Հայկական Ցեղասպանութեան տարելիցը կը մօտենայ եւ իւրաքանչիւր հայ, կրկին անգամ կը պատրաստուի այս ահաւոր ոճիրի զոհերուն յիշատակը յարգելու, ոգեկոչական կամ ցուցական ձեռնարկներու ներկայ ըլլալով՝ ազգային-պահանջատիրական պայքարին իր յանձնառութիւնը արտայայտելու:
Սգաւոր ենք բոլո՛րս: Պահանջատէր ենք բոլո՛րս: Մինչ պահանջատիրական պայքարը ամէնօրեայ խնդիր է, Ապրիլ 24ը բոլորիս համար կը մնայ նահատակներու սրբազան յիշատակը յարգելու նուիրական օրր, երբ կ՛անդրադառնանք մեր անձնական եւ հաւաքական կորուստներու ահագնութեան, ու երբ պէտք է վերարժեւորենք մեր ներկան ու ճշդենք մեր պայքարի ուղին՝ յանուն արդարութեան, յանուն իրաւունքներու վերականգնման:
Տարերային մղումով, Ապրիլ 24ին բազմաթիւ հայրենակիցներ, իրենց գործերէն անձնական արձակուրդ վերցնելով կամ իրենց սեփական աշխատանքի հաստատութիւնները փակելով՝ համազգային սուգի արժանի կեցուածք կը ցուցաբերեն:
Սակայն, մեր հայրենակիցներէն ոմանք կորսնցուցած են այդ աւանդոյթը, ու այդ օրը, սովորականի նման, աշխատանքի կ՛երթան, կամ իրենց գործատեղիներուն դռները բաց կը պահեն:
Ապրիլ 24ը չի կրնար սովորական օր ըլլալ ոեւէ հայու համար: Այսու, կոչ կ՛ընենք մեր նահատակ պապերուն յիշատակին հանդէպ մեր սուրբ պարտաւորութիւններուն տէր ըլլալու, փակ պահելու մեր գործատեղիներն ու մասնակցելու այդ օրուան ձեռնարկներուն:
«ԱՍՊԱՐԵԶ»
13/04/2013








