Սփիւռքահայ մամուլ կամ տագնապ որ կը խորանայ

Vahagn
218 տարի առաջ, 1794-ին, Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեանի նախաձեռնութեամբ Մատրասի մէջ լոյս կը տեսնէր անդրանիկ հայերէն լրագիրը՝ «Ազդարար»ը, որ իր 50-100 բաժանորդներով 17 ամիս լոյս տեսնելէ ետք, կը դադրէր։

Հայ մամուլը երկու դարերու վրայ երկարող իր անցեալով Պոլիսէն մինչեւ Վենետիկ, Վան, Կարին, Փարիզ եւ այլուր, հարուստ աւանդ ունի։

Մեծ Եղեռնը դարձակէտ մը հանդիսացաւ հայ մամուլին համար։ Այսպէս, հայութեան դէմ շղթայազերծուած հալածանքներուն եւ նախճիրներուն պատճառով, Արեւմտահայաստանի գաւառներուն եւ Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող աւելի քան 100 մամլոյ հրատարակութիւններ ընդմիշտ դադրեցան լոյս տեսնելէ։

Յետ-եղեռնեան շրջանին, հայ մամուլը կեդրոնացաւ խորհրդային Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարածքին տարտղնուած գաղթօճախներու մէջ։ Այս շրջանին, հայ մամուլը այս երկու հատուածներու ծիրէն ներս կը յատկանշուի հետեւեալ առանձնայատկութիւններով.

-Խորհրդային Հայաստանի մէջ մամուլը ենթակայ էր համայնավար քարոզչութեան։ Գործածուող ուղղագրութիւնը ձեւափոխուած հայերէն ուղղագրութիւնն էր, իսկ թերթերու ֆինանսաւորումը կապուած էր ուղղակի կեդրոնական իշխանութիւններուն։

-Սփիւռքի մէջ, մամուլը ենթակայ էր կուսակցութիւններու, կազմակերպութիւններու կամ անհատական նախաձեռնութիւններու, կը գործածուէր Մեսրոպեան ուղղագրութիւնը, իսկ ֆինանսաւորումը կը մատակարարուէր կուսակցութիւններու կամ անհատներու կողմէ։

Յետ անկախութեան շրջանին, պահելով վերը նշուած գրեթէ բոլոր նախադրեալները, փոփոխութիւն կրած են միայն երկու բնագաւառ. վերանկախացած հայրենիքին մէջ, մամուլը պետական հովանաւորութիւն ունենալէ դադրած է եւ դարձած է անկախ, իսկ Սփիւռքի պարագային, շարք մը թերթեր կþօգտագործեն միախառն ուղղագրութիւն, այսինքն իրենց էջերուն մէջ ազատօրէն տեղ կուտան զոյգ ուղղագրութիւններուն եւ անոնց կանոններուն։

Հայ մամուլը իբր առաքելութիւն

Հայ մամուլը իբր առաքելութիւն կը հետապնդէ հետեւեալ նպատակները.-

ա) Հայ լեզուի եւ մշակոյթի պահպանում։

բ) Հաղորդակցութեան միջոց Սփիւռքի եւ հայրենիքի, ինչպէս նաեւ սփիւռքեան զանազան գաղութներու միջեւ։

գ) Հայ Դատի հետապնդման գործօն։

Այս գետնի վրայ, մամուլը իր անջընջելի ազդեցութիւնը ունի հայրենիքի եւ Սփիւռքի ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական կողմնորոշումներուն վրայ։

Առկայ դժուարութիւններ

Դժուարութիւնները որոնք այսօր կը դիմագրաւէ հայ տպագիր մամուլը, կը խտացուին հետեւեալ կէտերուն մէջ.

ա) Անբաւարար բաժանորդներու թիւ։

բ) Տնտեսական եւ նիւթական անձուկ վիճակ։

գ) Նոր սերունդի ներգրաւում։

դ) Հաղորդակցութեան գիտարուեստի արագընթաց զարգացման հետ քայլ պահելու հարց։

ե) Լեզուական հարց։

Առնենք հարցերը մէկ առ մէկ իրենց ամբողջութեան մէջ։

ա) ԱՆԲԱՒԱՐԱՐ ԲԱԺԱՆՈՐԴՆԵՐ

6-7 հազար բաժանորդներով յագեցած հայ թերթերու երանելի օրերը կը պատկանին անցեալին։ Տասնամեակներու ընթացքին այդ թիւերը ենթարկուած են մեծ տեղատուութեան։ Սփիւռքեան ներկայ պայմաններու լոյսին տակ, գիտարուեստի սրընթաց վերելքին հետ քայլ պահող հայը, ենթակայ է տեղական մշակոյթներու ազդեցութեան եւ բնազդական մղումով կը գտնուի օտար մշակոյթին տուրք տալու ստիպողութեան տակ։ Այս մէկը ինքնին կը սպառէ սեփական մշակոյթին հանդէպ իր պարտաւորութեանց շտեմարանը։

Բնականաբար, այս իրականութիւնը աչքի առջեւ ունենալով, հայ թերթը պէտք է հասու ըլլայ այն իրողութեան, որ գաղութը, համայնքը կամ անհատը պիտի չփնտռեն զինք, այլ՝ հայ թերթը ինքն է, որ պէտք է փնտռէ եւ իր երդիքէն ներս հրաւիրէ գաղութի կամ համայնքի իւրաքանչիւր անդամը։

Ուստի, ընթերցողներու նոր փաղանգներ ապահովելու համար, անհրաժեշտ են վարչական միջոցառումներ, ինչպէս՝ արհեստավարժօրէն կազմակերպուած բաժանորդագրական արշաւներ։

բ) ՖԻՆԱՆՍԱԿԱՆ ԱՆՁԿՈՒԹԻՒՆ

Ի բացառեալ Խորհրդային Միութեան ժամանակահատուածին, հայ մամուլը տնտեսականօրէն ենթակայ եղած է կուսակցական, միութենական եւ անհատական շրջանակներու։

Տարիներու ընթացքին, վերը յիշուած ֆինանսաւորողները մեծ տարողութեամբ սպառած են իրենց ուժերը, մանաւանդ վերջին տասնամեակին, իրենց ուշադրութեան կիզակէտը դարձնելով վերանկախացած հայրենիքն ու արցախեան շարժումը։

Հայ մամուլին նիւթապէս թիկունք կանգնող իսկական կռուանը պէտք է հանդիսանայ հայրենի պետութիւնը, որ պարտաւորութիւնը ունի Սփիւռքի նորահաս սերունդները օրըստօրէ ահագնացող ձուլման վտանգէն փրկելու։ Սակայն, ներկայ պայմաններու լոյսին տակ, ակներեւ է, որ այս ակնկալութիւնը մեր պետութեան հասողութեան սահմաններէն դուրս է, նկատի առած իր իսկ տնտեսական անձուկ վիճակը։

գ) ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԻ ՆԵՐԳՐԱՒՈՒՄ

Անցած են այս օրերը, երբ գաղութային հաւաքավայրերու մէջ, Սփիւռքի առաջին սերունդը, օրուայ լրագիրը իրենց ձեռքին կը խօսէին օրուայ հրատապ հարցերուն շուրջ։

Այստեղ օրինակ իբր բերենք 1899-ին հիմնուած Միացեալ Նահանգներու «Հայրենիք» թերթին օրինակը։ 1920-ական թուականներուն, երբ ամերիկահայ գաղութի թուաքանակը տակաւին կը տարուբերէր 100 հազարի սահմաններուն շուրջ, «Հայրենիք»ի բաժանորդներու թիւը կþանցնէր 5000-ի սահմանը։ Իսկ եթէ նկատի առնենք ամերիկահայութեան միւս թերթերն ալ միասին, այդ ժամանակաշրջանի ամերիկահայ թերթերու բաժանորդներու թիւը կը հասնի աւելի քան 10 հազարի, որ գաղութի թիւին հետ բաղդատած քաջալերելի համեմատութիւն մը կը ներկայացնէ։ Այսօր, երբ Միացեալ Նահանգներու հայ գաղութի թիւը կը կազմէ 1 միլիոն, ընթերցող զանգուածի թիւը մնացած է նոյնը, այնպէս ինչպէս 1920-ին…

Չափազանցած չենք ըլլար եթէ ըսենք եւ ընդունինք, որ իրերու ներկայ դրութեամբ, եթէ տագնապին պակսին լուծումներ, կրնանք դառնալ հայերէն թերթ ընթերցող սփիւռքահայ վերջին սերունդը։

Նոր սերունդը ներգրաւելու բանալին այսօր կը հանդիսանայ հայ վարժարանը։ Հայակերտման այս կառոյցէն ներս հասակ առնող հայ նորածիլ սերունդին պէտք է ուսուցուի մամուլին հետ հաղորդակցելու եւ անոր սերտօրէն կապուելու գործընթացը։ Այս նպատակին իրագործման համար, օրուան հրամայական կը դառնայ սփիւռքահայ բոլոր ուսումնական կեդրոններէն ներս յառաջացնել հայ մամուլի դասապահ։

դ) ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԳԻՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏ

21-րդ դարու սեմին, լսողատեսողական հաղորդակցութեան գիտարուեստներու (communication technology) կողքին, տեղեկատուական աշխարհի միահեծան տէրն է համացանցը (internet), որ զգայացունց լուրերէն մինչեւ օդերեւոյթի ամենօրեայ տեղեկութիւններու շրջանառութիւնը՝ րոպէներու տարբերութեամբ համակարգիչի պաստառին վրայ կը զետեղէ։

Համացանցին ծնունդով այսօր հարցականի տակ կը մնայ գրաւոր մամուլի ապագան։ Ներկայիս, թերթերու մեծամասնութիւնը ունին իրենց յատուկ ոստայնաշէները (web page), ուր ընթերցողին կþընձեռուի անսահման դիւրութիւններ եւ նիւթերու հետ կապուած մանրամասնութիւններու անսահման օգտագործման դաշտ։

Այստեղ, նշելով հանդերձ, իւրաքանչիւր սփիւռքահայ թերթի կայքէջ ունենալու անհրաժեշտութիւնը, քննարկման առարկայ կը դառնայ, թէ արդեօ՞ք ժամանակավրէպ դառնալու այլընտրանքին դէմ յանդիման կը գտնուի մեր տպագիր մամուլը, թէ ոչ։ Փաստացի թիւերով եթէ պիտի խօսինք, մէջբերենք Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի 1988-ին հրատարակակած «Հայ մամուլի ցուցակ»ի տուեալները, ուր ըստ հեղինակին կատարած հաշուառումներուն, Սփիւռքի մէջ կը հրատարակուէին 15 օրաթերթ, 2 եռօրեայ, 29 շաբաթաթերթ։ Ուրեմն, քառորդ դարու ժամանակահատուածին, Սփիւռքի տպագիր հայ մամուլի թիւը նուազած է գրեթէ 50% համեմատութեամբ։

ե) ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ՀԱՐՑ

Հայ մամուլը, Հայաստանի խորհըրդայնացումէն ետք կը դիմագրաւէ հայերէն լեզուի ուղղագրութեան հարցը։

Հայաստանեան մամուլը առայսօր կը գործածէ խորհրդայնացումէն ետք հնարուած ուղղագրութիւնը, որուն կը հետեւին սփիւռքահայ կարգ մը հրատարակութիւններ, որոնք մխրճուած են ուղղագրական երկու տարբերակները միատեղ գործածելու քաոսին մէջ։

Անկախութենէն ետք, հայրենի ակադեմականներն ու լեզուաբանները բաժնուած են երկու հակադիր ճամբարներու, որուն իբր հետեւանք, ոչ մէկ քայլ առնուած է այս կնճռոտ հարցի վերջնական լուծման ուղղութեամբ։ Եւ այս իրավիճակէն փոփոխութիւններ ակնկալելը ապարդիւն է, մինչեւ այն ատեն, երբ պետութիւնը անձամբ միջամտէ եւ առնելով որոշիչ քայլ մը, հարցը լուծման հունի մէջ դնէ։

զ) ՆՈՐ ՄԱՄՈՒԼԸ՝ ՀԱՄԱՑԱՆՑԸ

Վերջին 15 տարիներուն, համաշխարհային համացանցը ընդարձակուեցաւ եւ գիտականօրէն վիթխարի յառաջխաղացք արձանագրեց։

1997-ին համացանցի վրայ հայկական լրատուական առաջին կայքէջերը սկսած էին արդէն գործել, որոնցմէ առաջիններէն էին «Ասպարէզ»ի եւ «Հորիզոն»ի կայքէջերը։

