Հաղորդագրութիւն — Լիբանանի զանազան մարզերու մէջ թրքական ներթափանցումի եւ ճնշող ներկայութեան մասին

ARF_Logo-coloredԵրէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի տեղեկատուական գրասենեակը լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը:

Երէկ լիբանանեան ջուրեր մուտք գործեց թրքական ելեկտրածին նաւը, որ Լիբանանի ելեկտրականութիւն արտադրող գործարաններուն պիտի հայթայթէ յաւելեալ ելեկտրուժ, որպէսզի երկիրը շրջանցէ երկար տարիներէ ի վեր իր դիմագրաւած ելեկտրականութեան սուր տագնապը:

Պէտք էր ողջունէինք լիբանանեան կառավարութեան եւ ուժանիւթի նախարարութեան առած այս քայլը` տնտեսական եւ ապրուստի տագնապներուն ներքեւ Լիբանանի կենսական նշանակութեան մարզերուն մեծամասնութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ հարցերուն լոյսին տակ:

Սակայն միաժամանակ չենք կրնար անտեսել թրքական ներթափանցումը եւ ճնշող ներկայութիւնը զանազան մարզերու մէջ` քաղաքական, մշակութային, լրատուական, զինուորական եւ առողջապահական, թրքական արտադրութիւններու լիբանանեան շուկաներ ներխուժումը եւ թրքական ֆիլմաշարերու տիրական ներկայութիւնը լիբանանեան պատկերասփիւռի կայաններուն պաստառներուն վրայ: Ասիկա կ՛ըսենք ոչ միայն մեկնելով այն պատմական թշնամանքէն, որ գոյութիւն ունի հայ ժողովուրդին եւ Օսմանեան կայսրութեան, հետեւաբար նաեւ Թուրքիոյ ժամանակակից իշխանութիւններուն միջեւ, վերջիններուս կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը չճանչնալու պատճառով, այլեւ մեկնելով լիբանանեան շահերուն նկատմամբ մեր նախանձախնդրութենէն, որովհետեւ իր քաղաքական նպատակներով ու դաշինքներով կասկածելի այս պետութեան կողմէ քաղաքական, մշակութային, տնտեսական եւ զինուորական ներխուժումը միայն կը հարուածէ լիբանանեան շահերը, եւ նախորդ քանի մը տարիներու եւ ամիսներու շրջանային իրադարձութիւնները լաւագոյն վկաներն են այս քաղաքականութիւններուն եւ նպատակներուն կասկածելի ըլլալուն:

Հետեւաբար, կ՛ուզենք լիբանանեան հանրային կարծիքը բաժնեկից դարձնել մեր մտահոգութիւններուն եւ վերապահութիւններուն` շրջանին նկատմամբ թրքական նկրտումներուն ալիքներուն մէջ Լիբանանը ընկղմեցնելու եւ Օսմանեան կայսրութեան փառքը վերակենդանացնելու վտանգներէն, մանաւանդ որ Լիբանան, ինչպէս շրջանի բոլոր երկիրներն ու ժողովուրդները, տառապեցաւ թրքական ժամանակակից վարչակարգի նախորդներէն, վարչակարգ մը, որ որեւէ վայրի եւ ժամանակի մէջ կրնայ իր դիմակը հանել:

«ԱԶԴԱԿ», 18 Փետրուար 2013

Տպել Տպել