե­լու Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նադը­րութեան 122-րդ ամ­եա­կը:

Ալե­հեր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը «վիթ­խա­րի» կո­չում կը ստա­նան միայն այն ժա­մա­նակ, երբ թա­ւա­լող տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին խարս­խած են իրենց գա­ղա­փա­րա­կան աշ­խար­հա­հայ­եաց­քը, պա­հած բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րու հա­մա­կար­գը եւ յա­ջո­ղած են իրենց գոր­ծու­նէ­ու­թեան պատ­ուան­դա­նին վրայ քան­դա­կել, հա­մազ­գա­յին առու­մով նշա­նա­կա­լից իրա­գոր­ծում­ներ ու քա­ղա­քա­կան ձեռք­բե­րում­ներ:

Հա­յոց Պատ­մու­թեան խա­ւար դա­րե­րը ան­թիւ վէր­քեր կու­տա­կած էին մեր ժո­ղո­վուր­դի հոգի­ին ու մարմ­նին վրայ: Հզօր­նե­րը իրենց մի­ջեւ բաժ­նած էին մեր հո­ղը, ար­հա­ւիրք­նե­րը կո­տո­րած էին մեր ժո­ղո­վուր­դը, կրօն­նե­րը յա­րան­ուա­նա­կան գծով բա­ժան­ման նոր վիհ փո­րած էին մեր մէջ եւ տա­կա­ւին` պատ­մա­կան դէպ­քե­րու բե­րու­մով, ամէ­նէն յե­տամ­նաց, ամէ­նէն բար­բա­րոս ցե­ղե­րը մե­ծա­զանգ­ուած բազ­մու­թիւն­նե­րով խմբ­ուած էին մեր հո­ղե­րուն վրայ եւ գրե­թէ ամէն կող­մէ պա­շա­րած մեր ժո­ղո­վուր­դը: Մեր երկ­րի քա­ղա­քա­կան, տն­տե­սա­կան եւ բա­րո­յա­կան իրա­վի­ճա­կը փր­կու­թեան ո՛չ մէկ յոյս կը ներշն­չէր մեր ժո­ղո­վուր­դին:
Ահա­ւա­սիկ, այս պայ­ման­նե­րու մէջ էր, որ 1890 թուա­կա­նին ծնունդ կ՛առ­նէր Ազա­տագ­րա­կան շարժ­ման նոր ուխ­տա­ւո­րը` Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թիւնը:

Ուս­տի, դժ­ուար պի­տի չըլ­լար կռա­հել իր ծնուն­դով իսկ, իրեն վի­ճակ­ուած պատ­մակ­շիռ առա­քե­լութեան տա­րո­ղու­թիւնը եւ ի գործ դր­ուե­լիք զո­հո­ղու­թեանց մաշ­տա­պը:

