18 Փետրուար 1921. Հայ ժողովուրդի հերոսական ապստամբութեան անմար ոգին

OLYMPUS DIGITAL CAMERAՓետրուար 18ը կը խորհրդանշէ ամէն կարգի բռնակալութեանց, անիրաւութեանց եւ անարդարութեանց դէմ հայ ժողովուրդի հերոսական ապստամբութեան անմար ոգին։

18 Փետրուար 1921ի այս օրը, իր անկախ հայրենիքն ու ազատ պետականութիւնը հազիւ նուաճած, բայց լենինեւքեմալ սադրանքին

հետեւանքով դարձեալ գերութեան մատնուած հայ ժողովուրդը, իր հերոսական զաւակներու վճռական ծառացումով, ապստամբեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան պարտադրուած խորհրդային իշխանութեան եւ համայնավար Յեղկոմի բռնատիրութեան դէմ։

Համաժողովրդային ապստամբութեան անմար այդ ոգին շարժիչ ուժը եղած է հայ ժողովուրդի հազարամեակներու պատմութեան։

Սկսելով Բելի դէմ Հայկ Նահապետի առասպելատիպ ծառացումէն եւ անցնելով Վարդանանց սրբազնագոյն ինքնահաստատման պատերազմէն, Սասունցի Դաւիթի անհաշտ ու անտեղիտալի ծառացումէն եւ Դաւիթ Բէկի ազգային¬ազատագրական պայքարէն՝ հայ ժողովուրդի ապստամբական այդ անմար ոգին մեր ժամանակներուն մէջ յառնեցաւ Փետրուարեան համաժողովրդային ապստամբութեամբ։

Նոյն այդ ոգին էր, որ խորհրդային ամբողջատիրութեան շուրջ 70ամեայ բռնակալութեան եւ անոր հովանիին տակ ծուարած համաթրքական անարգ լուծին դէմ իր ժայթքումը ունեցաւ 20 Փետրուար 1988ին, երբ Արցախի մեր ժողովուրդին հետ ողջ հայութիւնը պայքարի դաշտ նետուեցաւ՝ յանուն հայրենի հողի ազատագրութեան, հայոց անկախ պետականութեան վերականգնումին եւ Հայաստանի ու հայութեան ամբողջական ազատագրումին։

Ինչ որ պատահեցաւ 18 Փետրուար 1921ին, այս առումով, ամէն բանէ առաջ եւ վեր ազգային ինքնահաստատման ու ինքնապաշտպանութեան հերոսական ապստամբութիւն էր։

Հայ ժողովուրդը, ազգային¬ազատագրական պայքարի 30ամեայ բովէին մէջ թրծուած դաշնակցական ֆետայիներու հերոսական առաջնորդութեամբ, պարզապէս ապստամբեցաւ իրեն պարտադրուած խորհրդային բռնակալութեան դէմ, որովհետեւ համայնավար Յեղկոմի գործադրած խժդժութեանց, հալածանքներուն եւ շահատակութեանց դանակը արդէն հասած էր ոսկորին։

Ճիշդ է, դաշնակցական ֆետայիներու եւ խմբապետներու Սերունդը պարզեց Փետրուարեան ապստամբութեան դրօշը, բայց էապէս Ժողովրդայի՛ն ըմբոստացման եւ ոչ թէ պետական յեղաշրջման քայլ մը եղաւ Փետրուար 18ը։ Գաղափարական կամ քաղաքական յեղափոխութիւն չէր պատահածը։ Նաեւ թելադրուած չէր Դաշնակցութեան ղեկավար մարմիններուն կամ գործիչներուն կողմէ, որոնք երկու ամիս առաջ՝ 2 Դեկտեմբեր 1920ին, ի տես Լենին¬Քեմալ մեղսակցութեամբ նորանկախ Հայաստանի ամբողջական պաշարումին եւ պետական կործանման վտանգին, երկու չարեաց փոքրագոյնը ընտրեց, իշխանութիւնը զիջեցաւ խորհրդայիններու լիազօր ներկայացուցիչ Լեգրանին եւ, անոր միջոցաւ, Քրեմլինի մէջ բազմած պոլշեւիկներու կողմէ կեանքի կոչուած Ս. Կասեանի, Ա. Նուրիջանեանի ու Լ. Աթարբէգեանի օրինակով հայանուն պոլշեւիկներու այսպէս կոչուած Յեղկոմին…

Ըստ ամենայնի համաժողովրդային ապստամբութիւն եղաւ Փետրուար 18ը, որովհետեւ պոլշեւիկեան քանի մը շաբաթներու իշխանութիւնը բաւարար եղած էր, որպէսզի յորդի համբերութեան բաժակը հայ ժողովուրդին։

Բառին ամէնէն ահաւոր ու վայրագ իմաստով՝ գրաւման բանակի պէս վարուեցան հայ պոլշեւիկները սեփական երկրին ու ժողովուրդին հետ։ Խորհրդային իշխանութեան եւ համայնավարական կարգերու հաստատման կարգախօսքերով՝ բռնագրաւեցին պարզ ժողովուրդին ունեցած¬չունեցածը եւ ամէն կարգի խժդժութեանց, հալածանքի ու բռնութեանց կատաղի արշաւ ծաւալեցին ոչ միայն հայոց անկախութիւնն ու պետականութիւնը կերտած քաղաքական ու ռազմական ղեկավար գործիչներուն, այլեւ պոլշեւիկներու կամայականութեանց ընդդիմացող շարքային քաղաքացիներուն դէմ։

Այդպէ՛ս՝ գրաւման բանակի վերածուած պոլշեւիկեան իշխանութեանց դէմ ուղղուած ծառացումը խորհրդանշեց Փետրուար 18ի համաժողովրդային ապստամբութիւնը։ Եւ 18 Փետրուար 1921ին հայ ժողովուրդը անջնջելի էջ մը գումարեց իր հազարամեակներու պատմութեան կարմիր մատեանին մէջ։
Հայոց Պատմութեան մէջ անիկա գրաւեց իր նշանակալից տեղը, իբրեւ համաժողովրդային առաջին ըմբոստացումը նախկին Ցարական Կայսրութեան տարածքին, 1917ի Հոկտեմբերին, պոլշեւիկեան յեղաշրջումով հաստատուած համայնավար բռնակալութեան եւ անոր գործած անիրաւութեանց ու անարդարութեանց դէմ։

Աշխարհաքաղաքական ծանր ու օրհասական պայմաններու մէջ կատարուեցաւ Փետրուարեան ապստամբութիւնը, որ իբրեւ ազատութեան եւ արդարութեան ի խնդիր ծաւալած համաժողովրդային ըմբոստացում՝ ոչ միայն արկածախնդրութիւն չէր, այլեւ՝ պատմական անհրաժեշտութիւն էր։ Անիկա անխուսափելի վիրահատման նշդրակի եւ փրկարար սրբագրումի նշանակութիւն ունեցաւ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ապագային համար։

Հակառակ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան հետ Լեգրանի կնքած Համաձայնագրին, որ կը նախատեսէր Պաշտպանութեան նախարար Դրոյի հետ նորահաստատ Յեղկոմի գործակցութիւնը եւ կը բացառէր ինքնակամ հրաժարած կառավարութեան անդամներուն դէմ հալածանքը, Կասեաններու Յեղկոմը լրիւ հակառակ ուղղութեամբ գործեց 4 Դեկտեմբեր 1920էն իսկ, երբ Երեւան գալով իշխանութիւնը ձեռք առաւ։

Դրօ հսկողութեան տակ առնուեցաւ, Համօ Օհանջանեանի եւ Համազասպի տարողութեամբ կառավարական եւ ազգային գործիչներ բանտ նետուեցան, Զօր. Նազարբէգեանի գլխաւորութեամբ Հայկական բանակի ամբողջ սպայակազմը, 1200 սպաներ, հետիոտն աքսորուեցան դէպի Ռուսաստան։ Իսկ Սիմոն Վրացեանի օրինակով պետական¬կուսակցական գործիչներ ընդյատակ անցան՝ խոյս տալով նորակազմ Չեկայի՝ պոլշեւիկներու ստեղծած պետական ապահովութեան վոհմակներու հետապնդումներէն։

Աւելի՛ն. Նուրիջանեաններու Յեղկոմը բնաւ չհաշտուեցաւ այն իրողութեան հետ, որ առանց քաղաքացիական արիւնահեղ պատերազմի Հայաստան ընտրած էր խորհրդայնացման ուղին… Նորելուկ պոլշեւիկներու համոզումով՝ հարկ էր լենինեան օրինաչափութիւնը կիրարկել եւ ամէն գնով դասակարգային կռիւ… սկսիլ Հայաստանի մէջ։ Եւ թալանն ու հալածանքը մոլեգնեցան նոյնինքն ժողովուրդին դէմ՝ յատկապէս գիւղական շրջաններու մէջ դասակարգային շինծու պայքարի մթնոլորտ հրահրելով։ Սեփականազրկումի եւ ինչքերու բռնագրաւման մեծ խրախճանք մը սկսան նորահաստատ իշխանութեանց վերին թէ ստորին մակարդակի պաշտօնատարները։ Եւ ահա այդ ատեն յորդեցաւ հայ ժողովուրդին համբերութեան բաժակը։

Երբ 16 Փետրուարին ժողովրդային ըմբոստացման առաջին խմորումները սկսան եւ շրջաններէն ժողովուրդը, դաշնակցական երբեմնի խմբապետներու գլխաւորութեամբ, սկսաւ շարժիլ դէպի Երեւան, Յեղկոմը աւելիով մոլեգնեցաւ։

Նոյնինքն 18 Փետրուարի վաղ առաւօտեան ժամերուն, Երեւանի բանտերուն մէջ, բառացիօրէն խոշտանգուելով՝ կացինահար սպաննուեցան Համազասպի օրինակով ազգային հերոսներ…

Այս իմաստով պատմական անհրաժեշտութիւն եղաւ 18 Փետրուար 1921ի արեւածագին Երեւանի մէջ հայ ժողովուրդին իրագործած ապստամբութիւնը, որ ոչ միայն բանտերէն ազատեց իր հերոսական զաւակներն ու քաղաքական կամքին ներկայացուցիչները, այլեւ՝ իշխանութենէն խուճապահար փախուստի մղեց Կասեանները…

Մինչեւ Ապրիլ 2 ապստամբութիւնը Հայաստանի պետական ղեկէն հեռու պահեց խորհրդայինները, որոնք թէեւ ի վերջոյ վերատիրացան իշխանութեան, բայց արդէն Ալ. Միասնիկեանով փոխարինուած Յեղկոմով մը վերադարձան՝ ունենալով… Հայաստանի մէջ քաղաքացիական պատերազմի հրահրումէն խուսափելու լենինեան յանձնարարականը։

92 տարիներ անցած են Փետրուար 18էն ասդին, բայց հայ ժողովուրդի ազգային յիշողութեան մէջ կը շարունակեն վառ մնալ խորհուրդն ու աւանդը համաժողովրդային այն մեծ ապստամբութեան, որուն շնորհիւ՝

«… Խաղաղութիւնը, օրհնութեան ցօղի պէս, իջաւ Երեւանի վրայ։ Հայոց աշխարհը ազատագրուած էր կարմիր պատուհասից։ Արեւի առաջին ճառագայթների հետ ազատութեան դիցուհին ողջունում էր հայ ժողովրդի փրկութիւնը։ «Մեր Հայրենիք ազա՜տ, անկա՜խ՝ իւր քաջ որդւոց սուրբ արիւնով»… հնչում էր ամէն կողմից» (ինչպէս որ տարիներ ետք պիտի վկայէր Յ. Իրազեկ)։

Փետրուար 18ի տարեդարձին առիթով անպայման ու կարեւորութեամբ պէտք է մերկացնել նենգափոխումն ու յետին միտքը խորհրդային գաղափարախօսութեան այն յանկերգին, թէ Փետրուարեան Ապստամբութիւնը իբր «դաշնակների աւանտուրա» էր եւ թէ հերոսական ըմբոստացման այդ անմար ոգին կը ներշնչուէր, իբր թէ, «դաշնակիզմի արկածախնդրութենէն»…

Ամբողջ տասնամեակներ խորհրդայինները հետեւողականօրէն քարոզեցին եւ փորձեցին հայրենի հայութեան մէջ արմատաւորել այն մտայնութիւնը, թէ Դաշնակցութիւնը Փետրուար 18ին զէնք վերցուց հայկական իշխանութեանց դէմ՝ իբր թէ կառավարութեան ղեկին վերադառնալու համար։
Այդ մտայնութեան վերապրուկները մինչեւ մեր օրերը նկատելի են հայրենաբնակ հայուն մօտ, որ տակաւին լրիւ չէ թօթափած ժանգ կապած հետքերը խորհրդային ժառանգութեան։

Խորհրդային գաղափարախօսութիւնը բնաւ չուզեց եւ իր գաղափարական էութեամբ չէր կրնար հաշտուիլ պատմական այն պարզ, այլեւ դաժան ճշմարտութեան հետ, որ Փետրուարեան Ապստամբութիւնը իրագոործուեցաւ հայ ժողովուրդին ինքնաբուխ եւ հերոսական ծառացումով։
Ընդունիլ այս ճշմարտութիւնը՝ խորհրդայիններուն աչքին կը նշանակէր ակամայ խոստովանիլ, որ հայ ժողովուրդը էապէս ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆԱՑԱԾ էր երեսնամեայ հայ ազգային¬ազատագրական պայքարի բովին մէջ։ Փետրուարեան ապստամբութիւնը տեղի չունեցաւ օրուան դաշնակցական ղեկավարութեան որոշումով կամ հրահանգով, այլ բռնկեցաւ Դաշնակցութեան մէջ իր մարտական ողնաշարը գտած մեր ժողովուրդին ինքնաբուխ ըմբոստացումով, ինչպէս որ նոյնքան ինքնաբուխ եղաւ ֆետայական շարժման անողոք կռուի դպրոցէն դաշնակցական խմբապետներու ղեկավար դերակատարութիւնը ապստամբութեան համաժողովրդային ծաւալման մէջ։

Ն.
«ԱԶԱՏ ՕՐ», 18 Փետրուար 2013

Տպել Տպել