Նախաձեռնութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինին Սումկայիթի Ջարդերու 25-ամեակի Նշում

sumgayit-beirutՍումկայիթի եղեռնագործութեան 25-ամեակին առիթով, նախաձեռնութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին Սումկայիթի զոհերու յիշատակին հոգեհանգստեան արարողութիւններ տեղի ունեցան Լիբանանի հայկական երեք յարանուանութիւններու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ:

Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ քարոզեց Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Պատարագէն ետք Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի հաւաք: Յաջորդաբար խօսք առին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին անունով Յակոբ Կէրկէրեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Միջին Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան եւ Գեղամ արք. Խաչերեան:

Պատգամախօսները շեշտեցին զոհերուն յիշատակը յարգելու, ազրպէյճանական խեղաթիւրումները հերքելու, միջազգային ընտանիքէն արդարութիւն եւ դատապարտում պահանջելու հրամայականները:

«ԱԶԴԱԿ», 4 Մարտ 2013

Տպել Տպել