Անդ­րա­դառ­նալ այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի Դաշ­նակ­ցու­թեան իրա­գոր­ծում­նե­րուն, պի­տի նշա­նա­կէ կրկ­նու­թեան գնով խօ­սիլ հա­յոց ազա­տագ­րա­կան շար­ժում­նե­րու պատ­մու­թեան մա­սին, սա­կայն անհ­րա­ժեշտ է նշել, որ այդ յե­ղա­փո­խա­շունչ դր­ուագ­նե­րէն ժա­ռանգ­ուած կտա­կով, հա­յը իր մէ­ջէն թօ­թա­փեց դա­րա­ւոր ստր­կամ­տու­թեան բար­դոյ­թը եւ վե­րա­նո­րո­գեց ան­կա­խու­թեան ու ազա­տու­թեան գա­ղա­փա­րով վե­րապ­րե­լու` կամ­քը:
Սար­դա­րա­պա­տի փա­ռա­հեղ յաղ­թա­նա­կով ստեղծ­ուած Հա­յաս­տա­նի առա­ջին հան­րա­պե­տու­թիւնը հա­յուն մար­տու­նակ ոգիի դր­սե­ւոր­ման պըտ­ղա­բե­րու­մը հան­դի­սա­ցաւ, Դաշ­նակ­ցու­թիւնը շա­րու­նա­կեց իր ժո­ղո­վուր­դի ծա­ռա­յու­թիւնը մաս կազ­մե­լով եւ հիմ­նա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն վերցը­նե­լով օր­ուան կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ: Բայց ցա­ւոք` մե­ծա­պե­տա­կան շա­հե­րու հե­տե­ւան­քով, կարճ ժա­մա­նակ մը վերջ, վախ­ճա­նը ապ­րե­ցանք այդ հրա­շա­փառ յա­րու­թեան, որ­մէ ետք Դաշ­նակ­ցու­թիւնը պար­տադ­րա­բար իր գոր­ծու­նէ­ու­թեան սլա­քը ուղ­ղեց վտա­րան­դի հա­յու­թեան հետզ­հե­տէ գո­յա­ւո­րուող հա­մաս­փիւռք­եան գաղ­թօ­ճախ­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման, անոր հա­յե­ցի ու ազ­գա­յին դաստ­ի­ա­րա­կութ­եան դր­սե­ւոր­ման` ու Հայ Դա­տի նուի­րա­կան առա­քե­լու­թեան:

Սո­վե­տա­կան Միու­թեան փլու­զու­մով, այլ եր­կիր­նե­րու կող­քին, մենք եւս ու­նե­ցանք մեր Ան­կախ Հա­յաս­տա­նն ու Պե­տա­կա­նու­թիւնը:

Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թիւնը վե­րըն­ձիւղ­ուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի մէջ եւ յա­նուն «Ամ­բող­ջա­կան Հա­յաս­տան, Ամ­բող­ջա­կան Հա­յու­թեամբ» իր տես­լա­կա­նին, վերըս­տանձ­նեց ազ­գա­յին ազա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի դրօ­շը եւ ի պա­տիւ իր նուիր­եալ­նե­րու փա­ղան­գին, ար­ժա­նա­պա­տիւ մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ Ղա­րա­բաղ­եան պա­տե­րազ­մին:

Այ­սօր` Հա­յաս­տա­նէն ներս, որ­պէս իր գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը ծա­ւա­լած կու­սակ­ցու­թիւն, Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թիւնը կը ձգ­տի հայ ժո­ղո­վուր­դի բա­րօ­րու­թեան, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ամ­րապնդ­ման, երկ­րի զար­գաց­ման եւ հայ­րե­նի պե­տա­կա­նու­թեան կա­յաց­ման ու հզօ­րաց­ման:

Սի­րե­լի­ներ,

Սուր­ի­ա­հայ գա­ղու­թը իր երա­զա­յին Հա­լէ­պով, հա­մաս­փիւռք­եան մեր կա­ռոյց­նե­րու այն ինք­նա­տիպ ու աւան­դա­կան գա­ղութն է, որ կազմ­ուե­ցաւ յետ Եղեռ­նի դժ­բախտ իրո­ղու­թեան: Սուր­իոյ ասպն­ջա­կան արաբ ժո­ղո­վուր­դը իր խղ­ճա­միտ եւ բա­րե­գործ նկա­րագ­րով, իր հո­ղե­րուն վրայ սրտ­բա­ցօ­րէն ըն­դու­նեց տա­րագր­ուած հա­յու­թեան բե­կոր­նե­րը առանց կրօ­նի խտ­րու­թեան, ու քա­նի մը տասն­եակ տա­րի­ներ վերջ հա­յը մէկ­դի դրաւ իր գաղ­թա­կա­նի ցու­պը, թօ­թա­փեց` ջար­դի ցն­ցո­տի­նե­րը, կեր­տեց ինք­զինք եւ շնոր­հիւ իր շի­նա­րար ու ստեղ­ծա­գործ տա­ղանդ­նե­րուն, դար­ձաւ այս երկ­րի ար­ժա­նա­պա­տիւ քա­ղա­քա­ցին:

Տուինք բարձ­րաս­տի­ճան սպա­ներ, որոնք իրենց պատ­ուա­բեր մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րին Սուր­իոյ ան­կա­խու­թեան պայ­քա­րին, ու­նե­ցանք նա­խա­րար­ներ, երես­փո­խան­ներ նա­հան­գա­յին եւ քա­ղա­քա­յին յանձ­նա­ժո­ղով­նե­րու մէջ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, որոնք իրենց պար­կեշտ կեց­ուած­քով ու ան­բիծ գոր­ծու­նէ­ու­թեամբ անկեղծ պա­հե­ցին հա­յու մաք­րա­մա­քուր նկա­րա­գի­րը:

Ու­նե­ցանք մեր եկե­ղե­ցի­նե­րը, դպ­րոց­նե­րը եւ ակումբ­նե­րը, ապ­րե­ցանք իբ­րեւ լի­ար­ժէք քա­ղա­քա­ցի­ներ պա­հե­լով մեր ու­րոյն ինք­նու­թիւնը: Մեր ապ­րած գո­հու­նակ, անվ­տանգ եւ նիւ­թա­պէս բար­ւոք պայ­ման­նե­րուն իբ­րեւ ար­դիւնք` Սուր­ի­ան կո­չե­ցինք մեր երկ­րորդ հա­յրե­նի­քը:

Սա­կայն` Մարտ 2011-էն սկսեալ, երկ­րիս տա­րած­քին զար­գա­ցող դէպ­քե­րը ալե­կո­ծե­ցին նա­եւ սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը: Մեր դի­մաց այս ան­գամ կը բաց­ուէր սուր­ի­ա­հա­յու­թեան հաս­նե­լու խն­դի­րը: Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թիւնը նա­խա­ձեռ­նո­ղը եղաւ «Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան Շտապ Մարմ­նի» ստեղծ­ման եւ` անդ­րա­նիկ նուի­րա­տուն, Հա­յաս­տա­նի մէջ «Օգ­նի՛ր Եղ­բօրդ» ծրագ­րին եւ Սփիւռ­քի տա­րած­քին օժան­դա­կու­թեանց կազ­մա­կերպ­ման գոր­ծին:

Ի տես ստեղծ­ուած տագ­նա­պին, Սուր­իոյ ժո­ղովր­դա­յին մեր զանգ­ուած­նե­րը են­թարկ­ուե­ցան անա­պա­հո­վու­թեան, բռ­նա­րարք­նե­րու, նիւ­թա­կան մեծ կո­րուստ­նե­րու, տն­տե­սա­կան եւ հո­գե­բա­նա­կան բե­կու­մի: Ազ­գա­յին թէ ան­հա­տա­կան կա­ռոյց­ներ եւ հաս­տա­տու­թիւն­ներ նոյն­պէս են­թարկ­ուե­ցան կե­ղե­քու­մի եւ քան­դու­մի: Տուինք նա­հա­տակ­ներ եւ ան­մեղ զո­հեր, ծայր առաւ գաղ­թի ջլա­տող երե­ւոյթ:

Հա­կա­ռակ տի­րող բո­լոր իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն անհ­րա­ժեշտ է հաս­տա­տել թէ.

