«Հայրենիք»ի խմբագրական. Բարեւ … յեղափոխութի՛ւն եւ եղափոխութի՛ւն

Hayreniq Ըստ երե­ւոյ­թին յե­տընտ­րա­կան պատ­կե­րը շատ աւե­լի հե­տաքրք­րա­կան եւ ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին կը թուի ըլ­լալ, քան վե­րընտ­րա­կան պատ­կե­րը:

Այս վեր­ջի­նին պա­րա­գա­յին, այն­քան մը ձանձ­րա­ցու­ցիչ էր ստեղծ­ուած կա­ցու­թիւնը, որ երբ պե­տու­թիւնն ու իշ­խող կու­սակ­ցու­թիւն յար եւ նման են, ոչ մէկ հնար կը մնար ար­դար եւ ժո­ղովր­դա­վար մա­կար­դա­կի ընտ­րու­թեան:

Զար­մա­նալի­օ­րէն, այս իրա­վի­ճա­կին ար­դիւնքն էր վե­րընտ­րու­թեան յա­ջոր­դող յե­տընտ­րա­կան իրա­պաշտ ներ­կայ կա­ցու­թեան գո­յա­ցու­մը:

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան վե­րընտ­րա­կան մե­քե­նան ինք­նավս­տա­հօ­րէն կը գոր­ծէր…այս­պէս կոչ­ուած տի­պար, թա­փան­ցիկ եւ ան­նա­խա­դէպ Փետր­ուար 18, 2013 թուա­կա­նը բո­լո­րե­լու, յատ­կա­պէս նկա­տի ու­նե­նա­լով որ բազ­մա­թիւ ընդ­դի­մա­դիր խմբա­ւո­րում­ներ որո­շած էին չներ­կա­յաց­նել ոե­ւէ թեկ­նա­ծու: Հա­ւա­նա­բար, նոյ­նինքն Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան ընտ­րա­կան մե­քե­նան, թեկ­նա­ծու նա­խա­գահ Սերժ Սարգս­եա­նի դէմ ամե­նէն աւե­լի մօ­տիկ մրցա­կից նկա­տի առ­նուող Րաֆ­ֆի Յով­հան­նէս­եա­նէն կը սպա­սէ­ին քուէ­նե­րու առա­ւե­լա­գոյ­նը 15 առ հա­րիւ­րի հունձք մը:

Այդ պատ­ճա­ռով ալ 12 ժամ տե­ւո­ղու­թիւն ու­նե­ցող ընտ­րու­թեան առա­ջին ժա­մե­րը ըն­թա­ցան հան­դարտ, այն­քան մը որ բազ­միցս նշուե­ցաւ թէ ընտ­րու­թիւն կայ, սա­կայն ընտ­րող չկայ: Բայց երբ հետզ­հե­տէ ժա­մե­րը թա­ւա­լե­ցան եւ մերթ ընդ մերթ յստա­կա­ցաւ թէ սպաս­ուած այդ բաղ­դա­տա­կան պատ­կե­րը սխալ էր, հետզ­հե­տէ աւե­լի գոր­ծեց Հան­րա­պե­տա­կան վե­րընտ­րա­կան մե­քե­նան: Յատ­կա­պէս, Հա­յաս­տա­նի երկ­րորդ քա­ղաք «ցնցուած» Գիւմ­րին ահա­զան­գած էր, այս ան­գամ տար­բեր ձե­ւով ցնցե­լով եւ ի նպաստ Րաֆֆի­ին քու­է­ար­կե­լով: Ահա­ւա­սիկ ցայ­տուն օրի­նակ մը, ուր ժո­ղո­վուր­դը որո­շած էր ընդվ­զիլ, պոռթ­կալ եւ պա­հան­ջել ըն­կե­րա­յին, տնտե­սա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ բա­րո­յա­կան ար­դա­րու­թիւն:

Եւ յե­տընտ­րա­կան օրե­րուն, այս դժգոհ հա­յոր­դի­նե­րու ալի­քը ողո­ղած էր Ազա­տու­թիւն հրա­պա­րակ եւ դեռ ալ կ՛ո­ղո­ղէ: Մի­ա­ցած են գրե­թէ բո­լոր ընդ­դի­մա­դիր խմբա­ւո­րում­նե­րը: Ժա­մա­նած են ազ­դան­շա­նը տա­լու իրա­յա­տուկ ԲԱ­ՐԵՒ-ի մը:

ԲԱ­ՐԵՒ…Յե­ղա­փո­խու­թիւն, եղա­փո­խու­թիւն, փո­փո­խու­թիւն, իշ­խա­նա­փո­խու­թիւն: Սա­կայն զգոյշ, եր­բեք առիթ պէտք չէ ստեղ­ծել արիւ­նա­հե­ղու­թեան: Անըն­դու­նե­լի է հնգամ­եայ պատ­մու­թիւն ու­նե­ցող մարտ­մէկ­եան ընդ­հա­րում, ո՛չ ալ Արեւմտ­եան Աշ­խար­հէն նե­րած­ուած գոյնզ­գոյն կամ պտղա­տու յե­ղա­փո­խու­թիւն:

Արեւմտ­եան պե­տու­թիւն­ներ եր­բեք թող չկար­ծեն թէ «ծի­րա­նի» կամ «նռան գոյ­նի» կեղծ յե­ղա­փո­խու­թիւն­ներ կա­րե­լի է նե­րա­ծել կամ վե­րար­տադ­րել հայ­րե­նի­քէն ներս: Տա­ռա­պող հա­յոր­դին քա­ջա­տեղ­եակ է թէ պտու­ղին հունտն է կա­րե­ւո­րը…եւ ոչ թէ անով սնա­նած մի­ջուկն ու մաշ­կը:

ԲԱ­ՐԵՒ..Հա­զար ԲԱ­ՐԵՒ այդ հուն­տին, որ հե­ռու է որե­ւէ վտան­գա­ւոր ախ­տէ եւ վնա­սա­կար որ­դէ:

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»

Տպել Տպել