«Ներկայիս Պոլսահայութեան Դիմագրաւած Բազմաթիւ Հարցերուն Մէջ Առաջին Տեղը Կը Գրաւէ Քաղաքացիական Արիութիւն Ցոյց Տալը» «Վանայ Ձայն»-ին Կ՛ըսէ Սարգիս Սերոբեան

Sarkis_Seropian

Երբ Մեհմետ Ֆաթիհ 1453 թուականին Պոլիսը գրաւեց, երեք օր ու երեք գիշեր բիւզանդական մայրաքաղաքը աւերելէ եւ կողոպտելէ ետք, հրաման տուաւ այդ վայրագութիւնները կասեցնելու, որովհետեւ շուտով անդրադարձաւ, որ եթէ այդպէս շարունակէ, աւերակներու վրայ պիտի իշխէ: Ապա Մեհմետ Ֆաթիհ հրամայեց եւ բռնի կերպով Կ. Պոլիս բերել տուաւ հայեր ու յոյներ, որպէսզի անոնց ճակտի քրտինքով վերածաղկի իր նոր մայրաքաղաքը: Որոշ բանասէրներ եւ պատմաբաններ Կ. Պոլսոյ գրաւման թուականին եւ ապա շուրջ 10 տարի ետք հաստատուած Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան աթոռին կը կապեն պոլսահայ գաղութին ծննդոցը` մոռնալով կամ անգիտանալով, որ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին կառուցուած էր արդէն 1398-ին, ինչ որ կը նշանակէր, թէ քաղաքին մէջ հայութիւնը արդէն կազմաւորուած գաղութի մը նման կացութեան մէջ կը գտնուէր գրաւումէն գէթ 50 տարի առաջ: Այսինքն` պոլսահայ գաղութը մօտաւորապէս 600 տարուան կեանք մը ունի: Անշուշտ այս գաղութը իր ծաղկումի շրջանը ապրած է 19¬րդ դարու երկրորդ կէսէն մինչեւ 1914, ապա ենթակայ դարձած է ճակատագրական վերիվայրումներու: Այսօր մեր իրականութեան մէջ, պոլսահայ գաղութը կրողն է այն հրաշալի անցեալին, որ արեւմտահայ զարթօնք, պոլսահայ բեմ, Մեծարենց, Պարոնեան, Վարուժան, Սիամանթօ, Զօհրապ, ինչպէս նաեւ Լիմոնճեան, Ջուհաճեան եւ այլ մարզերու մէջ գործած ու փայլած եւ պատմութեան անցած հոյլ մը տուաւ թէ՛ հայերուն, թէ՛ թուրքերուն, եւ ասիկա կարելի չէ ուրանալ:

Այսօր ո՞ւր եւ ի՞նչ արժեչափի վրայ կը գտնուի պոլսահայ գաղութը: Ինչպէ՞ս կը կառավարէ ու կը յարմարի Թուրքիոյ մէջ ձեւաւորուած նոր կացութիւններուն եւ իրավիճակներուն: Ինչպիսի՞ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ: Հարցումներ եւ խնդիրներ, որոնց պատասխանը ստանալու համար հարցազրոյց մը կատարեցինք պոլսահայ «Ակօս» թերթի հայերէն բաժինի պատասխանատու խմբագիր Սարգիս Սերոբեանին հետ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պոլսահայ գաղութը այս հրաշալի պատմութիւնը կը կրէ իր ուսերուն եւ իր ենթագիտակցութեան ու յիշողութեան մէջ: Այսօր այս գաղութը ի՞նչ վիճակ կը պարզէ:

ՍԱՐԳԻՍ ՍԵՐՈԲԵԱՆ.- Հանրապետութեան ժամանակաշրջանին եւ 1915-ի Ցեղասպանութենէն ետք տիրած ամուլ շրջանին ու 1923-ին, հետ բաղդատելով` հաւանաբար այսօր պոլսահայութիւնը ամէնէն լաւ ժամանակը կ՛ապրի: Ասիկա կը նշանակէ, որ Թուրքիոյ մէջ քարերը սկսան տեղափոխուիլ եւ ճիշդ տեղերը տեղադրուիլ: Ես կողմնակից չեմ, որ այս գաղութին մօտենանք դասականացած ձեւով. ըսել կ՛ուզեմ, որ 1915-ին թեւերը եւ ոտքերը կտրուած մարմին մը մնաց գաղութը, խելքը խլուած էր կարծէք իրմէ, կարողութիւն չունէր մտածելու, եւ այդ պատճառով նահանջ արձանագրուեցաւ բոլոր մարզերուն մէջ: Ասիկա տեւեց մինչեւ 1940 թուականները, նոր սերունդի մը հասնիլը, որովհետեւ հին սերունդէն մարդ չէր մնացած: Նոր սերունդ մը պիտի հասնէր եւ հասաւ, բայց Թուրքիան, հակառակ անոր որ հանրապետութիւն կոչուեցաւ, բայց եւ այնպէս նոր հանրապետութիւն մը ծնաւ հին կայսրութեան մոխիրներէն: Դժբախտաբար մեզ բնաջնջող Ապտիւլ Համիտէն սկսող եւ Իթթիհատական կուսակցութեամբ շարունակուած մտայնութիւնը նոյնութեամբ հանրապետութեան մէջ ներմուծուեցաւ եւ դարձաւ հիմնադիր ուժ. կացութիւն մը, որ մինչեւ օրս կը շարունակուի: Մենք ուժ չունէինք պայքարելու 1940-1950-ականներ թուականներուն, այդ պայքարը սկսաւ 1990-ական թուականներուն, երբ քիչ մը ժողովրդավարութեան բուրմունք մտաւ երկրին մէջ, եւ այդ ժամանակ էր, որ Հրանդ Տինք «Ակօս»-ը հիմնեց: «Ակօս»-ի միջոցով մենք սկսանք մենք մեզ ծանօթացնել թուրքերուն, որոնք մեզ չէին ճանչնար: Կացութիւնը այնպիսին էր, որ երբ մեր պապերուն ապրած հողերուն այցելութեան կ՛երթայինք եւ մարդոց կ՛ըսէինք, թէ մենք հայ ենք, նոյնիսկ «քաւ լիցի» ըսողներ կ՛ըլլային: Հայութեան վերաբերող անորոշութիւն մը կար, իսկ երբ սկսանք ծանօթացման աշխատանքին, թուրքերը զարմանքի տարբեր դրսեւորումներով ընդունեցին այս իրականութիւնը: Արդարեւ, հանրապետութեան շրջանին Թուրքիոյ դասագիրքերը, պատմութեան բոլոր գիրքերը լեցուն էին հայութեան դէմ արտայայտութիւններով եւ հայերը գէշ, վատ ու ոճրագործ, թուրքի թշնամի կը ներկայացնէին: Նոյնիսկ մենք` հայ աշակերտներս, այդ բաները կարդացած էինք եւ անշուշտ անոնց պիտի չհաւատայինք, որովհետեւ մեր տուներուն մէջ հայ ծնողներու զաւակներ էինք եւ գիտէինք, որ այդպէս չէ: Բայց այդպէս տպաւորուած էինք, որ մեր պապերը մեծ յանցանքներ գործած են, թուրքերը մզկիթներու մէջ դրած են եւ այրած, սպաննած: Այս պատճառով թուրքերը մեզի չեն սիրած եւ աքսորած են:

Հ.- Այս բոլորով հանդերձ ըսիք, որ ներկայիս պոլսահայ գաղութը իր ամէնէն լաւ ժամանակաշրջանը կ՛ապրի:

Ս. Ս.- Պոլսահայ գաղութը իր լաւագոյն ժամանակները կ՛ապրի այն իմաստով, որ թուրքերն ալ նոյն հոլովոյթին մէջ են, անոնք ալ կարելիութիւններ կ՛ունենան: Կայ մտաւորականութիւն մը, որ այլեւս հայերը ճանչցած է եւ հայերուն կողքին կը կանգնի, «Հրանդ Տինքի ընկերներ»-ուն կազմակերպած հաւաքներուն մասնակցած 200 հազար «Մենք հայ ենք, մենք Տինք ենք» ըսողներուն չորս հինգերորդը հայ չէ:

Հ.- Դուք, որ այդ իրականութեան մէջ կ՛ապրիք եւ թրքական առօրեան, քաղաքականութիւնը, մտածելակերպը շատ լաւ ըմբռնած եւ հասկցած էք, կը նկատէ՞ք, որ ասոր կողքին նաեւ կայ թրքամոլութեան եւ ազգայնամոլութեան ուժգին ալիք մը, որ դարձեալ սկսած է բարձրանալ:

Ս. Ս.- Ատիկա շատ բարձր ալիք մըն է, շատ ուժեղ է, եւ մեր պայքարը ատոր դէմ է: Կրօնամէտ կոչուած կառավարութիւնը, Էրտողանի կառավարութիւնը, որ զինուորականութիւնը տապալեց եւ վերջինիս ուժը խլեց, այսօր նոր զօրանոցներուն մէջ իր զինուորականները բերաւ եւ ինք Մուսթաֆա Քեմալին տեղը անցաւ: Այսինքն դժբախտաբար, թէեւ կը կարծէինք, թէ Իթթիհատի գաղափարը, մտայնութիւնը տապալելու միտում կար, բայց ատիկա տապալելէն ետք, ինք անոր տեղը առնել սկսաւ, ինք ազգայնամոլ դարձաւ: Բայց Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարական հոսանք մը, հով մը փչեց տեղէ մը: Այլեւս կան մարդիկ, որոնք կրնան խօսիլ եւ իրենց ձայնը բարձրացնել ազգայնամոլութեան, թուրք ֆաշականութեան դէմ: Այդ խօսողներուն մէջն ալ մաքուր թուրքեր կան:

Հ.- Պոլսահայ այսօրուան գաղութը իր ներկայ պատկերով, թիւով ո՞ր տարիներուն ձեւաւորուեցաւ եւ վերջնականապէս այս պատկերը ստացաւ, այդ ընթացքին գաւառներէն Պոլիս եկան շատեր, եւ այժմ այդ գաւառներուն մէջ հայեր չկան կամ շատ քիչ թիւ կը կազմեն:

Ս. Ս.- 1960-ական թուականներուն սկսաւ այդ շարժումը: Գաղթականաց յանձնախումբը կազմողը Շնորհք պատրիարք Գալուստեանն էր, որ 1964-1965 տարիներուն պատահաբար անդրադարձաւ, որ Մուշի մէջ 30-40 հոգինոց գերդաստան մը դիմած է խորհրդային դեսպանատուն: «Մենք Հայաստան գաղթել կ՛ուզենք, մենք Մուշէն պիտի գաղթենք Հայաստան, մեզի արտօնագիր տուէք, որպէսզի երթանք», ըսած էին անոնք: Այս ընտանիքը թրքական արխիւներուն մէջ «իսլամ թուրքեր» արձանագրուած էր:
Հ.- Թրքական իշխանութիւնները ի՞նչ ձեւով կը հակազդէին պահանջներուն նման հայերու, որոնց ինքնութիւնը ձեւով մը կը բացայայտէր, երբ անոնք Խորհրդային Հայաստան կ՛ուզէին ներգաղթել: Օրինակ, ի՞նչ եղաւ վերը ձեր յիշած ընտանիքին ճակատագիրը:

Ս. Ս.- Այդ ընտանիքին բան մը չեղաւ, որովհետեւ խորհրդային իշխանութիւնները պատասխան իսկ չտուին անոնց դիմումին: Մուշէն Հայաստան այդպիսի գաղթի մը իրենք ալ համաձայն չէին: Խնդրայարոյց եւ քաղաքական փոթորիկ ստեղծելիք հարցի մը պատճառով թուրքերուն հետ յարաբերութիւնները խախտելու կողմնակից չէին խորհրդային կարգերու ղեկավարները: Բայց այդ մասին լսող հայ մը եկած եւ ուրիշներուն պատմած էր, այս մասին տեղեկացած է երջանկայիշատակ Շնորհք պատրիարքը, որ որոշած է գաւառի մէջ գտնուած գոնէ հայ արձանագրուած քրիստոնեայ մնացած հայերը Պոլիս հաւաքել` զանոնք իսլամանալէ փրկելու նպատակով: Այդպէս կազմակերպուած է Գաղթականաց յանձնախումբը:

Այս նպատակով քահանայ մը ձեռնադրուած է, Տիգրանակերտ ղրկուած է եւ այդ քահանան 15 տարի` սկսեալ 1965 թուականէն, գործակցած է այդ յանձնախումբին հետ: Ան 8000 հայ արձանագրած է գաւառներէն (մեծամասնութիւնը Սասունէն) եւ ոչ թէ քաղաքներէն: Անձնագիրին մէջ իսլամ արձանագրուածները չեն ընդունուած այդ յանձնախումբին կողմէ: Անոնք իրենց անձնական միջոցներով եկած են եւ ուղղակի օգնութիւն չեն ստացած հայկական յանձնախումբէն: Անոնք անուղղակի կերպով իրենց ազգականներուն միջոցով հաստատուած են Պոլիս: Անոնք, որոնք հայ են, բայց իսլամ արձանագրուած են, չեն ընդունուած, որովհետեւ անոնք եկեղեցւոյ մէջ կը հաւաքուէին, պէտք է հայ քրիստոնեայ ըլլային: Միայն քրիստոնեայ չէ, հա՛յ քրիստոնեայ: Օրինակ` ասորիներ չեն առնուած, որովհետեւ եթէ մէկ ասորի առնուէր եւ ոստիկանութիւնը լուր ունենար, «ասորիները հայ կը դարձնեն» պիտի ըսէին եւ ուրիշ խնդիրներ պիտի ծագէին: Այդ 8000 հայերէն ետք, արդէն մեծաթիւ հայեր չմնացին գիւղերուն մէջ, փոքր տղաքը` դպրոց, դպրեվանք կը բերէին, անոնք այդպէս կը փրկուէին: Գաղթականաց յանձնախումբը դադրեցուց իր աշխատանքը, բայց գաղափարը մնաց: Ուրեմն Պոլիս գալը աւելի նպատակայարմար էր հայ մնալու համար: Այդպէս շարունակուեցաւ, Պոլիս եկողներուն մէջէն Հայաստան գաղթողներ եղան, Եւրոպա, Միացեալ Նահանգներ գաղթողներ ալ եղան:

Հ.- Այսօրուան դրութեամբ պոլսահայ գաղութին թիւը ի՞նչ է:

Ս. Ս.- Ատիկա ոչ ոք յստակ գիտէ: Շուրջ 60 հազար կ՛ըսուի, տասը տարիէ ի վեր կը լսեմ, որ 60 հազար կ՛ըսուի, թիւը ո՛չ կ՛աւելնայ, ո՛չ կը պակսի: Անշուշտ գաղթողներ կ՛ըլլան, բայց եկուորներ ալ կ՛ըլլան: Հայաստանէն եկածները չեմ հաշուեր, որովհետեւ անոնք քաղաքացի չեն, Թուրքիոյ քաղաքացի չեն, այլ նկատի ունիմ գաւառներէն եկող հայերը: Կան թաքուն ձեւով հայ արձանագրուած հայեր` տարբեր գիւղերու մէջ:

Հ.- Ասոնք Գաղթականաց յանձնախումբին ուշադրութենէն վրիպա՞ծ են:

Ս. Ս.- Գաղթականաց յանձնախումբը Տիգրանակերտ կը գտնուէր, աւելի մօտ էր Պաթմանին, Սասունին, եւ այդ շարժումին անունը կարծես թէ ստեղծուած է Վարթոյի երկրաշարժին պատճառով: Վարթոյի երկրաշարժէն ետք հայերու գաղթը սկսած էր Թուրքիոյ մէջ. պատմութեան մէջ այդպէս արձանագրուած է, թուրքերը այդպէս կ՛ըսեն: Բայց այսօր լաւ գիտենք, որ երբ Վարթոյի երկրաշարժը տեղի ունեցաւ, հոն հայ չկար, որ տեղաշարժ ըլլար: Բայց երբ Վարթոյի երկրաշարժը տեղի ունեցաւ, ժողովուրդին մէջ այն մտայնութիւնը տարածուեցաւ, որ Վարթոյի երկրաշարժէն փախած հայեր են ասոնք, սակայն այդ 8000-ին մէջ Վարթոյէն եկած մէկ հոգի չկար:

Հ.- Այն պատմութիւնը կամ վարկածը, որ այսօր աւելի շրջանառութեան մէջ կը դրուի, եւ արդէն վերջերս ալ վարչապետ Էրտողան սկսաւ այպանել այդ օրուան կառավարութիւնը, կամ գլխաւորաբար Քեմալ Գըլըճտարօղլուի գլխաւորած Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը, որ Տերսիմի 1938-ի ցեղասպանութեան պատասխանատուները անոնք էին եւ այդ օրերուն նաեւ հայեր սպաննուած կամ բռնի տեղահանուած են: Որքանո՞վ ճիշդ է այս վարկածը:

Ս. Ս.- Հարիւր տոկոսով ճիշդ է: Բոլոր հայերն ալ տերսիմցիներու, ալեւիներու եւ քիւրտերու պէս տեղահանուեցան, եւ մինչեւ այսօր տերսիմցիները նեղութեան կ՛ենթարկուին: Այսօրուան այդ խօսքերը լսող, Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը քննադատող այսօրուան կառավարութիւնը, Տերսիմի գետերուն վրայ պատուարներ կառուցելով Տերսիմը բաժան-բաժան ընելու պատրաստութեան մէջ է: Այդ կառուցումը կը նշանակէ տերսիմցիին միակ եկամուտը եղող հոսող մաքուր ջուրը կեղտոտել, ապականել եւ վաճառքը ձախողեցնել, որովհետեւ այդտեղի բնակիչներուն եկամուտը այդ ջուրն է: Նախ երբ այդ լիճերը գոյանան, հաղորդակցութիւնները կը խզուին եւ Տերսիմը քանի մը երկրամասի կը բաժնուի. ալեւի Տերսիմը կտոր-կտոր պիտի ըլլայ: Օլաճըխը, Մազկերտը, Չմշկածագը պիտի բաժնուին, Խարբերդը լիճին միւս կողմը պիտի մնայ, հաղորդակցութիւնը պիտի խզուի եւ իբրեւ թէ այդպիսով քիւրտ գաղտնի բանակին փախչիլը պիտի արգիլուի: Ասիկա պատրուակ է, նպատակը այլ է: Տերսիմը քանդելը 1938-էն առաջ սկսած է եւ շրջանը զանազան պատրուակներով բազմիցս ռմբակոծուած է:

Հ.- Պոլսահայ գաղութին եւ ամբողջ հայութեան համար ի՞նչ էր կացութիւնը Հրանդ Տինքի նահատակութենէն առաջ եւ արդեօք նոր հանգրուան մը բացուա՞ծ է Տինքի նահատակութենէն ետք:

Ս. Ս.- «Հրանդ Տինքէն առաջ եւ Հրանդ Տինքէն ետք» արտայայտութիւնը շատ ճիշդ արտայայտութիւն է եւ պէտք է պատմութեան մէջ արձանագրուի: Տինքի սպանութիւնը, ինչպէս մտաւորական Թաներ Աքչամ ըսաւ, կարծես թէ Թալէաթ փաշայի սպանութեան փոխվրէժն էր, եւ այնպէս կազմակերպուեցաւ այդ արարքը, որ ճիշդ նման էր Թալէաթի սպանութեան, նոյնիսկ սպաննողին փախուստ տալու եւ շուտով ձերբակալուելու իմաստով նոյնութիւն կայ: Յստակ է, որ Թալէաթի սպանութեան վրէժն է, որ լուծուեցաւ: Այսինքն` իթթիհատական մտայնութիւնը, ֆաշական թրքական մտայնութիւնը ուզեց ցոյց տալ, որ ուշադի՛ր, մենք հայերուն պէտք եղած դասը այսպէս կու տանք, Թալէաթի սպանութեան վրէժը հիմա լուծեցինք: Անոր համար ալ շատ ճիշդ էր այն լոզունգը, ցուցատախտակը, զոր բարձրացուցած էր ծեր կին մը, եւ որուն վրայ գրուած էր` «1.5 միլիոն + 1», Հրանդ Տինքի սպանութիւնը Ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է: Այսինքն` ըսել ուզեցին, որ եթէ ձեր գլուխները բարձրացնէք, ձեր գլխուն գալիքը ասիկա է: Որովհետեւ Հրանդը գլուխը բարձրացուց, տարբեր ձայն մը հանեց, այս ճակատագիրին ենթարկուեցաւ: Հրանդը աշխարհի հայութեան կողմէ ալ քննադատուեցաւ, շատ խիստ քննադատուեցաւ: Բայց բոլորին ալ պատասխանները տուաւ: Գնաց Տրապիզոն, ուր համալսարանին մէջ յարձակումի ենթարկուեցաւ, սակայն այդ համալսարանին մէջ եկան զինք շնորհաւորեցին եւ ըսին` «Դուն մեզի շատ բան սորվեցուցիր»: Հրանդ այդ առումով շատ վտանգաւոր մարդ էր, որովհետեւ մարդիկ համոզել գիտէր:

Հ.- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք թրքական ներքին քաղաքականութեան ընթացքը:

Ս. Ս.- Իթթիհատական ազգայնական շարժումը կը շարունակուի, եթէ ոչ նոյն թափով, ապա ամէն պարագայի կը շարունակուի, եւ Հրանդին սպանութիւնը անպատիժ պիտի մնար, ինչպէս Թալէաթը սպաննողը անպատիժ մնաց, եւ ատիկա կը նշանակէր, որ ով որ ալ ըլլայ կառավարութեան գլուխը, տակաւին հզօր է իթթիհատական իշխանութիւնը: Իթթիհատական իշխանութիւնը բանակին մէջ մտած այդ իշխանութիւնն է, որ բազմաթիւ թուրքերու, եւ ցաւալի է ասիկա, բայց թուրք չեղողներուն ալ նոյն տրամադրութեան տակ կը դնէ: Թուրք չեղողներն ալ, իբր թէ թուրքեր, (իբր թէ կ՛ըսեմ, ինչպէս թուրքեր իբր թէ կ՛ըսեն Հայոց ցեղասպանութեան մասին), այդ իթթիհատական գաղափարախօսութիւնը շարունակողներուն ոչ մէկը մաքուր, զտարիւն թուրք է, բայց անոնք թուրքէն աւելի թուրք են, կամ պապէն աւելի պապական են: Անոնցմէ ոմանք ազգութեամբ արաբ են, մակեդոնացի են կամ ալպանացի են, կամ յոյն են կամ մեծ մասամբ հրեայ են:

Իթթիհատականներն ալ այդպէս էին, անոնց մէջ թուրքերը շատ քիչ էին. նմաններ այսօր ալ կան, անոնք այդքան զօրաւոր են, որ այսօրուան կառավարութեան մէջ ալ ներկայ են, արդէն կէսը անոնցմէ է, առանց անոնց տեղ տալու Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան չէր կրնար իշխանութեան հասնիլ: Ուրեմն ամէն բան Էրտողանի ձեռքը չէ, ան այդ ոչ իսկական թուրքերը մաքրելու չափ զօրութիւն չունի: Ըսեմ, որ Հրանդ Տինքի դատավարութիւնը չվերջացաւ թրքական մակարդակով տրուած վճիռով, այս հարցը պիտի բարձրացուի եւրոպական դատարանին առջեւ, եւ արդարութիւնը պիտի տնօրինուի: Տինք պիտի չվերադառնայ, բայց այս բարձրացած աղմուկը թուրքերը պիտի տկարացնէ աշխարհին դիմաց:

Հ.- Կը հաւատա՞ք, որ ի վերջոյ Հրանդ Տինքի սպանութեան իսկական դաւադիրները, ծրագրողները, գործադրողները պիտի յայտնաբերուին: Թուրքիոյ դրուածքը, կացութիւնը, ներքին հայատեացութիւնը, թրքամոլութիւնը, խորքային պետութեան վիճակը նկատի ունենալով կրնա՞յ ըլլալ, որ ոճիրը բացայայտուի:

Ս. Ս.- Կը հաւատանք, մենք այդ ուղղութեամբ աշխատանք կը տանինք ու պիտի տանինք. ըսեմ, որ խորքային պետութիւն չէ այլեւս Թուրքիան, որովհետեւ արդէն ջուրին երեսը ելաւ ամէն բան, ամէն ինչ ալ արդէն յայտնի է: Պիտի բացայայտուի կամ ոչ, ատիկա դժուար է ըսել, այնքան ատեն որ այս գործին գլխուն կանգնողները տակաւին իշխանաւորներ են, բայց ժողովուրդը կամաց-կամաց սկսած է արթննալ: Ատիկա պէտք է նկատի ունենալ, որովհետեւ նաեւ ոչ ոք կրնայ գիտնալ, թէ ժողովուրդը ե՞րբ իր ուժը պիտի ցուցադրէ, ո՞ր ընտրութեան, չմոռնանք, որ ընտրութեան այս կուսակցութիւնը մեծ յաջողութիւն կ՛արձանագրէ, մենք նոյնիսկ անոր քուէ տուինք, որովհետեւ ջուրը ինկողը նոյնիսկ օձին կը փաթթուի, որովհետեւ այլընտրանք չունինք: Բայց ժողովուրդը արթնցած է, ան այլեւս հայերը կը ճանչնայ, գիտէ, որ մենք տանջուած ենք, ինք ալ իր կարգին տանջուած է, մանաւանդ Տերսիմի ժողովուրդը, ալեւիները. այսօր անոնք եւս հարց կու տան, թէ իրենք ժամանակին արդեօք ո՞ր ազգին կը պատկանէին եւ իրենց ազգէն արտաքսուելով ալեւի դարձած:

Հ.- Այսօր պոլսահայ գաղութը իր բոլոր թեւերով, հատուածներով, հոսանքներով, պատրիարքարանով հիմնական ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ:

Ս. Ս.- Այսօր պոլսահայութիւնը բազմաթիւ հարցերու դէմ յանդիման կանգնած է. անոնց առաջին տեղը կը գրաւէ քաղաքացիական արիութիւն ցոյց տալը, պատրիարքարանին` իբրեւ կրօնապետութիւն հզօրանալը, ընտրեալ պատրիարք մը կարեւոր է այս իմաստով, մենք կ՛ուզենք պատրիարք մը ընտրել, սակայն այնքան ատեն որ մեր պատրիարքը թէկուզ հիւանդ, սակայն ողջ է, ուրեմն նոր պատրիարքի ընտրութիւն կազմակերպելը յարմար չնկատուեցաւ: Մեր դիմաց դրուած հարցերէն է նաեւ Թուրքիոյ ժողովրդավար դառնալը, որովհետեւ եթէ այդ մէկը չկատարուի, Թուրքիա Հայոց ցեղասպանութիւնը պիտի չճանչնայ. Տինքի երազը այդ էր, տեսնել ժողովրդավար Թուրքիա մը, որ ինքնաբերաբար Ցեղասպանութիւնը պիտի ճանչնայ:

Մեծ եւ բարդ հարց է նաեւ հայոց լեզուի հարցը: Թուրք ազգայնական գաղափարախօսութիւնը այնպէս կազմակերպեց, որ հայերէնն ու միւս լեզուները կորսուին, եւ ժողովուրդը թրքերէն խօսի: Այսօր հայկական դպրոցներուն մէջ հայերէն դասաւանդելու, բոլոր նիւթերը հայերէնով ուսուցանելու իմաստով արգելք չկայ, բայց ատիկա չ՛ըլլար, որովհետեւ հայերէն դասաւանդելու կոչուած ուսուցիչ չունինք: Արմատը կամաց-կամաց կտրուեցաւ. պետութիւնը ուսուցիչներու յատուկ օրէնքներ դրաւ, անոնք պէտք է թրքական համալսարան երթան, թրքերէնին տիրապետեն լաւապէս. մինչ այդ պոլսահայութիւնը արդէն արտագաղթելու ընթացքի մը սկսած էր, իւրաքանչիւր տասը տարին պետական կամ թուրք ազգային հարուած մը կու գար փոքրամասնութիւններուն, յատկապէս հայերուն եւ յոյներուն, ծանր հարուած տալու: Գաղթողները ընդհանրապէս բուն պոլսեցիներն էին, որոնք լաւապէս կը տիրապետէին հայերէնին, անոնց տեղ կու գային գաւառցիներ, որոնք հայերէն չէին գիտեր, որովհետեւ անոնց հայկական դպրոցները փակուած էին: Այսպիսով, սերունդները չկրցան հայերէն սորվիլ, եկող հայերը թրքախօս էին: Այդպիսով ալ լեզուն նահանջեց, հայերէնը հետզհետէ մոռցուեցաւ, մենք այսօր թրքական մտածելակերպով հայերէն կը խօսինք, ատոր համար ալ «Ակօս» կարճ նախադասութիւն գործածելու քաղաքականութիւն որդեգրած է, որպէսզի ընթերցողներուն մատչելի ըլլայ:

Հ.- Կա՞ն նշոյլներ, խմորումներ կամ յոյսեր այն մասին, որ պոլսահայ գաղութը կարենայ զարթօնք մը ապրիլ:

Ս. Ս.- Երիտասարդները այս գծով մեծ յոյս կու տան մեզի: Ըսի նախապէս, որ տասը տարին անգամ մը պոլսահայութիւնը տարբեր պատճառներով արտագաղթի կը դիմէր. Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք ունեցայ այն մտավախութիւնը, որ այդ արտագաղթը պիտի վերսկսի, սակայն բարեբախտաբար այդպէս չեղաւ, որովհետեւ երիտասարդութիւնը արգելք եղաւ. ասիկա այն երիտասարդութիւնն է, որուն հայերէն չգիտնալուն համար մենք երբեմն կ՛անտեսենք զայն, ոմանք նաեւ նկատի չեն առներ այդ երիտասարդութիւնը. այդ տղաքը օրերով, շաբաթներով, գիշեր-ցերեկ «Ակօս»-ին դրան առջեւէն չբաժնուեցան, հաւաքներ ըրին, մոմեր վառեցին, լոյսերը վառած պահեցին, կազմեցին խմբակ մը, որ կը կոչուի «Հրանդին ընկերները»: Այդ խմբակը քաղաքացիական հաւաքական ուժ մը դարձաւ. անոնք մինչեւ իսկ պատրիարքարանի ընտրութիւններուն գծով կ՛երթան հաշիւի կը նստին թաղային, համայնքային ղեկավարներու հետ, որոնք նաեւ թրքախօս են, ուստի լաւապէս կը հասկնան իրարու. անոնք պահանջներ ունին եւ անոնց ձայնը նոյնիսկ լսելի դարձած է պետութեան մօտ, որ «Հրանդի ընկերներ»-ուն ձայնը երբեմն-երբեմն ստիպուած է լսել: Այս խմբակի անդամները բաւական մեծ աշխատանք կը կատարեն, անոնք համացանցային ձայնասփիւռի կայան մը հիմնեցին` «Նոր Ռատիօ» անունով եւ քանի տարիէ սփռումներ կը կատարեն, մենք ալ երբեմն անոնց հիւրը կ՛ըլլանք, հայկական հին եւ նոր հարցերու մասին կը խօսինք` հայերէնով եւ թրքերէնով: Անոնք 8-10 լեզուով սփռումներ կը կատարեն, չերքեզերէն, լազերէն եւ այլն, որովհետեւ կը հաւատան, որ այդ լեզուները պէտք չէ մոռցուին, ինչպէս որ հայերէնը պէտք չէ մոռցուի: Անոնք միջազգայնականացած (ինթերնասիոնալիստ) մօտեցում ունին հարցերուն նկատմամբ, հաւանաբար ճիշդ է այդ մօտեցումը: Այս տղաքը հայերէն ալ կը խօսին, երբեմն կիս-կատար, բայց կը խօսին: Ատկէ բացի, այդ երիտասարդները, անոնց շարժումը արգիլեց այն արտագաղթի շարժումը, որ նախատեսուած էր, որ ըլլայ Տինքի սպանութենէն ետք: Մեր ազգային հաստատութիւնները կը ստիպուին այդ երիտասարդութեան դերը նկատի առնելու, ըլլայ պատրիարքարանի, ըլլայ համայնքային տարբեր կառոյցներու վերաբերող հարցերուն մասին: Ասիկա կարեւոր է, յոյս կը ներշնչէ, թուրքերը կը նախանձին, ինչպէս նախապէս թուրք արուեստագէտներ կը նախանձէին մեր եկեղեցիներու երգչախումբերէն` ըսելով, որ դուք ամէն թաղի մէջ երգչախումբ ունիք, մինչ մենք ամէն մէկ շրջանի մէջ իսկ չունինք այս մէկը:

Հ.- Եզրափակելու համար այս շահեկան զրոյցը` խօսինք պոլսահայ գաղութի ապագային մասին: Այս գաղութը իր կազմաւորման տարիներէն մինչեւ Ապտիւլ Համիտէն առաջ եղած է կեդրոնական գաղութներէն մէկը մեր իրականութեան մէջ: Տուած է մեծ դէմքեր բազմաթիւ մարզերու մէջ: Այսքան մեծ մշակութային, պատմական աւանդ ունեցող գաղութը դէպի ո՞ւր կ՛ընթանայ այսօր:

Ս. Ս.- Այդ ընթացքը կասեցնողը, հայութեան վերելքին արգելք եղողը իթթիհատականները եղան: Այսօր թուրք մտաւորականներ ցաւով կ՛անդրադառնան այն իրականութեան, որ թրքական իրականութեան մէջ դերակատարութիւն ունեցող հայեր մոռացութեան մատնուած են, օրինակ, քանի մը օր առաջ թրքական թերթերէն մէկուն մէջ թուրք յօդուածագիրը կը գրէր Թուրքիոյ մէջ մեծագոյն թիւով մզկիթի յատակագիծ գծած եւ կառուցած հայ ճարտարապետին` Արա Արաթանի մասին` հարց տալով, որ ան արդեօք Թուրքիոյ քաղաքացի չէ՞: Ասիկա անցեալը ուրացողներուն ուղղուած հարցում է, զանոնք արթնցնելու փորձ է. այսօր հայերն անգամ այդ անձը մոռցած են: Այս բոլորը երեւան հանողները «Հրանդ Տինքի ընկերներ»-ն են, թուրք մտաւորականները կը գրեն այս մասին, իսկ պատասխան տալու ստիպուած են թուրք ընդյատակեայ, խորունկ, այսօր ջուրի երես ելլող պետութիւնը, Թուրքիան ղեկավարող եւ ատկէ օգտուող փոքրամասնութիւնը, բայց կարեւորը այն է, որ ժողովուրդը քիչ-քիչ այս բոլորէն իրազեկ պիտի դառնայ, այս մասին պիտի կարդայ, պիտի սորվի, 80-90 տարիէ իր սորվածներուն սխալ ըլլալուն պիտի գիտակցի, թաքուն հայերու երեւոյթը անոնցմէ մէկն է: Թաքուն հայեր իրենց հայ ըլլալը գաղտնի պահած են, անոնց մամիկները կամ պապիկները նոյնիսկ իրենց զաւակներուն չեն ըսած այս մասին, անոնք ընդհանրապէս իրենց մեռած ատեն մէկու մը ականջին փսփսացած են արմատներով հայ ըլլալու մասին, կամ նոյնիսկ անոնց մահէն ետք զաւակներ ու թոռներ կը կասկածին, թէ կրնան այդպէս ըլլալ ու կը սկսին փնտռել, նոյնիսկ կու գան մեզի կը հարցնեն, այս մասին իրենց ուղղութիւն տուող հիմնական կռուանը «Ակօս»-ը կը նկատեն: Այսօր պոլսահայ գաղութը տարբեր բնոյթի հարցերու դէմ յանդիման է, իր ուժերը լարած է, որպէսզի կարենայ այդ բոլորը դիմագրաւել:

Հարցազրոյցը վարեց` ԱՐՄԷՆ ԱՊՏԱԼԵԱՆ

«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել