Ատրպէյճան՝ ամօթի 30 օրեր

ANC-Canada-logoԳանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը (ԳՀԴՅ) Փետրուար 21-էն ի վեր ձեռնարկած է «Ատրպէյճան՝ ամօթի 30 օրեր» անունով քարոզարշաւի մը, որուն նպատակն է գանատացիները տեղեակ դարձնել Ատրպէյճանի կողմէ մարդկային իրաւունքներու բացայայտ եւ շարունակուող ոտնաՀարման։ Երեսուն օրերու ընթացքին եւ օրական դրութեամբ ԳՀԴՅ-ն պիտի հրապարակէ Ատրպէյճանի կողմէ մարդկային իրաւունքներու խախտման ու անարգումին վերաբերեալ յօդուածներ, տեղեկագրեր ու վիտէոներ, որոնք կը բացայայտեն այս խախտումները ծածկելու համար Ատրպէյճանի իշխանութիւններու տարած զանազան մարտավարութիւնները, որոնք կþիրականացուին քարոզչութեան, ապատեղեկատուութեան կամ սադրանքի ու սպառնալիքի այլեւայլ միջոցներով։

«Թէեւ այս անցուդարձերը հազիւ կը հասնին գանատացիներու ուշադրութեան, սակայն իրողութիւն է թէ Ատրպէյճանի մարդկային իրաւունքներու բնագաւառին պարզած խեղճուկրակ պատկերը կը յատկանշուի քաղաքական ընդդիմութեան վրայ իրագործուած պետական մակարդակի ճնշումներով , կամայական բանտարկումի ու չարչարանքի բազմաթիւ պարագաներով, լրատուամիջոցներու գրաքննութեամբ, ինչպէս նաեւ փոքրամասնութիւններու դէմ ատելութիւն սերմանող հրահրումներով ու քարոզարշաւներով», յայտարարեց Գանատայի Հայ Դատի ատենապետ դոկտ. Ժիրայր Պասմաճեան։ «Իրօք՝ 2013-ի Յունուար 23-ին Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Հաւաքը (PACE) բանաձեւ որդեգրեց այս ուղղութեամբ, ուր ան կը յայտնէր իր «աճող մտահոգութիւնը Ատրպէյճանի մէջ օրէնքի ու մարդկային իրաւանց յարգանքի վերաբերեալ» ըսաւ դոկտ. Ժիրայր Պասմաճեան։

«Ատրպէյճան՝ ամօթի 30 օրեր» քարոզարշաւի թողարկումները կրնաք գտնել ՀԴՅ-ի կայքէջին (http://anccanada.org/thirty-days-of-shame), Facebook-ի էջին (www.facebook.com/ArmenianNationalCommitteeofCanada), ինչպէս նաեւ ANCC-ի Twitterի էջին (www.twitter.com/ancc_cnac) վրայ։

Օրական թողարկումները նիւթ պիտի դարձնեն, այլ նիւթերու կողքին՝ Ատրպէյճանի մէջ քաղաքական ազատութեան հարցը, խօսքի ու արտայայտութեան ազատութեան խնդիրը, նախագահ Ալիեւի վարչակարգին մէջ շարունակուող փտախտը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի քարոզչական մեքենան։

«ՀՈՐԻԶՈՆ», 27 Փետրուար 2013

Տպել Տպել