«Մայատին»-ի Հետ Հարցազրոյց. «Հայութիւնը Պիտի Շարունակէ Պայքարիլ` Մինչեւ Թուրքիա Ներում Հայցէ Եւ Հատուցում Կատարէ» Շեշտեց Վերա Եագուպեան

vera_yakoubian (1)Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան շաբաթավերջին «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ այդ մասին թրքական անտեղի ամբաստանութիւններուն ու պատմութեան նենգափոխումի փորձերուն:

Վերա Եագուպեան ըսաւ, որ աւելի քան 20 պետութիւն, ներառեալ Լիբանանը` իբրեւ միակ արաբական պետութիւնը, ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը:

«Սփիւռքի մէջ գտնուող հայկական գաղութները լոպիինկի միջոցով մեծ ճնշումներ կը բանեցնեն իրենց երկիրներուն կառավարութիւններուն վրայ, որպէսզի անոնք Թուրքիոյ վրայ ճնշում բանեցնեն, որ վերջինս ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հայութեան վերադարձնէ անոր քաղաքական իրաւունքները»:

Պատասխանելով Ֆրանսայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը քրէականացնող որոշումին մասին հարցումի մը` Վերա Եագուպեան ըսաւ, որ այդ որոշումը հայութեան համար յաղթանակ է, իսկ Թուրքիոյ համար պարտութիւն` նկատի ունենալով, որ ան մինչեւ օրս կը շարունակէ ուրացումի իր քաղաքականութիւնը:

Վերա Եագուպեանի հետ հարցազրոյցին ընթացքին սփռուեցաւ «Մայատին»-ի կողմէ թուրք քաղաքական վերլուծաբան Քեմալ Պեյաթլըի հետ նախապէս կատարուած կարճ հարցազրոյց մը, որուն մէջ ան հայերը եւ յատկապէս ՀՅ Դաշնակցութիւնը ամբաստանեց ռուս-թրքական պատերազմին ընթացքին թշնամիին հետ գործակցելու յանցանքով:

Վերա Եագուպեան պատասխանեց, թէ այդ ամբաստանութիւնը անճիշդ է, որովհետեւ 1914-ի ռուս-թրքական պատերազմին ընթացքին հայերը ծառայած են Օսմանեան բանակին մէջ` իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան քաղաքացիներ, եւ մեծ թիւով զոհեր տուած են: Ան յայտնեց, որ Անատոլուն հայութեան հայրենիքն էր եւ մինչեւ 1915 հոն կ՛ապրէին երկու միլիոն հարիւր հազար հայեր, իսկ 1915-էն ետք այդ թիւը նուազած է շուրջ 77 հազար հինգ հարիւրի` Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին յայտարարած թիւերուն համաձայն:

Իսկ պատասխանելով այն հարցումին, որ կը վերաբերէր այն բանին, թէ հայերը մերժեցին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի առաջարկը, որուն հիման վրայ ան հայկական կողմը հրաւիրեց կազմելու պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբ մը` քննելու համար այդ օրերու ցաւալի դէպքերը, Վերա Եագուպեան շեշտեց, որ այս հարցին մասին թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի կեցուածքը յստակ է. Հայոց ցեղասպանութիւնը պատմական իրողութիւն է եւ կարելի չէ քննարկել: Այդ դէպքերը վաւերագրուած են եւ այդ մասին օրին մեծ անձնաւորութիւններ արտայայտուած են, ինչպէս այդ օրուան Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկենթաու:

Վերա Եագուպեան եզրափակեց ըսելով, որ հայութիւնը պիտի շարունակէ իր պայքարը, մինչեւ որ Թուրքիա հրապարակաւ ներում հայցէ եւ հատուցէ հայ ժողովուրդին:

aztagdaily.com

Տպել Տպել