«Հայրենիք»ի խմբագրական. Իրազեկ մարտահրաւէրներու սեմին…

shitilian Երբ Երեւանի մէջ, անցեալ շաբաթավերջին, “Հայոց Ցեղասպանութիւն. մարտահ-րաւէրներ` հարիւրամեակի նախաշեմին“ խորագիրով միջազգային գիտաժողովը սկսած էր իր երկօրեայ աշխատանքներուն, միեւնոյն ժամանակ այդ նոյնինքն նիւ-թին ու բնագաւառին առնչութեամբ դէպքեր ու իրադարձութիւններ կը կատարուէին եւ զգօն հայորդիին համար յստակ էր թէ ինչե՜ր կրնան պատահիլ յառաջիկայ երկու տարիներուն:
Ակնթարթ մը, մէկդի դրած մասնակցող ժողովականներէն ոչ շատ հեռու, քանի մը շաբաթներէ ի վեր “Բարեւ“ յեղափոխութեան ստեղծած կացութիւնն ու նոյնինքն համագումարը կայացուող քաղաքի յառաջիկայ շաբաթներու քաղաքապետարանի ընտրութիւնները, Հայ Դատի բնագաւառէն ներս կատարուեցան քանի մը հե-տաքրքրքական անցուդարձեր:

Հաւանաբար տեղին է սկսիլ ի նպաստ հայութեան ու Հայ Դատի նիւթով: Արդա-րեւ, Մարտ 22ին, Ժընեւի մէջ, Մ.Ա.Կ.-ի Մարդկային Իրաւանց Խորհուրդի մէկ նստաշրջանին, մեծամասնութեան ձայներով ընդունուեցաւ Ցեղասպանութեան կանխարգիլման վերաբերող բանաձեւը:Հայաստանի նախաձեռնութեամբ ներկա-յացուած այս բանաձեւին կարեւոր եւ ընդգծելի կէտերէն մէկը ա՛յն է թէ նաեւ կը նշուի թէ անցեալին գործուած ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակին ազգա-յին օրեր սահմանելու կոչ պէտք է որ կատարուի, որպէսզի նման զարհուրելի ոճիր-ներ երբե՛ք չմոռցուին:

Ժընեւի մէջ, երբ այսպիսի որոշում կ՛որդեգրուէր, գրեթէ միեւնոյն ժամանակ Ատ-լանտեանի միւս կողմը, այլ որոշում մը կը վաւերացնէր Միացեալ Նահանգներու պատմութեան ռահվիրա նահանգներէն` Փենսիլվանիան…ճանչնալով Ատրպէյճա-նի Արտաքին Գործոց մեքենայի խեղաթիւրած, այսպէս Կոչուած Խոճալուի Ցեղաս-պանութիւնը:

Այսպէս վար առնուած Մեքսիքօ Սիթիի Իլհամ Ալիեւի վիթխարի յուշարձանի դէպքէն ետք, Պաքու կրկնապատկած է իր քարոզչական աշխատանքը եւ հետեւո-ղական աշխատանք կը տանի զանազան երկիրներէ ներս: Փենսիլվանիան, Միաց-եալ Նահանգներու անդրանիկ նահանգը չէր որ դարձած էր զոհը ազերի թակար-դին: Նախապէս, Մէյն, Միսիսիփփի, Թեքսըս, Թեննըսի, Արքանսաս, Օքլահօմա եւ Նիւ Մեքսիքօ նահանգներն ալ ինկած էին նոյն ծուղակին մէջ, սակայն Փենսիլվան-իոյ նման նահանգի մը եւ իր կարեւորագոյն քաղաքի` Ֆիլատելֆիոյ “խաբկանք“ն է որ մեծ մտահոգութիւն կը ստեղծէ եւ յաւելեալ լուրջ մտահոգութիւններու դուռ կը բանայ:

Դեռ աւելին, այդ միեւնոյն գիտաժողովի օրերուն էր, որ Թուրքիոյ ազդեցիկ այլա-խոհ լրագրողներէն Հասան Ճեմալ, որ 1915ի տեղահանութեան գործադրութեան կարեւոր դէմքերէն Ճեմալ փաշայի թոռը ըլլալով հանդերձ‘ կը հաստատէ թէ այդ օրերուն պատահածը Ցեղասպանութիւն է…գործէ արձակուած է իր “խնդրահա-րոյց“ կարծիքներուն եւ դիրքորոշումներուն պատճառով:

Այսպէս, 1915-ի ջարդերէն մինչեւ …Խոճալուի երեւայկայական Ցեղասպանու-թիւն:
Ճամբան երկ՜ար է, եւ փշոտ:

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»ի խմբագրական
28/03/2013թ

Տպել Տպել