Բողոքի Ցոյց Սաքրամենթօ Այցելող Ատրպէյճանցի Երեսփոխաններուն Դէմ

20130312-Sacramento2ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Նախաձեռնութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴին, Երկուշաբթի, Մարտ 11ի երեկոյեան, բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ Սաքրամենթօ այցելող ատրպէյճանցի երեսփոխաններուն ու Ատրպէյճանի պետական քարիւղի ընկերութեան՝ «Սոքար»ի, ներկայացուցիչներուն կողմէ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտ կատարուած պաշտօնական այցելութեան դէմ:

ՀԵԴի եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գլխաւորութեամբ, ցուցարարները պահանջած են վերջ տալ Ատրպէյճանի իշխանութեանց կողմէ շարունակուող հակահայ արարքներուն եւ սպառնալիքներուն:

Բողոքի հաւաքին մասնակցած են Սաքրամենթոյի Ս. Յակոբ Հայց. եկեղեցւոյ Ասողիկ քհնյ. Ժամկոչեան, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամներ Խաչօ Աշաճեան, Ատրին Նազարեան եւ Սքաթ Ուիլք, իսկ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Լիլընտ Եի, ատրպէյճանական պատուիրակութեան ի պատիւ կազմակերպուած ճաշկերոյթին ընթացքին իբրեւ բողոքի արտայայտութիւն՝ պարբերաբար լքած է սրահը:

Ատրպէյճանական պատուիրակութիւնը պաշտօնապէս ներկայացուցած է Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի անդամ Պապ Հաֆը, որ նաեւ խօսած է Պաքու կատարած իր վերջին այցելութեան մասին:

Տպել Տպել