Արցախեան Պահանջատիրութիւնը Հայութեան Վերադարձուց Իր Լինելիութեան Եւ Արժանապատուութեան

Հակոբ Լիբանանի կեդրոնական գաղութը անցնող տասը օրերու ընթացքին, աշակերտական-ուսանողական, մշակութային, երիտասարդական, եկեղեցական եւ ժողովրդային նախաձեռնութիւններով արժանավայել կերպով նշեց հայոց պատմութեան հերոսապատումը եւ յաղթանակը: Ապրեցաւ պանծալի յաղթանակի հպարտութիւնը, յիշեց իր նահատակները եւ անգամ մը եւս վերանորոգեց իր յանձնառութիւնը` անմնացորդ կերպով շարունակելու իր համահայկական դերակատարութիւնը եւ վճռակամօրէն պահելու ձեռք բերուած համազգային նուաճումը:

Այս օրուան առիթով անհրաժեշտ է, որ պահ մը մեր յիշողութեամբ փոխադրուինք 1988 թուական, յիշենք Հայաստանը հարուածած աղէտալի երկրաշարժը, այդ օրերուն գաղութին ապրած զօրաշարժը, հայրենաբնակ ժողովուրդին օգնութեան հասնելու այս գաղութի ցուցաբերած վճռական մօտեցումը եւ պատրաստակամութիւնը, մարդասիրական օդանաւերով օժանդակութեանց առաքումը եւ, անոնց զուգահեռ, մամուլի ճամբով, այն եզակի ապրումը, ի տես` Ստեփանակերտի եւ Երեւանի հրապարակներուն վրայ արձանագրուող մարդկային հեղեղին, ղարաբաղեան բռունցքներուն եւ պահանջատիրական պոռթկումին:

Կա՛րճ. յիշենք հայ ժողովուրդի վերազարթօնքը հայրենի հարազատ հողին վրայ: Այո՛, այդ օրերուն այսօրուան նման հաղորդակցական միջոցները այդքան ալ ձեռնտու չէին, բայց բաւարար էր, որ այդ ծովածաւալ բազմութիւններու քանի մը նկարները, բռունցքները, կարգապահ ու յանձնառու շարքերը նոր ապրումով մը լեցնէին Հայ դատի պահանջատիրութեան յառաջատարը հանդիսացող, Հայ դատի պայքարին մէջ իր եզակի դրոշմը դրած այս գաղութին յանձնառու երիտասարդութիւնը, ալեկոծէին սրտերը ու հոգիները բոլորին եւ Հայաստանն ու Ղարաբաղը նկարներով ճանչցած, բայց քաղաքականացման ու գաղափարական ինքնակերտումի կարեւոր հանգրուան նուաճած եւ ազգային վեհ իտէալներով տոգորուած սերունդ մը իր կրակէ մկրտութիւնը ստանար Ղարաբաղի լեռներու լանջին, այդ լեռներուն վրայ խրոխտ երգէր այն երգերը, որոնք ամբողջ սրտով ու հոգիով լիաթոք երգած էր Լիբանանի մէջ, ակումբներու եւ հայկական վարժարաններու հարազատ երդիքին տակ, դաստիարակուած էր այդ երգերու հերոսներու ու պատմադրոշմ նուաճումներու պատգամով եւ այսօր կ՛իմաստաւորէր այդ երգերը իր անձին օրինակով, չզլանալով նոյնիսկ իր թանկագինը` կեանքը, նաեւ ի պահանջել հարկին նուիրելու այդ հողերու ազատագրութեան ու պաշտպանութեան համար:

Լիբանանի հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան գործը պատուով կատարած, հայու պատիւի ու ինչքի պաշտպանութեան համար ոչ մէկ բան խնայած, Հայ դատի հետապնդման պայքարը իր գոյութեան իմաստին վերածած, այդ պայքարով վերանորոգ աւիշ ստացած, իր դաւանած գաղափարական ու յեղափոխական աւանդները վերարժեւորած, միջազգային ընտանիքին լիզպոնեան գերագոյն զոհաբերութեան պատգամը փոխանցած լիբանանահայ յանձնառու երիտասարդութիւնը բնական է, որ գլխագիր տառերով «Ներկա՛յ» արձանագրէր հեռաւոր Արցախէն հասնող հրաւէրին` Երկրի կանչին:

Այո՛, սովորական օր մը չէ այսօր, սիրելիներ: Աւելի քան 6000 նահատակներու թանկ արեամբ կերտուած ու այսօր արդէն իբրեւ պետութիւն կայացած հայկական Արցախը մեզի համար լոկ այդ ժամանակահատուածի ազատագրական պայքարի մասնակցութիւնը չդարձաւ, այլ վերածուեցաւ հայութեան հպարտառիթ ներկան ու ապագան լուսաւորող փարոս մը, որուն տուած ուղղութեամբ այնուհետեւ սկսաւ ընթանալ հայ կեանքը Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ: Այո՛, բոլորովին այլ երեւոյթ պիտի ստանար սփիւռքահայ կեանքը այսօր, եթէ երբեք տեղի չունենար ղարաբաղեան պոռթկումը, ազգային այդ համընդհանուր զարթօնքը, որ եկաւ աւելիով իմաստաւորելու Հայաստանի անկախութեան հռչակումը, եկաւ ըսելու` այո՛ հայութեան արժանապատուութեան ու իրաւունքներու ձեռքբերման գաղափարական նոր արեւելումին: Այո՛, եկաւ ամրօրէն դարբնելու հայութեան մէկութիւնը Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ եւ միանգամընդմիշտ հեռու վանեց հայ կեանքը հաւանական ամէն տեսակի տեղատուութենէ:

Եթէ Հայոց ցեղասպանութեան յիսնամեակը հայկական պահանջատիրութեան գաղափարին շուրջ միաւորեց բովանդակ հայութիւնը, ստեղծեց նոր ու ժամանակակից քաղաքական մտածողութիւն, սփիւռքի մէջ ծաւալած Հայ դատի հետապնդման պայքարը եւ արցախեան պահանջատիրութիւնը եկան միաւորելու քաղաքական ու գաղափարական ենթահողի վրայ խարսխուած համազգային գործը, պայքարը, եկան միաւորելու հայութիւնը եւ նոր լիցքաւորում տալու իր իրաւունքներու վերատիրացման ու երազներու իրականացման համար կատարուելիք սրբազան գործին` ամբողջական հայութեամբ, ամբողջական Հայաստանի կերտման հայութեան մեծ երազին: Ահաւասիկ այս ընդհանուր հարթակի վրայ պէտք է տեսնել հայութեան ներկան ու ըստ այնմ գնահատել այսօրուան մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները:

Հարկ է արդարօրէն հարց տալ, վստահաբար` ոչ ինքնագովութեան համար, որ այդ ի՞նչ գերբնական ուժ էր, որ յաջողեցաւ ամբողջ 70 տարիներու ընթացքին ապազգայնացնող, այլասերող ընդհանուր միջավայրին մէջ վառ պահել հայութեան պահանջատիրական ոգին: Այդ ի՞նչ հրաշք էր, որ յաջողեցաւ Երեւանի Ազատութեան հրապարակը ողողել մարդկային հեղեղով եւ, աւելի՛ն, այդ ի՛նչ կրակ էր, որ յանկարծ բոցավառեցաւ եւ բոցավառեց ամբողջ հայութեան սրտերն ու հոգիները: Ո՞ւր էր այն դաստիարակութեան գաղտնիքը, որ մղեց սփիւռքի մէջ կազմաւորուած երիտասարդը` անսալու իր ժողովուրդի կանչին եւ, վերջապէս, այդ ի՞նչ գիտակցական մօտեցում էր, որ ազատագրական պայքարին տուաւ համընդհանուր, համաժողովրդային բնոյթ, յետոյ բոլոր ջոկատները համախմբեց, կազմեց բանակ, հայկական արի՛ բանակ, օժտուած արդի ռազմական կարեւոր կարելիութիւններով:
Ազատագրեց հայապատկան հողեր, թշնամիին պարտադրեց նոր համաձայնութիւններ, ստեղծեց նոր հերոսներ, նոր խորհրդանիշներ եւ նոր սերունդին համար դարձաւ ազգային նկարագրի կազմաւորման հարուստ ներշնչարան: Ո՞վ կրնար պատկերացնել, թէ այսօր, միայն 25 տարի ետք, Արցախը պիտի օժտուէր պետութեան մը համազօր բոլոր ստորոգելիներով եւ միջազգային քարտէսին վրայ իր քաղաքական, ռազմական ու դիւանագիտական, թէկուզ իրողական, բայց ամուր ու հաստատ տեղը յստակացնէր:

Ժամանակի ու պահու անհրաժեշտութեան ու առաջնահերթութեանց ամբողջական գիտակցումն ու ընկալումը հայութեան երթը պահած է հետեւողական ու նպատակասլաց: Եւ ի՞նչ էր, որ աւելի հարազատ ձեւով պիտի արժեւորէր այս հանգրուանը, եթէ ոչ` «Դէպի երկիր» կարգախօսին դարբնումը հայ կեանքին մէջ, որ նոր ներշնչում պիտի տար հայ մարդուն, պիտի արժեւորէր իր անցեալի ամբողջ աշխատանքն ու ներդրումը եւ կարելիութիւն տար իրեն անսալու պատմութեան հարազատ ձայնին: Եւ վերջապէս, ո՞վ էր, որ պահու վայել գիտակցութեամբ գնահատէր այն քաղաքական զարթօնքը, հոգեփոխութիւնը, զգաստացումը, եթէ ոչ ինքը` դար մը հարուստ կենսափորձ կուտակած ու հայ կեանքը, հակառակ ճահճացման ամէն տեսակի սադրանքներու, մնայուն շարժման մէջ պահած կուսակցութիւնը, ի՛նքը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը:

ՀՅ Դաշնակցութեան կազմակերպական կառոյցին բացայայտումը հայրենի հողին վրայ պահու անհրաժեշտութիւն էր, գործի հրաւէր ու ի պահանջել հարկին` կեանքի գնով հայութեան նոր մարտահրաւէրը վերցնելու արեամբ ստորագրուած խոստում: Դաշնակցութիւնը Երկիր կը վերադառնար, որովհետեւ ժողովուրդը իրեն կը կանչէր, ժողովուրդը, այո՛, կարօտցած էր զայն, անոր գաղափարները, դաւանած տեսլականները, կերտած պատմութիւնը, վճռական ու հաստատակամ ձայնը, անկեղծ երդումը եւ մանաւանդ կենարար գործը, որոնք անարդարօրէն խլուած էին հայրենի ժողովուրդէն: Դաշնակցութիւնը կ՛երթար Երկիր ոչ թէ վայելելու ազատութեան ու անկախութեան նոր շունչն ու բարիքները, այլ` յաղթահարելու հայութեան վիճակուած նոր ճգնաժամը: Ան համոզուած էր, որ անկախութեան ուղին այդքան ալ դիւրին ճանապարհներէ պիտի չանցնի ու անցարգելները պէտք է յաղթահարել քաջութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ: Այդպէս եղած է պատմութեան ողջ ընթացքին, երբ որեւէ առիթով հայութեան գոյութիւնը դրուած է նժարի վրայ, Դաշնակցութիւնը գտնուած է պատնէշի առաջին դիրքերու վրայ եւ սակայն ոչ մէկ ատեն դրամագլուխի վերածած է այդ հանգամանքը: 1989-ին Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կը յայտարարէր, թէ հնչած է ժամը համազգային միակամ պահանջատիրութեան, ոչ մէկ խուսափում արտօնելի էր պատմական պահի այդ պատասխանատուութենէն եւ 1990-ին Դաշնակցութիւնը կը վերադառնար Երկիր ահաւասիկ այս առաքելութեան լիիրաւ գործադրութեան համար, ծառայութեան համար, ժողովուրդին համար:

Հայաստանի քաղաքական կեանքին իր մասնակցութիւնը նաեւ կը պայմանաւորէր այս հանգամանքներով, եւ այս մէկը տեսնելով իբրեւ միջոց` հայրենի հողին վրայ ամրապնդելու ազգային գաղափարախօսութիւնն ու պահանջատիրական մտածողութիւնը: Նախագահական, Ազգային ժողովի եւ այլ ընտրական գործընթացներու մէջ նաեւ Դաշնակցութիւնը կ՛առաջնորդուէր ու կը շարունակէ առաջնորդուիլ այս հիմնական հասկացողութեամբ ու ըմբռնումով` քաջ գիտակցելով, որ իր ընտրած ճանապարհը ամենադժուարն ու ամենափշոտն է, բայց եւ այնպէս` կենսականը:

Դուք լաւապէս գիտէք, որ խաղաղ օրերուն մէջ գործող կուսակցութիւն չէ եղած ու չէ այսօր Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, բայց հարկ է թերեւս յիշեցնել ոմանց նաեւ, որ Դաշնակցութիւնը պատերազմի կուսակցութիւն չէ, ինչպէս պիտի համարձակէին ըսել օրուան իշխանաւորները եւ իրենց տխրահռչակ ու անբացատրելի գործընթացով փորձէին հարուածել հայութեան պահանջատիրութիւնը եւ հայութեան հրամցնել «պատերազմ թէ խաղաղութիւն» վարքագիծը: Ժողովուրդը չընդունեց պարտադրուած խաղաղութիւնը եւ Արցախը իր խաղաղութեան պայմանները պարտադրեց թշնամիին: Պատմութիւնը վկան է, որ Դաշնակցութիւնը ճիշդ գնահատեց ղարաբաղեան տագնապի բոլոր հանգրուանները, իսկ անոնք, որոնք փորձեցին զանազան հաշիւներէ մեկնած` նոր ուղղութիւններ պարտադրել այդ երթին, չկրցան տոկալ եւ տեղի տուին հայութեան համազգային ճնշումին ու պահանջատիրութեան դիմաց: Դաշնակցութիւնը մնաց արթուն պահակը Արցախի ազատագրական կերտուած յաղթանակին ու նուաճումին, ինչպէս նաեւ` միասնակամութեան պահպանման, ի խնդիր Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորման: Այս մեկնակէտով, այսօր ղարաբաղեան պայքարը կը պարտաւորեցնէ մեզ յստակացնելու մեր մարտահրաւէրները.

Առաջին` հարկ է հետամուտ ըլլալ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման եւ այս իմաստով քաղաքական եւ հասարակական շրջանակներու մէջ Արցախի ներկայութիւնը դարձնել տիրական:

Երկրորդ` Արցախի անվտանգութիւնը եւ անոր տարածքներու ամբողջականութեան պահպանումը հարկ է դարձնել հիմնական նպատակակէտ եւ պահանջատէր դառնալ հայրենի պետութենէն Արցախի հետ ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքման, որ պիտի ծառայէ ամուր կռուան` ազրպէյճանական ռազմատենչ սպառնալիքներուն եւ բանակցային ընդհանուր գործընթացին մէջ երաշխաւորէ Արցախի իրաւունքները:

Երրորդ` Հայ դատի հետապնդման ծիրին մէջ արցախեան հիմնախնդիրը դիտարկել ազգային ազատագրական պայքարի սկզբունքներով եւ համախմբել համայն հայութեան կարողականութիւնը եւ ներուժը արցախեան հիմնախնդիրը ազգային ազատագրական պայքարի եւ ինքնորոշման իրաւունքի դաշտին մէջ պահելու համար:
Չորրորդ` բանակցային գործընթացին մէջ առաջնորդուիլ Արցախի ժողովուրդի 1991 թուականի անկախութեան եւ 2006 թուականին ԼՂՀ սահմանադրութեան ընդունման համաժողովրդական հանրաքուէներով արդէն իսկ արտայայտուած կամքէն: Միջազգային շրջանակներու մօտ պահանջատէր դառնալ այն հանգամանքին որ խնդրի լուծումը հնարաւոր է իրաւաքաղաքական ճանապարհով:

Հինգերորդ` բացառել բանակցային գործընթացին մէջ շուկայական սակարկութեան վերածելու Արցախի Հանրապետութեան փաստացի սահմանները, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Արցախի` Շահումեանի եւ Գետաշէնի շրջանները ընդունիլ Արցախի անբաժանելի մաս եւ այս մէկը արժանացնել համահայկական զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ` պետական մտածողութեան:

Վեցերորդ` վերաբնակեցման օրակարգը վերածել հիմնախնդիր, յատկապէս` սահմանային ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող տարածքներու պարագային: Այս իմաստով ջատագով ու զօրավիգ դառնալ վերաբնակեցման համար տարուող բոլոր աշխատանքներուն եւ պահանջատէր նաե՛ւ հայրենի պետութենէն, որ այս օրակարգը նկատի ունենայ իբրեւ հրամայական անհրաժեշտութիւն:

Եօթներորդ` Արցախի տնտեսութեան հզօրացումը եւ տնտեսական մնայուն ծրագիրներու ապահովման մէջ փորձել ամէն գնով ներդրել հայկական ներուժ եւ կարողականութիւն:

Այս ուղղութիւններուն մէջ կը տեսնէ այսօր հայ քաղաքական միտքը արցախեան նուաճումը ամբողջականօրէն պահելու գործընթացը: Մեզի համար այս բոլորէն մազաչափ մը զիջում` կը նշանակէ շեղում հիմնահարցէն եւ հրաժարում բազում անձնուրացներու արեամբ կերտուած յաղթանակէն:
Այստեղ շեշտակիօրէն իմաստ կը ստանայ նաեւ հայկական սփիւռքի յաւելեալ քաղաքական կազմակերպուածութեան անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի իր կարելիութիւնները` քաղաքական եւ քարոզչական եւ պետական հնարաւորութիւնները ուղղորդէ Արցախի պետականութեան ամրապնդման գործընթացին:

Ահաւասիկ մեր առջեւ դրուած մարտահրաւէրները, իսկ ո՞ւր է այս բոլորին մէջ լիբանանահայութիւնը այսօր: Հաւաքական կեանքի մէջ տարուող աշխատանքներու հանրագումարը նկատի ունենալով` բաւարար պիտի ըլլայ հաստատելու, որ այսօր եւս լիբանանահայութիւնը կը գտնուի պատնէշի առաջին դիրքերու վրայ:

Մեր կեանքին հետեւող իւրաքանչիւր անհատ պիտի հաստատէ, որ`
Առաջին` Արցախը մեր կեանքէն ներս մնայուն ներկայութեան վերածելու երիտասարդական եւ ուսանողական մեր կառոյցներու գործունէութիւնը, այս պարագային` ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը եւ «Զաւարեան» ուսանողական միութիւնը վերջին տասնամեակին իրենց գործունէութեան կարեւոր առանցքներէն մէկը դարձուցած են Արցախը եւ անոր մարտահրաւէրները մեր կեանքին մէջ վառ պահելու առաջադրանքը: Ծրագրուած գործուղումներ, Արցախի ժողովուրդին հետ մնայուն շփում, այցելութիւններ, փոխանակումներ, սեմինարներ, Արցախի եւ յատկապէս սահմանամերձ շրջաններու մէջ երիտասարդական ճիգերով շինարարական ծրագիրներու իրականացում եւ այլն: Այս բոլորը համակող են եւ նոր սերունդի դաստիարակութեան մէջ նոր որակ եւ հասկացողութիւն կը մտցնեն:

Երկրորդ` մեր գրաւոր եւ բանաւոր մամուլը արցախեան հիմնախնդիրը մնայուն կերպով իրազեկ կը դարձնէ ժողովուրդին, լուսարձակի տակ կը բերէ բանակցային գործընթացի հիմնական ուղղութիւնները, թշնամիի նուաճողական ու ռազմատենչ ախորժակները, զինադադարի խախտման դէպքերը, ինչպէս նաեւ` Արցախի ժողովուրդի առօրեան եւ ապրելու ու գոյատեւելու վճռակամութիւնը:

Երրորդ` քաղաքական շրջանակներու մօտ եւ յատկապէս իսլամական խորհրդաժողովներու ընթացքին, Լիբանանի պետութեան ներկայացուցիչներու եւ պատուիրակութեանց կը մնանք մնայուն կերպով յուշարար, որ որեւէ ազրպէյճանանպաստ որոշումի պարագային նկատի ունենան մեր դիրքորոշումներն ու կեցուածքները:
Չորրորդ` Հայ դատի յանձնախումբերը արցախեան բանակցային գործընթացին եւ միջազգային որեւէ ոչ հայանպաստ կեցուածքներու գծով հայութեան ընդվզումը եւ դիրքորոշումը կը փոխանցեն Լիբանանի մէջ գործող դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն` միաժամանակ շեշտը դնելով ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւական հասկացողութեան վրայ:

Հինգերորդ` Լիբանանի «Արցախ ֆոնտ»-ը այսօր արդէն ունի իր եզակի ներդրումը վերաբնակեցման վայրերու մէջ օժանդակութեանց առումով: Ֆոնտի ճամբով գոյացած օժանդակութիւնները մեծապէս կը նպաստեն Արցախի ժողովուրդի գիւղատնտեսական, առողջապահական եւ կրթական կարիքներուն, ինչպէս նաեւ կը փորձեն ապահովել այն անհրաժեշտ ստորոգելիները, որոնցմով ղարաբաղցին կարելիութիւնը ունենայ կառչած մնալու իր հողին եւ հայրենիքին:

Վեցերորդ` Հայ եկեղեցին նաեւ անմասն չէ այս գործընթացէն, գիւղաշինութեան բովանդակ ծրագիրներու իրականացումով հայ եկեղեցին մեծապէս դերակատար կը դառնայ Արցախի բնակչութեան եւ վերաբնակեցման համազգային ռազմավարութեան:

Եօթներորդ` տնտեսական ներդրումներու իմաստով, յատուկ կերպով առանձնացնել լիբանանահայ համայնքի ԱՌԻ` Արցախ Ռութց Ինվէսթմընթի ծրագիրները, որոնք ըլլալով լիբանանահայ գաղութի նախաձեռնութիւնը` այսօր ստացած են համահայկական դիմագիծ: Արցախի պետութեան հետ գործակցաբար մշակուող երկարաժամկէտ ծրագիրները ստեղծած են աննախընթաց խանդավառութիւն լայն շրջանակներու մէջ: Արցախի ազատագրական պայքարին իր արժանավայել մասնակցութիւնը բերած լիբանանահայ գաղութը այսօր այս նախաձեռնութեամբ նաեւ կու գայ դառնալու յառաջատարը արցախեան ձեռք բերուած նուաճումը պահպանելու եւ պետականութեան ամրակայման ու զարգացման գործընթացին:

Ահաւասիկ լիբանանահայ գաղութը: Բաւարարուած ըլլալու զգացումը չունինք անտարակոյս. աւելի՛ն, բնական է, որ այս գաղութէն ակնկալութիւնները ըլլան աւելի շատ, որովհետեւ կեդրոնական այս գաղութը միշտ ալ համահայկական խնդիրներու ու մարտահրաւէրներու դիմաց ցուցաբերած է համահայկական վայել գիտակցութիւն:
Կ՛ապրինք ոչ փայլուն ու պայծառ օրերու մէջ: Միջինարեւելեան հայկական համայնքները կը դիմագրաւեն մեծ դժուարութիւններ: Հայկական սփիւռքի բաբախուն մէկ օճախը` սուրիահայութիւնը, այսօր ենթակայ է դժնդակ պայմաններու ու կացութիւններու: Լիբանանի քաղաքական ու տնտեսական անկայուն կացութիւնը բնական է, որ մտահոգէ բոլորս, բայց այս բոլորին մէջ այսօր, երբ կը նշենք արցախեան ազատագրական պայքարի 25-ամեակը, գօտեպնդումի ու վերանորոգ յանձնառութեան անկիւնադարձի մը վրայ կը դնենք մենք զմեզ հաւաքաբար:
Այս պահուն վստահաբար ձեզմէ շատեր պիտի յիշեն Շուշիի ազատագրութեան օրը, երբ մեր ակումբներուն մէջ կը տիրէր գերխանդավառ յաղթանակի մթնոլորտ, այդ մթնոլորտը պահ մը կը համրանար, երբ անմիջապէս կը հասնէր, այլ անձնուրացներու կողքին, Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան լուրը: Դաշնակցական շարքերը հպարտութեամբ կը սգային իրենց երիտասարդ ընկերոջ եւ ընտանիքի մէկ հատիկին կորուստը® Քիչ անց կը գուժէինք համալսարանական ու զաւարեանական ազնիւ ընկեր Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութիւնը, որ գնաց մարտի դաշտին վրայ կիրարկելու իր ստացած ուսումը: Եւ վերջապէս, այսօր վարձքը կատար կ՛ըսենք այն տղոց, որոնցմէ շատեր այսօր կը գտնուին այս սրահին մէջ, լուռ, խոնարհ, դաշնակցականի կարգապահ մօտեցումով, կ՛ապրին ներքին հպարտութիւն մը, որ մենք չենք տեսներ: Այդ տղաքը նաեւ լքելով ընտանիք, մայր, հայր, կին ու զաւակ, ականջալուր պատմութեան ձայնին, գացին Արցախ, մարտնչեցան, յաղթեցին եւ լուռ վերադարձան: Անոնցմէ ոմանք այսօր ճակատագրի բերումով հեռացած են այս աշխարհէն: Վարձքերնիդ կատար, սիրելի ընկերներ, վստահաբար, եթէ կռիւը շարունակուէր, նորերը պիտի գային միանալու պայքարին:

Ա՛յս է Դաշնակցութիւնը: Խաղաղ պայմաններու մէջ թերեւս դաշնակցականն ալ ապրի տեղատուութիւն, անոր կարգապահութիւնը զարնուի փորձաքարի, բայց ճգնաժամային պահուն դաշնակցականութիւնը ինքզինք պարտադրող է եւ ան կը մնայ անսխալական ու կը փարի գործին անշեղ ու երկիւղած: Պիտի շարունակենք մեր երգը, անկե՛ղծ զինուորի երգը, պիտի շարունակենք մեր մէջ խորացնել այս գաղութին համահայկական դերակատարութեան կարեւորութիւնը, պիտի շարունակենք մեր գործը` շրջանցելով ամէն տեսակի դժուարութիւն եւ միշտ պատրաստ մնանք հայութեան նոր կանչին:

Պիտի քալենք այս ուղիով, այս փշոտ ճանապարհով, առանց տատանումի եւ դոյզն կասկածի: Արցախը հայ ժողովուրդին վերադարձուց իր լինելութեան ու արժանապատուութեան հպարտանքը: Արցախը դարձաւ համաժողովրդային պայքարի մեկնակէտը: Արցախով սկսած հայութեան պահանջատիրական երթը այլեւս դադար չունի, այլեւս կանգ պիտի չառնէ, հայութենէն բռնագրաւուած հողատարածքները իրաւատիոջ վերադարձնելու համար նոր հազարներ պատրաստ են գաղափարական ու քաղաքական ամուր համոզմունքով տէրը կանգնելու հայութեան իրաւունքներուն: Այո՛, պիտի գնանք ո՛չ թէ վաղ թէ ուշ, այլ պիտի գնանք հաստա՛տ:
Ապրի՛ Արցախը, ապրի՛ ամբողջական հայութեան ամբողջական երազը:

Կեցցէ՛ ամբողջական Հայաստանը:

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել