Հայ Դատի Զօրակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները՝ Յաղթական Պըրպենքի Մէջ

պըրպենքՊըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը Հինգշաբթի, Ապրիլ 11 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Երեքշաբթի, Ապրիլ 9ին կայացած ընտրութեանց ընթացքին, Հայ Դատի զօրակցութիւնը վայելողներէն միայն մէկ թեկնածու չէ կրցած յաղթական աւարտել ընտրապայքարը:

Արդարեւ, Պըրպենքի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութեանց ընթացքին, Հայ Դատի յանձնախումբին աջակցութիւնը վայելող Տէյվիտ Կորտըն եւ Ճես Թալամանթես յաջորդաբար առաջին երկու դիրքերը գրաւելցին՝ ընտրուելով քաղաքապետական խորհուրդի անդամ:

Պըրպենքի կրթական հարցերու վարչութեան ընտրութեանց պարագային՝ Լերի Էփըլպաում վարչութեան անդամ կրցաւ ընտրուիլ, սակայն Սթիւ Ֆըրթըսըն, երրորդ հանդիսանալով՝ դուրս մնաց վարչութենէն:

Ընտրապայքարները սուր եւ երբեմն նոյնիսկ տգեղ էին: Նաեւ, տասնեակ հազարաւոր գումարներ ծախսուեցան Պըրպենքի բնակիչ չեղող կամ հոն աշխատանք չունեցողներու կողմէ:

«Հպարտ ենք, որ այս ընտրութիւններուն ընթացքին հայութիւնը անցեալէն աւելի մեծ համեմատութեամբ մասնակցութիւն բերաւ, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ հայ համայնքը կը գիտակցի քաղաքական կեանքին մասնակցելու կարեւորութեան: Յատկանշական է նաեւ, որ քուէարկողներէն շատեր նոր քաղաքացիներ են, որոնք իրենց առաջին քայլերը կ՛առնեն ամերիկեան ժողովրդավարութեան մէջ», կը յայտնէ Պըրպենքի Հայ Դատի գործիչ Յակոբ Հերկէլեան:

«Կը շնորհաւորենք յաղթական թեկնածուները, ներառեալ Շարլին Թապեթը, որուն նեցուկ չէինք կանգնած: Ինչպէս միշտ, պիտի շարունակենք մօտէն գործակցիլ ընտրեալ պաշտօնատարներուն հետ, Պըրպենքի քաղաքացիներուն ապրուստի մակարդակը բարելաւելու նպատակով», կը յայտնէ Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի ընտրական ու քաղաքական հարցերու պատասխանատու Կայծակ Շահպազեան:

Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը պիտի շարունակէ հայութիւնը քուէարկութեան մղելու իր ջանքերը: Անոնք, որոնք կը փափաքին իբրեւ կամաւոր նպաստել այս աշխատանքին, կրնան այցելել:

«ԱՍՊԱՐԵԶ»
12/04/2013

Տպել Տպել