Թուրքիա – Միացեալ Նահանգներ Լարուածութիւն. Անգարայի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն Կանչուած Է

RiccardoneԹուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ֆրանսիս Ռիքարտոնէն կանչեց թրքական արդարադատութեան նկատմամբ անոր քննադատական խօսքերուն շուրջ բացատրութիւն պահանջելու համար:

Ռիքարտոնէ վերջերս թուրք լրագրողի մը հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնած էր, որ Թուրքիոյ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի օրէնքին մէջ կարգ մը հարցեր կան եւ այդ օրէնքը միջազգային արժեչափերուն համահունչ չէ: Ան նաեւ քննադատեց այն երեւոյթը, որ երեսփոխաններ երկար ժամանակ բանտարկուած կը մնան, մինչ անոնց ուղղուած ամբաստանութիւնները անծանօթ կը մնան, աւելցնելով, որ Բարձրագոյն ուսման խորհուրդի նախկին ղեկավարը եւ ակադեմականներ անծանօթ պատճառներով արգելափակուած կը մնան: «Ամերիկեան եւ եւրոպական դատարաններուն համար ատիկա անհասկնալի կը մնայ», ընդգծած էր ան:

Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ յայտնեց, որ դեսպանը պէտք էր յիշէր, որ ան Թուրքիոյ մէջ կ՛ապրի իբրեւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ եւ իր երկիրը ներկայացնելու ընթացքին պէտք չէ Թուրքիոյ քաղաքական հարցերուն մասին արտայայտուի: Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան բանբեր Հիւսէյն Չելիք ամերիկացի դեսպանին խօսքերը քննադատելով զանոնք Թուրքիոյ ներքին հարցերուն միջամտութիւն նկատեց:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ պաշտպանեց Թուրքիոյ մէջ իր երկրին դեսպանը` յայտնելով, որ «դեսպան Ռիքարտոնէ միայն վերարտասանեց այն, ինչ որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար Քլինթըն ըսաւ թրքական բազմաթիւ դատական գործերու մասին: Վստահ եմ, որ (նոր) արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի նոյնը պիտի ընէ, երբ հրապարակաւ արտայայտուելու առիթը ունենայ: Մեզի համար ոչինչ նորութիւն է: Մենք հասարակութեան առջեւ եւ յատուկ միջավայրերու մէջ Թուրքիոյ մէջ այսպիսի հարցերու վերաբերեալ շատ անկեղծ եղած ենք»:

Նուլընտ աւելցուց, որ «Թուրքիոյ բարեկամներուն եւ դաշնակիցներուն պատասխանատուութիւնն է Թուրքիոյ մէջ օրէնքի իշխանութիւնը ամրապնդել եւ մարդու իրաւունքները պաշտպանել, ինչպէս նաեւ յարգալիր ձեւով նշել լրագրողներու եւ պլոկըրներու խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան մէջ յառաջդիմութեան կարեւորութիւնը»:

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Քննադատէ Թուրքիոյ Արդարադատական Համակարգն Ու Մարդկային Իրաւանց Կացութիւնը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը 19 ապրիլին հրապարակուած եւ աշխարհի տարածքին մարդկային իրաւանց կացութեան վերաբերող իր տարեկան զեկուցումին մէջ քննադատեց 2012-ին Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւանց կացութիւնը:
Ըստ 48 էջերէ բաղկացած զեկուցումին, մարդկային իրաւանց մարզին մէջ Թուրքիոյ դիմագրաւած գլխաւոր մարտահրաւէրները արդարադատութեան հասանելիութեան եւ խօսքի ազատութեան մարզին մէջ կառավարութեան միջամտութեան կը վերաբերին: Զեկուցումը կը նշէ, որ արդարադատական համակարգը քաղաքականացած է եւ շատ ծանրաբեռնուած, ինչպէս նաեւ իշխանութիւնները կը շարունակեն կամայական ձերբակալութիւններ կատարել:

Զեկուցումը նաեւ կը նշէ, որ լրագրողներ եւ գրողներ կը շարունակեն ահաբեկչութեան առնչուող ոճիրներով արգելափակուած մնալ, ինչ որ ինքնագրաքննութեան կ՛առաջնորդէ:

Խօսքի ազատութեան մարզին վերաբերող բաժինին մէջ զեկուցումը կը նշէ, որ հասարակական մարզին մէջ մարդկային իրաւանց եւ կառավարութեան քաղաքականութեանց, մասնաւորաբար քաղաքական իսլամականութեան, քիւրտերուն եւ «Օսմանեան կայսրութեան վերջաւորութեան թուրք-հայկական տագնապի պատմութեան» վերաբերող հարցերուն շուրջ աշխուժ քննարկումներ կը շարունակուին:

«Ազգային-ցեղային փոքրամասնութիւններ» զեկուցումը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ 26 փետրուար 2012-ին «Խոջալուի բռնարարքներուն» 20-ամեակին առիթով Պոլսոյ մէջ հաւաքի մը ընթացքին հակահայ պաստառներու եւ բացագանչութիւններու, իշխանութիւններուն կողմէ այդ հարցով 10 անձերու ձերբակալման, անոնցմէ 6-ին 5 ամիսով բանտարկութեան դատապարտման, ապա 1700 տոլարի տուգանքի վճարումով ազատ արձակման եւ Հրանդ Տինքի սպանութեան առնչուող կարգ մը հակահայ դէպքերու` աւելցնելով, որ «նախորդ տարուան նման հայկական հարցին եւ 1915-ի ողբերգական դէպքերուն վերաբերող 24 ապրիլի հաւաքները խաղաղ էին եւ անհրաժեշտութեան պարագային ոստիկանական պաշտպանութիւն ստացան»:

aztagdaily.com

Տպել Տպել