Ըստ circle-am կայքէջի տուեալներուն, 2012-ի Օգոստոսի դրութեամբ, պաշտօնական կիսապաշտօն անձնական եւ անկախ կայքէջերու թիւը Հայաստանի մէջ կազմած է 2582։ Ըստ circle-am-ի, 2010 թուականի Սեպտեմբերէն ի վեր գործող կայքէջերու թիւը աւելցած է 48%, այսինքն միայն վերջին երկու տարուան ընթացքին, հայաստանեան կայքէջերու թիւը կրկնապատկուած է։

Լրատուամիջոցներու հայկական ընկերակցութեան տուեալներով, հայրենիքի եւ Սփիւռքի տարածքին կը գործեն տպագիր, առցանց, ձայնասփիւռային եւ հեռուստատեսային պաշտօնական 400 լրատուամիջոց։

Գլխաւոր մարտահրաւէրը, որ այսօր գոյութիւն ունի հայկական լրագրութեան բնագաւառին մէջ, լեզուի եւ ոճի հարցերն են։

Սփիւռքի եւ նախկին Խորհրդային Միութեան շատ մը գաղութներ այսօր օտարախօս են, օրինակ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսաստանը։ Հակառակ այն իրողութեան, որ շատ մը հայկական լրատուական կայքէջեր օժտուած են նաեւ օտարալեզու, մանաւանդ անգլերէն եւ ռուսերէն տարբերակներով, բայց եւ այնպէս, այդ տարբերակները յաճախ լեզուական առումով թերի են։ Այլ լուրջ հարց է արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի հարցը։ Սփիւռքի մէջ շատ մը հայեր դժուարութիւն ունին ընկալելու արեւելահայերէնը եւ փոխադարձաբար, հայրենիքի մէջ ապրող հայը՝ արեւմտահայերէնը։

Գալով լրագրական ոճի հարցին, Հայաստանեան մամուլի լրատուական կամ քաղաքական վերլուծողական ոճը ամբողջութեամբ կը տարբերի արեւմտեան աշխարհի մամլոյ ոճէն, ուր երբեմն, մանաւանդ ընտրապայքարներու կամ այլ քաղաքական բեւեռացումներու պատճառով, կը զգենու գռեհիկ ոճ, ուր անհատներու դէմ ուղղուած քննադատութեանց կþուղեկցին մինչեւ իսկ լուտանքի չափանիշի արտայայտութիւններ։

Ինչ կը վերաբերի յառաջիկայ տարիներուն կամ տասնամեակներուն լրատուական աշխարհի գիտական զարգացումներուն, ընկալելի է, որ հսկայական փոփոխութիւններ պիտի կատարուին։ Հեռու չէ այն օրը, երբ իւրաքանչիւր անհատ, կարենայ ըստ կամքի սկսի առանձինն գործել որպէս լրագրող, եւ իր հաւաքագրած տեղեկատուութիւններն ու հեռահար արձանագրութիւնները, վայրկեանական տեղադրել համաշխարհային համացանցին վրայ գործող իր կայքին վրայ եւ զայն տարածել նաեւ հեռախօսակապային համակարգերու ցանցերուն վրայ։

* * *

Արդի քաղաքակրթութեան մէջ, մամուլին վիճակուած է մարդկութեան յառաջդիմութեան մղիչ ուժը դառնալու առաքելութիւնը։ Նոյնն է պարագան հայ մամուլին։

Հայ ժողովուրդի վիճակուած աշխարհագրական հեռաւորութիւնները, արդի գիտարուեստը եւ այլ գործօններ, պատճառ հանդիսացած են, որ հայ մամուլը իր առաքելութիւնը իրագործէ անպատում զոհողութեանց գնով։

21-րդ դարը, նոր էջ մը բացած է հայ մամուլի պատմութեան մէջ, ուր արդէն իսկ յստակ է, որ սրընթաց եւ աննախընթաց զարգացում արձանագրող գիտարուեստին հետ քայլ չպահող կողմը, անպայմանօրէն պիտի ըլլայ տուժող կողմը։

ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ

«ԱԶԱՏ ՕՐ»

Տպել Տպել