    1.- Սուր­ի­ա­հա­յե­րը կը մնան Սուր­իոյ ժո­ղովր­դա­յին հիւս­ուած­քի ան­բա­ժան մէկ բա­ղադ­րի­չը:
    2.- Անհ­րա­ժեշտ է տէր կանգ­նիլ Սուր­իոյ հո­ղա­յին եւ ժո­ղովր­դա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան:
    3.- Ջա­տա­գովն ենք Սուր­իոյ մեր ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կար­գե­րու զար­գաց­ման եւ ամ­րապնդ­ման:
    4.- Կը հա­ւա­տանք ժո­ղովր­դա­յին բո­լոր խա­ւե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ, երկ­խօ­սու­թեան ճամ­բով լու­ծել առ­կայ տագ­նա­պը` հե­ռու մնա­լով բռ­նա­րարք­նե­րէ:
    5.- Դէմ ենք ար­տա­քին այն մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րուն, որոնք կը հրահ­րեն տագ­նա­պը, կը խա­թա­րեն հա­մա­կե­ցու­թիւնը եւ երկ­րի ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւնը:
    6.- Յար­գան­քով կը խո­նար­հինք Սուր­ի­ա­կան հայ­րե­նի­քին հա­մար իրենց արիւնը նուի­րա­բե­րած բո­լոր նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին:

Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան տագ­նա­պը բար­դաց­նող եւ ղե­կա­վար­ման ու ծա­ռա­յու­թեան գոր­ծին լծ­ուած մար­մին­նե­րու նուի­րա­կան աշ­խա­տան­քը խա­թա­րող ու մեր յոգ­նա­բեկ ժո­ղո­վուր­դին կեան­քը ալե­կո­ծող երե­ւոյթ է նա­եւ, ապա­տե­ղե­կա­տուու­թիւնը:

Մեր ժո­ղո­վուր­դը հրա­ւիր­ուած է զգօն ըլ­լալ նման երե­ւոյթ­նե­րու նկատ­մամբ, հա­մախմբ­ուե­լու իր սուր­ի­ա­հայ կա­ռոյց­նե­րուն շուրջ, մի­աս­նա­կան ճի­գե­րով յաղ­թա­հա­րե­լու տագ­նապն ու հե­տե­ւանք­նե­րը:

Ի տես սուր­ի­ա­հա­յու­թեան տագ­նա­պի շր­ջանց­ման մեր ճի­գե­րուն, սուր­ի­ա­հայ հա­մայնք­նե­րու եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հա­մա­խումբ աշ­խա­տան­քին, ինչ­պէս նա­եւ մեր հա­րիւ­րա­ւոր երի­տա­սարդ­նե­րու անձ­նու­րաց եւ նուի­րա­կան գոր­ծին: Կը հա­ւա­տանք, որ հա­յա­վա­յել կեր­պով կը շր­ջան­ցենք այս տագ­նա­պը, կ՛ամոք­ուին մեր ցա­ւե­րը եւ փոր­ձա­ռութ­եամբ հարս­տա­ցած կը շա­րու­նա­կենք մեր գո­յեր­թը:

Այս առ­թիւ պաշ­տօ­նա­պէս մեր շնոր­հա­կա­լու­թիւնը կը յայտ­նենք Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թեան եւ ժո­ղո­վուր­դին, կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն, միու­թիւն­նե­րուն եւ ան­հատ բա­րե­րար­նե­րուն, որոնք չզ­լա­ցան իրենց պատ­ուա­բեր ներդ­րու­մը կա­տա­րե­լու սուր­ի­ա­հա­յու­թեան օժան­դա­կու­թեան բո­լո­րան­ուէր գոր­ծին:

Մնա­լով միշտ` պատ­նէ­շի վրայ իր 122-ամ­եայ եր­թով ու նո­րա­նոր իրա­գոր­ծում­նե­րու խոս­տու­մով, Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թիւնը պի­տի շա­րու­նա­կէ մնալ, մեր խա­ւար ճա­նա­պարհ­նե­րու լու­սա­ւոր փա­րո­սը, հա­յու մար­տու­նակ ոգիի վե­րըն­ձիւղ­ման դարբ­նո­ցը եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­կա­տար տեն­չե­րու իրա­կա­նաց­ման ռահ­վի­րան:

«ԳԱՆՁԱՍԱՐ», 29 Յունուար 2013

Տպել Տպել