Հաղորդագրութիւն

logo ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան նախաձեռնութեամբ, 1981 թուականին սկիզբ կ՛առնէ «Զաւարեան մատենաշար»-ի հրատարակութեան աշխատանքը:

Իբրեւ առաջին շրջան, գործը կը սկսի Քրիստափոր Միքայէլեանի «Յեղափոխականի մտքերը» գիրքին հրատարակութեամբ, որ յաջորդական սպառումներէ ետք, կ՛արժանանայ չորրորդ տպագրութեան:

Յեղափոխական գրականութիւնը երիտասարդութեան հասանելի դարձնելու նպատակով, այսօր, Զաւարեան ուսանողական միութիւնը սկսած է «Զաւարեան մատենաշար»-ի թուայնացման աշխատանքին: Հերթաբար պիտի տրամադրուին «Զաւարեան մատենաշար»-ի բոլոր գիրքերը, որոնք մինչեւ այսօր կը հաշուեն ինը հրատարակութիւններ:

«Զաւարեան Մատենաշար»-ի Ա. շրջան

(Ա. շրջան) թիւ 1, «Յեղափոխականի մտքերը», Քրիստափոր Միքայէլեան
(Ա. շրջան) թիւ 2, «Ի՞նչ է ազգութիւնը», Գարեգին Խաժակ
(Ա. շրջան) թիւ 3, «Ազգութիւնը հիմք մարդկային ընկերութեան», Լեւոն Շանթ
(Ա. շրջան) թիւ 4, «Ազգ եւ հայրենիք», Յովհաննէս Քաջազնունի
(Ա. շրջան) թիւ 5, «Ի՞նչ է դասակարգը», Գարեգին Խաժակ
(Ա. շրջան) թիւ 6, «Քաղաքապետի մը յիշատակները», Ալեքսանտր Խատիսեան
«Զաւարեան Մատենաշար»-ի Բ. շրջան

(Բ. շրջան) թիւ 1 (7), «Դէպի երկիր»-ի գաղափարապաշտը», (Ընկ. Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին նուիրուած
(Բ. շրջան) թիւ 2 (8), «Մէկ դար` բռունցքով պահանջատիրութեան…», (ԶՈՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով)

«Զաւարեան Մատենաշար»-ի Գ. շրջան
(Գ. շրջան) թիւ 1 (9), «ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութիւն (1898-1908) Բ. հատոր», Աշոտ Ներսիսեան
(Գ. շրջան) թիւ 2 (10), «ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութիւն 1908-1918) Գ. հատոր», Աշոտ Ներսիսեան (շուտով տպագրութեան կը յանձնուի)

«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել