Անխախտ Հաւատքով

azdak 1Հաւանաբար սովորական ոեւէ անցորդի կամ պատահաբար Այնճար այցելող որեւէ հայու համար կրնան զարմանալի ու տարօրինակ թուիլ տարուող շինարարական այն հսկայ աշխատանքները, որոնք տեղի կ՛ունենան Այնճարի սրտին` «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակէն ներս եւ քիչ մը վեր` Այնճարի քաղաքապետարանի տարածքին:

Անմիջապէս հարց կրնայ ծագիլ, թէ որքանո՞վ համոզիչ ու իրական են նման մեծածախս ծրագիրներու նախաձեռնում, երբ Լիբանանի ներկան անյոյս վիճակ կը պարզէ, երբ ամբողջ շրջանի քաղաքական իրավիճակը անհասկնալի ու անյայտ ուղղութեամբ կ՛ընթանայ, ապագան մութ է, իսկ մարդիկ, կծկուած իրենց պատեաններուն մէջ, անցեալի փառահեղ օրերու վերադարձը կ՛երազեն: Նաեւ կրնան ըլլալ մտածողներ, թէ որո՞ւ համար են այս շինութիւնները, երբ գիւղը հետզհետէ կը պարպուի մուսալեռցիներէն, անոր դիմագիծը կ՛աղաւաղի եւ, հետեւաբար, նման գումարներու մսխումներ անտեղի են:

Բայց հակառակ արտայայտուած բազմաթիւ ու բազմաբնոյթ տրամադրութիւններու, մտավախութեանց ու տեսակէտներու` Այնճարի մէջ գոյութիւն ունին խումբ մը «խենթեր», որոնք անվերապահ հաւատքով կը նային Այնճարի ապագային եւ հոն կը տեսնեն աւելի բարգաւաճ հայկական աւանը իբրեւ Պեքաայի գեղեցկուհին. հոն կը տեսնեն սփիւռքի տարածքին փոքրիկ Հայաստանը, որ տակաւին երկար տարիներ իր կազմակերպուածութեամբ եւ միջյարանուանական ներդաշնակութեամբ ոչ թէ միայն հիացում պիտի պատճառէ սփիւռքին թէ հայրենիքէն գիւղ այցելող հայրենակիցներուն, այլ զանոնք ներշնչելով ու ոգեւորելով` անոնց ազգային հպարտութիւնը պիտի վերականգնէ:

Նոյն մտահոգութեամբ էր, որ մօտիկ անցեալին խումբ մը «խենթեր» ծրագրեցին ու կառուցեցին Մուսա Լեռ Այնճար յուշահամալիրը ու այսօր թանգարանի ծրագիրը պատրաստ է եւ մօտիկ ապագային կը սկսին նաեւ շինարարական աշխատանքները:azdakՆոյն հաւատքով էր, որ երէկ ամբողջութեամբ վերակառուցուեցաւ Այնճարի աւետարանական եկեղեցին, իսկ այսօր Այնճարի Հայ կաթողիկէ եկեղեցիին վերակառուցման աշխատանքները աւարտելու են: Այս ամառ կ՛աւարտին նաեւ ԼՕԽ-ի կազդուրման կայանին շինարարական աշխատանքները Այնճարի բերդին կից:

Արդարեւ, Այնճարի մայր հրապարակին վրայ «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնին արդիականացումն ու ընդարձակումը կ՛ենթադրէ յաւելեալ պատասխանատուութիւն` գիւղի ազգային դիմագիծի անաղարտ պահպանման իմաստով, սերունդներու առողջ դաստիարակութեան ի խնդիր:

Ժողովրդային տուն, ուր յաճախող իւրաքանչիւր անհատ հաղորդուելով Ս. Զէյթլեանի գաղափարական ոգիին, ըմբռնելով Զ. Թաշճեանի պատասխանատուութեան գիտակցութեան հանդէպ անկոտրում հաւատքն ու զգալով Պետիկ Ինճէեանի յարատեւ պայքարի անհատնում շունչը, վերանորոգուած հաւատքով պիտի ընկալէ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի բանաձեւումը:

Իսկ Այնճարի քաղաքապետարանի գրեթէ աւարտած պալատանման կառոյցը` գիւղի կեդրոնին, իր զանազան ստորաբաժանումներով, գրասենեակներով, հանրային պարտէզով ու մանաւանդ իր տարածած քաղաքապետական աշխատանքներով պիտի գայ անգամ մը եւս հաստատելու Այնճարի իւրայատկութիւնը նոյնիսկ արաբական շրջանակի մէջ:

Ուրեմն Այնճարի թիկունքին վեհօրէն կանգնած երկու իշխանական կառոյցներ` ազգային հայկականն ու արաբական լիբանանեանը, ներդաշնակուած իրարու, կ՛ուղղուին դէպի յուսալից ապագայ…

– Լիբանանեան հողի վրայ հաստատօրէն շարունակել Մուսա լերան աւանդութիւնը…

– Պատրաստել տիպար հայն ու օրինաւոր քաղաքացին

– Տէր կանգնիլ մեր եկեղեցիներուն, դպրոցներուն եւ միութեանց…

– Դէմ դնել մեր գիւղի տարածքին ու ժողովուրդին սպառնացող բոլոր վտանգներուն…

– Պատրաստել սերունդ, որուն համար երբեք չզղջալ եւ միայն հպարտանալ…

Եւ այս բոլորը անխախտ հաւատքով…

ՅԱԿՈԲ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ
«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել