«Ազդակ»ի Խմբագրական. լիբանանահայութիւն – Արցախի հանրապետութիւն համագործակցութիւնը եւ ազրպէյճանական անհանգստութիւնը

arcax- Այսօր լիբանանահայ գաղութը կ՛եզրափակէ Արցախի ազատամարտի 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքը: Արցախի Հանրապետութեան փոխվարչապետին այցելութիւնը այս առիթով յաւելեալ հանգամանք եւ տարողութիւն կ՛ապահովէ ձեռնարկներուն եզրափակիչ հաւաքին:

Սումկայիթի զոհերու յիշատակի յարգումը, արցախեան ազատամարտին ինկած նահատակներուն գերազանց նուիրումի հաւաքական արժեւորումը, Արցախի ծանօթացումը երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան, զուգահեռ` վերաբնակեցման աշխատանքներու եւ ներդրումային դաշտի կայացման նկատառելի մասնակցութիւնը այս գաղութին Արցախ – լիբանանահայ գաղութ կապի առաւել սերտացման եւ մանաւանդ հայրենաշէն ծրագիրներու գործնական մասնակցութեան կարեւոր փաստեր են: Այս բոլորը անշուշտ ներազգային առաջադրուած մթնոլորտի ստեղծումին առընթեր քաղաքական ուղղուածութիւն գծող նախաձեռնութիւններ են եւ իբրեւ այդպիսին հեռանկարային առումով Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման նպաստող երեւոյթներ են:

Լիբանանեան իրականութիւնը թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ կրօնական պայմաններու առումով, տարբեր է: Ուրուկուէյէն, Միացեալ Նահանգներէն, Աւստրալիայէն, Եւրոպայէն եւ Քանատայէն անկախութեան ճանաչման ուղղութեամբ երեւցող, նախադրեալներուն ամենայն հաւանականութեամբ, որոշ ժամանակի համար պիտի չհանդիպինք այստեղ:

Չմոռնանք, որ Լիբանանը թէժ պայմաններ ապրող միջին արեւելեան երկիր է, որ թէ՛ շրջանային եւ թէ՛ տեղական առումներով սուր եւ անմիջական ձեւով մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կանգնած է:

Աւելի մասնակի. Լիբանանը իսլամական վեհաժողովներուն մասնակցող երկիր է, ուր Պաքու կը ներկայացնէ ամէնէն հակահայ եւ Արցախի պատմութիւնը նենգափոխած բանաձեւերու եւ որոշումներու նախագիծերը. քաղաքական իրատեսութիւնը կը յուշէ, որ նման բանաձեւերու քուէարկութեան ձեռնպահ մնալը կամ քուէարկութեան չմասնակցիլը ինքնին արդէն որոշ առաւել է հայկական կողմին համար:

Արցախի ազատամարտին մասնակցութիւնը, խրամատներուն մէջ Հայաստանէն եւ Արցախէն զինուորներու կողքին լիբանանահայ երիտասարդին ներկայութիւնը եւ նահատակութիւնը, երիտասարդական անընդմէջ եւ աւանդութիւն դարձած գործուղումները, դպրոցաշինութեան մասնակցութիւնը, վերաբնակեցման ծրագիրներու առաջադրումն ու անոնց ժողովրդականացումը, եւ ներդրումային դաշտին համագաղութային ձեւաչափով մասնակցութիւնը, բոլո՛րը ի վերջոյ ազատ ու անկախ Արցախի կայացման նպաստող անշրջանցելի ազդակներ են, որոնք անշուշտ կ՛արժանանան Արցախի պետութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու ուշադրութեան:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահը, վարչապետը, փոխվարչապետն ու բարձրաստիճան պաշտօնատարները` նախարարներ, վարչութեանց պետեր, բոլորը տարբեր առիթներով շեշտած են այս երեւոյթներուն կարեւորութիւնը պետականաշինութեան, բնակեցման եւ առհասարակ Արցախի զարգացման աշխատանքներուն մէջ:

Այս բոլորը անշուշտ աննկատ չեն անցնիր Պաքուի իշխանութիւններուն ուշադրութենէն: Համատեղութեան կարգով Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանը մնայուն կայք հաստատած է Լիբանան: Մինչ այժմ լիբանանահայ գաղութ-Արցախ համագործակցութեան ներկայ աշխուժութիւնը, որ բնականաբար կ՛անհանգստացնէ Պաքուն եւ անոր ներկայացուցիչը, անարձագանգ կը մնայ: Յայտնաբար այս հանգրուանին լուռ հետեւելու եւ չհակազդելու մարտավարութիւնը որդեգրուած է: Այս չի նշանակեր անշուշտ, որ թրքականին կողքին մենք ազրպէյճանական գործօնին հետ եւս զբաղելու պատճառ պիտի չունենանք: Լիբանանեան մամուլ սպրդող եւ «անջատողական հայեր»-ու կամ «Խոջալու»-ի մասին նշումներ կատարող լիբանանցի լրագրողներուն փորձերը կրկնուելու հիմքեր եւ պատճառներ ունին:

Հիմնախնդիրին ապակրօնականացումը եւ ցեղային մաքրազտումի միտումները բացայայտելը հայկական կողմին առջեւ ծառացող խնդիրներ են: Այս պայմաններուն մէջ նման առաջադրանքներու իրականացումը դիւրին չի թուիր:

Շրջանին եւ երկրին մէջ ազրպէյճանական շարժումներուն հետեւելու մեքենականութեան եւ բաժանմունքի ճշդումը հրամայական է: Լիբանանահայութիւն – Արցախի Հանրապետութիւն բազմակողմանի համագործակցութիւններուն առաւել թափ տալուն զուգահեռ:

«ԱԶԴԱԿԱ»

Տպել Տպել