«Լիբանանահայութիւնը Ի՛նք Կ՛որոշէ Զինք Ներկայացնող Երեսփոխանները, Եւ Ոչ Թէ Այլոց Կողմէ Կը Ճշդուին Անոնք» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

Hagop-Pakradouni Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը պիտի զօրակցի որեւէ ընտրական օրինագիծի, որ իսլամ եւ քրիստոնեայ համայնքներուն միջեւ իսկական հաւասարութիւն կ՛ապահովէ:

Ան նշեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը օրինակելի չէ` աւելցնելով, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան առաջադրած ընտրական օրինագիծը շատ աւելի լաւ էր, քան` Փաղանգաւոր կուսակցութեան ներկայացուցածը:

«Պէտք է սակայն լաւ ըմբռնել այն պատճառները, որոնք մղեցին Ուղղափառ հանդիպումին նման օրինագիծ մը մշակելու եւ թէ ինչո՛ւ Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական երկու դաշինքներուն միջեւ մերձեցում կատարուեցաւ: Այսինքն` իսկական նուաճումը Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը չէ, այլ` քրիստոնեայ հակառակորդ կողմերուն մերձեցումն ու համաձայնութիւնը», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ համախոհական ընտրական օրինագիծի մը յանգելու համար լաւ օրինագիծ մըն է նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջարկածը:

Երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց ճշգրիտ ներկայացուցչութեան եւ իսկական հաւասարութեան կարեւորութիւնը:

Ան ըսաւ, որ խորհրդարանին մէջ կան երեսփոխաններ, որոնք իրենց համայնքներուն իսկական ներկայացուցիչները չեն, որովհետեւ անոնք կը ստանան իրենց համայնքներուն քուէներուն 4 կամ 5 առ հարիւրը, մինչդեռ կ՛ընտրուին այլ համայնքներուն տեղացուցած քուէներուն շնորհիւ: Այս շրջագիծին մէջ Յ. Բագրատունի աւելցուց, որ լիբանանահայութիւնը ի՛նք կ՛ընտրէ իր երեսփոխանները, եւ ոչ թէ ուրիշներ կը ճշդեն, թէ ո՛վ պէտք է ներկայացնէ զինք:

Երեսփոխան Բագրատունի բոլոր կողմերէն պահանջեց յարգել Լիբանանի մէջ քրիստոնեաներուն իւրայատկութիւնը` աւելցնելով, որ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն վաւերացուցած Ուղղափառ հանդիպումին օրինագիծը քրիստոնեայ համայնքին կողմէ ըմբոստութիւն կարելի է նկատել:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ կարելի չէ ազգային համերաշխութիւն ապահովելու նպատակով ամբողջ համայնք մը իրաւազրկել: «23 տարիէ ի վեր այդ իրաւազրկումը կը կատարուի քրիստոնեայ համայնքին հաշուոյն եւ ժամանակն է արդէն հաստատելու, որ իւրաքանչիւր համայնք ունի իր իրաւունքները, որոնք հաւասար կերպով բաժնուած են 50 առ հարիւրի համեմատութեամբ, այսինքն` ոչ ոք ստիպուած է միւսին իրաւունքներ շնորհելու: Պէտք է մէկը միւսին իրաւունքները յարգէ, որովհետեւ ոչ մէկը մուրացկան է եւ իր իրաւունքները մուրալու տրամադրութեան մէջ», նշեց Յ. Բագրատունի:

Երեսփոխան Բագրատունի կարեւոր նկատեց քաղաքական դաշինքները եւ ոչ թէ ժամանակաւոր ընտրական դաշինքները, որոնք պարզապէս կը միտին հասնիլ խորհրդարան: «Նախընտրելի է դառնալ համայնքին իսկական ներկայացուցիչը եւ աշխատիլ ապահովելու համար լիբանանցի ժողովուրդին եւ Լիբանանին շահերը», աւելցուց ան:

Երեսփոխան Բագրատունի խստիւ դատապարտեց Լիբանանի մէջ տիրող ուղղահայեաց երկփեղկումը եւ իրարու դէմ լարուածութիւնն ու իրարու հասցէին կատարուած վարկաբեկումները:

Անդրադառնալով Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին կատարած գործադուլին` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այդ իրականութիւնը Լիբանանի համար վարկաբեկում է` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը, վարչապետ Նեժիպ Միքաթին եւ ելեւմուտքի նախարարը մնայուն կերպով կը խոստանան յարգել անոնց իրաւունքները եւ աշխատավարձերու յաւելումները յղել խորհրդարան, սակայն անոնք մնայուն կերպով կը դրժեն այդ խոստումները: «Իսկ մինչեւ այդ յաւելումները կատարելը, արդէն 20 առ հարիւրի սղաճ արձանագրուած է», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի խստիւ դատապարտեց այդ վարուելակերպը` նշելով, որ կան նախարարներ, որոնք աշխատավարձին իմաստը չեն գիտեր: Ան շեշտեց, որ ցոյց կատարելու իրաւունքը սահմանադրական է եւ զօրակցութիւն յայտնեց Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին:

«ԱԶԴԱԿ»
22/02/2013թ

Տպել Տպել