17 Մարտ 1905. Վիտոշի Խորհուրդը եւ Քրիստափորեան Աւանդը

Chrisdapr1 Մարտ ամսու 17րդ օրը կը խորհրդանշէ մեր ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման բարոյական վեհացումին եւ յեղափոխական պայծառակերպման օրը։

Օրը՝ իր անձին օրինակով ամբողջ սերունդներ յարատեւ կռուի առաջնորդելու, անյաջողութեանց մատնուելու գնով պայքարի վճռականութիւնը չկորսնցնելու եւ Հայաստանի ու հայութեան ամբողջական ազատագրումի դարաւոր երազը անպայման յաղթանակով պսակելու անդառնալի Ուխտին։

Օրը՝ Վիտոշի Խորհուրդին եւ Քրիստափորեան Պատգամին։

108 տարի առաջ, 17 Մարտ 1905ին, Պուլկարիոյ Վիտոշ լերան լանջին, Սուլթան Համիտի ահաբեկման համար պատրաստուած ռումբի փորձարկումին զոհ գացին հայ ազգային-ազատագրական շարժման անզուգական ղեկավար Քրիստափոր Միքայէլեանը եւ իր գործակից Վռամշապուհ Քենտիրեանը։

1904ին գումարուած Հ.Յ.Դ. 3րդ Ընդհանուր Ժողովին որոշուած էր Սուլթան Ապտիւլ Համիտի ահաբեկումը։ Հ.Յ.Դ. հիմնադիր երրորդութեան երիցագոյնը եւ իրաւամբ Դաշնակցութեան Կամքին մարմնաւորումը հռչակուած Քրիստափոր ի՛նք եղած էր դրօշակիրը «Կարմիր Սուլթան»ը մահուամբ պատժելու յանդուգն որոշումին։ Աւելի քան բնական էր, հետեւաբար, որ Քրիստափոր անձամբ ստանձնէր որոշումին գործադրութեան ամբողջական պատասխանատուութիւնը, եւ ստանձնե՛ց։

Դաշնակցութեան հիմնադիրը գերագոյն պարտքի զգացումով ձեռնամուխ եղաւ մեծ Բռնակալի ահաբեկման յանդուգն քայլի ծրագրումին եւ գործադրութեան կազմակերպումին։ Յեղափոխական անձնազոհութեան առաջնորդող օրինակը տալու պատասխանատուութեան մղումով՝ Քրիստափոր անձամբ ղեկավարեց ահաբեկչական գործողութեան բոլոր հանգրուաններուն մանրամասն ծրագրումն ու նախապատրաստութիւնը։

Եւ այդ ճամբուն վրայ Քրիստափորի բաժին ինկաւ ճակատագրի դառն խաղը։ Վիտոշի լանջին, «Մեծ Մարդասպան»ը ահաբեկելու կոչուած ռումբը ստուգելու հերթական փորձարկումի պահուն, վաղաժամ պայթեցաւ «դժոխային զէնք»ը՝ զգետնելով մեծ յեղափոխականն ու իր զինակիցը։

108 տարի անցած է Վիտոշի ողբերգութենէն ասդին եւ որքան ժամանակը թաւալի ու որքան խորանան Վիտոշի Խորհուրդը վերծանելու փորձերը, այնքա՛ն կը խտանայ եւ այժմէական իր թելադրականութիւնը կը շեշտէ Քրիստափորի արեամբ գրուած Յեղափոխական Պատգամը։

Մէկէ աւելի ուղղութիւններով դաստիարակչական է Վիտոշի Խորհուրդը։

Առաջին հերթին արդի ժամանակներու Հայ Մարդուն կը ներշնչէ ազգային անհուն ինքնավըստահութիւն ու հպարտութիւն, որովհետեւ հայ ազատագրական շարժման մեծ առաջնորդը իր կեանքի գնով օրինակ դարձաւ յեղափոխական յանդգնութեան։

Ոչ միայն խօսքով, այլեւ կենդանի գործով Քրիստափոր մարմնաւորեց Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան պայքարին համար գերագոյն զոհաբերութեան պատրաստ գտնուելու Դաշնակցականին գաղափարական ուխտը։

Պատգամեց հայոց սերունդներուն, որ ազգային-ազատագրական պայքարին առաջնորդը բարոյական իրաւունքը չունի, սուրբ գործէն հեռու կանգնած՝ իր ուխտակիցները նետելու անդարձ կռուի դաշտ։ Ընդհակառակն՝ յեղափոխական կռուի առաջնորդը առաջինը ինք պիտի նետուի պայքարի առաջին դիրքերուն վրայ, որպէսզի իրեն հետ յառաջ մղէ հաւատաւորներու, գաղափարի՛ մարտիկներու ամբողջ բանակը։

Այդպէ՛ս, Վիտոշի խորհրդանշած գերագոյն զոհաբերութեան բարոյական աւանդը եկաւ մէկանգամընդմիշտ հաստատագրելու, որ երբ կայ մարտունակութիւնը եւ երբ ամրապինդ է անհաւասար ուժերով անգամ կռուի դաշտ նետուելու կամքը՝ հայ յեղափոխականը ի վիճակի է կռուի իր ուրոյն զէնքերը ստեղծելու եւ սանձելու ամէնէն անխոցելի կարծուած բռնակալներն իսկ։

Երկրո՛րդ. պետական սարսափի եւ ահաբեկումի թրքական անպատիժ յանցագործութեան դէմ՝ Վիտոշի նահատակութիւնը եկաւ ամրագրելու, որ նոյնինքն ահաբեկչութիւնը կրնայ սրբազան զէնք դառնալ… տկարներուն ձեռքը։

Համիտեան բռնակալութիւնը քաղաքական ուղի ընտրած էր պետական ահաբեկչութիւնը։ Կարմիր Սուլթանը անձնատուր եղած էր հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման ամէնէն խաղաղ ելոյթներն անգամ անմեղ հազարաւորներու արեան մէջ խեղդելու… մոլուցքին։

Քրիստափոր իր արեան նուիրաբերումով եկաւ ուսուցանելու, որ թրքական պետութեան հայաջնջումի ահաբեկչութեան արժանի, այլեւ հատու պատասխանը նոյնինքն Համիտի ահաբեկումը պիտի ըլլար, իբրեւ հոգեփոխիչ ապացոյցը անարգ թշնամիին հայասպանական նկրտումները սանձող յեղափոխական յանդգնութեան անըսպառ ուժին։

Առանց Վիտոշի Խորհուրդին դժուար է ամբողջական բացատրութիւնը գտնել հայ ժողովուրդի նուաճած այն մեծ աւանդին, թէ ահաբեկչութիւնն ու ահաբեկիչը ինչպէ՛ս կրնան սրբութեան իմաստ եւ արժէք ստանալ հայ ժողովուրդի իրերայաջորդ սերունդներուն համար։

Հայ ժողովուրդին պարտադրուած տկարի եւ զոհի դաժան ու անարդար ճակատագրին դէմ յանդիման՝ Քրիստափորեան յանդգնութիւնը մարմնաւորեց պայքարունակ հայութեան գերագոյն ծառացումի պայծառակերպումը։

Եւ հայոց սերունդները Վիտոշի Խորհուրդէն վերցուցին Հայկական Ազատամարտի մեծ առաջնորդին անաւարտ գործը շարունակելու յանձնառութիւնը՝ այդ ճամբուն վրայ գերագոյն զոհաբերութեան պատրաստ գտնուելու մշտանորոգ ուխտով։

Ամբողջ դարաշրջան մը անցած է Քրիստափորի նահատակութենէն ասդին, բայց Վիտոշի Խորհուրդը ինչպէս անցեալ երկար տասնամեակներուն, նաեւ մեր օրերուն կը շարունակէ յանդգնութեամբ մկրտել հայոց սերունդները։

Երբ մեծերն ու զօրեղները բիրտ ուժով եւ պետական ահաբեկչութեամբ կը շարունակեն տկարներուն արդար պահանջները խեղդելու իրենց փորձերը,

Եւ երբ հայ ժողովուրդի պատմական պատուհասը՝ թրքական ցեղասպան պետութիւնը կը շարունակէ իր փորձերը, պետական ահաբեկչութեան նորանոր հնարքներով, խեղդելու հայ ժողովուրդին արդար պահանջատիրութիւնը,

Հայոց սերունդները ամենայն իրաւունքով իրենց հայեացքը կþուղղեն դէպի Վիտոշի Խորհուրդը եւ Քրիստափորեան աւանդը՝ վերանորոգելով Հայկական Ազատամարտին յեղափոխական յանդգնութիւնը իր արեամբ ջրդեղած անզուգական Քրիստափորի անմահ պատգամը.

– «Պատռել է հարկաւոր քարտէսների վրայ այս կամ այն աւազակապետի կամքով գծուած սահմանները. ջնջել է հարկաւոր այն աշխարհագրական ներկերը, որոնք մեզ բաժանում են իրարից եւ որոնք առհասարակ մշտական չեն, իսկ երբեմն շատ կարճատեւ են լինում։ Ո՛չ մի բռնութիւն, ո՛չ մի հալածանք, ո՛չ մի սահման չէ կարող բաժանել մի ժողովուրդ, եթէ նա տոգորուած է ընդհանուր շահերի գիտակցութեամբ, ունի նաեւ կռուելու անսասան վճռողականութիւն եւ կապուած, միացած է դարերով սնուած ու պահպանուած ընդհանուր բնազդների ու զգացմունքների առողջ զարկերով»։

– «… Եթէ իրաւունքը իր պաշտպանութեան համար կռիւ է պահանջում, հապա կռիւը իր յաղթանակի համար նեցուկ պիտի ունենայ ոյժը։ Ոյժն է՝ որ կառավարում է աշխարհս, եւ մենք ձեռք կը բերենք մեր ուզածները՝ երբ ո՛յժ կ’ունենանք»։

«ԱԶԱՏ ՕՐ»

15/03/2013

Տպել Տպել