Փետրուարեան ընտրութիւն՝ կոալիցիոն ընդդիմութեան ժամանակը

KhachigDGh Առանց բանավէճի, ծրագիրներու համարեա բացակայութեամբ յատկանշուած, գաղափարազուրկ, պարզունակ հայրենասիրական ճառերով լեցուն, սերիալներու յատուկ էժանագին տռամներու յուզականութեամբ թրծուած նախագահական ընտրութիւններու «փիար»ական քարոզարշաւը աւարտեցաւ եւ Փետրուար 18-ին, թուական մը որ Արամ Մանուկեանները չմոռցողները կը նշեն որպէս պոլշեւիկեան իշխանութեան լուծին դէմ ժողովրդային ապստամբութեան պատմական օր, Հայաստանի մէջ «տօնուեցաւ» ժողովրդավարութեան յաղթանակը՝ ընտրութիւններու սպասուած արդիւնքներու բացայայտումով: Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը կը պատրաստուէր հրապարակելու քուէարկութեան արդիւնքները այն բաւարարութեամբ որ անկախութենէն ի վեր ամենէն ազատ, մաքուր եւ թափանցիկ գործընթացը պիտի ծափահարուէր ամենուրեք:

Ըսենք թէ ծափահարութիւններու ալ պէտք չկար. բաւական էր որ աշխարհով մէկ Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններու հանդէպ բացարձակ անտարբերութիւնը շարունակուէր: Անտարբերութիւն, որ Պարոյր Հայրիկեանի դէմ մահափորձը եւ անոր յաջորդած ու մինչեւ օրս շարունակուող խեղկատակութիւնը, մասնակցութեամբ իբրեւ թէ իրենց յանցագործութիւնը խոստովանած երկու ձերբակալեալներուն, միջադէպին հետախուզութիւնը իրականացնող քննչական խումբին եւ նոյն ինքն՝ զոհին, չյաջողեցաւ խորտակել: Պարզապէս՝ Հայաստանի ներքաղաքական գործընթացին հանդէպ միջազգային անտարբերութիւնը լաւ է բիզնէսին համար: Անշուշտ այն բիզնէսին որուն գործընկերները նաեւ երկրին տէրերն են, երկրին շէֆ-երը: Ոչ միւսներուն, որոնց կարգին՝ միլիոնաւոր տոլարներու ներդրում ընել ցանկացող Քարըֆուրին, որուն թէեւ վարչապետ լիբերալ Տիգրան Սարգսեանի սուբերլիբերալ կառավարութիւնը երդում պատառ կÿըլլայ որ կÿուզէ որ գայ Հայաստան, բայց նոյնը չեն մտածեր մրցակցութենէ խորշող ՍԱՍ եւ Երեւան Սիթի սուբըրմարքէթներուն տէրերը: Կամ՝ իրենց մասնագիտութեամբ արդէն գոնէ Սփիւռքի մէջ լաւ վարկ շահած ատամնաբոյժներու բիզնէսին, որ Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան անցնող հինգ տարիներուն, յատկապէս հազիւ մէջտեղ եկած միջին խաւին դէմ ակտիւացած հարկայինին վերջին զոհերէն է:

Անտարբերութիւնը զգալի էր նաեւ հասարակութեան մէջ: Ընտրութիւնները անդրադարձ պիտի չունենային արդէն արտագաղթած, արտագաղթելու պատրաստուող թէ արտագաղթելու մասին մտածող ու երազող տասնեակ հազարաւորներուն համար: Ոչ միայն Ռուսաստանի ճամբան բաց կը մնայ (երեւի հեշտացնելու համար Հայաստանի եւրասիայացումը…) քիչ մը աւելի լաւ կեանք յուսացողներուն համար, այլ տիրապետող ազատ շուկայական գաղափարախօսութեան համոզումը առաջին օրէն իսկ եղած է որ հայրենիքի մէջ աշխատանքն ալ ենթակայ է առաջարկի ու պահանջարկի օրէնքին: Ժամանակին մի ոմն Վանօ Սիրադեղեան կÿողջունէր Հայաստանի արագընթաց կլանումը դրամատիրութեան գլոբալ յորձանուտին մէջ՝ Երեւանի սեղանիկներուն մէջ երկրի ապագան տեսնելով եւ կը յայտարարէր որ երկրին մէջ պէտք է ապրի այնքան մարդ որքան երկիրը կրնար կերակրել:

Մնացածը կրնար գլխուն ճառին նայիլ ուր որ կÿուզէր, ինչպէս որ կÿուզէր: Արդէն ինքն ալ տարբեր բան չըրաւ… Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրով ծնած ու հաստատագրուած այս մտայնութիւնը Հայաստանի պետական այրերուն մօտ ոչ միայն չփոխուեցաւ Ռոպերթ Քոչարեանի տասնամեակին եւ Սերժ Սարգսեանի ժամանակ, այլ աւելի ամրագրուեցաւ՝ որպէս անխուսափելի հետեւանք ազատ շուկայականութեան անունով երկրին մէջ հաստատուող մենաշնորհային համակարգի ստեղծած պայմաններուն: Երբ հացի ու ապագայի յոյսի խնդիր կայ ալ որո՞ւն «տէրտ»ն են ընտրութիւնները… Սերժ Սարգսեանի քարոզարշաւի բազմաթիւ կաֆ-երէն այն որ ամենէն աւելի հարազատ կերպով արտագաղթին հանդէպ իշխանակարգի անտարբերութիւնը խորհրդանշականօրէն կը բացայայտէ իր անկեղծ պատասխանն էր իրեն դիմած քաղաքացիի մը, որ կը գանգատէր թէ իր զաւակը ստիպուած էր Ռուսաստան երթալու. «Ե՞ս եմ յանցաւորը…»:

Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի գործը սուսիկ-փուսիկ վերջացնելու սպասումը «հեմէն-հեմէն» իրականութեան վերածուելու սկսած էր Փետրուար 18-ի գիշերը եւ յաջորդ առաւօտեան, երբ միջազգային դիտորդները իրենց «համսըզ ու հոտսըզ» տեղեկագիրը կը փորձէին հրապարակել, եւ յաւուր պատշաճի քանի մը նկատողութիւններէ յետոյ, գործող եւ գործը շարունակելու պատրաստուող նախագահին ընտրութիւնը օրինական յայտարարելով: Մինչ այդ, արտասահմանէն շնորհաւորականները երբեմն հասկնալի եւ երբեմն ոչ այնքան հասկնալի փութկոտութեամբ հասնելու սկսան, ինչ որ, շատ հաւանաբար, Սերժ Սարգսեանի շրջապատին համար իրենց յաղթանակը կÿամրագրէր:

Բայց պատահեցաւ չսպասուածը, եւ որքան որ ընտրարշաւը ձանձրացուցիչ էր, որքան որ գրեթէ ամէն մարդ համոզուած էր որ ոչինչ պիտի փոխուէր Փետրուար 19-ին, նոյնքան ալ անակնկալ եղաւ յետընտրական շաբթուան ընթացքին կացութեան ելեկտրականացումը:

Պաշտօնական տուեալներով ի դէմս Սերժ Սադգսեանի 58 տոկոսին 37 տոկոսի պատկառելի ձայներ հաւաքած Ռաֆֆի Յովհաննէսեանը յայտարարեց որ չէր ճանչնար արդիւնքներուն վաւերականութիւնը եւ համոզում յայտնեց որ ինք շահած է ընտրութիւնները: Զօրաւոր ենթահող ունէր այդ համոզման համար. Սերժ Սարգսեանին յաղթած էր, միշտ պաշտօնական տուեալներով, իւմրիի, Արտաշատի եւ նոյնիսկ Երեւանի առնուազն կէսին մէջ: Լուրեր կը շրջագայէին արդէն բացայայտ խախտումներու, այսինքն՝ ընտրատուփերը քուէներով լեցնելու մասին: Թէ որքան այդ լուրերը կը համապատասխանեն ճշմարտութեան՝ հազիւ թէ փաստուի, այնպէս ինչպէս անկնկալելի չէ որ կարելի ըլլայ օրինական ընթացակարգով ապացուցել Ռաֆֆի յաղթանակը:

Պարզ է նաեւ որ Ռաֆֆիին քուէները կը բացատրուին նաեւ անով որ քաղաքական միւս երեք ուժերը՝ Բարգաւաճ Հայաստան, Հայ Ազգային Կոնգրէս եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն որոշեցին թեկնածու չունենալ: Աւելի՛ն, Ռաֆֆին գացած քուէները հիմնականօրէն Սերժ Սարգսեանի դէմ բողոքի քուէներ էին աւելի քան իր ծրագիրներուն համար տրուած քուէներ: Տակաւի՛ն. Դաշնակցութեան կոչին ընդառաջելով թէ ոչ յիսունհինգ հազարի չափով անվաւեր քուէներ հաշուուեցան միշտ պաշտօնական տուեալներով: Այս բոլորը կը նշանակէ որ հասարակութեան մէջ միայն անտարբերութիւն չկար, եւ, փաստօրէն, բողոքի, դժգոհութեան ու փոփոխութեան ցանկութեան ամբողջ կարողականութիւն մը կը բացայայտուէր:

Եւ կարեւոր չէ թէ Ռաֆֆին ինչպէ՛ս համոզեց մարդոց: Իր բարեւն ու ժպտալով մարդոց հետ ձեռնուելու քարոզարշաւային ժեսթը իր ջերմութեամբ թերեւս դպաւ մարդոց զգայնութեանց: Կարեւորը այն է որ Ազատութեան Հրապարակը, օփերային առջեւ, ղարաբաղեան շարժման սկսման քսանհինգամեակին օրը, Փետրուարի 20-ին, դարձեալ իմաստ ստացաւ «ժողովուրդ» հասկացողութիւնը որպէս հաւաքական կամք: Եւ եթէ այն երանելի օրերուն ազատութեան տենջանքն էր որ կÿարտայայտուէր «Միացում» կարգախօսով, 20 Փետրուար 2013-ին ընկերային արդարութեան պահանջն էր որ քաղաքական ծրագրի ու ղեկավարութեան հրամայականը օրակարգի կը վերածէր:

Անկէ յետոյ իրադարձութիւնները ծանօթ են: Սերժ Սարգսեան մերժեց իշխանութիւնը յանձնել: Փետրուար 21-ին Նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցաւ Սերժ-Ռաֆֆի հանդիպումը, որուն ընթացքին առաջինին դրած գլխաւոր երեք պահանջները՝ կամ իշխանութիւնը յանձնել, կամ խախտումներուն պատասխանատուները դատական պատասխանատուութեան հրաւիրել ու նոր ընտրութիւններ անցկացնել, կամ ալ լուծել Ազգային Ժողովը եւ խորհրդարանական նոր ընտրութիւններ հրաւիրել, մերժուեցան երկրորդին կողմէ: Նոյն օրն իսկ Ռաֆֆին հանդիպեցաւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան երագոյն Մարմնին հետ եւ, նախագահական թեկնածու Հրանդ Բագրատեանէն ու Հ. Ա. Կոնգրէսէն Նիկոլ Փաշինեանէն յետոյ Դաշնակցութիւնն ալ միացաւ ժողովրդային զօրաշարժին որ շարունակուեցաւ յաջորդ օրերուն՝ յատկանշականօրէն բազմամարդ ըլլալով ի մասնաւորի իւմրիի մէջ Փետրուար 23-ին:

Ցարդ եզրակացութիւն չկայ: Յստակ է որ առաջին օրէն իսկ Ռաֆֆին բացառեց Մարտ 1, 2ի սենարիոյի մը կրկնութիւնը, եւ նոյնիսկ զուսպ կերպով հակադարձեց Նիկոլ Փաշինեանի աճապարանքին: Մարտ 1, 2ի սենարիոյի բացառումը անկասկած նաեւ այն վստահութիւնն է որ Դաշնակցութեան ղեկավարութիւնը ստացաւ մասնակից դառնալու համար զօրաշարժին: Բայց դեռեւս յստակ չէ թէ զօրաշարժի նպատակը ինչ է, դէպի ուր պիտի ուղորդուի: Կայ, բնականաբար, ժամանակի գործօնը. իշխանութիւնն ու տիրող համակարգը տեղի պիտի չտան եւ պիտի սպասեն որ զօրաշարժերէ ու հաւաքներէ յոգնած ժողովուրդը ձանձրանայ ու հիասթափուի եւ իր գործին երթայ: Կը սպասեն որ անտարբերութիւնը վերադառնայ, թէկուզ եւ երկրէն հեռանալու երազներու փայփայումով որպէսզի իրենք աւելի հանգիստ վերադառնան իրենց բիզնէսին ու երկրի ղեկավարման գործին որոնք արդէն շատերը նոյնացուցած են կամ իրարմէ չեն զանազաներ…

Իշխանութեան եւ ուժի դիրքերէն եւ այդ դիրքերու ու անոնց անպատժելիութեան վստահած օլիկարգային համակարգի այս արհամարհանքին դէմ գաղափարախօսականօրէն իրարու հակադիր, անցեալին իրարու հետ բախած եւ քաղաքական տարբեր ծրագիրներու հետամուտ ընդդիմադիր ուժերը, հիմնականօրէն՝ Ռաֆֆին ու իր Ժառանգութիւնը, արդէն կեդրոն-աջ կուսակցութեան վերածուած Հ. Ա. Կոնգրէսն ու Հայաստանի մէջ ձախի այլընտրանքի կառուցման առաքելութեան պարտականութիւնը ունեցող Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը պիտի կարենա՞ն ի մի բերել ազգային համաձայնութիւն մը դէպի անարիւն պայքար ու համակարգային թէկուզ եւ հանգրուանային բայց անպայմանօրէն հաստատ ու արմատական բարեփոխումներ, բացառելով թունաւոր «յեղափոխութիւններու» գունաւոր զառանցանքը: Թէկուզ եւ ի վերջոյ քաղաքականութիւնը անխուսափելի դարձնէ ով ինչ պիտի ստանայի տրամաբանութիւնը, բայց հիմնական է որ այս հանգրուանին ընդդիմութիւնը գիտակից ըլլայ ստեղծուած պահու առիթին, եւ համոզուի որ եթէ օլիկարգային համակարգը այս ընտրութիւններով ինքզինք եւ իր օրինականութիւնը աւելի հաստատէ փոփոխութեան յոյսը աւելի զօրաւոր հարուած պիտի ստանայ: Որովհետեւ՝ իշխող դասակարգէն լաւագոյն պարագային բարեգործութիւն պէտք է սպասել, բնաւ երբեք՝ բարեփոխութիւն:

2003-էն սկսեալ Հայաստանի քաղաքական համակարգը կոալիցիոն ժողովրդավարութիւն ստեղծեց: Ազգային միասնականութեան պիտակին տակ իշխող դասակարգը ամրագրեց օլիկարգային համակարգը հիմնականօրէն չէզոքացնելով աջ թէ ձախ ընդդիմութեան կազմութեան ամէն փորձ: Կասկած չկայ որ այդ ձախողութեան համար պատասխանատու են նաեւ ընդդիմադիր ուժերը: Մէկ խօսքով՝ կոալիցիոն ժողովրդավարութիւնը քաղաքական ղեկավարութեան ու քաղաքական կուսակցութիւններու եւ ժողովրդային զանգուածին միջեւ կապը խզեց: Ընդդիմութեան բացակայութիւնը կը բացատրէ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ընտրական յառաջընթացը 2008-ին իր ողբերգական հետեւանքներով: Նոյնիսկ երբ 2009-ին Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը վերջապէս դուրս եկաւ կառավարութենէն, կոալիցիոն ժողովրդավարութեան իներցիայի ազդեցութիւնը շարունակուեցաւ ընդհուպ մինչեւ բացարձակ մեծամասնական Հանրապետական Ազգային Ժողովի մը կազմութիւնը անցեալ տարուայ ըպժնտրութիւններուն:

Այս բոլորէն իրենց դասը պիտի կարենա՞ն քաղել ընդդիմութեան ուժերը որոնք այսօր ժողովրդային զօրաշարժի գործօնին վրայ կրնան վստահիլ: Պիտի հասկնա՞ն որ կոալիցիոն ընդդիմութեան կազմութեան պատմական ժամանակն է: Քաղաքական հասունութիւնն ու հմտութիւնը պիտի ունենա՞ն ժողովուրդին առաջնորդելու դէպի երկարաշունչ պայքար ի խնդիր ոչ թէ հիմա ու անմիջապէս իշխանափոխութեան, այլ հիմնականօրէն օլիկարգային համակարգի «ապամոնթաժման»:

Խ. Տէր Ղուկասեան
«ՀՈՐԻԶՈՆ»

27/02/2013թ.

Տպել Տպել