Ակնարկ. Ազրպէյճանական «Ներողութիւն»-ը Սումկայիթի Նշումին Նախօրեակին

Akram11
Արցախի բնակչութենէն ներողութիւն խնդրելու ազրպէյճանական կոչը առայժմ իբրեւ սոսկ լրատուութիւն կը շրջագայի հայկական լրատուադաշտին մէջ: Ազրպէյճանական կողմը անշուշտ բիրտ հակազդողի դիրքերու վրայ է:

Այլախոհ եւ հալածեալ գրողի հռչակ ունեցող Աքրամ Այլիսլին համարձակ քայլի դիմած է: Խնդիրը այս պարագային Ժամանակակից Մուսաւաթ կուսակցութեան եւ նման մտայնութեան հակազդեցութիւնը չէ: Հարցը առնչուած է պետութեան վերաբերումին, որուն կ՛ակնարկէ այլախոհ ազրպէյճանցին: Թրքական «ներողութիւն»-ներէն ետք այժմ ազրպէյճանական «ներողութեան» այս հազուագիւտ նմուշը ընդհանրանալու շատ տեղ եւ ենթահող չունի անշուշտ:

Բնական է, որ հայկական կողմը վերապահութիւն ցոյց պիտի տար, աւելի ճիշդ` լուրը առանց խանդավառ մեկնաբանութեան պիտի հրապարակէր: Հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու բնականոնացման միտող ձայներ մերթ ընդ մերթ կը լսուէին (ու կը լսուին) երկկողմանիօրէն: Այս մէկը թրքական այլախոհութեան հետեւողութեամբ մէկ քայլ անդին է:

Կանխահաս է անշուշտ այս հարցին մէջ ներազրպէյճանական ճեղքեր, հակասութիւններ նկատելը: Այսուհանդերձ պէտք չէ անտեսել ամենայն հաւանականութեամբ եզակի այս երեւոյթը, որուն բուն շարժառիթները լոյսին բերելու համար ցարդ կը պակսին փաստեր ու տուեալներ:

Ենթակային վիպագիր ըլլալը, յառաջացած տարիքը եւ արտայայտած տեսակէտները նկատի ունենալով` ինքնուրոյն երեւալու, առանձնանալու եւ ուշադրութիւն գրաւելու փորձերը կարելի է տեսնել ընդհանուր տրամաբանութեան մէջ:

Պէտք է արձանագրել միաժամանակ, որ Այլիսլին սուր կերպով քննադատած է Պաքուի իշխանութիւնները հայատեացութեան սերմանման եւ կացինահարման քաղաքականութեան համար` մերժելով հայերը պատմական թշնամի դաւանելու Ազրպէյճանի պաշտօնական կեցուածքը:

Հետաքրքրական երեւոյթ է այն, որ «հաշտարար» վէպը գրուած է 2006-2007-ին, հրապարակուած «Սաֆարով» գործողութեան յառաջացուցած աղմուկէն ետք: Անոր հրապարակումէն ամիսներ ետք է միայն, որ աղմուկ կը բարձրանայ, պարզ այն պատճառով, որ վիպագիրը ազրպէյճանցիներէն կը պահանջէ ներողութիւն խնդրել արցախահայութենէն:

Ո՛չ վէպը, ո՛չ հաշտարարութիւնը, ո՛չ ժողովուրդներու միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը նման աղմուկ յաջողած էին բարձրացնել: Այդ հանգրուանները անցած էին համեմատաբար անաղմուկ: «Ներողութիւն»-ը յառաջացուցած էր ընդվզումի ալիքը:

Վերապահութիւնը հայկական կողմէն օրինաչափ է: Պէտք չէ անտեսել սակայն, որ ազրպէյճանական «ներողութիւն»-ը Սումկայիթի ջարդի տարելիցի նշման օրերուն նախօրեակին կրնայ յաղթաթուղթի դեր ծառայել` միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը եղեռնագործութեան վրայ հրաւիրելու մեր աշխատանքներուն ընթացքին:

Աւելին ակնկալելը այս հանգրուանին, կը թուի, որ իրատեսական չէ:

«Ա.»
«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել