Գիշերը Վրայ Հասնելէ Առաջ Մոմդ Վառէ…

HasanCemal1915

ՀԱՍԱՆ ՃԵՄԱԼ

«Համոզումիս համաձայն, Հայոց ցեղասպանութիւնը թուրք
ժողովուրդին հաւաքական գաղտնիքն է, եւ

Ցեղասպանութիւնը ընդհանուր մեր յիշողութեան մէջ»
Մութ դիտանկիւնի կացութեան մէջն է:

Թուական` 25 նոյեմբեր 2008:

Զեկոյցը երկու կարճ նախադասութենէ կը բաղկանայ.-

«1915-ին Օսմանեան կայսրութեան հայ բնակչութեան դէմ գործադրուած Մեծ եղեռնին լռութեան դատապարտուիլը եւ ուրացման ենթարկուիլը խիղճս չ՛ընդունիր: Այս անարդարութիւնը չեմ ընդունիր, կը բաժնեկցիմ հայ բարեկամներուս զգացումները եւ ցաւերը, անոնցմէ ներողութիւն կը խնդրեմ» (ընդգծ. Յ. Ա.):

Այս զեկոյցը ես ալ ստորագրեցի:

Անտեսեցի ամենաթեթեւը, երթալով դասականացած` այս մասին եղած անդրադարձները, թէ` «Մեծ հօրդ Ճեմալ փաշային ոսկորները կը սարսռացնես»:

Մեծամասնութիւնը կարեկցող էր:

Բայց զարմացնող չէր:

Թապուները, պաշտօնական անգիր խօսքերը, պետական կաղապարուած հարցաքննումները, հարցապնդելով մտածել այս երկրին համար դժուար է: Բայց այս հարցաքննութիւնը, այս հետապնդումը քանի կը մտածուի` ո՛չ իսկական հաշտութիւն կ՛ըլլայ, ո՛չ ալ իսկական ընկերվարութիւն:

Ապրելով ասիկա լաւ սորվեցայ:
Իրականութիւնները դառն են:

Վարչապետ Էրտողանի «Հայերէն` ներողութիւն» զեկոյցին նկատմամբ ցուցաբերած կեցուածքը ազգայնամոլ ծայրայեղ գիծեր կը պարունակէր, «Անպայման անոնք այսպիսի ցեղասպանութիւն մը իրագործած ըլլալու էին, որ ներողութիւն կը խնդրէ այս գրոց-բրոց խմբակը» (Եազար – չըզար թաքըմը) ըսելով` այս երկրին լուսաւորեալներուն սպառնալիք կը տեղացնէր:

Այդ «գրոց-բրոցներուն» թիւը կարճ ժամանակուան ընթացքին երեսուն հազարի պիտի մօտենար: 2008 դեկտեմբեր ամսուան վերջերուն Մարգար Եսայեան վարչապետ Էրտողանին այսպէս պիտի գրէր.

«Վարչապետ Էրտողանի դիւրաբորբոք բացայայտումէն այսպիսի հարց մը ի յայտ կու գայ. մէկ կողմէն «1915-ը ոչ թէ քաղաքական մարդոց, այլ պատմաբաններու գործն է» պիտի ըսէ եւ Հայաստանին` իրականութիւնները մէջտեղ հանելու համար պատմաբաններէ յանձնաժողով մը կազմելը առաջ պիտի քշէ, միւս կողմէն ալ` «Այսպիսի հարց մը չունինք» ըսելով` անձնական համոզումով պատմութիւն պիտի գրէք: Հարցը ձեզի համար կրնայ վիճելի ըլլալ: Այն ատեն, պատշաճութեան անունով, ձեր համոզումն ալ բարեկամական խօսակցութեանց մէջ հարկ է պահել: Արդէն ձեզմէ ո՞վ ներողութիւն խնդրել ուզեց որ» (ընդգծ. Յ. Ա.):

Վարչապետ Էրտողան «ներողութեան զեկոյց»-ին դէմ ազգայնամոլական թամթամներ նուագած ատեն հանրապետութեան նախագահ Կիւլէն ազդու բացայայտում մը կը կատարէր, որ հանրութեան ուշադրութիւնը ակնյայտօրէն պիտի թեքէր դէպի ազդեցիկ «հեռատեսիլային ուղիղ եթեր սփռուած բանավէճի մը»:

Զարմանալի կազմուածք մը ունինք: Պատմութենէն կը վախնանք: Պատմութենէն կարծես ճիւաղներ պիտի ելլեն, մեզ պիտի կլլեն: Ասոր համար մեր պետութեան, հանրապետութեան հաստատումէն ի վեր մի միայն պատմութենէն, «պաշտօնական պատմութենէն» մէկ միլլիմեթր իսկ զիջիլ չենք ուզեր:

Ես Անգարայի Քաղաքական գիտութիւններու համալսարանին մէջ հին թրքերէնով` Միւլքիյէի մէջ ուսում ստացայ 1960-ականներու առաջին կէսերուն: Քաղաքական գիտութիւններ ուսանեցայ: Քաղաքական պատմութիւն ուսանեցայ: Ընկերաբանութիւն ուսանեցայ: Թուրքիան սորվիլ աշխատեցայ:

Տարիները անցան: Յանկարծ նկատեցի, թէ Թուրքիան չեմ ճանչնար: Իրականութենէն շատ քիչ բան սորված եմ: Եւ կամ բոլորովին ուրիշ պատմութիւն մը, իրականէն շատ աւելի հեռու եղող պատմութիւն մը սորվեցուցած են ինծի:

Պատմութեան վերաբերեալ, Թաներ Աքչամին որակումով, կարծես լռութեան դաշինք մը գոյութիւն ունէր մեր երկրին մէջ:

Շատ պարզ օրինակ մը տամ: Մեզմէ ոմանց սքանչացումին, ոմանց ատելութեան յիշողութեան մէջ տեղ գտած` Իտրիս Քիւչիւքէօմէրին «Ներդաշնակութեան օտարացումը» («Տիւզենին եապանճըլաշմասը») գիրքը կրկին կարդացէք: Օսմանեան հաւաքականութեան վերլուծումը կը կատարուի այնտեղ, այդ ժամանակաշրջանի բնակչութեան գրեթէ հարիւրէն 30 տոկոսը քրիստոնեաներ ըլլալը պիտի տեսնէք:

Ձեր ուշադրութեանը գրաւել տալ ուզած կէտս, հաւաքականութեան հարիւրէն երեսունին` չեղեալ նկատուած տնտեսութիւնը, ընկերային եւ քաղաքական վերլուծումին որքան ճիշդ ըլլալ-չըլլալը պարզ իրականութիւն մը չէ, Քիւչիւքէօմէրին շուրջը «յարգանք-ատելութիւն» ճշմարտութենէն ծնած «հաւաքական գաղտնիք»-է, «լռութեան դաշինք»-ի գոյութեան հանդէպ, բոլորս միասին ստեղծած սեւ ծակէն` մութ դիտանկիւնէն կը խօսիմ: Համոզումիս համաձայն, Հայոց ցեղասպանութիւնը թուրք հաւաքականութեան միասնական գաղտնիքն է, եւ Ցեղասպանութիւնը ընկերային մեր մտածողութեան` «սեւ ծակ»-ին մութ դիտանկիւնի կացութեան մէջ կը գտնուի:

Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութենէն ի վեր` աջակողմեանին, ձախակողմեանին, իսլամին, ալեւիին, քիւրտին եւ թուրքին հետ այս հարցին կապուած հաւաքական «լռութեան դաշինք»-ի մը ստեղծման մէջ կը գտնուինք: Երբեմն մեզ դուրսէն անհանգստացնողներուն մասին երբ կ՛իմանանք, միասնական հաւաքական մեր զայրոյթը կը շարժի:

Տարիներ անցնելէ ետք Միւլքիէի մէջ սորվածս Թուրքիոյ եւ իսկական Թուրքիոյ միջեւ մեծ տարբերութիւններու գոյութիւնը տեսնել եւ հասկնալ սկսայ: Չունեցածներուս հաւատացնելու մարմաջը բոլոր հարցերը իւրաքանչիւր անցած օր Թուրքիոյ օրակարգին մէջ բազմելու սկսան:

Քրտական հարցը, հայկական խնդիրը, ալեւիի հարցը, գլխաշոր, գլուխ ծածկել, կրօնի հարցը, ազգամոլութեան, ազգայնականութեան հարց, օտարներու հանդէպ թշնամանք, «բանակային միլլեթ ազգ», զինուորական հարց, ընկերվարութեան հարց… Բոլոր այս նիւթերը «տարբեր» եւ «էճնեպի» օտարին լսելի դարձուած վախերը տարիներու ընթացքին Թուրքիան շատ գէշ կերպով քաշքշելու սկսան: Հսկայ երկիրը մերթ ընդ մերթ խենթանոցի վերածուեցաւ:

Տակաւին չձերբազատեցանք մեր վախերէն:

Մուրատ Պելկէին ԿԵՆԵՍԻՍ «Պիւյիւք ուլուսալ անլաթի» եւ «Թուրքերուն արմատը» անունը կրող գիրքը կարդացած ատենս ուղեղիս կառչեցաւ այս պատմութեան հանդէպ վախը եւ մեր անցեալին շրջուած տգիտութիւնը:

Նախակրթարանէն սկսեալ, համալսարանն ալ ներառած, մեր գլուխներուն մէջ թխմուած է «պաշտօնական պատմութիւն»-ը, ա՛յն պատմութիւնը, որուն մենք հաւատալ կ՛ուզէինք: Պատմութեան ի՛նչ ըլլալը իրապէս ուսումնասիրողը, պաշտօնական պատմութեան շրջուած երկընտրանքները սեղանին վրայ դնել կրցող պատմագիտութեան աշխատանքը, Թուրքիոյ համար որքան շատ անհրաժեշտ ըլլալը անգամ մը եւս ուշադրութիւնս գրաւեց:

Այս հողերուն վրայ թէ՛ հաշտութեան եւ խաղաղութեան հասնելու համար, թէ՛ ընկերվարական եւ թէ՛ իրաւունք գտնելու համար պատմական կրթութեան առաջնահերթութեան մասին մտածեցի: Մուրատ Պելկէ գիրքին մէջ տեղ մը Թուրքիոյ մէջ հրատարակուած «ժողովրդական» վէպէ հատուած մը այսպէս կը մեկնաբանէ.

«Մեր դիմացը ելած անձերը «լաւ են» եւ «գէշ են» ըսելով` երկու մասի կը բաժնենք: Անշուշտ որ «լաւ են» թուրքերը, «գէշ են» բիւզանդացիները եւ կամ յոյները… Յոյներուն գէշութիւնները վերջ չունին… «Ցեղ» հասկացողութիւնն ալ առկայ է այս խնդիրին մէջ: «Քրիստոնեայ կրօնաւորները արդեօք ի՞նչ կ՛ըսէին ասոր: Թուրքի մը հում հում ուտելու անպայման ձայն պիտի չհանէին: Ամենամեծ թշնամիներն էին որովհետեւ…»:

Մուրատ Պելկէ այսպէս կը շարունակէ.

«Տրապիզոնի մէջ վարդապետը սպաննող չոճուխն ալ հաւանաբար այս ձեւի կրթութեամբ հասունցուած էր»:

Մեզի ուսուցուած եւ կամ թխմուած պատմութիւնը, որուն մէջ մեծցած է կրթական աշխարհը, եւ մեզի դպրոցներուն, համալսարաններուն մէջ տարուէ տարի պատուաստուած ազգայնամոլութիւն հասկացողութիւնը բաւական հիւանդագին ըլլալուն ոչ մէկ կասկած ունիմ: Ասոնք պատուաստուելուն երբեմն յոյսեր տրուելու նշաններ ալ չկան անշուշտ:

Պելկէին այս տողերը հետաքրքրական են.

«Մեր գտնուած վայրերուն մէջ թշնամիներով չէ, բարեկամներով շրջապատուած ըլլալով, բաժնուելու եւ կտոր կտոր ըլլալու փոխարէն, ընդհակառակը, նոր միասնութիւններու մէջ նոփնոր կարելիութիւններով բացուելով մեր ապրելուն հաւատալու եթէ սկսինք, այս հարիւր յիսուն տարուան մղձաւանջէն եթէ ազատագրուինք կը նշանակէ, թէ երբեմն տարբեր անհիմ մտածումներէ ձերբազատուելու յոյսն ալ յստակօրէն կ՛երեւայ: Օրինակ, «մէկ ափ լեցուն խճաքար»-ի (ընդհանրապէս Թուրքիոյ ղեկավարները երբ Թուրքիայէն հողի պահանջի առջեւ կը գտնուին, «Մէկ ափ խճաքար» իսկ չենք զիջիր լոզունգը կը գործածեն,- Յ. Ա.) նման սխալ փաստերու ճամբայ բացող հողի սնոտիապաշտութիւնը այլեւս ազդեցութիւն մը չունենայ: Այս հողերուն վրայ գտնուող պատմական գանձերը ոեւէ մէկը հետը առնելով` տանելու կարելիութիւն չունի, հետեւաբար վարժուինք չքանդել եւ պահել զանոնք: Նոյն նպատակով տեղանուն, փողոցի անուն փոխելու մեր այս մարմաջը աւելի օգտակար պահերուն գործածենք: Այս «օտարականի» վախէն (ֆոպիէն) եթէ ազատինք, «օտարականին քով այդպէս մի՛ խօսիր, լռէ՛ (սուս)…», «օտարականը եթէ լսէ, ապուշութիւններու ապուշութիւնը ըլլալը եթէ հասկնանք: Վերջինը ըլլալով, պատմութեան հետ խաղալէ, չեղած բաներու մասին եղաւ, եղած բաներուն ալ չեղաւ ըսելէն եթէ հրաժարինք: Ճշմարտութեամբ, մարդկութեամբ, ընդհանրապէս մենք մեզի հետ վերջապէս հաշտուինք»:

Ճշմարտութեան հետ եթէ հաշտուինք…
Մարդկութեան հետ եթէ հաշտուինք…
Մենք մեզի հետ եթէ հաշտուինք…
Ե՞րբ (նէ՞ զաման):

«Հրանդ Տինք հիմա ինծի «ձգէ զիս, քու ճամբուդ
կեանքս տուած գաղափարներդ շտկրտելու
ատեն ինձմէ ետք դուն ինչ կ՛ընես,
ատիկա հասկցուր», ըսաւ:

Հին Յունական ասացուածք մըն է.

«Գիշերը վրայ հասնելէ առաջ մոմդ վառէ՛»:

Երբեմն խելքս կը փչէ: Մեր պատմութիւնը մաս մաքուր, փայլուն էջերէ չի բաղկանար: Ոչ մէկ ազգի պատմութիւն այսպէս է: Մեր պատմութիւնն ալ ամօթալի էջեր ունի: Բայց մենք հինէն ի վեր այս էջերը գոցել կ՛աշխատինք: Մինչեւ հիմա չսորվեցանք պատմութենէն չխուսափիլը: Քշէ-գնա՛ սուտով ապրելու անկարելիութիւնը տակաւին չենք կրցած ըմբռնել: Այս մարզին մէջ մենք ուղեղ լուալով` պատմութենէն խուսափիլ կարծած ենք:

Դուն մի՛ ըսեր, թէ անօգուտ կամ անպէտք խարխափում մըն է:

Ասոր վերջին օրինակը ընդհանուր հրամանատարութեան նախարարութեան պատրաստած «Սարի կելին – Հայկական հարցին ներսի երեսը» վաւերագրային շարժանկարն է:

Գովազդային խտասալիկ մըն է այս: Ընդհանուր հրամանատարութիւնը վճարում կատարելով` յիսուն հազար խտասալիկ ազգային կրթական նախարարութեան կը ղրկէ: Նախարարութիւնն ալ այս խտասալիկները բոլոր քաղաքներուն ազգային կրթական տնօրէնութիւններուն նամակատան ճամբով առաքելով` ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն ցուցադրելու կը պատրաստուի:

«Մարդու միս ուտող հայկական մտքի»-ն նոյնիսկ յարմարցուած խտասալիկ մը, մանուկներուն ցուցադրուելու պատրաստ, դպրոցներուն կը բաժնուի ազգային կրթական նախարարութեան ձեռքով…

Պատմութիւնը այսպէ՞ս պիտի սորվեցնէք:

Մեր զաւակներուն ուղեղները քէն եւ ատելութեամբ լուալո՞վ, անոնց թարմ միտքերուն մէջ ցեղապաշտութեան թոյնը հոսեցնելո՞վ:

Այսպէս կը հարցուփորձէ պատմութեան հիմնարկը.

«Թունաւորուած մանուկ ուղեղները հաւաքական հաշտութեան առաջադրանքին առջեւ արգելք կը դառնան: Պատմութիւնը լեցուն է ասոր նման հինցած վնասներուն վնասազերծումին շատ դժուար ըլլալը ցոյց տուող բազմաթիւ օրինակներով»:

Մեր զաւակները պատմութենէն թշնամութիւն հանո՞ղ, վրէժ սերմանող հասկացողութեա՞մբ մը պիտի սնուցանենք:

«Հրանդ Տինք» հիմնարկը այսպէս կ՛ըսէ.

Վաւերագրական ժապաւէնին մէջ կտոր կտոր եղած մարմիններ, մարդկային ոսկորներ, դիզուած գանկեր, հաւաքական գերեզմաններու նման վայրենի եւ բռնութիւն ցուցադրող տեսարաններ եւ տարեց մարդոց բերանները մխրճուած` որպէս փայտ այրեցին, գլուխը կտրեցին, միսերը կերցնել տուին. նման պատկերներ մարդուն մազերը կը ցցեն, եւ վախազդու տեսարաններ հանդէս կու գան: Ժապաւէնը ուսումնասիրող մասնագէտ հոգեբաններ կը խոստովանին այս տեսարաններուն «սարսափազդու եւ շանթահարող» ըլլալը եւ փոքրիկ տարիքի աշակերտները այս տեսարաններուն ի տես շատ աւելի ազդուիլը: Ժապաւէնին մէջ հազարաւոր անգամներ հայ անունը կը գործածուի, եւ իւրաքանչիւր գործածութեան ալ անհնար անհանդուրժելի նկարագրութիւն կամ տեսարան մը կ՛ընկերանայ: Եւ այս բոլորը` իբրեւ շօշափելի գովազդի միջոց իրականութիւնը զանազանելու անկարող տարիք ունեցող մանուկներուն հայերուն գէշ ըլլալը փաստող, մանուկ հասակի միտքերը փորփրող, որպէսզի անոնք իրենց բոլոր կեանքի ընթացքին մտքերուն մէջ տպաւորուած կրեն այս պատկերները:

Շատ մը երկիրներու պատմութեան մէջ ցաւալի եւ վիճելի եղելութիւններ, մութ էջեր գտնուած են: Կրթական հասկացողութեամբ կարեւոր եղած պարագային, պատմութեան այս ցաւալի վիճելի կողմերը ի՛նչ ձեւով եւ ի՛նչ տարիքի խմբաւորումներուն ինչպէ՛ս դասաւանդուիլը կը յարմարցուի:

(…)

Ընդհանուր հրամանատարութեան այս խտասալիկը եւ այս վերոյիշեալ մտայնութեամբ պատմութեան վէրքերը պիտի կարենա՞յ փակել:

2009 թուականի սեպտեմբեր ամսուան զով առաւօտեան Մերտինէն ճամբայ ելած ենք: Հասանքէյֆի պատմական գեղեցկութիւններուն մէջէն անցնելով Պաթմանէն (Սասուն) դէպի Էրուհա շիտակ ճամբան առած ատեն, Արամ Տիգրանի տխուր ձայնէն կլանուած` տարբեր աշխարհներ կը փոխադրուիմ:

Անցեալի ցաւերէն խօսող կնոջը` «Ցաւերը մոռցիր, եթէ չմոռնանք, եղբայրութիւն հաստատել կարելի չըլլար» ըսող, այս պատճառով հայ ազգայնականներու կողմէ շատ զբաղող Արամ Տիգրան նոր մահացած էր: Իր կտակը Տիգրանակերտի մէջ թաղուիլ էր: Բայց դիւանակալութիւնը արգելք դարձաւ այս փափաքին:

Ամերիկացի հայ մեծ գրող Ուիլիըմ Սարոյեան նոյնպէս իր կտակին մէջ, արմատները մինչեւ Պիթլիս (Բաղէշ) երկարած ըլլալուն, հոն թաղուիլ փափաքիլ գրած է, բայց 12 սեպտեմբերի զինուորական հրամանատարութիւնը ասոր յարմար չըլլալը կը սահմանէ, Սարոյեան կ՛իմանայ այս որոշումը եւ իր կտակը վերատեսութեան կ՛ենթարկէ:

Արամ Տիգրանի հարցով Պեճան Մաթուր այսպէս կը գրէ.

«Արամ Տիգրան հայ ծնաւ: Քրտերէնով սիրային ամէնէն գեղեցիկ երգերը երգեց: Սազով, իր այդ կոկորդով Միջին Արեւելքի հողամասերուն տխուր երգերուն արժէքաւոր ըլլալը ցոյց տուաւ:

Մանկութեանս շրջանին մայրս Արամ Տիգրանին արգիլուած ձայնագրութիւնները մտիկ կ՛ընէր: Մօրս անոնց մէջ անուշութիւն եւ տխրութիւն գտած ըլլալը աւելի ուշ զգացի: Բժշկող ազդեցութիւն մը կար երաժշտութեան մէջ: Երեւանի ձայնասփիւռի արգիլուած կայանէն Արամին ձայնը սփռուելով` ամէն կողմ բարութեամբ կ՛ողողուէր»:

Այլեւս այս հողամասերուն վրայ արգիլուած չէ Արամ Տիգրանը մտիկ ընել, բայց մինչեւ այսօր Տիգրանակերտի մէջ անոր թաղուելուն արգելքը ի զօրու է:

«Գիշերը վրայ հասնելէ առաջ մոմդ վառէ՛…»:

Հրանդ Տինքի խօսքերը ականջիս մէջ են.

«Մեր` մէկս միւսը մտիկ ընելը, մեր ցաւերը բաժնեկցիլը, տարբեր ցաւեր չապրելու համար իրարու վիշտերուն ցաւակցիլը, մեր` իրարմէ տարբեր ըլլալով հանդերձ, տարբեր չըլլալը, մեր տարբերութեամբ իսկ միասնական կեանք մը ապրիլը…»:

Հրանդ Տինք այսպիսի Թուրքիոյ մը եւ աշխարհի մը համար ապրեցաւ: Ամէն տեսակի իրականութիւնը չհասկցած, «կռուելու, հակամարտելու մշակոյթը» սնանող ամէն տեսակի մոլեռանդութեան ընդդէմ պայքարելով հանդերձ, յարատեւ հաշտութեան լեզուն հետապնդել կը թելադրէր:

Կան անձեր, որոնք իրենց մահէն ետքն ալ կը շարունակեն ապրիլ: Հրանդ Տինք այսպիսին էր: 2009-ի սեպտեմբեր ամսուն, «Հրանդ Տինք» միջազգային մրցանակին առաջին տուչութեան հանդիսութեան ընթացքին բանախօսութիւնները լսած պահուս Հրանդը մտաբերեցի, Թուրքիոյ «կորսուած պատմութենէն» եկող օձի պատմութեան վերածուած հիմնական հարցերը կրկին մտքէս անցան:

Հանդիսութեան` Ռաքել Տինքի ցաւեր չպարունակող աշխարհի մը մասին կատարած կոչը, Ալի Պայրամօղլուին «վտանգը դիմակալող, առաջքը առնող, առարկող, առաջինը ըլլալուն չվախցող անձեր»-էն խօսք առնող բանախօսութիւնը մտիկ ըրած ատենս այս հաւաքականութեան տեսակ մը չփակուող վէրքերուն մասին մտածեցի: Ալպեր Կէօրմիւշին հետ միատեղ «Հրանդ Տինք» մրցանակին տիրացող իսրայէլացի լրագրող Ամիրա Հասսին ցաւոտ, տխուր եւ զայրոյթ արտայայտող սրտագին խօսքերը մէջս կը տաքցնեն:

Ալպերին այս նախադասութիւնը կը նոթագրեմ.

«Եթէ Հրանդ Տինքը հոս ըլլար, ինծի կ՛ըսէր. «Զիս մէկ կողմ դիր եւ ինծի յստակացուր, թէ հիմա, այսինքն ինձմէ ետք ի՜նչ կ՛ընես, այն բանէն ետք, երբ ես հոգիս տուի քու քալած ճամբուդ հետեւելով եւ գաղափարներդ շտկռտելով»:

Հայաստանի հանդէպ բացուելուն առընթեր,
մեր ներաշխարհի «խիղճն ալ բանալու»
զօրաշարժին ալ եթէ կարենանք սկսիլ…

Պատմութիւն ըսելով` չենք կրնար անցնիլ:

Որովհետեւ պատմութիւնը անցեալէն մնացած բան մը չէ: Ընդհանրապէս պատմութիւնը մինչեւ այս օրերուն բերելով` կը շարունակենք ապրեցնել: Եւ չսպասած մէկ պահուդ մեր քղանցքէն կը քաշէ պատմութիւնը…

Հաշտութեան անունով պատմութենէն դաս առնել եթէ կայ, հակառակութիւն եւ թշնամութիւն հանելը կը շարունակենք: Մարդկութեան պատմութեան ընթացքին ապրած վերջին ծայր ողբերգական եղելութիւնները այսօր ալ թաքցնելով կը զբաղինք:

Այո՛, ասոնք պատմութեան առնչուող շատ դասական հաստատումներ են, բայց երբեմն իրականութիւններն ալ անհրաժեշտ է ընդգծել:

Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ եղած յարաբերութիւններուն բնականոնացման ճամբուն վրայ 10 հոկտեմբեր 2009 թուականին պատմական քայլ մը առնուած է. երկու երկիրներուն արտաքին գործերու նախարարները Ահմեթ Տաւութօղլու եւ Էդուարդ Նալբանդեան Զուիցերիոյ Ցիւրիխ քաղաքին մէջ ստորագրած երկու փրոթոքոլներով թուրք-հայ յարաբերութիւնները բնականոնացման ընթացքի մէջ մտցնելու դուռ մը փնտռած էին: Ցիւրիխի մէջ նետուած մեծ քայլին դէմ հայկական սփիւռքի մէջ ցոյցի մը ատեն սա ազդը բացայայտուած էր.

«Հայոց պատմութիւնը ծախու չէ»:

Այս նախադասութեան տակ թաքնուած զգայնութիւնը անկասկած անցեալին մեծ ցաւերէն կը ժայթքէր: Սակայն ամէն ինչ այս մեծ ցաւին, «մեծ եղեռնին» փակագիծին մէջ եթէ առնելու ըլլանք, հաշտութիւնը ինչպէ՞ս կ՛իրագործուի: Չեմ գիտեր, տեւական եւ արդար հաշտութեան մը համար անցեալը մոռնալը սխալ է:

Անշուշտ չմոռնանք:

Սակայն գերի ալ չըլլանք: Ապա թէ ոչ ինչպէ՞ս կրնանք բնական ընթացքի մէջ մտնել: Հաշտութեան ճամբան ինչպէ՞ս կը բացուի: Ահմեթ Ինսել Մարսէյի մէջ հայկական սփիւռքի կողմէ կազմակերպուած հաւաքոյթի մը մասնակցելէն ետք «Ռատիքալ»-ի մէջ հետեւեալ տողերը գրած էր.

«Երկու ժամ տեւող այս հաւաքոյթին խօսք առնողներուն ներկայացուցած կարգ մը հարցերու համակարծիք չըլլալով հանդերձ, ոչ մէկ անախորժութիւն պատճառելով` վերջ գտան: Մէկ-երկու պզտիկ անհանգստացնող խօսք առնողները եթէ նկատի չառնենք, պատահածները սրահին միւս ներկաներուն կողմէ քննադատուելով` փակուեցաւ: Սրահին մէջ գտնուող հայերուն հարիւր առ հարիւր տոկոսը 1915-ին տեղի ունեցած ցեղասպանութեան իրողութիւն ըլլալուն վերաբերեալ անշուշտ որ ոչ մէկ կասկած ունէր: Այս հաւաքոյթէն ետք ալ ոեւէ մէկուն կարծիքը չփոխուեցաւ:

(…)

Գրութիւնը այսպէս եզրափակուած էր.

«Հրանդ Տինք չորս տարի առաջ Մարսէյէն բաւական ընկճուած վերադարձած էր: Չորս տարի ետք ես Մարսէյէն շատ աւելի յոյսով բաժնուեցայ: Երկու ժողովուրդներու զիրար գրկախառնելու իրականացումը դժուար չըլլալուն վստահ ըլլալս տեսայ: Հրանդը շատ աւելի կարօտցայ»:

Ես ալ երազ մը ունէի` Անգարային հայոց հանդէպ մօտեցում իրականացնելու մասին 2009-ի աշնան մեծ յոյսերով սկսած: Հրանդ Տինքը 2007-ի 19 յունուարին կորսնցուցած էինք: Թուրքիա -Հայաստան սահմանին բացուելու գործերը երանի թէ զինք չկորսնցուցած պատահէին:

Այս յոյսիս մասին 13 հոկտեմբեր 2009 թուականին «Միլլիյէթ»-ի մէջ լոյս տեսած գրութեանս մէջ մեր վրայ ծանրացած պատմութեան թեթեւնալուն խօսքը ըրած էի` գրելով, որ` «Հայաստանին բացուելուն առընթեր, մեր ներաշխարհի խիղճն ալ բացուելու զօրաշարժը եւս եթէ կարենանք սկսիլ, այս բանը եթէ կարենանք իրագործել, ճիշդ այն ատեն պատմութեան մեր փէշէն քաշած ատեն «կեցի՛ր» կրնանք ըսել:

Սակայն դիւրին չէ:

«Հայոց հանդէպ բացուիլ»-ն ալ ժամանակ մը ետք պիտի շոգիանայ, հին թրքերէնով` թապախխուր (շոգի, Ա.) եղած` մեր մատներուն մէջէն պիտի կորսուի երթայ:


1915.- Հայոց ցեղասպանութիւնը Թրքերէն հատորէն

Հայացուց` ՅԱԿՈԲ ԱԴԱՄԵԱՆ

Յունուար 2013

«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել