Ազրպէյճանական Հակահայ Քարոզչութիւնը Ուժգին Հարուած Մը Ստացաւ

SDReportԱզրպէյճանի փոխվարչապետ Ալի Հասանով վերջերս Պաքուի մէջ տեղի ունեցած համագումարի մը ընթացքին թուրք լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով Հայաստանի հասցէին կատարեց բաւական անհեթեթ ամբաստանութիւններ, որոնց շարքին նշեց, որ «ամբողջ աշխարհը գիտէ, որ Հայաստան հիմա մեր բռնագրաւուած հողերուն վրայ (…) թմրեցուցիչի մաքսանենգութիւն կ՛ընէ»:

Անոր յայտարարութեան թիրախները վստահաբար Լեռնային Ղարաբաղի աշխարհագրական դիրքին անծանօթ եղողներն էին, որովհետեւ Արցախի դիրքին ծանօթ եղող ոեւէ անձի համար այդ խօսքերը միայն ծիծաղաշարժ են: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը Իրանի կամ Վրաստանի հետ սահմաններ չունի, իսկ Ազրպէյճանի հետ սահմանը զինուորական գօտի ըլլալով փակ է: Ուստի ո՞ր երկիրներու ճամբով մաքսանենգութեան մասին է խօսքը: Հայաստանի հետ է Արցախի հանրապետութեան միակ բաց սահմանը, ուր մաքսատուներ չկան, որպէսզի որեւէ մաքսանենգութիւն կատարուի, եւ աշխարհագրական դիրքի բերումով ալ այդպիսի գործունէութեան մը ծաւալումը տնտեսապէս անշահաւէտ, ուրեմն նաեւ անտրամաբանական է:

Մինչ Ազրպէյճանի փոխվարչապետը միջազգային հասարակութեան մօտ կը փորձէր Հայաստանի դէմ շօշափելի տուեալներէ զուրկ հակաքարոզչութիւն կատարել, անոր ջանքերը ուժեղ հակահարուած մը ստացան անսպասելի եւ հզօր կողմէ մը: Աշխարհի միակ գերտէրութեան` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր «Թմրեցուցիչներու վերահսկողութեան միջազգային ռազմավարութիւն-2013» անունը կրող զեկուցումին մէջ յայտարարեց, որ Ազրպէյճան հերոյինի եւ այլ թմրեցուցիչներու տարանցման համար կարեւոր երկիր է, որովհետեւ կը գտնուի Աֆղանիստանէն եւ Իրանէն դէպի Ռուսիա եւ Եւրոպա թմրեցուցիչներու մաքսանենգման հիմնական ճամբաներուն վրայ` աւելցնելով, որ շնորհիւ իր աշխարհագրական դիրքին, Ազրպէյճան թմրեցուցիչներու մաքսանենգման համար աւելի բարենպաստ երկիր մըն է, քան Վրաստանն ու Թուրքիան եւ, ամէն տարի, իբրեւ տարանցիկ երկիր, Ազրպէյճան մուտք կը գործէ մինչեւ 11 թոն հերոյին:

Ճշմարիտ է այն ասացուածքը, թէ գողը ամէնէն բարձրը կը գոռայ` «Բռնեցէ՛ք գողը»: Ազրպէյճան այսպիսով ուժեղ ապտակ մը ստացաւ եւ անոր ամբարտաւանութիւնը անուղղակի ու ոչ դիտաւորեալ կերպով կշտամբուեցաւ: Սակայն Ազրպէյճանի իշխանութիւնները արդեօք կը կարծե՞ն, թէ անձրեւ կու գայ…

Փոխանակ Հայաստանի եւ հայութեան դէմ հակաքարոզչութիւն կատարելու, այդ քարոզչութեան համար սփիւռքի մէջ հարիւրաւոր կազմակերպութիւններ կազմելու եւ հսկայական գումարներ ծախսելու, Ազրպէյճանի իշխանութիւնները պէտք է հետեւին Սերպիոյ «Քոսովոն մերն է խօսքը սուտ մըն էր» յայտարարող վարչապետ Իվիչա Տաչիչի օրինակին եւ ի վերջոյ խոստովանին, թէ «Լեռնային Ղարաբաղը մերն է խօսքը սուտ մըն էր»:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
«ԱԶԴԱԿ», 9 Մարտ 2013

Տպել Տպել